Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 24

Ի՞նչ է հրեշտակներուն մասին ճշմարտութիւնը

Ի՞նչ է հրեշտակներուն մասին ճշմարտութիւնը

Եհովան կ’ուզէ որ իր երկնային ընտանիքին մասին գիտնանք։ Այդ ընտանիքին մէջ կան հրեշտակներ, որոնք ‘Աստուծոյ որդիներ’ կը կոչուին (Յոբ 38։7)։ Սուրբ Գիրքը հրեշտակներուն մասին ի՞նչ կ’ըսէ։ Անոնք մարդոց վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունին։ Եւ արդեօք բոլո՞ր հրեշտակները Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասն են։

1. Ո՞վ են հրեշտակները

Եհովան հրեշտակները ստեղծեց երկիրը ստեղծելէ առաջ։ Եհովային պէս, անոնք չեն տեսնուիր եւ երկինքը կ’ապրին (Եբրայեցիս 1։14)։ Կան միլիոնաւոր հրեշտակներ, եւ անոնցմէ ամէն մէկը իր անձնաւորութիւնը ունի (Յայտնութիւն 5։11)։ Անոնք ‘[Եհովայի] խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարեն’ (Սաղմոս 103։20)։ Հին ժամանակներուն, Եհովան ատեններ հրեշտակներ ղրկեց, որ իր պատգամները փոխանցեն եւ իր ժողովուրդին օգնեն եւ զանոնք ազատեն։ Իսկ այսօր, հրեշտակները քրիստոնեաները կ’առաջնորդեն, որպէսզի հանդիպին այն մարդոց, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ մասին սորվիլ։

2. Ո՞վ են Սատանան ու իր դեւերը

Կարգ մը հրեշտակներ Եհովային հաւատարիմ չմնացին։ Առաջին հրեշտակը, որ Եհովային դէմ ելաւ, «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց» (Յայտնութիւն 12։9)։ Սատանան ուզեց ուրիշներու վրայ իշխել, անոր համար նա՛խ մղեց մարդկային առաջին զոյգը, եւ ետքը՝ նոյնիսկ ուրիշ հրեշտակներ, որ իրենք ալ Եհովային չհնազանդին։ Այդ անհնազանդ հրեշտակները կը կոչուին դեւեր։ Եհովան զանոնք երկինքէն վռնտեց դէպի երկիր, եւ ապագային պիտի բնաջնջուին (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9, 12

3. Սատանան եւ իր դեւերը ինչպէ՞ս կը փորձեն մեզ խաբել

Սատանան եւ իր դեւերը շատեր կը մոլորեցնեն ոգեհարցութեան միջոցաւ, որ է՝ չար ոգիներու հետ կապի մէջ մտնել։ Օրինակ, ոմանք կը դիմեն աստղաբաշխներու եւ անհատներու, որոնք ապակիէ գունդի կը նային, ափը կը կարդան, բախտի քարտեր կը գործածեն, դիւային թուղթ կ’ընեն, սուրճի գաւաթի կը նային կամ երազներ կը բացատրեն։ Ուրիշներ կը դիմեն բուժումներու, որոնք կապ ունին ոգեհարցութեան հետ։ Մարդիկ նաեւ կը խաբուին այն գաղափարով, որ կրնան մեռելներու հետ խօսիլ։ Բայց Եհովան մեզ կը զգուշացնէ. «Վհուկներուն մի՛ նայիք եւ հմայողներուն բան մի՛ հարցնէք» (Ղեւտացւոց 19։31)։ Ան այսպէս կ’ըսէ, որպէսզի մեզ պաշտպանէ Սատանայէն ու դեւերէն։ Անոնք Աստուծոյ թշնամիներն են եւ կ’ուզեն մեզի վնաս հասցնել։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ հրեշտակները ի՛նչ լաւ բաներ կ’ընեն, ի՛նչ են ոգեհարցութեան վտանգները եւ ինչպէ՛ս կրնանք Սատանայէն ու դեւերէն պաշտպանուիլ։

4. Հրեշտակները մարդոց կ’օգնեն որ Եհովայի մասին գիտնան

Աստուծոյ հրեշտակները ուղղակիօրէն մարդոց չեն քարոզեր։ Փոխարէնը, անոնք Աստուծոյ ծառաները կ’առաջնորդեն, որպէսզի հանդիպին այն մարդոց, որոնք կ’ուզեն իր մասին սորվիլ։ Կարդացէ՛ք Յայտնութիւն 14։6, 7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քարոզելու համար, ինչո՞ւ հրեշտակներու օգնութեան պէտք ունինք։

