Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 10

Հոգեղէն արարածներ. անոնք մեզի ինչպէ՛ս կ’ազդեն

Հոգեղէն արարածներ. անոնք մեզի ինչպէ՛ս կ’ազդեն
  • Հրեշտակները մարդոց կ’օգնե՞ն

  • Չար ոգիները մարդոց ինչպէ՞ս ազդած են

  • Չար ոգիներէն պէ՞տք է վախնանք

1. Ինչո՞ւ պէտք է փափաքինք հրեշտակներուն մասին գիտնալ։

ԱՆՀԱՏ մը ճանչնալը սովորաբար կը պարփակէ անոր ընտանիքին ծանօթանալ։ Նոյնպէս, Եհովա Աստուած ճանչնալը կը պարփակէ անոր հրեշտակային ընտանիքին մօտէն ծանօթանալ։ Աստուածաշունչը հրեշտակները կը կոչէ ‘Աստուծոյ որդիներ’ (Յոբ 38։7)։ Ուստի ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակին մէջ անոնց ունեցած դերը։ Անոնք մարդկային պատմութեան մէջ դեր մը խաղցա՞ծ են։ Հրեշտակները քու կեանքիդ կ’ազդե՞ն։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս։

2. Ո՞վ ստեղծեց հրեշտակները, եւ անոնց համրանքը որքա՞ն է։

2 Աստուածաշունչը հրեշտակներուն ակնարկութիւն կ’ընէ հարիւրաւոր անգամներ։ Անոնց մասին աւելին գիտնալու համար, քննարկենք այդ ակնարկումներէն քանի մը հատը։ Օրինակ՝ ո՞վ ստեղծեց հրեշտակները։ Կողոսացիս 1։16–ը կ’ըսէ. «Անով [Յիսուս Քրիստոսով] ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ»։ Ուրեմն հրեշտակ կոչուած բոլոր հոգեղէն արարածները անհատապէս ստեղծուեցան Եհովա Աստուծոյ կողմէ, իր անդրանիկ Որդւոյն միջոցաւ։ Հրեշտակներուն համրանքը որքա՞ն է։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակներ ստեղծուեցան, եւ բոլորն ալ զօրաւոր են (Սաղմոս 103։20) *։

3. Յոբ 38։4-7–ն ի՞նչ կ’ըսէ հրեշտակներուն մասին։

3 Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, մեզի կ’ըսէ թէ երբ երկրին հիմերը դրուեցան, «Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին» (Յոբ 38։4-7)։ Ուստի հրեշտակները մարդոց ստեղծումէն շա՜տ առաջ գոյութիւն ունէին, նոյնիսկ երկիրը ստեղծուելէն առաջ։ Աստուածաշունչի այս համարը նաեւ ցոյց կու տայ թէ հրեշտակները զգացումներ ունին, քանի որ անիկա կ’ըսէ թէ անոնք «ցնծութեամբ կ’աղաղակէին»։ Նկատի առ թէ «Աստուծոյ բոլոր որդիները» մէկտեղ ուրախացան։ Այդ ժամանակ, բոլոր հրեշտակները Եհովա Աստուծոյ ծառայող միացած ընտանիքին մաս կը կազմէին։

ՀՐԵՇՏԱԿԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

4. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ հաւատարիմ հրեշտակներ մարդկային գործունէութիւններով հետաքրքրուած են։

4 Հաւատարիմ հոգեղէն արարածները, մարդկային առաջին արարածներուն ստեղծագործութեան ականատես եղան։ Անկէ ի վեր, անոնք հետզհետէ աւելցող մարդկային ընտանիքին եւ Աստուծոյ նպատակին իրագործման հանդէպ սուր հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են (Առակաց 8։30, 31. Ա. Պետրոս 1։11, 12)։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, հրեշտակները տեսան թէ մարդկային ընտանիքին մեծամասնութիւնը իր սիրալիր Ստեղծիչին ծառայելէ դադրեցաւ։ Անկասկած ասիկա հաւատարիմ հրեշտակները տրտմեցուց։ Միւս կողմէ, երբ նոյնիսկ մէ՛կ արարած Եհովայի վերադառնայ, «ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ» (Ղուկաս 15։10)։ Քանի որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայողներուն բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած են, զարմանալի չէ որ Եհովա բազմիցս հրեշտակներ գործածած է, երկրի վրայ իր հաւատարիմ ծառաները զօրացնելու եւ պաշտպանելու (կարդա՛ Եբրայեցիս 1։7, 14)։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

«Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց» (Դանիէլ 6։22)

5. Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակային օգնութեան ի՞նչ օրինակներ կը գտնենք։

5 Երկու հրեշտակներ օգնեցին արդար Ղովտին ու իր աղջիկներուն, որ վերապրին Սոդոմ ու Գոմոր կոչուած ամբարիշտ քաղաքներուն կործանումէն, զանոնք այդ շրջանէն դուրս առաջնորդելով (Ծննդոց 19։15, 16)։ Դարեր ետք, Դանիէլ մարգարէն առիւծներու գուբը նետուեցաւ, բայց անվնաս դուրս գալով, ըսաւ. «Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց» (Դանիէլ 6։22)։ Ք.Ե. առաջին դարուն, հրեշտակ մը Պետրոս առաքեալը բանտէն ազատեց (Գործք 12։6-11)։ Ասկէ զատ, հրեշտակներ Յիսուսի թիկունք կանգնեցան իր երկրային ծառայութեան սկիզբը (Մարկոս 1։13)։ Իսկ Յիսուսի մահէն քիչ առաջ, հրեշտակ մը երեւցաւ եւ «զօրացուց զանիկա» (Ղուկաս 22։43)։ Յիսուսի կեանքին այդ շատ կարեւոր պահերուն, ասիկա որքա՜ն մխիթարած ըլլալու էր զինք։

6. ա) Ներկայիս հրեշտակները ինչպէ՞ս կը պաշտպանեն Աստուծոյ ժողովուրդը։ բ) Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

6 Ներկայիս, հրեշտակները այլեւս երկրի վրայ տեսանելիօրէն չեն երեւնար Աստուծոյ ժողովուրդին։ Մարդկային աչքերուն անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ զօրաւոր հրեշտակները տակաւին իր ժողովուրդը կը պաշտպանեն, յատկապէս հոգեւորապէս վնասակար եղող որեւէ բանէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ» (Սաղմոս 34։7)։ Այս խօսքերը ինչո՞ւ պէտք է մեծապէս մխիթարեն մեզ։ Քանի որ վտանգաւոր չար հոգեղէն արարածներ կան, որոնք կ’ուզեն մեզ կործանել։ Ո՞վ են անոնք եւ ո՞վ ստեղծեց զանոնք։ Անոնք ինչպէ՞ս կը փորձեն մեզի վնաս հասցնել։ Ասոնց պատասխանները ստանալու համար, համառօտաբար նկատի առնենք մարդկային պատմութեան սկիզբը տեղի ունեցած դէպք մը։

ՄԵԶԻ ԹՇՆԱՄԻ ԵՂՈՂ ՀՈԳԵՂԷՆ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐ

7. Սատանան ո՞ր տարողութեամբ կրցաւ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել։

7 Ինչպէս այս գրքին 3–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, հրեշտակներէն մին ուրիշներուն վրայ իշխելու ցանկութիւն մը զարգացուց, եւ այսպիսով Աստուծոյ ընդդիմացաւ։ Յետագային, այս հրեշտակը ճանչցուեցաւ որպէս Բանսարկու Սատանայ (Յայտնութիւն 12։9)։ Եւան խաբելէն ետք, յաջորդ 16 դարերուն ընթացքին, Սատանան յաջողեցաւ Աստուծմէ հեռացնել գրեթէ ամբողջ մարդկութիւնը, բացի քանի մը հաւատարիմներէ, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք ու Նոյ (Եբրայեցիս 11։4, 5, 7

8. ա) Կարգ մը հրեշտակներ ինչպէ՞ս դեւեր դարձան։ բ) Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն վերապրելու համար, դեւերը ի՞նչ ստիպուեցան ընել։

8 Նոյի օրերուն, ուրիշ հրեշտակներ ալ Եհովայի դէմ ըմբոստացան։ Անոնք Աստուծոյ երկնային ընտանիքին մէջ իրենց դիրքերը լքեցին, երկիր իջան ու ֆիզիքական մարմիններ առին։ Ինչո՞ւ։ Ծննդոց 6։2–ի մէջ կը կարդանք. «Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։ Բայց Եհովա Աստուած թոյլ չտուաւ որ այս հրեշտակներուն արարքները եւ անոնց յառաջացուցած ապականութիւնը շարունակուին։ Ան երկրի վրայ աշխարհածաւալ ջրհեղեղ մը բերաւ, որ բոլոր չար մարդիկը բնաջնջեց եւ միայն իր հաւատարիմ ծառաները ողջ պահեց (Ծննդոց 7։17, 23)։ Հետեւաբար, ըմբոստ հրեշտակները կամ դեւերը ստիպուեցան իրենց ֆիզիքական մարմինները լքել եւ երկինք վերադառնալ որպէս հոգեղէն արարածներ։ Անոնք դիրք բռնեցին Բանսարկուին կողքին, եւ այսպէս ան դարձաւ ‘դեւերուն իշխանը’ (Մատթէոս 12։24

