Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր

ԽԱՉԸ սիրուած ու յարգուած է միլիոնաւորներու կողմէ։ Հանրագիտարան մը խաչը կը կոչէ «քրիստոնէական կրօնքին գլխաւոր խորհրդանիշը» (The Encyclopædia Britannica)։ Այսուհանդերձ, ճշմարիտ քրիստոնեաները պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր։ Ինչո՞ւ։

Կարեւոր մէկ պատճառը այն է, թէ Յիսուս Քրիստոս խաչի վրայ չմեռաւ։ Ընդհանրապէս «խաչ» թարգմանուած յունարէն բառն է՝ սթաւրոս։ Անիկա հիմնականօրէն կը նշանակէ «ուղիղ ձող կամ ցից»։ The Companion Bible կը նշէ. «[Սթաւրոս] բնա՛ւ չի նշանակեր փայտի երկու կտորներ, որոնք որեւէ անկիւնով իրարու միացուած են. . . [Նոր Կտակարանի] յունարէն լեզուին մէջ, չկայ բան մը որ նոյնիսկ ակնարկէ փայտի երկու կտորներու»։

Բազմաթիւ համարներու մէջ, Աստուածաշունչի գրողներ Յիսուսի մահուան գործիքին համար կը գործածեն ուրիշ բառ մը, որ է՝ յունարէն քսիլոն բառը (Գործք 5։30. 10։39. 13։29. Գաղատացիս 3։13. Ա. Պետրոս 2։24)։ Այս բառը պարզապէս կը նշանակէ «փայտ» կամ «գաւազան, մահակ կամ ծառ»։

Իր գրքին մէջ՝ Das Kreuz und die Kreuzigung (Խաչն ու խաչելութիւնը), բացատրելով թէ ինչո՛ւ յաճախ սովորական ցից մը կը գործածուէր մահապատիժներու համար, Հերման Ֆուլտա կ’ըսէ. «Հանրային մահապատիժի համար ընտրուած վայրերուն մէջ, ամէնուրեք ծառեր դիւրամատչելի չէին։ Ուստի հողին մէջ կը խրուէր պարզ գերան մը, որուն վրայ չարագործին ձեռքերը վեր բարձրացուած կը կապուէին կամ կը գամուէին, յաճախ նաեւ՝ ոտքերը»։

Սակայն ամէնէն համոզիչ ապացոյցը կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի’» (Գաղատացիս 3։13)։ Հոս Պօղոս կը մէջբերէ Բ. Օրինաց 21։22, 23–ը, որ յստակօրէն կ’ակնարկէ ցիցի եւ ոչ թէ խաչի։ Քանի որ մահապատիժի այս միջոցը անհատը կը դարձնէր «անիծեալ», պատշաճ պիտի չըլլար որ քրիստոնեաներ իրենց տուները զարդարէին խաչուած Քրիստոսի պատկերներով։

Որեւէ ապացոյց չկայ թէ Քրիստոսի մահէն ետք, առաջին 300 տարիներու ընթացքին, քրիստոնէութիւն դաւանողները պաշտամունքի մէջ խաչ գործածեցին։ Բայց չորրորդ դարուն, հեթանոս Կոստանդին կայսրը կրօնափոխ դառնալով հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը որդեգրեց եւ յառաջ մղեց խաչը որպէս անոր խորհրդանիշը։ Ի՛նչ որ ալ ըլլային Կոստանդինին շարժառիթները, խաչը ո՛չ մէկ կապ ունէր Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Իրականութեան մէջ, խաչը հեթանոսական ծագում ունի։ Հանրագիտարան մը կ’ընդունի. «Խաչը կը գտնուի թէ՛ նախաքրիստոնէական եւ թէ ոչ–քրիստոնէական մշակոյթներու մէջ» (New Catholic Encyclopedia)։ Շատ մը այլ աղբիւրներ խաչը առնչած են բնութեան պաշտամունքին եւ հեթանոսական սեռային ծէսերուն։

Ուստի այս հեթանոսական խորհրդանիշը ինչո՞ւ յառաջ մղուեցաւ։ Ըստ երեւոյթին, հեթանոսներուն դիւրացնելու որ «քրիստոնէութիւնը» ընդունին։ Սակայն հեթանոսական որեւէ խորհրդանիշի հանդէպ նուիրում ցուցաբերելը, բացայայտօրէն դատապարտուած է Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18)։ Սուրբ Գրութիւնները նաեւ կ’արգիլեն ամէն տեսակի կռապաշտութիւն (Ելից 20։4, 5. Ա. Կորնթացիս 10։14)։ Հետեւաբար, շատ վաւերական պատճառով, ճշմարիտ քրիստոնեաները պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր *։

^ պարբ. 5 Խաչի մասին մանրամասն քննարկութեան մը համար, տե՛ս Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը, էջ 89-93 (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։