Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 28

Գնահատէ ի՛նչ որ Եհովան եւ Յիսուսը քեզի համար ըրին

Գնահատէ ի՛նչ որ Եհովան եւ Յիսուսը քեզի համար ըրին

Ի՞նչ կը զգաս, երբ բարեկամդ քեզի գեղեցիկ նուէր մը տայ։ Շատ հաւանաբար կ’ուրախանաս եւ կ’ուզես բարեկամիդ ցոյց տալ, որ նուէրը կը գնահատես։ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի տուած են մեծագոյն նուէրը, որ կրնայինք ունենալ։ Անիկա ի՞նչ է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ շնորհակալ ենք անոր համար։

1. Ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով կրնանք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին ըրածին հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց տալ

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ «ամէն ո՛վ որ [Յիսուսին] հաւատայ», յաւիտեա՛ն կրնայ ապրիլ (Յովհաննէս 3։16)։ Ինչպէ՞ս Յիսուսին կը հաւատանք։ Պէտք է մեր հաւատքը ցոյց տանք մեր առած որոշումներով եւ ըրածներով (Յակոբոս 2։17)։ Երբ մեր հաւատքը ցոյց կու տանք մեր խօսքերով ու գործերով, Յիսուսին եւ իր Հօր հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրացնենք (կարդա՛ Յովհաննէս 14։21

2. Ի՞նչ մասնաւոր առիթ մը մեզի կ’օգնէ, որ ցոյց տանք թէ Եհովայի ու Յիսուսի ըրածը կը գնահատենք

Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր հետեւորդներուն խօսեցաւ ուրիշ կերպի մը մասին, որով կրնային ցոյց տալ թէ իր զոհը կը գնահատէին։ Ան անոնց ըսաւ որ հաւաքուին մասնաւոր առիթով մը, որ Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «Տէրունական ընթրիքը», որ նաեւ ճանչցուած է որպէս՝ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը (Ա. Կորնթացիս 11։20)։ Յիսուս կ’ուզէր, որ առաքեալները եւ անոնցմէ ետք բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները յիշէին, որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար։ Այս առիթին նկատմամբ, Յիսուս պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Երբ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլաս, ցոյց կու տաս որ կ’արժեւորես այն մեծ սէրը, որ Եհովան ու Յիսուսը ունին մեզի հանդէպ։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ուրիշ ի՛նչ կերպերով կրնաս ցոյց տալ, որ կը գնահատես այն մեծ սէրը, որ Եհովան եւ Յիսուսը ցոյց տուած են։ Նաեւ նկատի առ թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը շա՜տ կարեւոր է։

3. Երբ կը գնահատենք, կ’ուզենք բան մը ընել

Երեւակայէ որ ջուրին մէջ կը խեղդուէիր եւ մէկը քեզ ազատեց։ Իր ըրածը պիտի մոռնայի՞ր, թէ ոչ՝ կերպեր պիտի փնտռէիր իրեն ցոյց տալու, թէ իր ըրածին համար շնորհակալ ես։

Մենք մեր կեանքը Եհովա Աստուծոյ կը պարտինք։ Կարդացէ՛ք Ա. Յովհաննէս 4։8-10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուսի զոհը ինչո՞ւ յատուկ նուէր մըն է։

  • Ի՞նչ կը զգաս քեզի համար Եհովայի եւ Յիսուսի ըրածին հանդէպ։

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ կը գնահատենք ի՛նչ որ Եհովան եւ Յիսուսը ըրին մեզի համար։ Կարդացէ՛ք Բ. Կորնթացիս 5։15 եւ Ա. Յովհաննէս 4։11. 5։3։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարին հիման վրայ, ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի մեր գնահատանքը ցոյց տանք։

4. Յիսուսը ընդօրինակէ

Մեր գնահատանքը ցոյց տալու ուրիշ կերպ մըն է՝ Յիսուսը ընդօրինակել։ Կարդացէ՛ք Ա. Պետրոս 2։21 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ կերպերով կրնաս Յիսուսի քայլերուն մօտէն հետեւիլ։

5. Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղիր

Գիտնալու համար թէ ի՛նչ եղաւ առաջին Տէրունական ընթրիքին ընթացքին, կարդացէ՛ք Ղուկաս 22։14, 19, 20։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Տէրունական ընթրիքին ընթացքին ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

  • Հացն ու գինին ի՞նչ կը ներկայացնեն (տե՛ս համար 19 եւ 20

Յիսուս ուզեց որ իր աշակերտները Տէրունական ընթրիքը պահեն տարին մէկ անգամ՝ իր մահուան օրը։ Անոր համար, Եհովայի վկաները տարին մէկ անգամ միասին կը հաւաքուին, որպէսզի Քրիստոսին մահը յիշատակեն իր պատուիրած կերպով։ Այս կարեւոր ժողովին մասին գաղափար մը առնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ ետքը քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Յիշատակատօնին ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Հացը եւ գինին խորհրդանիշներ են։ Հացը կը ներկայացնէ Յիսուսի կատարեալ մարդկային մարմինը, որ մեզի համար զոհեց։ Իսկ գինին կը ներկայացնէ Յիսուսի արիւնը

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Դուն միայն Յիսուսին հաւատա՛, եւ պիտի փրկուիս»։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Ցոյց կու տանք թէ մեզի համար Յիսուսին ըրածը կը գնահատենք, իրեն հաւատալով եւ իր մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսին հաւատալ։

  • Ինչպէ՞ս կ’ուզես ցոյց տալ, թէ քեզի համար Եհովայի եւ Յիսուսի ըրածը կը գնահատես։

  • Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլաս։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Քրիստոսի մահը մեզ կը մղէ, որ ի՞նչ ընենք։

Իր մարմնով Եհովային փառք բերաւ (9։28)

Յաւելեալ տեղեկութիւններ առ հաւատքին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր հաւատքը ցոյց տալ։

«Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛» (Դիտարան հոկտեմբեր 2016)

«Կը զգամ որ մաքուր, աշխոյժ եւ առողջ եմ» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ Քրիստոսի զոհին մասին սորվիլը ինչպէ՛ս ազդեց կնոջ մը կեանքին։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (Դիտարան 1 օգոստոս 2011, արաբ.)

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ քիչեր կը մասնակցին Յիշատակատօնի հացին ու գինիին։

«Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Տէրոջ ընթրիքը միւս կրօնքներէն տարբեր կը տօնեն» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)