Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ պիտի տիրէ աշխարհին

Ո՞վ պիտի տիրէ աշխարհին

Գլուխ ինը

Ո՞վ պիտի տիրէ աշխարհին

1-3. Բաղտասարի իշխանութեան առաջին տարին, Դանիէլի տեսած երազն ու տեսիլքները նկարագրեցէք։

 ԴԱՆԻԷԼԻ յափշտակիչ մարգարէութիւնը հիմա մեզի ետ կը տանի Բաբելոնի Բաղտասար Թագաւորին առաջին տարին։ Դանիէլ երկար ժամանակէ ի վեր Բաբելոնի մէջ գերի է, բայց Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութեան մէջ անսասան մնացած է։ Արդ, իր 70–ական տարիքին մէջ, հաւատարիմ մարգարէն ‘իր գլխուն մէջ տեսիլքներ եւ երազ մը կը տեսնէ իր անկողնին մէջ’։ Այս տեսիլքները շա՜տ կը խռովեցնեն զինք։—Դանիէլ 7։1, 15

2 Դանիէլ զարմանքով կ’ըսէ. «Երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին»։ Ի՜նչ արտակարգ գազաններ։ Առաջինը թեւաւոր առիւծ մըն է, իսկ երկրորդը արջու նման է։ Անոնցմէ ետք չորս թեւ եւ չորս գլուխ ունեցող ինձ մը կու գայ։ Արտակարգօրէն զօրաւոր չորրորդ գազանը երկաթէ մեծ ակռաներ ու տասը եղջիւր ունէր։ Անոր տասը եղջիւրներուն մէջէն «պզտիկ» եղջիւր մը կը բարձրանայ, որ «մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան» մը ունէր։—Դանիէլ 7։2-8

3 Դանիէլի տեսիլքները ապա դէպի երկինք կ’ուղղուին։ Հինաւուրցը փառաւոր կերպով որպէս Դատաւոր նստած է երկնային Ատեանին մէջ։ ‘Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընեն անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնին’։ Գազանները դատապարտելով, ան իշխանութիւնը կ’առնէ անոնցմէ եւ կը կործանէ չորրորդ գազանը։ ‘Ժողովուրդներու, ազգերու ու լեզուներու’ վրայ մնայուն տիրապետութիւնը կը տրուի «Որդի Մարդոյ նման մէկ»ու մը։—Դանիէլ 7։9-14

4. (ա) Դանիէլ որո՞ւ դիմեց վստահելի տեղեկութիւն ստանալու համար։ (բԱյդ գիշեր Դանիէլի տեսած ու լսած բաները ինչո՞ւ կարեւոր են մեզի համար։

4 Դանիէլ կ’ըսէ. «Ես՝ Դանիէլս՝ հոգիով իմ ներսիդիս վշտացայ եւ իմ տեսիլքներս զիս խռովեցուցին»։ Ուստի հրեշտակէ մը կը խնդրէ որ այս «բոլոր բաներուն իմաստը» բացատրէ իրեն։ Հրեշտակն ալ իրեն կ’իմացնէ «այս բաներուն մեկնութիւնը»։ (Դանիէլ 7։15-28) Այդ գիշեր Դանիէլի տեսած ու լսած բաները մեծապէս կը հետաքրքրեն մեզ, քանի որ անիկա կ’ուրուագծէր համաշխարհային ապագայ դէպքեր, որոնք մինչեւ մեր օրերը պիտի հասնէին, երբ «Որդի Մարդոյ նման մէկ»ուն իշխանութիւն կը տրուի ‘բոլոր ժողովուրդներու, ազգերու ու լեզուներու’ վրայ։ Աստուծոյ Խօսքին ու հոգիին օգնութեամբ, մենք ալ կրնանք հասկնալ այս մարգարէական տեսիլքներուն իմաստը։ *

Ծովէն Չորս Գազաններ կ’Ելլեն

5. Հողմակոծ ծովը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

5 Դանիէլ ըսաւ. «Ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին»։ (Դանիէլ 7։3) Ի՞նչ կը խորհրդանշէ հողմակոծ ծովը։ Տարիներ ետք, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ եօթըգլխանի գազան մը որ «ծովէն» կ’ելլէր։ Այդ ծովը կը ներկայացնէր ‘ժողովուրդներ ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ’. Աստուծմէ օտարացած մարդկային հսկայ զանգուածը։ Ուստի, ծովը՝ Աստուծմէ օտարացած մարդկային զանգուածներ նշող յարմար խորհրդանիշ մըն է։—Յայտնութիւն 13։1, 2. 17։15. Եսայեայ 57։20

6. Չորս գազանները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

6 Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ. «Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն»։ (Դանիէլ 7։17) Հրեշտակը Դանիէլի տեսած չորս գազանները յստակօրէն բնորոշեց որպէս՝ «չորս թագաւորներ»։ Ուստի, այս գազանները աշխարհակալ ուժեր կը ներկայացնեն։ Բայց որո՞նք։

7. (ա) Աստուածաշունչի կարգ մը մեկնաբաններ ի՞նչ կ’ըսեն Դանիէլի՝ չորս գազաններու երազ–տեսիլքին, եւ Նաբուգոդոնոսորի հսկայ արձանի երազին մասին։ (բԱրձանին մետաղէ չորս տարբեր մասերը ի՞նչ կը ներկայացնեն։

7 Աստուածաշունչի մեկնաբաններ սովորաբար Դանիէլի չորս գազաններու երազ–տեսիլքը կը կապեն Նաբուգոդոնոսորի երազին հսկայ արձանին հետ։ Օրինակ, Աստուածաշունչի Մեկնաբանութեան Բացատրականը (Անգլերէն) կը նշէ. «7–րդ գլուխը [Դանիէլի] կը նմանի 2–րդ գլուխին»։ Ուիքլիֆի Աստուածաշունչի Լուսաբանութիւնը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Ընդհանուր առմամբ ընդունուած է որ չորս Հեթանոս իշխանութիւններու յաջորդականութիւնը . . . հոս՝ [Դանիէլ 7–րդ գլուխին մէջ], [Դանիէլի] 2–րդ գլուխին մէջ տեսնուածին նման է»։ Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջի չորս մետաղներով ներկայացուած չորս աշխարհակալ ուժերն էին՝ Բաբելոնական Կայսրութիւնը (ոսկիէ գլուխը), Մարա–Պարսկաստանը (արծաթէ կուրծքն ու թեւերը), Յունաստանը (պղնձէ մէջքն ու ազդրերը) եւ Հռովմէական Կայսրութիւնը (երկաթէ սրունքները)։ * (Դանիէլ 2։32, 33) Հիմա տեսնենք թէ այս թագաւորութիւնները ի՛նչպէս կը համեմատին Դանիէլի տեսած չորս մեծ գազաններուն հետ։

Առիւծի մը Պէս Կատաղի եւ Արծիւի մը Պէս Սրընթաց

8. (ա) Դանիէլ ի՞նչպէս կը նկարագրէ առաջին գազանը։ (բԱռաջին գազանը ի՞նչ կայսրութիւն կը ներկայացնէ, եւ անիկա ի՞նչպէս առիւծի մը պէս վարուեցաւ։

8 Ի՜նչ տպաւորիչ էին Դանիէլի տեսած գազանները։ Անոնցմէ մէկը նկարագրելով, ան կ’ըսէ. «Առաջինը առիւծի պէս էր ու արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան ու երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ ու անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ»։ (Դանիէլ 7։4) Այս գազանը կը պատկերացնէր հսկայ արձանին ոսկիէ գլուխով ներկայացուած նոյն իշխանութիւնը՝ Բաբելոնական Աշխարհակալ Ոյժը (Հ.Դ.Ա. 607-539)։ Գիշատիչ «առիւծ»ի մը նման, Բաբելոնը կատաղիօրէն լափեց ազգերը, մէջը ըլլալով Աստուծոյ ժողովուրդը։ (Երեմեայ 4։5-7. 50։17) Որպէս թէ արծիւի մը թեւերով, այս «առիւծ»ը կատաղի նուաճումներ կատարելով սուրաց։—Ողբք 4։19. Ամբակումայ 1։6-8

9. Առիւծանման գազանը ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, եւ ասոնք ի՞նչպէս ազդեցին իրեն։

9 Ժամանակ մը ետք, այս անզուգական թեւաւոր առիւծին թեւերը «փրցուեցան»։ Բաղտասար Թագաւորին իշխանութեան վերջաւորութեան, Բաբելոն իր սրընթաց նուաճումներն ու ազգերուն վրայ իր առիւծանման գերակայութիւնը կորսնցուց։ Անիկա երկու ոտք ունեցող մարդէ մը աւելի արագ չէր։ «Մարդու սիրտ» ստանալով, անիկա տկարացաւ։ ‘Առիւծի սիրտ’ չունենալով, Բաբելոն այլեւս չէր կրնար «անտառի գազաններուն մէջ» թագաւորի պէս վարուիլ։ (Համեմատել՝ Բ. Թագաւորաց 17։10. Միքիայ 5։8։) Անիկա նուաճուեցաւ ուրիշ հսկայ գազանի մը կողմէ։

Արջու Նման Որկրամոլ

10. «Արջ»ը կառավարիչներու ո՞ր շառաւիղը կը խորհրդանշէ։

10 Դանիէլ կ’ըսէ. «Երկրորդ գազանը արջի նման էր ու մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռաներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին. ‘Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր’»։ (Դանիէլ 7։5) «Արջ»ով խորհրդանշուած թագաւորը՝ հսկայ արձանին արծաթէ կուրծքով ու թեւերով ներկայացուած նոյն թագաւորն էր. Մարա–Պարսկական կառավարիչներու շառաւիղը (Հ.Դ.Ա. 539-331), որ սկսաւ Մարերու Դարեհով ու Մեծն Կիւրոսով եւ վերջ գտաւ Դարեհ Գ.–ով։

11. Այլաբանական արջուն մէկ կողմի վրայ կայնիլը եւ իր բերնին մէջ երեք կողոսկրներ ունենալը ի՞նչ կը նշեն։

