Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեսիայի գալուն ժամանակը կը յայտնուի

Մեսիայի գալուն ժամանակը կը յայտնուի

Գլուխ տասնըմէկ

Մեսիայի գալուն ժամանակը կը յայտնուի

1. Քանի որ Եհովա Մեծ Ժամանակապահն է, ի՞նչ բանէն կրնանք վստահ ըլլալ։

 ԵՀՈՎԱ Մեծ Ժամանակապահն է։ Իր գործին հետ առնչուող բոլոր ժամերն ու ժամանակները իր հսկողութեան տակ են։ (Գործք 1։7) Այս ժամերուն ու ժամանակներուն համար իր որոշած ամէն դէպք վստահաբար տեղի պիտի ունենայ՝ անարգել։

2, 3. Դանիէլ ո՞ր մարգարէութեան մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեց, եւ այդ ժամանակ ո՞ր կայսրութիւնը կ’իշխէր Բաբելոնի վրայ։

2 Որպէս Սուրբ Գրքի ջանադիր աշակերտ, Դանիէլ մարգարէն հաւատք ունէր իրադարձութիւնները յայտագրելու ու զանոնք կատարելու Եհովայի կարողութեան վրայ։ Դանիէլը մասնաւորաբար հետաքրքրողը Երուսաղէմի աւերումին հետ առնչուող մարգարէութիւններն էին։ Երեմիա արձանագրած էր Աստուծոյ կողմէ տրուած յայտնութիւնը, թէ սուրբ քաղաքը ո՛րքան ժամանակ ամայի պիտի մնար, եւ Դանիէլ շատ ուշադիր կերպով կը հետեւէր այս մարգարէութեան։ Ան գրեց. «Ասուերոսի որդին Դարեհ, որ Մարերու սերունդէն էր, Քաղդէացիներու պետութեան վրայ թագաւոր եղաւ։ Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը, որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները»։—Դանիէլ 9։1, 2. Երեմեայ 25։11

3 Այն ատեն Մարերու Դարեհ Թագաւորը կը տիրէր «Քաղդէացիներու պետութեան վրայ»։ Պատին վրայի ձեռագիրը մեկնելու ատեն Դանիէլի ըրած նախկին նախագուշակութիւնը արագօրէն կատարուած էր։ Բաբելոնական Կայսրութիւնը չքացած էր։ Հ.Դ.Ա. 539–ին, անիկա ‘Մարերու ու Պարսիկներու տրուած էր’։—Դանիէլ 5։24-28, 30

Դանիէլ Խոնարհաբար կը Պաղատի Եհովայի

4. (ա) Աստուծոյ ազատագրութեան արժանի ըլլալու համար ի՞նչ բանի հարկը կար։ (բԴանիէլ ի՞նչպէս սկսաւ Աստուծոյ մօտենալ։

4 Դանիէլ անդրադարձաւ որ Երուսաղէմի 70 տարուան ամայութիւնը վերջանալու վրայ էր։ Արդ, ի՞նչ պիտի ընէր։ Ինք մեզի կ’ըսէ. «Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի, խոստովանեցայ»։ (Դանիէլ 9։3, 4) Աստուծոյ ողորմած ազատագրութեան արժանանալու համար, սրտի պատշաճ վիճակ մը պէտք էր։ (Ղեւտացւոց 26։31-46. Գ. Թագաւորաց 8։46-53) Հաւատքի, խոնարհ հոգիի, եւ աքսորի ու գերութեան առաջնորդած մեղքերուն համար իրական զղջումի հարկը կար։ Ուստի, իր մեղաւոր ժողովուրդին ի նպաստ, Դանիէլ սկսաւ Աստուծոյ մօտենալ։ Ի՞նչ ընելով։ Ծոմապահութիւն ու սուգ ընելով եւ քուրձ հագնելով, որ զղջում ու սրտի անկեղծութիւն կը խորհրդանշէր։

5. Դանիէլ ինչո՞ւ կրնար վստահ ըլլալ որ Հրեաները իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնային։

5 Երեմիայի մարգարէութիւնը Դանիէլը յուսադրած էր, քանի որ անիկա կը նշէր որ Հրեաները շուտով իրենց հայրենիքը՝ Հրէաստան՝ պիտի վերադառնային։ (Երեմեայ 25։12. 29։10) Անկասկած, Դանիէլ վստահ էր որ գերեվարուած Հրեաներուն համար օգնութիւնը մօտ էր, քանի որ Կիւրոս անուանեալ մարդ մը, արդէն սկսած էր իշխել որպէս Պարսկաստանի թագաւոր։ Եսային մարգարէացած չէ՞ր որ Կիւրոսը որպէս գործիք պիտի գործածուէր, Երուսաղէմն ու տաճարը վերաշինելու համար Հրեաները ազատագրելու մէջ։ (Եսայեայ 44։28–45։3) Բայց Դանիէլ գաղափար չունէր թէ անիկա ի՛նչպէս պիտի կատարուէր։ Ուստի, ան շարունակեց Եհովայի պաղատիլ։