9. ա) Երբ դեւերը երկինք վերադարձան, անոնց ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Դեւերուն մասին ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

9 Երբ անհնազանդ հրեշտակները երկինք վերադարձան, անոնք վտարանդիներ նկատուեցան, իրենց իշխանին՝ Սատանայի նման (Բ. Պետրոս 2։4)։ Թէեւ այժմ անոնք կարող չեն մարդկային մարմիններ հագուիլ, բայց տակաւին շատ գէշ ազդեցութիւն կը բանեցնեն մարդոց վրայ։ Իրականութեան մէջ, այս դեւերուն աջակցութեամբ, Սատանան ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’ (Յայտնութիւն 12։9. Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Ինչպէ՞ս։ Գլխաւորաբար, դեւերը մարդիկ մոլորեցնելու համար կը գործածեն ծրագրուած մեթոտներ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։11)։ Նկատի առնենք այս մեթոտներէն քանի մը հատը։

ԴԵՒԵՐԸ ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԵՆ

10. Ի՞նչ է ոգեհարցութիւնը։

10 Մարդիկ մոլորեցնելու համար, դեւերը կը գործածեն ոգեհարցութիւնը։ Ոգեհարցութիւնը՝ դեւերուն հետ հաղորդակցիլն է, ուղղակիօրէն կամ ոգեմիջնորդի մը միջոցաւ։ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ ոգեհարցութիւնը եւ մեզ կը զգուշացնէ, որ անոր առնչուած որեւէ բանէ ետ կենանք (Գաղատացիս 5։19-21)։ Դեւերուն համար ոգեհարցութիւնը կ’իրագործէ այն ինչ որ խայծը կ’իրագործէ ձկնորսներուն համար։ Ինչպէս ձկնորսը զանազան խայծեր կը գործածէ, այլազան ձուկեր որսալու համար, նոյնպէս չար ոգիները ոգեհարցութեան տարբեր ձեւեր կը գործածեն, ամէն տեսակի մարդիկ իրենց ազդեցութեան ներքեւ բերելու համար։

11. Ի՞նչ է գուշակութիւնը, եւ ինչո՞ւ անկէ պէտք է խուսափինք։

11 Դեւերուն կողմէ գործածուած խայծի տեսակ մըն է՝ գուշակութիւնը։ Անիկա ապագան կամ անծանօթ բան մը գիտնալու փորձ մըն է։ Գուշակութեան կարգ մը տեսակներն են՝ աստղաբաշխութիւն, բախտի քարտերով գուշակութիւն, բիւրեղագունդի նայիլ, ձեռնագուշակութիւն, սուրճի գաւաթի նայիլ, կապար կամ մոմ թափել, թուղթ ընել, ոգի կանչել, երազներու մէջ խորհրդաւոր նշաններ փնտռել, եւ այլն։ Թէեւ շատեր կը խորհին թէ գուշակութեամբ զբաղիլը անվնաս է, բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ բախտագուշակներն ու չար ոգիները միասին կ’աշխատին։ Օրինակ՝ Գործք 16։16-18–ը կը նշէ «հարցուկ ոգի» մը, որ աղջիկ մը կարող դարձուց գուշակութիւն ընելու։ Բայց ան այս կարողութիւնը կորսնցուց, երբ իր մէջի դեւը դուրս հանուեցաւ։

Դեւերը մարդիկ խաբելու համար զանազան միջոցներ կը գործածեն

12. Մեռելներուն հետ հաղորդակցիլ փորձելը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