11 Այլաբանական արջը ‘մէկ կողմի վրայ կայնեցաւ’, թերեւս ազգերուն վրայ յարձակելու ու զանոնք հպատակեցնելով համաշխարհային հեղինակութիւնը պահպանելու պատրաստութիւն տեսնելու համար։ Կամ՝ թերեւս այս դիրքը ցոյց կու տար թէ պարսկական շառաւիղէն կառավարիչներ Մարերու միակ թագաւորին՝ Դարեհի վրայ գերիշխող ազդեցութիւն պիտի ունենային։ Արջին ակռաներուն մէջի երեք կողի ոսկորները կը նշեն թէ անիկա իր նուաճումները երեք ուղղութեամբ պիտի քշէր։ Մարա–Պարսկական «արջ»ը հիւսիս ուղղուեցաւ, Բաբելոնը գրաւելու համար Հ.Դ.Ա. 539–ին։ Ապա ան գնաց դէպի արեւմուտք, Փոքր Ասիոյ մէջէն անցնելով հասաւ Թրակիա։ Վերջապէս «արջ»ը գնաց դէպի հարաւ՝ Եգիպտոսը նուաճելու համար։ Քանի որ երբեմն երեք թիւը ուժգնութիւն կը խորհրդանշէ, երեք կողոսկրները կրնան նաեւ շեշտել այլաբանական արջուն նուաճելու պապակը։

12. Այլաբանական արջուն տրուած՝ «ելի՛ր, շատ միս կե՛ր» հրամանին հնազանդելուն հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

12 «Արջ»ը իրեն ըսուած «ելի՛ր, շատ միս կե՛ր» խօսքին որպէս ընդառաջում, կը յարձակի ազգերուն վրայ։ Աստուածային կամքին համաձայն Բաբելոնը ագահաբար ուտելով, Մարա–Պարսկաստանը Եհովայի ժողովուրդին թանկարժէք ծառայութիւն մը մատուցանելու ի վիճակի էր։ Իրապէս ալ ըրա՛ւ։ (Տես՝ «Հանդուրժող Միապետ մը», էջ 149–ի վրայ։) Մեծն Կիւրոսի, Դարեհ Ա.–ի (Մեծն Դարեհ), եւ Արտաշէս Ա.–ի միջոցաւ, Մարա–Պարսկաստանը Բաբելոնի մէջ գտնուող Հրեայ գերիները ազատագրեց եւ անոնց օգնեց որ Եհովայի տաճարը վերաշինեն ու Երուսաղէմի պարիսպը վերանորոգեն։ Ի վերջոյ, Մարա–Պարսկաստանը մինչեւ 127 գաւառի վրայ իշխանութիւն ունեցաւ, եւ Եսթեր Թագուհիին ամուսինը՝ Ասուերոս (Քսերքսէս Ա.), «Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա» կը թագաւորէր։ (Եսթերայ 1։1) Սակայն, ուրիշ գազան մը կ’երեւար հորիզոնին վրայ։

Թեւաւոր Ինձի Նման Արագաշարժ

13. (ա) Երրորդ գազանը ի՞նչ կը խորհրդանշէր։ (բԵրրորդ գազանին արագութեան եւ իր գրաւած շրջաններուն մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։

13 Երրորդ գազանը «ինձի նման [էր] . . . որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ»։ (Դանիէլ 7։6) Իր համանմանին՝ Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջի արձանին պղնձէ մէջքին ու ազդրերուն նման, այս չորս թեւեր ու չորս գլուխ ունեցող ինձը կը խորհրդանշէր Մեծն Աղեքսանդրէն սկսեալ Մակեդոնացի կամ Յոյն թագաւորներու շառաւիղը։ Ինձի մը թեթեւաշարժութեամբ ու արագութեամբ Աղեքսանդր խուժեց դէպի Փոքր Ասիա, դէպի հարաւ՝ Եգիպտոս, եւ հասաւ Հնդկաստանի արեւմտեան սահմանը։ (Համեմատել՝ Ամբակումայ 1։8։) Անոր տիրապետութեան շրջանը «արջ»ին ունեցածէն մեծ էր, քանի որ անիկա կը պարունակէր Մակեդոնիան, Յունաստանը եւ Պարսկական Կայսրութիւնը։—Տես՝ «Երիտասարդ Թագաւոր մը Աշխարհը կը Նուաճէ», էջ 153–ի վրայ։

14. «Ինձ»ը ի՞նչպէս չորս գլուխ ունեցաւ։

14 Հ.Դ.Ա. 323–ին Աղեքսանդրի մահուընէ ետք, «ինձը» չորս գլուխ ունեցաւ։ Վերջ ի վերջոյ իր տիրապետութեան տարբեր մասերը առին իրեն յաջորդող իր չորս զօրավարները։ Սելեւկոս ձեռք դրաւ Միջագետքի ու Սուրիոյ վրայ։ Պտղոմէոս՝ Եգիպտոսն ու Պաղեստինը իր ղեկավարութեան տակ ըրաւ։ Լիսիմաքոս՝ Փոքր Ասիոյ եւ Թրակիոյ վրայ իշխեց, իսկ Կասանդր՝ Մակեդոնիան եւ Յունաստանը առաւ։ (Տես՝ «Ընդարձակ Թագաւորութիւն մը Բաժան–Բաժան կ’Ըլլայ», էջ 162–ի վրայ։) Ապա՝ նոր սպառնալիք մը երեւան եկաւ։

Ահեղ Գազան մը որ Տարբեր Է

15. (ա) Չորրորդ գազանը նկարագրեցէք։ (բՉորրորդ գազանը ի՞նչ կը խորհրդանշէ, եւ անիկա ի՞նչպէս իր ճամբուն վրայ եղող ամէն բան փշրեց ու լափեց։

15 Դանիէլ չորրորդ գազանը նկարագրեց որպէս «ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր»։ Ան շարունակեց. «Անիկա մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր։ Կ’ուտէր ու կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եկող գազաններէն տարբեր էր։ Տասը եղջիւր ունէր»։ (Դանիէլ 7։7) Այս ահեղ գազանը սկսաւ որպէս Հռովմի քաղաքական ու զինուորական ոյժը։ Անիկա աստիճանաբար Յունական Կայսրութեան հելլենական չորս բաժանումներուն վրայ ձեռք դրաւ եւ Հ.Դ.Ա. 30–ին, Հռովմը երեւան եկաւ որպէս Աստուածաշունչի մարգարէութեան յաջորդ աշխարհակալ ոյժը։ Իր ճամբուն վրայ գտնուող ամէն բան զինուորական գործողութեամբ իրեն հպատակեցնելով, Հռովմէական Կայսրութիւնը վերջապէս մեծցաւ եւ տարածուեցաւ Բրիտանական Կղզիներէն մինչեւ Եւրոպայի մեծ մասը, հասնելով մինչեւ Միջերկրականի շուրջը եւ Բաբելոնէն անդին մինչեւ Պարսից Ծոց։

16. Հրեշտակը ի՞նչ տեղեկութիւն տուաւ չորրորդ գազանին մասին։

16 Այս «խիստ ահեղ» գազանին մասին աւելի որոշ տեղեկութիւն մը ստանալու համար, Դանիէլ ուշի ուշով մտիկ ըրաւ, մինչ հրեշտակը կը բացատրէր. «Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ»։ (Դանիէլ 7։19, 20, 24) Արդ, այս «տասը եղջիւրները» կամ «տասը թագաւորներ»ը ի՞նչ էին։

17. Չորրորդ գազանին «տասը եղջիւրները» ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

17 Մինչ Հռովմ աւելի հարստացաւ ու իր վարչական դասին սանձարձակ բարքին պատճառաւ հետզհետէ աւելի անկում կրեց, անիկա որպէս զինուորական ոյժ տկարացաւ։ Ժամանակ մը ետք, Հռովմի զինուորական ոյժին տկարացումը աւելի բացայայտ եղաւ։ Հզօր կայսրութիւնը վերջապէս բազմաթիւ թագաւորութիւններու բաժնուեցաւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը յաճախ տասը թիւը կը գործածէ ամբողջութիւն նշելու համար, չորրորդ գազանին «տասը եղջիւրներ»ը կը ներկայացնեն այն բոլոր թագաւորութիւնները, որոնք Հռովմի քայքայումէն մէջտեղ եկան։—Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 4։13. Ղուկաս 15։8. 19։13, 16, 17։

18. Վերջին կայսրը վերցուելէն ետք, Հռովմը ի՞նչպէս երկար դարեր տակաւին շարունակեց իշխանութիւն բանեցնել Եւրոպայի վրայ։

18 Հռովմէական Աշխարհակալ Ոյժը սակայն, Հ.Դ. 476–ին Հռովմի վերջին կայսրին վերցուելով՝ վերջ չգտաւ։ Երկար դարեր, պապական Հռովմը շարունակեց քաղաքական եւ մանաւանդ՝ կրօնական ազդեցութիւն բանեցնել Եւրոպայի վրայ։ Ասիկա ըրաւ աւատական դրութեամբ, որու ներքեւ Եւրոպայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ճորտատիրոջ մը, ապա թագաւորի մը ենթակայ էր։ Իսկ բոլոր թագաւորներն ալ Պապին հեղինակութիւնը կ’ընդունէին։ Այս կերպով, Հռովմէական Սուրբ Կայսրութիւնը, որպէս օճախ ունենալով պապական Հռովմը՝ աշխարհի գործերուն վրայ տիրեց, պատմութեան այդ երկար շրջանի ընթացքին, որ կոչուած է Խաւար Դարեր։

19. Պատմաբանի մը համաձայն, երբ Հռովմը նախկին կայսրութիւններու հետ բաղդատենք, ի՞նչ կը տեսնենք։

19 Ո՞վ կրնայ ուրանալ որ չորրորդ գազանը «բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր էր»։ (Դանիէլ 7։7, 19, 23) Այս առնչութեամբ, պատմաբան Հ. Ճ. Ուէլզ գրեց. «Հռովմէական այս նոր ոյժը . . . շատ մը կողմերով տարբեր էր քաղաքակրթուած աշխարհին մէջ ցարդ տիրած որեւէ մեծ կայսրութենէ։ . . . [Անիկա] աշխարհի մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր Յոյները համահաւաքած էր եւ իր բնակչութեան մէջ նախկին որեւէ կայսրութենէ նուազ Քամականներ եւ Սեմականներ ունէր . . . Անիկա մինչեւ այն ատեն, պատմութեան մէջ իւրայատուկ էր իր տեսակին մէջ . . . Հռովմէական Կայսրութիւնը արտակարգ աճում մը, անսպասելի նոր աճում մը ունեցաւ. Հռովմէացիները գրեթէ անսպասելիօրէն իրենք զիրենք վարչական վիթխարի փորձառութեան մը մէջ գտան»։ Սակայն, չորրորդ գազանը տակաւին պիտի մեծնար։