6. Իր աղօթքին մէջ, Դանիէլ ի՞նչ բան ընդունեց։

6 Դանիէլ Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրալիր վերաբերմունքին ուշադրութիւն հրաւիրեց։ Ան խոնարհաբար ընդունեց որ Հրեաները մեղանչած էին ապստամբելով, Եհովայի պատուիրաններէն խոտորելով եւ իր մարգարէները անտեսելով։ Աստուած իրաւացիօրէն ‘զանոնք քշած էր իրենց յանցանքին համար’։ Դանիէլ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք։ Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք, որ իր օրէնքներովը քալենք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով մեր առջեւ դրաւ։ Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին եւ քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի Անոր դէմ մեղք գործեցինք»։—Դանիէլ 9։5-11. Ելից 19։5-8. 24։3, 7, 8

7. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Եհովա արդարացի կերպով վարուեցաւ, թոյլ տալով որ Հրեաները գերութեան երթան։

7 Աստուած կանխազգուշացուցած էր Իսրայելացիները անհնազանդութեան եւ իրենց հետ իր ըրած ուխտը անտեսելուն հետեւանքներուն դէմ։ (Ղեւտացւոց 26։31-33. Բ. Օրինաց 28։15. 31։17) Դանիէլ կ’ընդունի Աստուծոյ առած քայլերուն արդարացի ըլլալը, ըսելով. «Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, որոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին նմանը բոլոր երկնքին տակ չեղաւ։ Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու եւ քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար՝ մեր Տէր Աստուծմէ ներում չխնդրեցինք։ Եւ Տէրը այս աղէտը պատրաստած էր ու զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Աստուածը իր բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք»։—Դանիէլ 9։12-14

8. Դանիէլ Եհովայի մատուցանած իր աղաչանքը ի՞նչ բանի վրայ կը հիմնէ։

8 Դանիէլ չի փորձեր իր ժողովուրդին արարքները արդարացնել։ Ինչպէս ինք բացայայտօրէն ընդունեց, անոնց տարագրութիւնը արդարացի էր. «Մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք»։ (Դանիէլ 9։15) Անոր հետաքրքրութիւնը պարզապէս տառապանքէն ազատագրուիլ ալ չէ։ Ո՛չ, ան իր աղաչանքը Եհովայի փառքին ու պատիւին վրայ կը հիմնէ։ Հրեաներուն ներելով եւ զանոնք իրենց հայրենիքը վերադարձնելով, Աստուած Երեմիայի միջոցով իր տուած խոստումը պիտի կատարէր ու Իր սուրբ անունը պիտի սրբացնէր։ Դանիէլ կ’աղաչէ. «Ո՛վ Տէր, քու բոլոր բարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ՛, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դարձուր, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմն ու քու ժողովուրդդ մեր բոլորտիքը եղողներէն նախատուեցան»։—Դանիէլ 9։16

9. (ա) Դանիէլ իր աղօթքը ի՞նչ աղաչանքներով կը վերջացնէ։ (բԴանիէլը ընկճողը ի՞նչ է, բայց ան ի՞նչպէս յարգանք ցոյց կու տայ Աստուծոյ անուան հանդէպ։

9 Դանիէլ իր ջերմագին աղօթքը կը շարունակէ, ըսելով. «Հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը լսէ ու քու սիրոյդ համար՝ քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր։ Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։ (Դանիէլ 9։17-19) Եթէ Աստուած աններող գտնուէր եւ իր ժողովուրդը տարագրութեան մէջ ձգէր, թոյլ տալով որ իր սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմը, մշտնջենապէս ամայի մնար, ազգերը զինք պիտի նկատէի՞ն որպէս Տիեզերքի Գերիշխան։ Անոնք պիտի չխորհէի՞ն որ Եհովա անկարող էր բաբելոնական չաստուածներուն զօրութեան դիմաց։ Այո, Եհովայի անունը պիտի նախատուէր եւ ասիկա կ’ընկճէ Դանիէլը։ Դանիէլ գրքի բնագրին մէջ 19 անգամ աստուածային Եհովա անունը կը գտնուի, որու 18 անգամը այս աղօթքին հետ առնչուած է։

Գաբրիէլ Արագօրէն կը Հասնի

10. (ա) Ո՞վ ղրկուեցաւ Դանիէլի քով եւ ինչո՛ւ։ (բԴանիէլ ինչո՞ւ Գաբրիէլի ակնարկեց որպէս «մարդ» մը։

