Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 10

Սողոմոն իմաստութեամբ կ’իշխէ

Սողոմոն իմաստութեամբ կ’իշխէ

Եհովան Սողոմոն թագաւորին իմաստուն սիրտ մը կը շնորհէ։ Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, իսրայէլացիները աննախընթաց խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն կը վայելեն։

ԿԵԱՆՔԸ ինչպէ՞ս պիտի ըլլար, եթէ ամբողջ ազգ մը իր կառավարիչով միասին հետեւէր Եհովային որպէս իր Գերիշխանը եւ հնազանդէր Անոր օրէնքներուն։ Այս հարցումին պատասխանը կարելի է տեսնել Սողոմոն թագաւորի 40 ամեայ իշխանութեան մէջ։

Դաւիթ իր մահէն առաջ, իր որդին՝ Սողոմոնը, նշանակեց որ իրեն յաջորդէր։ Երազի մը մէջ, Աստուած Սողոմոնին ըսաւ որ բան մը խնդրէր։ Սողոմոն իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեց, որպէսզի կարենար ժողովուրդը արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ դատել։ Եհովան Սողոմոնին հաճեցաւ եւ իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը տուաւ անոր։ Եհովան նաեւ խոստացաւ անոր տալ հարստութիւն, փառք եւ երկար կեանք, եթէ ան հնազանդ մնար։

Սողոմոն հռչակաւոր դարձաւ իր իմաստուն դատերուն պատճառով։ Օրինակ՝ առիթով մը, երկու կիներ վիճաբանեցան նորածին տղու մը համար, իւրաքանչիւրը դաւանելով թէ ինքն է մանուկին մայրը։ Սողոմոն հրամայեց որ մանուկը երկու մասի բաժնուի եւ երկու կիներուն տրուի։ Առաջին կինը համաձայնեցաւ, բայց իսկական մայրը անմի՛ջապէս աղաչեց որ զաւակը միւս կնոջ տրուի։ Սողոմոն յստակօրէն տեսաւ թէ կարեկից կինն էր իսկական մայրը, ուստի մանուկը անոր տուաւ։ Շուտով, ամբողջ իսրայէլը լսեց այս դատական որոշումին մասին եւ ժողովուրդը գիտակցեցաւ թէ Սողոմոնին վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կար։

Սողոմոնի մեծագոյն իրագործումներէն մէկն էր՝ Եհովայի տաճարին կառուցումը,– Երուսաղէմի մէջ հսկայ կառոյց մը, որ Իսրայէլի մէջ պաշտամունքի կեդրոն պիտի ըլլար։ Տաճարի նաւակատիքին, Սողոմոն աղօթեց. «Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս» (Գ. Թագաւորաց 8։27

Սողոմոնի համբաւը տարածուեցաւ ուրիշ երկիրներու մէջ, հասնելով մինչեւ հեռաւոր Արաբիոյ Սաբա շրջանը։ Սաբայի թագուհին Երուսաղէմ եկած էր, որպէսզի Սողոմոնին փառքն ու հարստութիւնը տեսնէր եւ անոր իմաստութեան խորունկութիւնը գիտնար։ Թագուհին այնքա՛ն տպաւորուեցաւ Սողոմոնի իմաստութեամբ եւ Իսրայէլի բարգաւաճութեամբ, որ Եհովային փառք տուաւ, որ այսպիսի իմաստուն թագաւոր մը դրած էր գահին վրայ։ Արդարեւ, Եհովայի օրհնութեամբ, Սողոմոնի իշխանութիւնը վաղեմի Իսրայէլի պատմութեան մէջ ամէնէն բարգաւաճ եւ խաղաղ իշխանութիւնը եղաւ։

Ցաւօք սրտի, Սողոմոն չշարունակեց Եհովայի իմաստութեան համաձայն գործել։ Աստուծոյ պատուէրը անտեսելով, ան ամուսնացաւ հարիւրաւոր կիներու հետ, որոնցմէ շատերը օտար աստուածներ կը պաշտէին։ Իր կիները աստիճանաբար իր սիրտը Եհովայէն հեռացուցին. ուստի ան սկսաւ կուռքեր պաշտել։ Այս պատճառով Եհովան Սողոմոնին ըսաւ, որ անոր թագաւորութենէն մաս մը իրմէ պիտի առնուէր, եւ միայն մէկ բաժին պիտի մնար իր ընտանիքին, այն ալ իր հօր՝ Դաւիթի սիրոյն։ Հակառակ Սողոմոնի թերութեան, Եհովան հաւատարիմ մնաց՝ Դաւիթի հետ ըրած իր Թագաւորութեան ուխտին։

Աղբիւրը՝ Գ. Թագաւորաց, գլուխ 1–էն մինչեւ 11. Բ. Մնացորդաց, գլուխ 1–էն մինչեւ 9. Բ. Օրինաց 17։17։