Պզտիկ Եղջիւր մը կը Տիրապետէ

20. Հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ չորրորդ գազանին գլխուն վրայի պզտիկ եղջիւրին արտակարգ աճման մասին։

20 Դանիէլ ըսաւ. «Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւէն միւս եղջիւրներէն երեքը խլուեցան»։ (Դանիէլ 7։8) Այս արտակարգ աճին մասին հրեշտակը ըսաւ Դանիէլի. «Անոնցմէ [տասը թագաւորներէն] ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ»։ (Դանիէլ 7։24) Ո՞վ է այս թագաւորը, ան ե՞րբ ելաւ եւ ո՞ր երեք թագաւորները կործանեց։

21. Բրիտանիան ի՞նչպէս չորրորդ գազանին այլաբանական պզտիկ եղջիւրը եղաւ։

21 Նկատի առէք հետեւեալ ծաւալումները։ Հ.Դ.Ա. 55–ին, Հռովմէացի Զօրավար Յուլիոս Կայսր Բրիտանիոյ վրայ յարձակեցաւ, բայց հոն մնայուն կեցութիւն մը չկրցաւ հաստատել։ Հ.Դ. 43–ին, Կղօդիոս Կայսրը Բրիտանիոյ հարաւը աւելի կայուն նուաճումներ սկսաւ կատարել։ Ապա, Հ.Դ. 122–ին, Ադրիանոս Կայսրը սկսաւ պարիսպ մը շինել Թայն Գետէն մինչեւ Սոլուէյ Ֆըրթ, Հռովմէական Կայսրութեան հիւսիսային սահմանը գծելով։ Հինգերորդ դարուն սկիզբը, հռովմէական լեգէոնները կղզիէն հեռացան։ Պատմագիր մը կը բացատրէ. «Տասնըվեցերորդ դարուն, Անգլիան երկրորդական պետութիւն մըն էր։ Անոր հարստութիւնը աննշան էր, համեմատած Հոլանտայի հարստութեան հետ։ Անոր բնակչութիւնը Ֆրանսայի բնակչութենէն շատ աւելի նուազ էր։ Անոր զինեալ ուժերը (նաւատորմն ալ ներառեալ) Սպանիային ունեցածէն տկար էին»։ Արդարեւ, Բրիտանիան աննշան թագաւորութիւն մըն էր այն ատեն, չորրորդ գազանին այլաբանական պզտիկ եղջիւրը կազմելով։ Բայց այսպէս պիտի չմնար։

22. (ա) «Պզտիկ» եղջիւրը, չորրորդ գազանին ո՞ր երեք եղջիւրներուն յաղթեց։ (բԱյն ատեն Բրիտանիան որպէս ի՞նչ դուրս եկաւ։

22 1588–ին, Սպանիոյ Ֆիլիփ Բ. Թագաւորը սպանական նաւատորմը արձակեց Բրիտանիոյ վրայ։ 130 նաւերէ բաղկացած այս նաւախումբը, որ իր վրայ աւելի քան 24,000 տղամարդ կը կրէր, նաւարկեց դէպի Անգլիական Նեղուցը, պարզապէս բրիտանական նաւատորմին կողմէ պարտութիւն կրելու եւ անբարենպաստ հովերուն ու Ատլանտեան խիստ փոթորիկներուն զոհ դառնալու համար։ Այս դէպքը, «նաւային գերակայութիւնը Սպանիայէն՝ վճռականօրէն Բրիտանիոյ անցնիլ նշեց», ըսաւ պատմագիր մը։ ԺԷ. դարուն, Հոլանտան աշխարհի մեծագոյն առեւտրական նաւատորմը զարգացուց։ Սակայն, արտասահմանի մէջ հետզհետէ աւելցող գաղութներով, Բրիտանիան այդ թագաւորութենէն գերակշիռ եղաւ։ ԺԸ. դարուն, Բրիտանացիները եւ Ֆրանսացիները իրարու դէմ կռուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Հնդկաստանի մէջ, որ դուռ բացաւ 1763–ի Փարիզի Դաշնագրին։ Ուիլիըմ Պ. Ուիլգոգս հեղինակին համաձայն, այս դաշնագրութիւնը «Բրիտանիոյ նոր դիրքը ընդունեց, որպէս Եւրոպայէն դուրս աշխարհի մէջ եւրոպական գերակշիռ զօրութիւնը»։ Բրիտանիոյ գերակշիռ ըլլալը հաստատուեցաւ Հ.Դ. 1815–ին, երբ անիկա Ֆրանսայի Նաբոլէոնին վրայ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ։ Ուստի, Բրիտանիոյ ‘կործանած’ «երեք թագաւոր»ներն էին Սպանիան, Հոլանտան եւ Ֆրանսան։ (Դանիէլ 7։24) Որպէս հետեւանք, Բրիտանիան դուրս եկաւ որպէս աշխարհի մեծագոյն գաղութային եւ առեւտրական ոյժը։ Այո, «պզտիկ» եղջիւրը մեծցաւ ու աշխարհակալ ոյժ մը դարձաւ։

23. Այլաբանական պզտիկ եղջիւրը ի՞նչ կերպով ‘բոլոր երկիրը կերաւ’։

23 Հրեշտակը Դանիէլի ըսաւ որ չորրորդ գազանը, կամ չորրորդ թագաւորութիւնը, ‘բոլոր երկիրը պիտի ուտէր’։ (Դանիէլ 7։23) Ատիկա ճշմարիտ եղաւ, ատենին որպէս Բրիտանիա ճանչցուած հռովմէական գաւառին պարագային։ Անիկա վերջապէս Բրիտանական Կայսրութիւնը դարձաւ եւ ‘բոլոր երկիրը կերաւ’։ Կար ժամանակ մը, որ այս կայսրութիւնը երկրի ցամաքամասերուն ու բնակչութեան մէկ չորրորդը կ’ընդգրկէր։

24. Բրիտանական Կայսրութեան տարբեր ըլլալուն մասին պատմաբան մը ի՞նչ ըսաւ։

24 Ինչպէս որ Հռովմէական Կայսրութիւնը նախկին աշխարհակալ ուժերէն տարբեր էր, «պզտիկ» եղջիւրով պատկերացուած թագաւորն ալ «առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլար»։ (Դանիէլ 7։24) Բրիտանական Կայսրութեան մասին, պատմաբան Հ. Ճ. Ուէլզ նշեց. «Նախապէս ասոր նման բան մը գոյութիւն չէր ունեցած։ Անոր ամբողջ համակարգին առաջին եւ հիմնական բանն էր Բրիտանական Միացեալ Թագաւորութիւններու ‘թագադրեալ հանրապետութիւնը’ . . . ։ Առանձնայատուկ ո՛չ մէկ վարչական մարմին եւ ոչ մէկ ուղեղ կրցած են ըմբռնել Բրիտանական Կայսրութեան բաղադրութիւնը։ Անիկա աճերու ու կուտակումներու խառնուրդ մըն էր, որ նախապէս կայսրութիւն կոչուածներէն ամբողջովին տարբեր էր»։

25. (ա) Վերջին փուլին մէջ, այլաբանական պզտիկ եղջիւրին բաղադրութիւնը ի՞նչ է։ (բԻ՞նչ առումով «պզտիկ» եղջիւրը «մարդու աչքերու պէս աչքեր եւ մեծ բաներ խօսող բերան» մը ունէր։

25 Բայց «պզտիկ» եղջիւրը Բրիտանական Կայսրութենէն աւելին կը պարփակէր իր մէջ։ 1783–ին, Բրիտանիան՝ Ամերիկեան իր 13 գաղութներուն անկախութիւնը ընդունեց։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերջապէս Բրիտանիոյ դաշնակից եղաւ, Երկրորդ Աշխարհամարտէն դուրս գալով որպէս երկրին գերակշիռ ազգը։ Անիկա մինչեւ օրս Բրիտանիոյ հետ զօրաւոր կապեր ունի։ Մէջտեղ եկած Անգլօ–Ամերիկեան երկեակ աշխարհակալ ոյժը՝ ‘աչքեր ունեցող եղջիւրը’ կը կազմէ։ Արդարեւ, այս աշխարհակալ ոյժը զննող ու խորագէտ է։ Անիկա ‘մեծ բաներ կը խօսի’. ինքն է որ աշխարհի մեծ մասին վարելիք քաղաքականութիւնը կ’որոշէ, անոնց որպէս բանբեր կամ «սուտ մարգարէ» ծառայելով։—Դանիէլ 7։8, 11, 20. Յայտնութիւն 16։13. 19։20

Պզտիկ Եղջիւրը կը Հակառակի Աստուծոյ եւ Անոր Սուրբերուն

26. Եհովայի եւ իր ծառաներուն հանդէպ այլաբանական եղջիւրին խօսքերուն ու արարքներուն մասին հրեշտակը ի՞նչ նախագուշակեց։

26 Դանիէլ շարունակեց նկարագրել իր տեսած տեսիլքը, ըսելով. «Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը միւսներէն մեծ կ’երեւէր եւ կը տեսնէի, որ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց»։ (Դանիէլ 7։21) Այս «եղջիւր»ին կամ թագաւորին մասին, Աստուծոյ հրեշտակը նախագուշակեց. «Բարձրեալին դէմ խօսքեր պիտի ըսէ ու Բարձրեալին սուրբերը պիտի սպառէ եւ պիտի մտածէ ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել։ Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի տրուին»։ (Դանիէլ 7։25) Մարգարէութեան այս մասը ի՞նչպէս եւ ե՛րբ կատարուեցաւ։

27. (ա) «Պզտիկ» եղջիւրին կողմէ հալածուած «սուրբերը» որո՞նք են։ (բԱյլաբանական եղջիւրը ի՞նչպէս ծրագրեց «ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել»։