10 Մինչ Դանիէլ տակաւին կ’աղօթէ, Գաբրիէլ հրեշտակը կը տեսնուի։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա եկայ որ քեզի իմաստութիւն պարգեւեմ։ Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ տրուեցաւ ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելին ես։ Ուրեմն պատգամը միտքդ պահէ՛ ու տեսիլքը հասկցի՛ր»։ Բայց Դանիէլ ինչո՞ւ իր մասին կը խօսի որպէս ‘Գաբրիէլ մարդը’։ (Դանիէլ 9։20-23) Քանի որ, երբ Դանիէլ խոյին ու քօշին նախկին տեսիլքը կ’ուզէր հասկնալ, «մարդու կերպարանքով մէկը» կայնեցաւ իր դիմաց։ Անիկա Գաբրիէլ հրեշտակն էր, որ ղրկուած էր Դանիէլի հասկացողութիւն տալու համար։ (Դանիէլ 8։15-17) Դանիէլի աղօթքէն ետք, դարձեալ այս հրեշտակը իր քով եկաւ մարդկային կերպարանքով եւ իր հետ խօսեցաւ, ինչպէս երկու մարդիկ իրարու հետ կը խօսին։

11, 12. (ա) Թէեւ Բաբելոնի մէջ Եհովայի տաճարը կամ զոհասեղանը չկար, բարեպաշտ Հրեաները ի՞նչպէս նկատառութիւն ցոյց կու տային Օրէնքին կողմէ պահանջուած զոհերուն հանդէպ։ (բԻնչո՞ւ Դանիէլ «սիրելի» կոչուած էր։

11 Գաբրիէլ կու գայ «իրիկուան զոհին ատենը»։ Եհովայի զոհասեղանը Երուսաղէմի տաճարին հետ կործանած էր, եւ Հրեաները հեթանոս Բաբելոնացիներուն գերիներն էին։ Ուստի, Բաբելոնի մէջ Հրեաները Աստուծոյ զոհեր չէին մատուցաներ։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ զոհեր մատուցանելու համար պատուիրուած ժամերուն, սակայն, պատշաճ էր որ Բաբելոնի մէջ բարեպաշտ Հրեաներ Եհովայի փառաբանութիւն ու աղաչանք մատուցանէին։ Խորապէս Աստուծոյ նուիրուած մարդ մը ըլլալով, Դանիէլ կոչուած էր «սիրելի»։ Եհովա՝ «աղօթքի լսող»ը, հաճած էր իրեն եւ անմիջապէս Գաբրիէլը ղրկուած էր անոր հաւատքով լեցուն աղօթքին պատասխանելու համար։—Սաղմոս 65։2

12 Նոյնիսկ երբ Եհովայի աղօթելը իր կեանքը վտանգի մէջ դրած էր, Դանիէլ շարունակած էր օրական երեք անգամ Աստուծոյ աղօթել։ (Դանիէլ 6։10, 11) Զարմանալի չէ որ ան Եհովայի համար շատ սիրելի էր։ Աղօթելէ զատ, Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալը օգնած էր Դանիէլի որ Եհովայի կամքը ըմբռնէր։ Դանիէլ աղօթքի մէջ յարատեւեց եւ գիտցաւ Եհովայի պատշաճօրէն մօտենալու կերպը, որպէսզի իր աղօթքները պատասխանուէին։ Ան Աստուծոյ արդարութեան վրայ շեշտ դրաւ։ (Դանիէլ 9։7, 14, 16) Իսկ թէեւ իր թշնամիները իր վրայ յանցանք մը չէին կրցած գտնել, Դանիէլ գիտէր որ Աստուծոյ աչքին ինք մեղաւոր մըն էր եւ իսկոյն իր մեղքը խոստովանեցաւ։—Դանիէլ 6։4. Հռովմայեցիս 3։23

Մեղքը Հատցնելու Համար՝ «Եօթանասուն Եօթնեակ»

13, 14. (ա) Գաբրիէլ ի՞նչ կարեւոր տեղեկութիւն կը յայտնէ Դանիէլի։ (բ«Եօթանասուն եօթնեակ»ին երկարութիւնը ո՞րքան է եւ ի՛նչպէս գիտենք։

13 Աղօթասէր Դանիէլ ի՜նչ հոյակապ պատասխան մը կը ստանայ։ Եհովա ոչ միայն զինք կը հաւաստիացնէ թէ Հրեաները իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնան, այլ նաեւ իրեն կու տայ շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն ունեցող բանի մը հասկացողութիւնը. նախատեսուած Մեսիային երեւնալը։ (Ծննդոց 22։17, 18. Եսայեայ 9։6, 7) Գաբրիէլ կ’ըսէ Դանիէլի. «Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը [«Սրբութիւն Սրբութեանցը», ՆԱ] օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։ Եւ գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսունըերկու եօթնեակ կայ, մինչեւ նորէն հրապարակն ու պարիսպը շինուին նեղութեան ժամանակներու մէջ»։—Դանիէլ 9։24, 25