12 Դեւերու կողմէ մարդիկը մոլորեցնելու այլ կերպ մըն է, զանոնք մղել որ մեռելներուն հետ հաղորդակցին։ Սիրելիի մը մահը ողբացողները, յաճախ կը խաբուին մեռելներուն նկատմամբ տարածուած սխալ գաղափարներէ։ Ոգեմիջնորդ մը կրնայ մասնայատուկ տեղեկութիւններ հաղորդել կամ այնպիսի ձայնով մը խօսիլ, որ թուի թէ մահացած անհատն է խօսողը։ Այս պատճառաւ շատեր կը համոզուին թէ մեռելները իրապէս ողջ են, եւ թէ անոնց հետ հաղորդակցութեան մէջ գալը ողջ մնացողներուն պիտի օգնէ, որ իրենց վիշտին տոկան։ Բայց այսպիսի «մխիթարութիւն» իրապէս կեղծ է, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դեւերը կրնա՛ն մեռնողին ձայնը կեղծել եւ ոգեմիջնորդին տեղեկութիւններ տալ մահացած անհատին մասին (Ա. Թագաւորաց 28։3-19)։ Ասկէ զատ, ինչպէս որ 6–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, մեռելները գոյութենէ կը դադրին (Սաղմոս 115։17)։ Ուստի ‘մեռելահմայութիւն’ ընող ոեւէ անհատ, չար ոգիներուն կողմէ մոլորած է եւ Աստուծոյ կամքին հակառակ կը գործէ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10, 11. Եսայի 8։19)։ Հետեւաբար, զգոյշ եղիր որ դեւերուն կողմէ գործածուած այս վտանգաւոր խայծը մերժես։

13. Դեւերէն վախցող անհատներէն շատեր ի՞նչ կրցած են ընել։

13 Չար ոգիները ոչ միայն կը մոլորեցնեն մարդիկը, այլեւ՝ զանոնք կը վախցնեն։ Ներկայիս, Սատանան ու իր դեւերը գիտեն թէ միայն «քիչ ժամանակ» ունին, որմէ ետք անգործունեայ պիտի դառնան, անոր համար անոնք այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի կատաղի դարձած են (Յայտնութիւն 12։12, 17)։ Ասով հանդերձ, հազարաւորներ՝ որոնք ատեն մը չար ոգիներու առօրեայ սարսափը կ’ապրէին, կրցած են անկէ ձերբազատուիլ։ Ինչպէ՞ս։ Իսկ անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ արդէն ոգեհարցութեան միջամուխ եղած է։

ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷՍ ԴԻՄԱԴՐԵԼ

14. Եփեսոսի մէջ գտնուող առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, ինչպէ՞ս կրնանք չար ոգիներէն ձերբազատուիլ։

14 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ չար ոգիներուն դիմադրելու եւ անոնցմէ ձերբազատուելու կերպը։ Նկատի առ Եփեսոս քաղաքին մէջ առաջին դարու քրիստոնեաներու օրինակը։ Անոնցմէ ոմանք քրիստոնեայ չեղած՝ ոգեհարցութեամբ կը զբաղէին։ Երբ որոշեցին ոգեհարցութենէ ձերբազատուիլ, ի՞նչ ըրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին» (Գործք 19։19)։ Կախարդութեան վերաբերեալ իրենց գրքերը փճացնելով, այս նորեկ քրիստոնեաները օրինակ հանդիսացան բոլոր անոնց, որոնք ներկայիս կը փափաքին չար ոգիներուն դիմադրել։ Եհովայի ծառայել ուզող անհատները պէտք է ոգեհարցութեան առնչուած ամէն բանէ ձերբազատուին։ Ասիկա կը պարփակէ՝ գրքեր, պարբերաթերթեր, ֆիլմեր, աֆիշներ եւ երաժշտական ձայնագրութիւններ, որոնք ոգեհարցութեամբ զբաղիլը կը քաջալերեն ու զայն գրաւիչ եւ հետաքրքրական կը դարձնեն։ Նաեւ պէտք է ձերբազատուինք հմայեակներէ կամ այլ իրերէ, որոնք չարին դէմ առ ի պաշտպանութիւն կը գործածուին (Ա. Կորնթացիս 10։20, 21

15. Չար ոգիներուն դիմադրելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

15 Եփեսոսի քրիստոնեաները կախարդութեան վերաբերեալ իրենց գրքերը փճացնելէն քանի մը տարի ետք, Պօղոս առաքեալ անոնց գրեց. ‘Մեր պատերազմը չար ոգիներուն հետ է’ (Եփեսացիս 6։12)։ Դեւերը ձեռնթափ չէին եղած. տակաւին կը փորձէին յաղթանակ տանիլ։ Ուստի այդ քրիստոնեաները ուրիշ ի՞նչ բան պէտք էր ընէին։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին [Սատանայի] բոլոր կրակոտ նետերը մարել» (Եփեսացիս 6։16)։ Մեր հաւատքին վահանը ո՛րքան զօրաւոր ըլլայ, ա՛յնքան աւելի ուժեղ կ’ըլլայ մեր դիմադրութիւնը չար ոգիներուն դէմ (Մատթէոս 17։19

16. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը ամրապնդել։

16 Արդ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել։ Ասիկա կրնանք ընել Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Օրինակ՝ ինչպէս պատի մը տոկունութիւնը մեծապէս կախեալ կ’ըլլայ անոր հիմին զօրաւոր ըլլալէն, նոյնպէս մեր հաւատքին ամուր ըլլալը մեծապէս կախեալ է անոր հիմին զօրութենէն, այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութենէն։ Եթէ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք եւ ուսումնասիրենք, մեր հաւատքը պիտի ամրապնդուի։ Ամուր պատի մը նման, այսպիսի հաւատք մը մեզ պիտի պաշտպանէ չար ոգիներու ազդեցութենէն (Ա. Յովհաննէս 5։5

17. Չար ոգիներուն դիմադրելու համար ի՞նչ քայլ անհրաժեշտ է։

17 Եփեսոսի քրիստոնեաները ուրիշ ի՞նչ քայլ պէտք էր առնէին։ Դիւապաշտութեամբ լեցուն քաղաքի մը մէջ ապրելով՝ անոնք յաւելեալ պաշտպանութեան կարիք ունէին։ Ուստի Պօղոս անոնց ըսաւ. «Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով» (Եփեսացիս 6։18)։ Քանի որ մենք ալ դիւապաշտութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, Եհովայի պաշտպանութիւնը խնդրելու համար ջերմեռանդօրէն աղօթելը կենսական է, որպէսզի կարենանք չար ոգիներուն դիմադրել։ Անշուշտ պէտք է մեր աղօթքներուն մէջ Եհովայի անունը գործածենք (կարդա՛ Առակաց 18։10)։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակ Աստուծոյ աղօթենք. «Չարէն [Բանսարկու Սատանայէ] մեզ ազատէ» (Մատթէոս 6։13)։ Եհովա այսպիսի ջերմեռանդ աղօթքներու պիտի պատասխանէ (Սաղմոս 145։19

18, 19. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ չար ոգիներու դէմ մեր պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գանք։ բ) Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ հարցում պիտի պատասխանուի։

18 Չար ոգիները վտանգաւոր են։ Բայց անոնցմէ վախնալու պէտք չունինք, եթէ Բանսարկուին հակառակ կենանք եւ Աստուծոյ մօտենանք՝ Իր կամքը ընելով (կարդա՛ Յակոբոս 4։7, 8)։ Չար ոգիներուն զօրութիւնը սահմանափակ է։ Անոնք Նոյի օրերուն պատժուեցան, եւ ապագային վերջնական կործանում կը դիմագրաւեն (Յուդա 6)։ Նաեւ մտաբերէ, թէ մենք կը վայելենք Եհովայի զօրաւոր հրեշտակներուն պաշտպանութիւնը (Դ. Թագաւորաց 6։15-17)։ Այս հրեշտակները խորապէս հետաքրքրուած են, որ մենք չար ոգիներուն դիմադրելու մէջ յաջողինք։ Այլաբանօրէն խօսելով, այս արդար հրեշտակները մեզ կը խրախուսեն այս պայքարին մէջ։ Հետեւաբար, Եհովայի եւ իր հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ բաղկացած ընտանիքին մօտիկ մնանք։ Նաեւ խուսափինք ամէն տեսակի ոգեհարցութենէ եւ միշտ Աստուծոյ Խօսքին խրատները կիրարկենք (Ա. Պետրոս 5։6, 7. Բ. Պետրոս 2։9)։ Միայն այն ատեն կրնանք վստահ ըլլալ, թէ չար ոգիներու դէմ մեր պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գանք։

19 Սակայն Աստուած ինչո՞ւ հանդուրժած է չար ոգիներուն եւ չարութիւնը, որ մարդոց այսքան տառապանք պատճառած է։ Այս հարցումը պիտի պատասխանուի յաջորդ գլուխին մէջ։

^ պարբ. 2 Արդար հրեշտակներուն առնչութեամբ, Յայտնութիւն 5։11–ը կ’ըսէ. «Անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր»։ Ուստի Աստուածաշունչը կը նշէ թէ հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակներ ստեղծուեցան։