27 «Պզտիկ» եղջիւրին՝ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժին՝ կողմէ հալածուած «սուրբերը», երկրի վրայ Յիսուսի հոգիէն–օծուած հետեւորդներն են։ (Հռովմայեցիս 1։7. Ա. Պետրոս 2։9) Առաջին Աշխարհամարտէն տարիներ առաջ այս օծեալներուն մնացորդը հանրապէս ազդարարեց թէ 1914–ը վերջ պիտի դնէ «ազգերուն [«սահմանուած», ՆԱ] ժամանակներ»ուն։ (Ղուկաս 21։24) Երբ այդ տարին պատերազմ ծագեցաւ, բացայայտ եղաւ որ «պզտիկ» եղջիւրը անտեսած էր այս ազդարարութիւնը, քանի որ անիկա շարունակեց օծեալ «սուրբեր»ը նեղել։ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը նոյնիսկ հակառակեցաւ Եհովայի պահանջը (կամ՝ «օրէնք»ը) կատարելու անոնց ջանքերուն՝ իր վկաներուն կողմէ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզուելուն։ (Մատթէոս 24։14) Այս կերպով «պզտիկ» եղջիւրը փորձեց «ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել»։

28. «Ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»ը ո՞րքան է։

28 Եհովայի հրեշտակը մարգարէական ժամանակաշրջանի մը մասին խօսեցաւ, որպէս «ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»։ Ասիկա ո՞րքան երկար էր։ Աստուածաշունչի մեկնաբաններ ընդհանրապէս կը համաձայնին որ այս արտայայտութիւնը կը նշէ երեքուկէս ժամանակի. մէկ ժամանակ, երկու ժամանակ ու կէս ժամանակի գումարը կազմելով։ Քանի որ Նաբուգոդոնոսորի խելագարութեան «եօթը ժամանակ»ը եօթը տարի էր, ուրեմն երեքուկէս ժամանակը՝ երեքուկէս տարի էր։ * (Դանիէլ 4։16, 25) Ամերիկեան Թարգմանութիւն մը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Անոնք անոր ձեռքը պիտի տրուին տարի մը, երկու տարի ու կէս տարի»։ Ճէյմս Մոֆաթի թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Երեք տարի ու կէս տարի»։ Յայտնութիւն 11։2-7–ի մէջ նոյն ժամանակաշրջանը յիշուած է, ուր կ’ըսէ թէ Աստուծոյ վկաները քուրձ հագած 42 ամիս, կամ 1,260 օր պիտի քարոզեն եւ անկէ ետք պիտի սպաննուին։ Այս ժամանակաշրջանը ե՞րբ սկսաւ ու ե՛րբ վերջացաւ։

29. Մարգարէական երեքուկէս տարին ե՞րբ եւ ի՛նչպէս սկսաւ։

29 Առաջին Աշխարհամարտը օծեալ Քրիստոնեաներուն համար փորձի ժամանակ մը եղաւ։ 1914–ի վերջաւորութեան, անոնք հալածանք կ’ակնկալէին։ Արդարեւ, 1915–ի որպէս տարուան համար ընտրուած էր իր աշակերտներուն ուղղած Յիսուսի հարցումը՝ «Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ»։ Անիկա հիմնուած էր Մատթէոս 20։22–ի վրայ։ Ուստի, 1914–ի Դեկտեմբերէն սկսեալ, վկաներու այս պզտիկ խումբը սկսաւ «քուրձ հագած» քարոզել։

30. Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը ի՞նչպէս նեղութիւն տուաւ օծեալ Քրիստոնեաներուն։

30 Երբ պատերազմի տենդը պատեց չորս դին, օծեալ Քրիստոնեաները լեռնակուտակ հակառակութեան հանդիպեցան։ Անոնցմէ ոմանք բանտարկուեցան։ Կարգ մը անհատներ սատիստական իշխանութիւններու կողմէ չարչարուեցան, ինչպէս Ֆրէնգ Փլէթը Անգլիոյ մէջ, իսկ Ռոպէրթ Գլէկը Գանատայի մէջ։ 12 Փետրուար 1918–ին, Բրիտանական Գերիշխանութեան ներքեւ եղող Գանատան արգիլեց վերջերս հրատարակուած Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ու եօթներորդ հատորը, որու խորագիրն էր՝ Կատարուած Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածաշունչի Աշակերտներու Ամսաթերթը խորագրով թերթիկները։ Յաջորդ ամիսը, Մ.Ն. Արդարադատութեան Գրասենեակը եօթներորդ հատորին ցրուումը անօրէն համարեց։ Ի՞նչ հետեւանքով։ Այո, տուները խուզարկուեցան, գրականութիւնները բռնագրաւուեցան եւ Եհովայի երկրպագուները ձերբակալուեցան։

31. «Ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»ը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս վերջացաւ։

31 21 Յունիս 1918–ին, Աստուծոյ օծեալներուն տրուած նեղութիւնը իր բարձրակէտին հասաւ, երբ նախագահը՝ Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ եւ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կարկառուն անդամները կեղծ ամբաստանութիւններով երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուեցան։ «Ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել»ու մտադրութեամբ, «պզտիկ« եղջիւրը արդարեւ քարոզչութեան կազմակերպուած աշխատանքը սպաննեց։ (Յայտնութիւն 11։7) Ուստի, նախագուշակուած «ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»ուան շրջանը վերջացաւ 1918–ի Յունիսին։

32. Ինչո՞ւ կրնաք ըսել որ «պզտիկ» եղջիւրը չկրցաւ բնաջնջել «սուրբերը»։

32 Բայց «պզտիկ» եղջիւրին նեղութիւն տալով «սուրբերը» չբնաջնջուեցան։ Ինչպէս մարգարէացուած էր Յայտնութիւն գրքին մէջ, անգործութեան կարճ շրջանէ մը ետք, օծեալ Քրիստոնեաները դարձեալ վերակենդանացան ու գործունեայ եղան։ (Յայտնութիւն 11։11-13) 26 Մարտ 1919–ին, Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան նախագահը եւ անոր ընկերակիցները բանտէն արձակուեցան եւ հետագային իրենց դէմ եղած ամբաստանութիւններէն անպարտ յայտարարուեցան։ Անկէ անմիջապէս ետք, օծեալ մնացորդը աւելի ընդարձակ գործունէութեան համար կազմակերպուեցաւ։ Սակայն, «պզտիկ» եղջիւրին ի՞նչ կը սպասէր։

Հինաւուրցը Դատելու կը Նստի

33. (ա) Հինաւուրցը ո՞վ է։ (բԵրկնային Ատեանին մէջ ‘բացուած գրքերը’ ի՞նչ էին։

33 Չորս գազանները ներկայացնելէ ետք, Դանիէլ իր աչքերը չորրորդ գազանէն՝ կը դարձնէ դէպի երկնային տեսարանի մը։ Ան կը տեսնէ Հինաւուրցը, որ իր լուսափայլ գահին վրայ նստած է որպէս Դատաւոր։ Հինաւուրցը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Եհովա Աստուած։ (Սաղմոս 90։2) Մինչ երկնային Ատեանը կը բազմի, Դանիէլ կը տեսնէ որ ‘գրքեր կը բացուին’։ (Դանիէլ 7։9, 10) Քանի որ Եհովայի գոյութիւնը անհուն անցեալին մէջ կ’երկարի, ան մարդկային ամբողջ պատմութիւնը գիտէ, որպէս թէ գրքի մը մէջ գրուած ըլլար։ Ան չորս այլաբանական գազանները դիտած է եւ կրնայ զանոնք դատել իր ունեցած անմիջական գիտութեան համաձայն։

34, 35. «Պզտիկ» եղջիւրին եւ գազանանման միւս ուժերուն ի՞նչ պիտի պատահի։

34 Դանիէլ կը շարունակէ. «Երբ այն կողմը կը նայէի, այն եղջիւրին մեծ խօսքերուն ձայնին համար, տեսայ թէ գազանը սպաննուեցաւ եւ անոր մարմինը կորսուեցաւ ու կրակի բոցերու տրուեցաւ։ Թէեւ միւս գազաններուն իշխանութիւնը վերցուեցաւ, բայց ժամանակ մը անոր կեանքը երկարեցաւ»։ (Դանիէլ 7։11, 12) Հրեշտակը Դանիէլի կ’ըսէ. «Թէեւ ատեանը պիտի բազմի, բայց անոր իշխանութիւնը պիտի վերցնեն, վերջապէս զանիկա բնաջինջ պիտի ընեն ու կորսնցնեն»։—Դանիէլ 7։26

35 Մեծագոյն Դատաւորին՝ Եհովա Աստուծոյ հրամանով, Աստուած նախատող եւ իր «սուրբեր»ուն նեղութիւն տուող եղջիւրը, նախկին Քրիստոնեաները հալածած Հռովմէական Կայսրութեան ճակատագրին պիտի ենթարկուի։ Անոր իշխանութիւնը պիտի չշարունակուի։ Նոյնը պիտի ըլլայ Հռովմէական Կայսրութենէն ծագում առած նուազ կարեւոր եղող եղջիւրանման «թագաւորներ»ուն պարագան։ Իսկ գազանանման նախկին ուժերէն սերած իշխանութիւնները ի՞նչ պիտի ըլլան։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, անոնց կեանքը պիտի երկարէր «ժամանակ մը»։ Անոնց հողամասերը մինչեւ օրս բնակուած են։ Իրաքը, զոր օրինակ, վաղեմի Բաբելոնի հողամասին վրայ է։ Պարսկաստանը (Իրան) եւ Յունաստանը տակաւին առկայ են։ Այս աշխարհակալ ուժերու մնացորդները, Միացեալ Ազգերու մաս կը կազմեն։ Այս թագաւորութիւններն ալ պիտի կործանին վերջին աշխարհակալ ոյժին բնաջնջումով։ Մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի ոչնչացուին «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին»։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Բայց այն ատեն ո՞վ պիտի տիրէ աշխարհին։

Մօտալուտ Տեւական Իշխանութիւն մը

36, 37. (ա) «Որդի մարդոյ նման մէկը» որո՞ւ համար եղած ակնարկութիւն մըն է, եւ ան ե՞րբ ու ի՛նչ բանի համար երկնային Ատեան ներկայացաւ։ (բՀ.Դ. 1914–ին ի՞նչ հաստատուեցաւ։