14 Ասիկա իրապէս բարի լուր մըն էր։ Ոչ միայն Երուսաղէմը պիտի վերաշինուէր եւ պաշտամունքը վերահաստատուէր նոր տաճարին մէջ, այլ նաեւ, որոշուած ժամանակին «Օծեալ իշխան»ը պիտի յայտնուէր։ Ասիկա «եօթանասուն եօթնեակ»ի ընթացքին պիտի կատարուէր։ Քանի որ Գաբրիէլ օրեր չի յիշեր, ասոնք եօթը օրերէ բաղկացած շաբաթներ չեն, որոնք ընդամէնը 490 օր կ’ընեն. տարի մը ու անոր մէկ երրորդը։ Երուսաղէմի ‘հրապարակի ու պարիսպի’ նախագուշակուած վերակառուցումը անկէ աւելի ժամանակ պահանջեց։ Շաբաթները՝ տարիներու շաբաթներ են։ Արդի թարգմանութիւններէն շատեր կը նշեն թէ իւրաքանչիւր շաբաթ եօթը տարիներէ կը բաղկանայ։ Օրինակ, Հրէական Հրատարակչական Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած Թանախ—Սուրբ Գրութիւններ–ը, Դանիէլ 9։24–ի ստորանիշին մէջ, «տարիներու եօթանասուն շաբաթ» թարգմանած է։ Ամերիկեան Թարգմանութիւն մը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքիդ համար տարիներու եօթանասուն շաբաթներ որոշուած են»։ Մոֆաթ եւ Ռօթըրհէմն ալ նոյնպէս թարգմանած են։

15. «Եօթանասուն եօթնեակ»ը ի՞նչ երեք մասերու բաժնուած է, եւ անիկա ե՞րբ պիտի սկսէր։

15 Հրեշտակին խօսքերուն համաձայն, «եօթանասուն եօթնեակ»ը երեք մասի բաժնուած պիտի ըլլար. (1) «եօթը եօթնեակ», (2) «վաթսունըերկու եօթնեակ» եւ (3) «եօթնեակ մը»։ Ասիկա յաջորդաբար պիտի ընէր 49 տարի, 434 տարի եւտարի. ընդամէնը 490 տարի։ Հետաքրքրականօրէն, Անգլերէն Վերստուգուած Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքիդ համար եօթանասուն անգամ եօթը տարի որոշուած է»։ 70 տարի Բաբելոնի մէջ աքսորուելէ ու տառապանք քաշելէ ետք, Հրեաները Աստուծոյ մասնաւոր հաճութեան պիտի արժանանային 490 տարի, կամ 70 անգամտարի։ Անոր մեկնակէտը պիտի ըլլար՝ «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլել»ը։ Ասիկա ե՞րբ պիտի ըլլար։

«Եօթանասուն Եօթնեակ»ը կը Սկսի

16. Ինչպէս կը տեսնուի Կիւրոսի հրովարտակէն, ան ի՞նչ նպատակի համար Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադարձուց։

16 Ուշադրութեան արժանի երեք պատահարներ նկատի պէտք է առնուին «եօթանասուն եօթնեակ»ի սկիզբին համար։ Անոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին, երբ Կիւրոս հրովարտակ մը հանեց որ Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադառնան։ Հոն ըսուած էր. «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց, որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ։ Անոր քաղաքացիները, այսինքն բոլոր մնացողները, իրենց պանդխտութեանը տեղէն արծաթով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով անոր օգնեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տանը համար տրուած կամաւոր ընծաներէն զատ’»։ (Եզրասայ 1։2-4) Շատ յստակ է որ այս հրովարտակին մասնայատուկ նպատակն էր տաճարը՝ ‘Եհովայի տունը’ վերաշինել իր նախկին վայրին վրայ։

17. Եզրասի տրուած նամակը ի՞նչ կ’ըսէր դէպի Երուսաղէմ կատարած իր ճամբորդութեան նպատակին մասին։

17 Երկրորդ պատահարը տեղի ունեցաւ Պարսիկ Արտաշէս Թագաւորին (Քսերքսէս Ա.–ի որդին՝ Արտաշէս Լոնկիմանուս) իշխանութեան եօթներորդ տարին։ Այդ ժամանակ, Եզրաս դպիրը չորս ամսուան ճամբորդութիւն մը կատարեց Բաբելոնէն դէպի Երուսաղէմ։ Ան թագաւորէն մասնաւոր նամակ մը բերաւ իր հետ, բայց այդ նամակը Երուսաղէմի վերաշինութիւնը չէր արտօներ։ Այլ, անով Եզրասի յանձնարարութիւն կը տրուէր որ ‘Տէրոջը տունը փառաւորէր’։ Անոր համար նամակը ակնարկութիւն կ’ընէր տաճարի պաշտամունքին նեցուկ կանգնելու համար ոսկիի եւ արծաթի, սրբազան անօթներու, եւ ցորենի, գինիի, իւղի եւ աղի ընծաներուն, ինչպէս նաեւ հոն ծառայողները հարկէ զերծ պահելուն։—Եզրասայ 7։6-27

18. Ո՞ր լուրը խռովեցուց Նէեմիան, եւ Արտաշէս Թագաւորը ի՞նչպէս տեղեկացաւ այդ մասին։

