Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 5

Աստուած կ’օրհնէ Աբրահամն ու անոր ընտանիքը

Աստուած կ’օրհնէ Աբրահամն ու անոր ընտանիքը

Աբրահամի սերունդը կը բարգաւաճի։ Աստուած Յովսէփը կը պաշտպանէ Եգիպտոսի մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ գիտէր թէ իր ամենասիրելի Որդին օր մը պիտի տառապէր եւ մահանար։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ նշուած մարգարէութիւնը ակնարկեց այդ ճշմարտութեան։ Աստուած կրնա՞ր մարդկութեան ցոյց տալ, թէ որքան սուղ գին վճարած պիտի ըլլար այդ զոհողութիւնը հայթայթելով։ Աստուածաշունչը շօշափելի օրինակ մը կու տայ մեզի։ Աստուած Աբրահամէն խնդրեց որ Իսահակը՝ իր սիրելի որդին, զոհաբերէ։

Աբրահամ մեծ հաւատք ունէր։ Յիշենք որ Աստուած իրեն խոստացած էր, որ նախագուշակուած Ազատարարը կամ Սերունդը Իսահակի շառաւիղէն պիտի գար։ Աբրահամ հնազանդօրէն պիտի զոհէր իր իսկ որդին՝ Իսահակը, վստահ ըլլալով որ, եթէ հարկ ըլլար, Աստուած պիտի յարուցանէր զայն։ Բայց Աստուծոյ հրեշտակը ճիշդ ժամանակին կասեցուց Աբրահամը։ Աստուած գովեց Աբրահամը, որ պատրաստ էր իր ամենաթանկագինը զոհելու, եւ Իր խոստումները հաւատարիմ նահապետին կրկնեց։

Յետագային, Իսահակ ունեցաւ երկու որդի՝ Եսաւը եւ Յակոբը։ Ի տարբերութիւն Եսաւի, Յակոբ հոգեւոր բաները գնահատեց եւ անոր համար վարձատրուեցաւ։ Աստուած Յակոբին անունը փոխեց եւ դրաւ Իսրայէլ, որուն 12 որդիները իսրայէլի ցեղերուն գլուխները եղան։ Բայց այդ ընտանիքը ինչպէ՞ս մեծ ազգ մը դարձաւ։

Այդ որդիներուն մեծ մասը սկսաւ նախանձիլ իրենց պզտիկ եղբօր՝ Յովսէփին, պատճառ դառնալով որ իրարայաջորդ դէպքեր տեղի ունենան։ Յովսէփը որպէս ստրուկ ծախեցին եւ ան Եգիպտոս տարուեցաւ, բայց Աստուած օրհնեց այդ հաւատարիմ եւ քաջ երիտասարդը։ Մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւելով հանդերձ, Յովսէփ ի վերջոյ փարաւոնին՝ Եգիպտոսի կառավարիչին կողմէ ընտրուեցաւ եւ մեծ հեղինակութիւն ստացաւ։ Ասիկա ժամանակայարմար էր, որովհետեւ Յակոբ սովին պատճառով իր որդիներէն մաս մը Եգիպտոս ղրկած էր ուտելիք գնելու համար. իսկ Յովսէփ այժմ ամբողջ ուտեստեղէնի պատասխանատուն էր։ Իր զղջացող եղբայրներուն հետ յուզիչ վերամիացումէ մը ետք, Յովսէփ ներեց անոնց եւ կարգադրեց որ ամբողջ ընտանիքը Եգիպտոս տեղափոխուի։ Անոնց տրուեցաւ ընտիր հողամաս մը, ուր կրնային բազմանալ եւ բարգաւաճիլ։ Յովսէփ հասկցաւ թէ Աստուած հարցերը այդպէս կ’ուղղէր, որպէսզի Իր խոստումները իրագործէր։

Տարիքը առած Յակոբ իր մնացեալ օրերը Եգիպտոսի մէջ անցուց, հետզհետէ աճող իր ընտանիքին հետ միասին։ Ան իր մահուան մահիճին մէջ նախագուշակեց, թէ խոստացեալ Սերունդը կամ Ազատարարը հզօր Կառավարիչ մը պիտի ըլլար, որ Յակոբի որդւոյն՝ Յուդայի շառաւիղէն պիտի ծնէր։ Իսկ Յովսէփ, տարիներ ետք, իր մահէն առաջ մարգարէացաւ, որ Աստուած օր մը Յակոբի գերդաստանը Եգիպտոսէն դուրս պիտի հանէր։

Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 20–էն մինչեւ 50. Եբրայեցիս 11։17-22։