36 Դանիէլ բացագանչեց. «Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդին Մարդոյ անոր մօտեցուցին»։ (Դանիէլ 7։13) Յիսուս երկրի վրայ գտնուած ժամանակ, ինքզինք կոչեց «Որդին մարդոյ», ցոյց տալով մարդկութեան հետ իր ունեցած առնչութիւնը։ (Մատթէոս 16։13. 25։31) Սենետրիոնին՝ կամ հրէական բարձրագոյն ատեանին, Յիսուս ըսաւ. «Պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ (Մատթէոս 26։64) Ուստի, Դանիէլի տեսիլքին մէջ, մարդկային աչքերուն անտեսանելի կերպով եկողը եւ Եհովա Աստուծոյ առջեւ բերուողը՝ յարուցեալ ու փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսն էր։ Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։

37 Աստուած Թագաւորութեան ուխտ մը հաստատած էր Յիսուս Քրիստոսի հետ, ճիշդ Դաւիթ Թագաւորի հետ ըրած ուխտին նման։ (Բ. Թագաւորաց 7։11-16. Ղուկաս 22։28-30) Երբ «ազգերուն սահմանուած ժամանակները» վերջացան Հ.Դ. 1914–ին, Յիսուս Քրիստոս, որպէս Դաւիթի գահաժառանգը, իրաւացիօրէն կրնար թագաւորական իշխանութիւնը ստանալ։ Դանիէլի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի»։ (Դանիէլ 7։14) Ուրեմն, Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուեցաւ 1914–ին։ Սակայն, ուրիշներու ալ իշխանութիւն կը տրուի։

38, 39. Ո՞վ աշխարհի վրայ յաւիտենական իշխանութիւն պիտի ստանայ։

38 Հրեշտակը ըսաւ որ «Բարձրեալին սուրբերը պիտի առնեն թագաւորութիւնը»։ (Դանիէլ 7։18, 22, 27) Յիսուս Քրիստոս գլխաւոր սուրբն է։ (Գործք 3։14. 4։27, 30) Իշխանութեան մէջ բաժին ունեցող միւս «սուրբերը», հոգիէն օծուած 144,000 հաւատարիմ Քրիստոնեաներն են, որոնք Քրիստոսի հետ Թագաւորութեան ժառանգակիցներ են։ (Հռովմայեցիս 1։7. 8։17. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։5. Ա. Պետրոս 2։9) Անոնք մեռելներէն կը յարուցուին որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ, երկնային Սիօն Լերան վրայ Քրիստոսի հետ իշխելու համար։ (Յայտնութիւն 2։10. 14։1. 20։6) Հետեւաբար, Քրիստոս Յիսուս եւ յարուցուած օծեալ Քրիստոնեաները մարդկային աշխարհին վրայ պիտի տիրեն։

39 Որդի մարդոյ եւ յարուցեալ ուրիշ «սուրբեր»ու իշխանութեան մասին, Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ. «Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին»։ (Դանիէլ 7։27) Այդ Թագաւորութեան ներքեւ, հնազանդ մարդկութիւնը ի՜նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։

40. Դանիէլի երազին եւ տեսիլքներուն ուշադրութիւն ընծայելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

40 Դանիէլ իր աստուածատուր տեսիլքներուն բոլոր հոյակապ կատարումներուն մասին գաղափար չունէր։ Ան ըսաւ. «Խօսքին վերջը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլս՝ խիստ խռովեցուցին ու երեսիս գոյնը փոխուեցաւ եւ այս խօսքը սրտիս մէջ պահեցի»։ (Դանիէլ 7։28) Սակայն, մենք կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ կրնանք հասկնալ Դանիէլի տեսած բաներուն կատարումը։ Այս մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայելը մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ մեզի համար աւելի ստոյգ պիտի ըլլայ թէ Եհովայի Մեսիական Թագաւորը պիտի տիրէ աշխարհին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Աւելի յստակացնելու եւ կրկնումէ խուսափելու համար, Դանիէլ 7։15-28 բացայայտիչ համարները պիտի միացնենք Դանիէլ 7։1-14–ի մէջ արձանագրուած տեսիլքներուն, զանոնք համար առ համար նկատի առնելով։

^ պարբ. 7 Տես այս գրքին 4–րդ Գլուխը։

^ պարբ. 28 Տես՝ այս գրքին 6–րդ Գլուխը։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

‘Ծովէն ելլող չորս մեծ գազաններուն’ իւրաքանչիւրը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

«Պզտիկ» եղջիւրը ի՞նչ բանէ բաղկացած է։

Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին այլաբանական պզտիկ եղջիւրը ի՞նչպէս նեղութիւն տուաւ «սուրբեր»ուն։

Այլաբանական պզտիկ եղջիւրին եւ գազանանման միւս իշխանութիւններուն ի՞նչ պիտի պատահի։

«Չորս մեծ գազաններ»ուն մասին Դանիէլի երազին ու տեսիլքներուն ուշադրութիւն ընծայելով ի՞նչպէս օգտուեցաք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 149-152]

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂ ՄԻԱՊԵՏ ՄԸ

Հ.Դ.Ա. ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ դարէն, Յոյն գրող մը զինք անուանեց հանդուրժող եւ իտէալ միապետ մը։ Աստուածաշունչին մէջ ան կոչուած է Աստուծոյ «օծեալ»ը եւ «արեւելքէն գիշատիչ թռչուն»։ (Եսայեայ 45։1. 46։11) Այսպէս յորջորջուած միապետը՝ Պարսկաստանի Մեծն Կիւրոսն է։

Համբաւի առաջնորդող Կիւրոսի յառաջխաղացքը սկսաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 560/559–ին, երբ իր հօրը Կամփիւսէս Ա.–ի յաջորդելով Անշանի գահին վրայ բարձրացաւ, որ վաղեմի Պարսկաստանի քաղաքներէն կամ նահանգներէն մին էր։ Անշան այն ժամանակ Մարերու Թագաւոր Աժդահակի աւատապետութեան ներքեւ էր։ Մարական իշխանութեան դէմ ըմբոստանալով, Կիւրոս արագ յաղթանակ մը տարաւ, քանի որ Աժդահակի բանակը դասալիք ըլլալով իր կողմը անցաւ։ Ապա, Կիւրոս Մարերու վստահութիւնը շահեցաւ։ Անկէ ետք, Մարերն ու Պարսիկները իր առաջնորդութեան ներքեւ միասնաբար կռուեցան։ Այս կերպով գոյացաւ Մարա–Պարսկական իշխանութիւնը, որ ժամանակի ընթացքին իր հողերը տարածեց Եգէական Ծովէն մինչեւ Ինդոս Գետը։—Տես՝ քարտէսը։

Մարերու ու Պարսիկներու միացեալ ուժերով, խռովեալ շրջան մը զսպելու համար, Կիւրոս նախ ուղղուեցաւ դէպի մարական աշխարհի արեւմտեան մասը, ուր Լիւդիացի Թագաւորը՝ Կրեսոս, իր հողերը կը տարածէր մարական հողամասին մէջ։ Յառաջանալով դէպի Փոքր Ասիոյ մէջ եղող Լիւդիական Կայսրութեան արեւելեան սահմանները, Կիւրոս պարտութեան մատնեց Կրեսոսը եւ գրաւեց անոր մայրաքաղաքը, Սարտիկէն։ Ապա Կիւրոս նուաճեց յոնիական քաղաքները եւ ամբողջ Փոքր Ասիան Մարա–Պարսկական Կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ բերաւ։ Այս կերպով ան Բաբելոնի եւ անոր թագաւորին՝ Նաբունիտոսի՝ գլխաւոր հակառակորդը եղաւ։

Ապա, Կիւրոս պատրաստութիւն տեսաւ հզօր Բաբելոնի դէմ ճակատելու համար։ Իսկ այս կէտէն սկսեալ, ան Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման մէջ բաժին ունեցաւ։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, գրեթէ երկու դար առաջ Եհովա Կիւրոսի անունն իսկ յիշած էր, որպէս այն կառավարիչը, որ Բաբելոնը պիտի տապալէր եւ Հրեաները գերութենէ պիտի ազատագրէր։ Այս նախասահմանեալ նշանակումին հիման վրայ է որ Սուրբ Գիրքը Կիւրոսի կ’ակնարկէ որպէս Եհովայի «օծեալ»ը։—Եսայեայ 44։26-28

Երբ Կիւրոս Բաբելոնի դէմ ելաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին, ան մեծ խնդրի մը առջեւ գտնուեցաւ։ Հսկայ պարիսպներով եւ Եփրատ Գետին կողմէ կազմուած խորունկ ու լայն խրամներով շրջապատուած ըլլալով, քաղաքը անառիկ կը թուէր։ Հոն ուր Եփրատը կը հոսէր Բաբելոնի մէջէն, պղնձէ հսկայ դռներ ունեցող լեռնանման պարիսպներ շարուած էին գետին երկու ափերուն։ Կիւրոս ի՞նչպէս կրնար գրաւել Բաբելոնը։

Աւելի քան դար մը առաջ, Եհովա նախագուշակած էր որ «անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին»։ (Երեմեայ 50։38) Մարգարէութեան որպէս կատարում, Կիւրոս Եփրատ Գետի ջուրերուն ընթացքը փոխեց Բաբելոնէ քանի մը քիլոմեթր հիւսիսը։ Անկէ ետք իր բանակը գետին հունէն քալելով անցաւ եւ պարսպին առաջնորդող զառիվերը մագլցելով հեշտութեամբ քաղաքը մտաւ, քանի որ պղնձէ դռները բաց ձգուած էին։ «Գիշատիչ թռչուն»ի մը նման, որ սլացիկ կը խոյանայ իր զոհին վրայ, «արեւելքէն» եկող այս կառավարիչը, մէ՛կ գիշերուան մէջ Բաբելոնը գրաւեց։

Կիւրոսի յաղթանակը, Բաբելոնի մէջ գտնուող Հրեաներուն համար, երկար ժամանակէ սպասուած գերութենէ ազատագրութեան եւ իրենց հայրենիքին 70 ամեայ ամայութեան վախճանին հասնիլը նշանակեց։ Անոնք որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էին, երբ Կիւրոս հրամանագիր մը հանեց թոյլ տալով որ անոնք Երուսաղէմ վերադառնան ու տաճարը վերաշինեն։ Կիւրոս անոնց վերադարձուց նաեւ տաճարի թանկարժէք անօթները, զորս Նաբուգոդոնոսոր Բաբելոն տարած էր. Լիբանանէն ատաղձ ներածելու եւ շինարարական ծախսերուն համար թագաւորին տունէն դրամ յատկացնելու համար ալ արտօնութիւն տուաւ։—Եզրասայ 1։1-11. 6։3-5