18 Երրորդ պատահարը տեղի ունեցաւ 13 տարի ետք, Պարսիկ Արտաշէս Թագաւորին 20–րդ տարին։ Այն ժամանակ, Նէեմիա կը ծառայէր որպէս իր մատռուակը «Շուշան մայրաքաղաք»ին մէջ։ Բաբելոնէն վերադարձած մնացորդը որոշ չափով վերաշինած էր Երուսաղէմը։ Բայց վիճակը գոհացուցիչ չէր։ Նէեմիա տեղեկացաւ որ «Երուսաղէմի պարիսպը փլած եւ անոր դռները կրակով այրուած են»։ Ասիկա զինք խիստ խռովեցուց եւ տխրութիւն մը պատեց իր սիրտը։ Իր տխրութեան մասին երբ իրեն հարցուեցաւ, Նէեմիա պատասխանեց. «Թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ. ի՞նչպէս իմ երեսս տրտում չըլլայ, երբ քաղաքը, ուր իմ հայրերուս գերեզմանը կը գտնուի՝ աւերուած է ու անոր դռները կրակով այրուած են»։—Նէեմեայ 1։1-3. 2։1-3

19. (ա) Երբ Արտաշէս Թագաւոր պատճառը հարցուց, Նէեմիա նախ ի՞նչ ըրաւ։ (բՆէեմիա ի՞նչ խնդրեց, եւ ասոր մէջ Աստուծոյ ձեռքը ըլլալուն ի՞նչպէս գիտակցեցաւ։

19 Նէեմիայի մասին տեղեկութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Թագաւորը ինծի ըսաւ. ‘Դուն ինծմէ ի՞նչ կը խնդրես ատոր համար’։ Այն ատեն երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի ու թագաւորին ըսի. ‘Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու եթէ քու ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ, զիս Հրէաստան ղրկէ իմ հայրերուս գերեզմաններուն քաղաքը, որպէս զի զանիկա շինեմ’»։ Այս առաջարկը Արտաշէսի դիւր եկաւ, այնպէս որ Նէեմիայի յաջորդ խնդրանքին ալ ընդառաջեց. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, ինծի նամակներ թող տրուին [Եփրատ] Գետին միւս կողմը եղող իշխաններուն, որպէս զի անցընեն, մինչեւ որ Հրէաստան երթամ։ Նամակ մըն ալ Ասափին, որ թագաւորական անտառին պահապանն է, որպէս զի ինծի փայտ տայ, Աստուծոյ տանը աշտարակին դռները եւ քաղաքին պարիսպը ու բնակելու տուն շինելու համար»։ Նէեմիա գիտակցեցաւ որ այս բոլորին մէջ Եհովայի ձեռքը կար, երբ ըսաւ. «Թագաւորը խնդրանքներս [նամակները] ինծի տուաւ, վասն զի իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս էր»։—Նէեմեայ 2։4-8

20. (ա) «Երուսաղէմը նորէն շինելու» հրամանը ե՞րբ գործադրուեցաւ։ (բ«Եօթանասուն եօթնեակ»ը ե՞րբ սկսաւ եւ ե՛րբ վերջացաւ։ (գ«Եօթանասուն եօթնեակ»ին սկիզբին ու վախճանին ճշգրիտ թուականներուն համար ի՞նչ ապացոյց ունինք։

20 Թէեւ արտօնութիւնը Նիսան ամսուն տրուեցաւ, Արտաշէսի իշխանութեան 20–րդ տարուան սկիզբը, բայց «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն» ամիսներ ետք անիկա գործադրուեցաւ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ, երբ Նէեմիա Երուսաղէմ հասաւ եւ վերահաստատման գործին ձեռնարկեց։ Եզրասի ճամբորդութիւնը չորս ամիս տեւած էր, բայց Շուշանը Բաբելոնէն աւելի քան 322 քմ. արեւելք կը գտնուէր, ուրեմն Երուսաղէմէն ա՛լ աւելի հեռու էր։ Շատ հաւանական է որ Նէեմիա Երուսաղէմ հասաւ Արտաշէսի իշխանութեան 20–րդ տարուան վերջաւորութեան, կամ Հ.Դ.Ա. 455–ին։ Այդ ժամանակ էր որ նախագուշակուած «եօթանասուն եօթնեակ»ը կամ 490 տարիները սկսան։ Անոնք Հ.Դ. 36–ի վերջաւորութեան վերջ պիտի գտնէին։—Տես՝ «Արտաշէսի Իշխանութիւնը Ե՞րբ Սկսաւ», էջ 197–ի վրայ։

«Օծեալ Իշխան»ը կը Յայտնուի

21. (ա) Առաջին «եօթը եօթնեակ»ի ընթացքին ի՞նչ պիտի իրագործուէր եւ հակառակ ի՛նչ պարագաներու։ (բՄեսիան ո՞ր տարին պիտի յայտնուէր, եւ ըստ Ղուկասի Աւետարանին, այդ ժամանակ ի՞նչ պատահեցաւ։