  • Կը քաջալերուի՞ս գիտնալով, որ հրեշտակները կրնան քեզ առաջնորդել, որպէսզի հանդիպիս այն մարդոց, որոնք պէտք ունին Սուրբ Գիրքին պատգամը լսելու։ Ինչո՞ւ։

5. Ոգեհարցութիւնը մերժէ՛

Սատանան եւ դեւերը Եհովային թշնամիներն են. մեր ալ թշնամիներն են։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 9։38-42 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Դեւերը մարդոց հետ ինչպէ՞ս կը վարուին։

Չենք ուզեր դեւերուն ազդեցութեան տակ գալ։ Կարդացէ՛ք Բ. Օրինաց 18։10-12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Դեւերը ի՞նչ կերպերով կը փորձեն մեզի ազդել եւ մեզի հետ կապի մէջ մտնել։ Քու շրջանիդ մէջ մարդիկ ի՞նչ կերպեր կը գործածեն։

  • Քու կարծիքովդ, տրամաբանակա՞ն է որ Եհովան ոգեհարցական սովորութիւնները արգիլէ։ Ինչո՞ւ։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Քու կարծիքովդ, այն ինչ որ Էլիզան իր աղջիկին ձեռքը անցուցած էր, վնասակա՞ր էր։ Ինչո՞ւ։

  • Էլիզան ի՞նչ պէտք էր ընէր, որպէսզի դեւերէն պաշտպանուէր։

Իսկական քրիստոնեաները միշտ դեւերուն դէմ դրած են։ Կարդացէ՛ք Գործք 19։19 եւ Ա. Կորնթացիս 10։21 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող որեւէ բան ոչնչացնես։

6. Սատանային եւ իր դեւերուն յաղթէ՛

Դեւերուն իշխանը Սատանան է։ Իսկ հաւատարիմ հրեշտակներուն առաջնորդը Միքայէլ հրեշտակապետն է, որ նոյն ինքն Յիսուսն է։ Միքայէլը որքա՞ն զօրաւոր է։ Կարդացէ՛ք Յայտնութիւն 12։7-9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Որո՞նք աւելի զօրաւոր են. Միքայէլ եւ իր հրեշտակնե՞րը, թէ ոչ՝ Սատանան եւ իր դեւերը։

  • Քու կարծիքովդ, Յիսուսի հետեւորդները պէ՞տք է Սատանայէն եւ իր դեւերէն վախնան։

Կրնա՛ս Սատանային եւ իր դեւերուն յաղթել։ Կարդացէ՛ք Յակոբոս 4։7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սատանայէն եւ իր դեւերէն պաշտպանուիլ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Բան մը չ’ըլլար, եթէ ոգիներու հետ կապ ունեցող խաղեր խաղաս կամ ֆիլմեր դիտես։ Պարզապէս ժամանց է»։

  • Ասանկ մտածելը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Հաւատարիմ հրեշտակները մեզի կ’օգնեն։ Սատանան եւ իր դեւերը Եհովայի թշնամիներն են եւ ոգեհարցութիւնը կը գործածեն, որպէսզի մարդիկը մոլորեցնեն։

Վերաքաղ

  • Եհովայի հրեշտակները ինչպէ՞ս մարդոց կ’օգնեն, որ իր մասին գիտնան։

  • Ո՞վ են Սատանան եւ իր դեւերը։

  • Ինչո՞ւ կ’ուզես ոգեհարցութեան հետ որեւէ կապ չունենալ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս գիտենք, որ Յիսուս Միքայէլ հրեշտակապետն է։

«Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ ի՛նչ բան կը փաստէ, որ Սատանան պարզապէս մեր մէջ գտնուող չարութիւնը չէ։

«Սատանան իրակա՞ն կայ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ կին մը ինչպէ՛ս ազատեցաւ դիւային ազդեցութիւններէ։

«Հիմա կեանքս նպատակ ունի» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Տե՛ս թէ Սատանան ինչպէ՛ս ոգեհարցութիւնը կը գործածէ մարդիկը խաբելու համար։

«Կախարդութեան եւ վհուկութեան մասին ճշմարտութիւնը» (Յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան գտա՞ծ ես, մաս 5, արաբ.)