Կիւրոս ընդհանրապէս իր նուաճած ժողովուրդներուն հանդէպ մարդասիրական ու հանդուրժողական քաղաքականութիւն մը կը վարէր։ Այսպիսի վերաբերմունքի պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ իր կրօնքը։ Շատ հաւանաբար, Պարսիկ մարգարէ Զրադաշտի վարդապետութիւններուն հետեւորդ մըն էր Կիւրոս, եւ Ահուրա Մազտան՝ բոլոր բարի բաներու ստեղծիչը նկատուող աստուածը կը պաշտէր։ Զրադաշտական Աւանդութիւն (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ, Ֆէրհանկ Մէհր կը գրէ. «Զրադաշտը Աստուած ներկայացուց որպէս բարոյական կատարելագործութիւն մը։ Ան մարդոց կ’ըսէր որ Ահուրա Մազտա–ն վրիժառու չէ, այլ՝ արդար, հետեւաբար, անկէ պէտք չէ վախնալ, հապա զայն սիրել»։ Բարոյալից եւ արդար աստուծոյ մը հաւատալը, թերեւս ազդած էր Կիւրոսի բարոյագիտութեան եւ նպաստած՝ իր վեհանձն ու ազնիւ վերաբերմունքին։

Սակայն թագաւորը նուազ հանդուրժող էր Բաբելոնի կլիմային։ Այդտեղի կիզիչ ամառը չէր կրնար տանիլ։ Ուստի, Բաբելոնը կայսրութեան թագաւորանիստ՝ ինչպէս նաեւ կրօնական եւ մշակութային, քաղաքը մնալով հանդերձ, անիկա սովորաբար որպէս իր ձմեռնային մայրաքաղաքը ծառայեց։ Բաբելոնի նուաճումէն ետք, Կիւրոս շուտով վերադարձաւ իր ամառնային մայրաքաղաքը՝ Էկբատան, որ ծովու մակերեսէն շուրջ 1,900 մեթր բարձր էր, Ալվանտ Լերան ստորոտը։ Ան շատ աւելի կ’ախորժէր այդ վայրէն, որ բաղդատած ցուրտ ձմրան, հաճելի ամառ մը ունէր։ Կիւրոս իր նախկին մայրաքաղաքին՝ Բազարկատայի (Պերսեպոլիսի մօտ)՝ մէջ ալ շքեղ պալատ մը շինեց, որ Էկբատանէն շուրջ 650 քմ. հարաւ–արեւելք կը գտնուէր։ Այդ ապարանքը որպէս առանձնարան ծառայեց իրեն։

Այս կերպով, Կիւրոս որպէս խիզախ աշխարհակալ եւ հանդուրժող միապետ, պատմութեան մէջ իր հետքը ձգեց։ Իր 30–ամեայ իշխանութիւնը վերջ գտաւ իր մահով՝ Հ.Դ.Ա. 530–ին, երբ զինուորական արշաւանքի մը մէջ էր։ Իրմէ ետք իր որդին՝ Կամփիւսէս Բ. պարսկական գահին վրայ բարձրացաւ։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Պարսիկ Կիւրոս ի՞նչպէս ապացուցանեց որ Եհովայի «օծեալ»ն էր։

Կիւրոս ի՞նչ արժէքաւոր ծառայութիւն մը մատուցանեց Եհովայի ժողովուրդին։

Կիւրոս ի՞նչպէս կը վարուէր իր նուաճած ժողովուրդներուն հետ։

[Քարտէս]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ

Մեմփիս

ԵԳԻՊՏՈՍ

ԵԹՈՎՊԻԱ

Երուսաղէմ

Բաբելոն

Էկբատան

Շուշան

Պերսեպոլիս

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

[Նկար]

Կիւրոսի դամբարանը Բազարկատայի մէջ

[Նկար]

Բազարկատայի մէջ Կիւրոսի նկարակերտ քանդակը

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 153-161]

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՆՈՒԱՃԷ

ՇՈՒՐՋ 2,300 տարիներ առաջ, իր 20–ական տարիքին եղող շիկահեր զօրավար մը Միջերկրական Ծովու ափին կայնեցաւ։ Անոր աչքերը մօտ մէկ քիլոմեթր հեռուն գտնուող կղզիաքաղաքի մը վրայ սեւեռած էին։ Քանի որ հոն իր մուտքը մերժած էին, զայրացած զօրավարը որոշած էր նուաճել այդ քաղաքը։ Ի՞նչ էր յարձակումի իր ծրագիրը։ Մինչեւ կղզի խճուղի մը կառուցանել եւ իր զօրքը քաղաքին դէմ զօրաշարժի ենթարկել։ Խճուղիի շինարարութիւնը արդէն սկսուած էր։

Սակայն, Պարսկական Կայսրութեան մեծ թագաւորէն եկած պատգամ մը երիտասարդ զօրավարին ձեռնարկը ընդհատեց։ Խաղաղութիւն հաստատելու տենչով, Պարսիկ կառավարիչը արտակարգ առաջարկ մը կ’ընէր. 10,000 տաղանդ ոսկի (ներկայ արժէքով, աւելի քան երկու միլիառ տոլար), թագաւորին աղջիկներէն մէկը իրեն կնութեան տալ եւ Պարսկական Կայսրութեան ամբողջ արեւմտեան մասին վրայ տիրապետութիւն։ Այս բոլորը զօրավարին պիտի մատուցուէին, փոխարէն ան պիտի վերադարձնէր թագաւորին ընտանիքը, զոր պատանդ առած էր։

Այս առաջարկը ընդունելու կամ մերժելու որոշումին դիմաց գտնուող զօրավարն էր Մակեդոնացի Աղեքսանդր Գ.։ Ան պիտի ընդունէ՞ր այս առաջարկը։ Պատմաբան Իւլրիխ Ուիլգըն կ’ըսէ. «Ատիկա ճակատագրական պահ մըն էր երբեմնի աշխարհին համար։ Իր որոշումին հետեւանքը, արդարեւ Միջին Դարերէն մինչեւ մեր օրերը հասած է, թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ»։ Աղեքսանդրի պատասխանը նկատի առնելէ առաջ, տեսնենք թէ ի՛նչ դէպքեր այս ճակատագրական պահուն առաջնորդեցին։

Աշխարհակալութեան Նպաստող Պատրաստութիւններ

Աղեքսանդր ծնած էր Պելլայի մէջ, Մակեդոնիա, Հ.Դ.Ա. 356–ին։ Իր հայրն էր Ֆիլիփ Բ., իսկ մայրը՝ Ողիմպիաս։ Աղեքսանդրի մայրը իրեն սորվեցուցած էր որ Մակեդոնացի թագաւորները Յոյն Զեւս չաստուծոյն որդիէն՝ Հերակղէսէն սերած են։ Ողիմպիասի համաձայն, Աղեքսանդրի նախահայրերէն մէկն էր Աքիլլէս, Հոմերոսի բանաստեղծութեան՝ Իլիական–ի՝ հերոսը։ Նուաճումի եւ թագաւորական փառքի համար իր ծնողքին կողմէ այս կերպով թրծուած ըլլալով, դեռատի Աղեքսանդր ուրիշ բաներով շատ հետաքրքրուած չէր։ Երբ իրեն հարցուեցաւ որ Ողիմպիական Խաղերուն մէջ վազքի մրցումի մը պիտի մասնակցէ՛ր թէ ոչ, Աղեքսանդր նշեց որ կը մասնակցէր, եթէ՝ թագաւորներուն հետ վազելիք ըլլար։ Ան կը ձգտէր իր հօրմէն աւելի մեծ գործեր կատարել եւ իր իրագործումներով փառքի տիրանալ։

13 տարեկանին, Աղեքսանդր Յոյն իմաստասէր Արիստոտէլի կողմէ կ’աշակերտուէր, որ իր մէջ իմաստասիրութեան, բժշկութեան ու գիտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցուց։ Վիճելի կը մնայ թէ ո՛ր տարողութեամբ Արիստոտէլի իմաստասիրական ուսուցումները կաղապարեցին Աղեքսանդրի մտայնութիւնը։ «Անհակաճառելի է որ շատ բաներ չկային, որոնց մէջ երկուքը համաձայն գտնուէին», դիտել կու տայ Պէրթրանտ Ռասըլ, Ի. դարու իմաստասէր մը։ «Արիստոտէլի քաղաքական աշխարհահայեացքը հիմնուած էր յունական քաղաք–պետութիւն դրութեան վրայ, որ արդէն ժամանակավրէպ դառնալու վրայ էր։ Պզտիկ քաղաք–պետութիւն կառավարութեան մը գաղափարը չէր հրապուրեր փառատենչ իշխանը, որ մեծ ու միաձուլուած կայսրութիւն մը կը փափաքէր կերտել։ Յոյն չեղողներու հետ որպէս գերիներ վարուելու Արիստոտէլեան կանոնին հետ ալ շատ համամիտ չէր Աղեքսանդր, քանի որ անոր երազն էր կայսրութիւն մը, որու մէջ նուաճողի ու նուաճուածի միջեւ համագործակցութիւն ծաղկէր։

Սակայն, կասկած չկայ թէ Արիստոտէլ Աղեքսանդրի մէջ մշակեց կարդալու ու սորվելու հետաքրքրութիւնը։ Իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, Աղեքսանդր անյագ ընթերցասէր մը եղաւ, Հոմերոսի գրութիւններուն հանդէպ մասնաւոր սէր տածելով։ Կ’ըսուի որ ան ամբողջ Իլիական–ը՝ 15,693 տող բանաստեղծութիւնը՝ անգիր գիտէր։

Արիստոտէլէ իր ստացած կրթութիւնը անակնկալօրէն վերջ գտաւ Հ.Դ.Ա. 340–ին, երբ 16 ամեայ իշխանը Պելլա վերադարձաւ, իր հօրը բացակայութեան Մակեդոնիոյ վրայ իշխելու համար։ Գահաժառանգ իշխանը ժամանակ չկորսնցուց զինուորական քաջագործութիւններով ուշագրաւ դառնալու համար։ Ան շուտով նուաճեց Թրակեան Միդիացի ցեղին ըմբոստութիւնը, բուռն յարձակում գործելով անոնց գլխաւոր քաղաքը գրաւեց եւ իր անունով այդ քաղաքը կոչեց Աղեքսանդրապոլիս, մեծ ուրախութիւն պատճառելով Ֆիլիփին։