21 Երուսաղէմ իրապէս վերաշինուելէն առաջ քանի՞ տարիներ սահեցան։ Քաղաքին վերաշինութիւնը պիտի կատարուէր «նեղութեան ժամանակներու մէջ». իրարու միջեւ Հրեաներուն ունեցած դժուարութիւններուն եւ Սամարացիներուն ու ուրիշներուն կողմէ եկած հակառակութիւններուն պատճառով։ Ակներեւաբար, գործը հարկ եղած տարողութեամբ ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 406–ին, «եօթը եօթնեակ»ին կամ 49 տարուան մէջ։ (Դանիէլ 9։25) Անոր պիտի յաջորդէր 62 եօթնեակ, կամ 434 տարի։ Այդ ժամանակաշրջանէն ետք, երկար ժամանակէ խոստացուած Մեսիան կամ Օծեալը պիտի յայտնուէր։ Հ.Դ.Ա. 455–էն հաշուելով 483 տարի (49 առաւել 434), կը հասնինք Հ.Դ. 29–ին։ Այդ ժամանակ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ Աւետարանիչ Ղուկաս մեզի կ’ըսէ. «Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը . . . Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։ Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար»։ Այդ ժամանակ «ժողովուրդը կը սպասէր» Մեսիան։—Ղուկաս 3։1-3, 15

22. Ե՞րբ եւ ի՛նչ կերպով Յիսուս նախագուշակուած Մեսիան եղաւ։

22 Յովհաննէս խոստացուած Մեսիան չէր։ Բայց Հ.Դ. 29–ի աշնան, Նազովրեցի Յիսուսի մկրտութեան ատեն Յովհաննէս իր տեսած բանին մասին կ’ըսէ. «Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր։ Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։ Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։ (Յովհաննու 1։32-34) Իր մկրտութեան ժամանակ, Յիսուս Օծեալը, Մեսիան՝ կամ Քրիստոսը, եղաւ։ Անկէ քիչ ետք, Յովհաննէսի աշակերտը, Անդրէաս, օծեալ Յիսուսին կը հանդիպի, ապա Սիմոն Պետրոսի կ’ըսէ. «Գտանք Մեսիան»։ (Յովհաննու 1։41) Այս կերպով, «Օծեալ իշխան»ը յայտնուեցաւ ճիշդ ժամանակին՝ 69 եօթնեակներու վերջաւորութեան։

Վերջին Եօթնեակին Պատահարները

23. «Օծեալ իշխան»ը ինչո՞ւ պէտք էր մեռնէր, եւ ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենար։

23 Եօթանասուներորդ եօթնեակի ընթացքին ի՞նչ պիտի իրագործուէր։ Գաբրիէլ ըսաւ որ «եօթանասուն եօթնեակ» որոշուած էր «յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը [«Սրբութիւն Սրբութեանցը», ՆԱ] օծելու համար»։ Այս բոլորը իրագործուելու համար, «Օծեալ իշխան»ը պէտք էր մեռնէր։ Ե՞րբ։ Գաբրիէլ ըսաւ. «Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ . . . Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ»։ (Դանիէլ 9։26ա, 27ա) Ճակատագրական պահը պիտի գար «եօթնեակին մէջտեղը», ուրիշ խօսքով, վերջին՝ տարիներու շաբաթի կիսուն։

24, 25. (ա) Ինչպէս մարգարէացուած էր, Քրիստոս ե՞րբ մեռաւ, եւ իր մահուամբ ու յարութեամբ ի՞նչ բանի վերջ դրաւ։ (բՅիսուսի մահը ի՞նչ բան կարելի դարձուց։

24 Յիսուս Քրիստոսի հանրային ծառայութիւնը սկսաւ Հ.Դ. 29–ի վերջաւորութեան եւ տեւեց երեքուկէս տարի։ Ինչպէս մարգարէացուած էր, Հ.Դ. 33–ին սկիզբը, Քրիստոս ‘կտրուեցաւ’, երբ տանջանքի ցիցի մը վրայ մեռաւ, իր մարդկային կեանքը մարդկութեան համար որպէս փրկանք տալով։ (Եսայեայ 53։8. Մատթէոս 20։28) Օրէնքին կողմէ պահանջուած անասնական զոհերուն ու ընծաներուն կարիքը չմնաց, երբ յարուցեալ Յիսուս երկնքի մէջ իր զոհագործուած մարդկային կեանքին արժէքը ներկայացուց Աստուծոյ։ Թէեւ Հրեայ քահանաները շարունակեցին զոհեր մատուցանել մինչեւ Երուսաղէմի տաճարին կործանումը Հ.Դ. 70–ին, սակայն այդ զոհերը այլեւս ընդունելի չէին Աստուծոյ։ Անոնց տեղը առած էր աւելի լաւ զոհ մը, զոր կրկնելու հարկ չկար։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Քրիստոս] մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, . . . մէկ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբուածները»։—Եբրայեցիս 10։12, 14

25 Թէեւ մեղքն ու մահը շարունակեցին տանջել մարդկութիւնը, բայց Յիսուս մահուամբ կտրուելով եւ երկնային կեանքի յարուցուելով՝ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։ Անիկա ‘յանցանքը վերջացուց, մեղքը հատցուց, անօրէնութիւնը քաւեց ու արդարութիւնը բերաւ’։ Աստուած Օրէնքի ուխտը վերցուցած էր, որ Հրեաներուն մեղաւոր ըլլալը բացայայտ ըրած ու զանոնք դատապարտած էր։ (Հռովմայեցիս 5։12, 19, 20. Գաղատացիս 3։13, 19. Եփեսացիս 2։15. Կողոսացիս 2։13, 14) Այլեւս, զղջում յայտնող յանցագործներու մեղքերը կրնային ջնջուիլ եւ անկէ առթած պատիժները՝ չեղեալ համարուիլ։ Մեսիայի քաւիչ զոհին շնորհիւ, հաւատք ցուցաբերողները կրնային Աստուծոյ հետ հաշտուիլ։ Անոնք կրնային ակնկալել Աստուծոյ պարգեւը ստանալ, որ է «յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Հռովմայեցիս 3։21-26. 6։22, 23. Ա. Յովհաննու 2։1, 2

26. (ա) Թէեւ Օրէնքի ուխտը վերցուած էր, «եօթնեակ մը» ո՞ր ուխտը ի զօրու մնաց։ (բ) 70–րդ եօթնեակին վերջաւորութեան ի՞նչ պատահեցաւ։

26 Արդ, Եհովա Օրէնքի ուխտը ջնջեց Քրիստոսի մահով, Հ.Դ. 33–ին։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնար ըսուիլ որ Մեսիան ‘եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէր’։ Քանի որ ան աբրահամական ուխտը ի զօրու պահեց։ Մինչեւ 70–րդ եօթնեակին վախճանը, Աստուած այդ ուխտին օրհնութիւնները Աբրահամի Եբրայեցի սերունդին մատակարարեց։ Սակայն, «եօթանասուն եօթնեակ»ին վերջաւորութեան, Հ.Դ. 36–ին, Պետրոս առաքեալ բարեպաշտ Իտալացի մարդու մը, Կոռնելիոսի, անոր ընտանիքին եւ ուրիշ հեթանոսներու քարոզեց։ Այդ օրուընէ սկսեալ, սկսուեցաւ բարի լուրը ծանուցանուիլ բոլոր ազգերուն։—Գործք 3։25, 26. 10։1-48. Գաղատացիս 3։8, 9, 14

27. Ո՞ր «Սրբութիւն Սրբութեանցը» օծուեցաւ եւ ի՛նչպէս։

27 Մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր նաեւ «Սրբութիւն Սրբութեանց»ին օծուիլը։ Ասիկա Երուսաղէմի տաճարին ամենաներքին բաժանմունքին՝ Սրբութիւն Սրբութեանցին՝ չ’ակնարկեր։ Հոս «Սրբութիւն Սրբութեանցը» [«Սրբութիւն սրբոցը», Էջմիածին] կ’ակնարկէ Աստուծոյ երկնային սրբարանին։ Հոն, Յիսուս իր մարդկային զոհին արժէքը ներկայացուց իր Հօրը։ Հ.Դ. 29–ին Յիսուսի մկրտութիւնը օծած էր, կամ անջատած էր, այդ երկնային՝ հոգեւոր իրականութիւնը, որ ներկայացուած էր երկրային տաղաւարին եւ հետագայ տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցով։—Եբրայեցիս 9։11, 12

Աստուծոյ Կողմէ Հաստատուած Մարգարէութիւնը

28. Ի՞նչ կը նշանակէր «տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքել»։

28 Գաբրիէլ հրեշտակին կողմէ տրուած մեսիական մարգարէութիւնը կը խօսէր նաեւ «տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու» մասին։ Ասիկա կը նշանակէր թէ ինչ որ նախագուշակուած էր Մեսիայի մասին՝ իր զոհագործութեամբ, յարութեամբ եւ երկինք ներկայանալով իր բոլոր իրագործած բաները, ինչպէս նաեւ, 70–րդ եօթնեակի ընթացքին տեղի ունեցած մնացեալ բաները՝ աստուածային հաճութեան կնիքը պիտի ունենային, ճշմարիտ ու վստահելի պիտի ըլլային։ Տեսիլքը պիտի կնքուէր, միայն Մեսիային պիտի վերաբերէր։ Անոր կատարումը պիտի ըլլար իրմով, եւ՝ իր միջոցաւ Աստուծոյ կատարած գործով։ Տեսիլքին ճշգրիտ մեկնութիւնը կրնանք գտնել, միմիայն նախագուշակուած Մեսիային կապակցաբար։ Ուրիշ որեւէ կերպով անիկա բացայայտ պիտի չըլլար։