Նուաճումներու Ընթացքը

Ֆիլիփի սպանութիւնը Հ.Դ.Ա. 336–ին, առիթ տուաւ որ 20 ամեայ Աղեքսանդր Մակեդոնիոյ գահը ժառանգէ։ Հ.Դ.Ա. 334–ի գարնան, Հելլեսպոնտոսէն (ներկայիս Տարտանել) Ասիա մտնելով, Աղեքսանդր նուաճումի արշաւի մը ձեռնարկեց փոքրաթիւ բայց կարող բանակով մը, որ կը բաղկանար 30,000 հետեւազօրքէ եւ 5,000 հեծելազօրքէ։ Իր բանակին կ’ընկերակցէին երկրաչափներ, խուզարկուներ, ճարտարապետներ, գիտնականներ եւ պատմաբաններ։

Փոքր Ասիոյ (ներկայիս Թուրքիա) հիւսիս–արեւմտեան անկիւնը Գրանիկոն Գետի ափին, Աղեքսանդր Պարսիկներու դէմ իր առաջին ճակատամարտը շահեցաւ։ Նոյն ձմեռը, ան Փոքր Ասիոյ արեւմտեան մասը նուաճեց։ Յաջորդ աշնան, Պարսիկներու դէմ երկրորդ վճռական ճակատամարտ մը մղեց Իսոսի մէջ, Փոքր Ասիոյ հարաւ–արեւելեան անկիւնը։ Մօտաւորապէս կէս միլիոնէ բաղկացած բանակով մը, Պարսիկ մեծ թագաւորը՝ Դարեհ Գ., հոն Աղեքսանդրի դէմ եկաւ։ Չափազանց ինքնավստահ Դարեհ իր հետ բերած էր նաեւ իր մայրը, կինը եւ ընտանիքի ուրիշ անդամներ, որպէսզի ականատես ըլլային, ըստ իրեն, հոյակապ յաղթանակի մը։ Բայց Պարսիկները մակեդոնական անակնկալ ու բուռն յարձակումին համար պատրաստուած չէին։ Աղեքսանդրի ուժերը ջախջախիչ կերպով պարտութեան մատնեցին պարսկական բանակը եւ Դարեհ փախաւ, իր ընտանիքը Աղեքսանդրի ձեռքերուն մէջ ձգելով։

Փոխանակ նահանջող Պարսիկները հալածելու, Աղեքսանդր Միջերկրականի Ափերէն դէպի հարաւ արշաւեց եւ պարսկական ուժեղ նաւատորմին կողմէ գործածուած խարիսխները գրաւեց։ Բայց Տիւրոսի կղզիաքաղաքը ընդդիմացաւ։ Որոշելով զայն գրաւել, Աղեքսանդր պաշարումի մը ձեռնարկեց, որ եօթը ամիս տեւեց։ Այս պաշարման ժամանակ էր որ նախապէս յիշուած Դարեհի առաջարկը հասաւ։ Այնքան հրապուրիչ էին զիջումները, որ ըստ ոմանց, Աղեքսանդրի վստահելի խրատատուն՝ Պարմենիոն՝ ըսած է. ‘Եթէ ես Աղեքսանդրը ըլլայի՝ կ’ընդունէի’։ Իսկ երիտասարդ զօրավարը սրամտօրէն պատասխանած է. ‘Ես ալ կ’ընդունէի՝ եթէ Պարմենիոն ըլլայի’։ Մերժելով համաձայնութեան գալ, Աղեքսանդր շարունակեց պաշարումը եւ ծովու այդ հպարտ տիրուհին ջախջախեց՝ Հ.Դ.Ա. 332–ի Յուլիսին։

Ինքնամատոյց յանձնուած Երուսաղէմին խնայելով, Աղեքսանդր դէպի հարաւ ուղղուեցաւ, գրաւելով Գազան։ Պարսկական լուծէն յոգնած, Եգիպտոս թեւերը բաց ընդունեց զինք, որպէս ազատարար։ Մեմփիսի մէջ, ան Ափիս ցուլին զոհ մատուցանեց, հաճոյք պատճառելով Եգիպտացի քուրմերուն։ Ան նաեւ Աղեքսանդրիա քաղաքը հիմնեց, որ հետագային մրցեցաւ Աթէնքի հետ, որպէս կրթական կեդրոն, եւ որ տակաւին իր անունը կը կրէ։

Անկէ ետք, Աղեքսանդր դարձաւ դէպի հիւսիս–արեւելք, Պաղեստինէն անցնելով ուղղուեցաւ դէպի Տիգրիս Գետ։ Հ.Դ.Ա. 331–ին, ան Պարսիկներուն հետ երրորդ մեծ ճակատամարտ մը մղեց Գավգամելլայի, Նինուէի աւերակներու կոյտերուն մօտ։ Հոն, Աղեքսանդր իր 47,000 մարդոցմով, պարսկական առնուազն 250,000 հոգինոց վերակազմակերպուած բանակը ջախջախեց։ Դարեհ փախաւ եւ հետագային իր իսկ ժողովուրդին կողմէ սպաննուեցաւ։

Յաղթանակէն հարբած, Աղեքսանդր դէպի հարաւ ուղղուեցաւ եւ Պարսկաստանի ձմեռնային մայրաքաղաքը՝ Բաբելոն՝ գրաւեց։ Ան Շուշան եւ Պերսեպոլիս մայրաքաղաքներն ալ գրաւեց եւ պարսկական հսկայական գանձին վրայ ձեռք դրաւ ու Քսերքսէսի փարթամ պալատը այրեց։ Վերջապէս Էկբատան մայրաքաղաքն ալ ինկաւ իր ձեռքը։ Անկէ ետք այս արագաշարժ նուաճողը գրաւեց պարսկական մնացեալ հողամասերը, հասնելով մինչեւ արեւելք՝ Ինդոս Գետը, որ արդի Փաքիստանի մէջ կը գտնուի։

Ինդոս Գետը կտրելէն ետք, պարսկական Թաքսիլա գաւառի սահմանակից շրջանին մէջ Աղեքսանդր ահաւոր մրցակիցի մը՝ Հնդիկ միապետ Փորուսի հետ դէմ յանդիման գտնուեցաւ։ Աղեքսանդր անոր դէմ մղեց իր չորրորդ ու վերջին մեծ ճակատամարտը, Հ.Դ.Ա. 326–ի Յունիսին։ Փորուսի բանակը կազմուած էր 35,000 զինուորներէ ու 200 փիղերէ, որոնք ահաբեկութեան մատնեցին Մակեդոնացիներուն ձիերը։ Կատաղի ու արիւնահեղ ճակատամարտ մը մղուեցաւ, բայց Աղեքսանդրի ուժերը յաղթանակ տարին։ Փորուս յանձնուեցաւ եւ դաշնակից մը եղաւ։

Մակեդոնական բանակին Ասիա մտնելուն աւելի քան ութ տարի եղած էր եւ զինուորները յոգնած էին ու տան կարօտէն կը տառապէին։ Փորուսի հետ կատաղի պատերազմէն բարոյալքուած, անոնք ուզեցին տուն վերադառնալ։ Թէեւ Աղեքսանդր սկիզբը դժկամեցաւ, բայց ի վերջոյ անոնց փափաքին ենթարկուեցաւ։ Յունաստանը արդարեւ աշխարհակալ ոյժ մը դարձած էր։ Նուաճուած երկիրներուն մէջ յունական գաղութներ հաստատուած ըլլալով, Յունարէն լեզուն եւ յունական մշակոյթը ամբողջ իշխանութեան մէջ տարածուեցան։

Վահանին Ետին Եղող Մարդը

Նուաճումի բոլոր տարիներու տեւողութեան մակեդոնական բանակը միացած պահողը՝ Աղեքսանդրի նկարագիրն էր։ Կռիւներէն ետք, Աղեքսանդրի սովորութիւնն էր վիրաւորեալներուն այցելել, անոնց վէրքերը քննել, զինուորները գովաբանել իրենց քաջարի արարքներուն համար եւ զանոնք պատուել, իրենց իրագործումներուն համեմատ նուիրատուութիւն մը ընելով։ Իսկ կռիւի մէջ մեռնողներուն, ան վեհաշուք թաղում մը կատարել կու տար։ Կռիւի մէջ ինկող մարդոց ծնողներն ու զաւակները տուրքէ, ու որեւէ տեսակի ծառայութենէ զերծ կ’ըլլային։ Կռիւներէ ետք, Աղեքսանդր խաղեր եւ մրցումներ կը կազմակերպէր՝ զուարճութեան համար։ Առիթով մը, նոր ամուսնացած տղամարդոց արձակուրդ տուաւ, թոյլ տալով որ անոնք ձմեռը իրենց կնոջ հետ անցընեն՝ Մակեդոնիոյ մէջ։ Այսպիսի արարքներով, ան իր մարդոց սիրոյն ու հիացմունքին առարկան դարձաւ։

Բակտրիացի Իշխանուհի Ռոքսանայի հետ Աղեքսանդրի ամուսնութեան մասին, Յոյն կենսագիր Պլուտարքոս կը գրէ. «Ճիշդ է որ սիրահարութեան հարց կար, սակայն միեւնոյն ատեն այնպէս կը թուէր որ անիկա իր հետապնդած նպատակին հասնելու ծառայեց։ Նուաճուած ժողովուրդներուն հաճելի եղաւ տեսնել որ իրենց մէջէն կին մը ընտրեց, իսկ անոնք աւելի բուռն սիրով կապուեցան իրեն, երբ գիտցան որ իրեն նման շատ զուսպ մարդ մը միակ սիրով համակուած ըլլալով հանդերձ, ինքնազսպութիւն ի գործ դրաւ, որպէսզի կարենար օրինաւոր եւ պատուաբեր կերպով զայն ձեռք ձգել»։

Աղեքսանդր ուրիշներու ամուսնութիւնն ալ կը յարգէր։ Թէեւ Դարեհ Թագաւորի կինը իր գերին էր, ան հոգ տարաւ որ անոր հետ պատուարժան կերպով վարուին։ Դարձեալ, երբ տեղեկացաւ որ Մակեդոնացի երկու զինուորներ կարգ մը օտարականներու կիները բռնաբարած էին, ան հրաման տուաւ որ անոնք սպաննուին, եթէ իրապէս ստուգուէր որ յանցաւոր էին։

Իր մօրը՝ Ողիմպիասի նման, Աղեքսանդր շատ կրօնասէր էր։ Ան պատերազմներէն առաջ եւ վերջ զոհեր կը մատուցանէր եւ իր գուշակներէն խորհուրդ կը հարցնէր որոշ նախանշաններու իմաստին մասին։ Ան նաեւ Լիպիոյ մէջ Ամմոնի գուշակներուն դիմեց։ Իսկ Բաբելոնի մէջ, մանաւանդ բաբելոնական Բէլ (Մարդոկ) չաստուծոյն զոհեր մատուցանելու նկատմամբ, Քաղդէացիներու ցուցմունքներուն հետեւեցաւ։

Թէեւ Աղեքսանդր ուտելու մէջ չափաւոր էր, բայց ի վերջոյ խմիչքի անձնատուր եղաւ։ Ան գինիի իւրաքանչիւր գաւաթին հետ երկար բաժակաճառ մը կ’ընէր եւ իր իրագործումներով կը պարծենար։ Աղեքսանդրի կատարած ամենէն մռայլ արարքներէն մէկը եղաւ հարբած բարկութեան նոպայի մը մէջ իր բարեկամին՝ Կղիտոսի՝ սպանութիւնը։ Բայց Աղեքսանդր ա՛յնքան ինքզինք մեղադրող էր որ ան երեք օր անկողնէն դուրս չելաւ, ո՛չ կերաւ ու ոչ խմեց։ Վերջապէս իր ընկերները կրցան զինք համոզել որ ուտէ։

Ժամանակի ընթացքին, Աղեքսանդրի փառքի տենչը իր մէջ կարգ մը ուրիշ անփափաքելի գծեր ալ զարգացուց։ Ան սկսաւ սուտ ամբաստանութիւններու շուտով հաւատալ, ամենայն խստութեամբ պատիժներ տալով։ Օրինակ, հաւատալով որ Փիլոթաս իր կեանքին դէմ դաւադրութիւն մը սարքած էր, Աղեքսանդր սպաննել տուաւ զինք ու իր հայրը՝ Պարմենիոնը՝ իր խորհրդատուն, որու վրայ ատենին վստահութիւն ունէր։

Աղեքսանդրի Պարտութիւնը

Բաբելոն վերադառնալէ քիչ ետք, Աղեքսանդր ջերմախտէ բռնուեցաւ, որմէ բնաւ չապաքինեցաւ։ Հ.Դ.Ա. 323 Յունիս 13–ին, միայն 32 տարի եւամիս ապրելէ ետք, Աղեքսանդր ամենէն ահարկու թշնամիին՝ մահուան՝ անձնատուր եղաւ։

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Հնդիկ կարգ մը իմաստուններ դիտել տուած էին. «Ո՜վ Աղեքսանդր Թագաւոր, երկրի վրայ իւրաքանչիւր մարդ իր կոխած տեղին չափ հող ունի միայն. եւ դուն ուրիշներու նման մարդ մը ըլլալով՝ ի բացառեալ որ դուն գործունէութեամբ լեցուն ու անխոնջ ես՝ տունէդ հեռու, համայն երկրի վրայ կը շրջիս, դուն քեզ անհանգստացնելով, իսկ ուրիշներն ալ չարչարելով։ Բայց շատ չանցած պիտի մեռնիս եւ թաղմանդ համար որքան հող որ պէտք է, միայն ա՛յդքան պիտի ունենաս»։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Մեծն Աղեքսանդրի ծագումը ի՞նչ էր։

Մակեդոնիոյ գահը ժառանգելէն անմիջապէս ետք, Աղեքսանդր ի՞նչ արշաւի ձեռնարկեց։

Աղեքսանդրի կարգ մը նուաճումները նկարագրեցէք։

Աղեքսանդրի անձնաւորութեան մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։

[Քարտէս]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ

Բաբելոն

ԵԳԻՊՏՈՍ

Ինդոս Գետ

[Նկար]

Աղեքսանդր

[Նկար]

Արիստոտէլ եւ իր աշակերտը՝ Աղեքսանդր

[Էջը ծածկող նկար]

[Նկար]

Շքանշան մը, որու վրայի նկարը կը կարծուի որ Մեծն Աղեքսանդրինն է

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 162, 163]

ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԲԱԺԱՆ–ԲԱԺԱՆ Կ’ԸԼԼԱՅ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ նախատեսած էր որ Մեծն Աղեքսանդրի թագաւորութիւնը պիտի քայքայուէր ու բաժան–բաժան պիտի ըլլար, «բայց ո՛չ իր յաջորդներուն» մէջ։ (Դանիէլ 11։3, 4) Ուստի, Հ.Դ.Ա. 323–ին Աղեքսանդրի անակնկալ մահուընէ ետք, 14 տարի չանցած՝ իր օրինաւոր որդին Աղեքսանդր Դ. եւ իր ապօրինի որդին Հերակղէսը սպաննուեցան։

Հ.Դ.Ա. 301–ին, Աղեքսանդրի չորս զօրավարները արդէն տէր դարձած էին իրենց հրամանատարին յառաջ բերած ընդարձակ կայսրութեան։ Զօրավար Կասանդր Մակեդոնիան եւ Յունաստանը իր տիրապետութեան տակ առաւ։ Զօրավար Լիսիմաքոս՝ Փոքր Ասիան եւ Թրակիան առաւ։ Սելեւկոս Ա. Նիկատորը՝ Միջագետքը եւ Սուրիան ձեռք ձգեց, իսկ Պտղոմէոս Լագիս, կամ Պտղոմէոս Ա., Եգիպտոսի ու Պաղեստինի վրայ իշխեց։ Այս կերպով, Աղեքսանդրի մէկ հզօր թագաւորութենէն հելլենական կամ յունական չորս թագաւորութիւններ ծագում առին։

Հելլենական չորս թագաւորութիւններէն Կասանդրի իշխանութիւնն էր որ ամենէն կարճատեւը եղաւ։ Կասանդր իշխանութեան գլուխ անցնելէ քանի մը տարի ետք, իր արու շառաւիղը մահանալով վերջացաւ եւ Հ.Դ.Ա. 285–ին, Լիսիմաքոսը Յունական Կայսրութեան եւրոպական մասը գրաւեց։ Չորս տարի ետք, Լիսիմաքոս՝ Սելեւկոս Ա. Նիկատորի դէմ մղուած պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ եւ ասիական հողամասերուն մեծ մասը անոր իշխանութեան ներքեւ եկաւ։ Սելեւկոս՝ Սուրիոյ մէջ Սելեւկեան թագաւորներու շառաւիղին առաջինը եղաւ։ Ան Սուրիոյ Անտիոք քաղաքը հիմնեց եւ զայն իր նոր մայրաքաղաքը դարձուց։ Սելեւկոս Հ.Դ.Ա. 281–ին սպաննուեցաւ, բայց իր հաստատած հարստութիւնը շարունակեց ի զօրու մնալ մինչեւ Հ.Դ.Ա. 64–ը, երբ Հռովմէացի Զօրավար Պոմպէոս Սուրիան հռովմէական գաւառի մը վերածեց։

Աղեքսանդրի կայսրութեան չորս բաժանումներէն ամենէն երկարատեւը եղաւ պտղոմէական թագաւորութիւնը։ Հ.Դ.Ա. 305–ին, Պտղոմէոս Ա. թագաւորի տիտղոս ստանձնեց եւ Եգիպտոսի Մակեդոնացի թագաւորներուն, կամ Փարաւոններուն, առաջինը եղաւ։ Աղեքսանդրիան իր մայրաքաղաքը ընելով, ան շուտով քաղաքներու զարգացման ծրագրի մը ձեռնարկեց։ Շինարարական իր մեծագոյն ծրագիրներէն մէկը եղաւ Աղեքսանդրիոյ անուանի գրադարանը։ Այս հոյակապ ծրագրին վերահսկելու համար, Պտղոմէոս Յունաստանէն բերել տուաւ համբաւաւոր Աթենացի ուսումնական մը, Դեմետրիոս Փալերէոսը։ Կը տեղեկագրուի որ Հ.Դ. առաջին դարուն, գրադարանը մէկ միլիոն մագաղաթներ կը պարունակէր։ Պտղոմէական հարստութիւնը շարունակեց Եգիպտոսի վրայ իշխել մինչեւ որ Հռովմի ձեռքը ինկաւ Հ.Դ.Ա. 30–ին։ Անկէ ետք Հռովմը փոխարինեց Յունաստանի, որպէս աշխարհակալ տիրող ոյժ։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Աղեքսանդրի ընդարձակ կայսրութիւնը ի՞նչպէս բաժան–բաժան եղաւ։

Սելեւկեան թագաւորները մինչեւ ե՞րբ շարունակեցին տիրել Սուրիոյ վրայ։

Եգիպտոսի պտղոմէական թագաւորութիւնը ե՞րբ վերջ գտաւ։

[Քարտէս]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

Կասանդր

Լիսիմաքոս

Պտղոմէոս Ա.

Սելեւկոս Ա.

[Նկարներ]

Պտղոմէոս Ա.

Սելեւկոս Ա.

[Գծապատկեր/Նկար՝ էջ 139]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԴԱՆԻԷԼԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՒԺԵՐԸ

Հսկայ արձանը (Դանիէլ 2։31-45)

Ծովէն ելլող չորս գազաններ (Դանիէլ 7։3-8, 17, 25)

ԲԱԲԵԼՈՆԻԱ Հ.Դ.Ա. 607–էն սկսեալ

ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ Հ.Դ.Ա. 539–էն սկսեալ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ Հ.Դ.Ա. 331–էն սկսեալ

ՀՌՈՎՄ Հ.Դ.Ա. 30–էն սկսեալ

ԱՆԳԼՕ–ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՅԺ Հ.Դ. 1763–էն սկսեալ

Վերջին ժամանակին մէջ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀ

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 128]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 147]