29. Վերաշինուած Երուսաղէմին ի՞նչ պիտի պատահէր եւ ի՛նչ պատճառով։

29 Գաբրիէլ նախապէս մարգարէացած էր որ Երուսաղէմ պիտի վերաշինուէր։ Արդ, ան կը նախագուշակէ այդ վերաշինուած քաղաքին ու անոր տաճարին կործանումը, ըսելով. «Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են։ . . . Ու աւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։ (Դանիէլ 9։26բ, 27բ) Թէեւ այս աւերումը «եօթանասուն եօթնեակ»էն ետք տեղի պիտի ունենար, բայց անիկա վերջին «եօթնեակ»ի ընթացքին եղած պատահարներուն անմիջական հետեւանքը պիտի ըլլար, երբ Հրեաները Քրիստոսը մերժեցին ու զինք սպաննեցին։—Մատթէոս 23։37, 38

30. Պատմական արձանագրութիւններու հիման վրայ, Մեծ Ժամանակապահին հրամանը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

30 Պատմական արձանագրութիւնները ցոյց կու տան որ Հ.Դ. 66–ին, Սուրիոյ Կուսակալ Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական լեգէոններ պաշարեցին Երուսաղէմը։ Հակառակ հրէական ընդդիմութեան, իրենց կռապաշտական զինանշանները կամ դրօշակները կրող հռովմէական ուժեր քաղաքը մտան եւ հիւսիսի կողմէն տաճարին պարիսպը սկսան տակէն փորել։ Անոնց հոն կենալը զիրենք «պղծութիւն» մը դարձուց, որ ամբողջական աւերում կրնար պատճառել։ (Մատթէոս 24։15, 16) Հ.Դ. 70–ին, Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Հռովմէացիները «հեղեղ»ի մը նման եկան եւ քաղաքն ու տաճարը աւերեցին։ Որեւէ բան չկրցաւ կասեցնել զանոնք, քանի որ անիկա Աստուծոյ կողմէ հրամայուած՝ ‘նախասահմանուած’ էր։ Անգամ մը եւս Մեծ Ժամանակապահը՝ Եհովան՝ իր խօսքը կատարեց։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Երբ Երուսաղէմի ամայութեան 70 տարիները վերջանալու մօտ էին, Դանիէլ ի՞նչ աղաչանք մատուցանեց Եհովայի։

«Եօթանասուն եօթնեակ»ը ո՞րքան երկար էր, եւ անիկա ե՞րբ սկսաւ ու վերջացաւ։

«Օծեալ իշխան»ը ե՞րբ յայտնուեցաւ, եւ ճակատագրական ո՞ր ժամանակին ‘կոտրեցաւ’։

«Եօթնեակ մը շատերուն» համար ի զօրու մնացած ուխտը ի՞նչ էր։

«Եօթանասուն եօթնեակ»էն ետք ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 197]

Արտաշէսի Իշխանութիւնը Ե՞րբ Սկսաւ

ՊԱՐՍԻԿ Արտաշէս Թագաւորին իշխանութեան առաջին տարուան շուրջ պատմաբաններու մէջ տարակարծութիւն կայ։ Ոմանք կ’ըսեն որ ան գահ բարձրացաւ Հ.Դ.Ա. 465–ին, քանի որ իր հայրը՝ Քսերքսէս, իր իշխանութիւնը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 486–ին եւ իր իշխանութեան 21–րդ տարուան մէջ մեռաւ։ Սակայն, ապացոյցներ կան թէ Արտաշէս գահ նստաւ Հ.Դ.Ա. 475–ին, եւ իր իշխանութեան առաջին տարին սկսաւ Հ.Դ.Ա. 474–ին։

Պարսկական հին մայրաքաղաք Պերսեպոլիսի մէջ պեղումով երեւան հանուած գրութիւններ եւ քանդակներ ցոյց կու տան, որ Քսերքսէս եւ իր հայրը Դարեհ Ա., իշխանակիցներ եղած են։ Եթէ ասիկա 10 տարի տեւեց եւ Քսերքսէս Դարեհի մահուընէ ետք Հ.Դ.Ա. 486–ին, 11 տարի առանձին իշխեց, այդ պարագային Արտաշէսի իշխանութեան առաջին տարին կ’ըլլայ Հ.Դ.Ա. 474–ը։

Ապացոյցի ուրիշ եզր մը Աթենացի Զօրավար Թեմիստոկղէսի հետ կապ ունի, որ Հ.Դ.Ա. 480–ին Քսերքսէսի զօրքը պարտութեան մատնեց։ Ան հետագային Յոյն ժողովուրդին աչքէն ինկաւ եւ դաւաճանութեամբ ամբաստանուեցաւ։ Թեմիստոկղէս փախաւ եւ պարսկական արքունիքին մէջ ապաստան փնտռեց, ուր լաւ ընդունելութիւն գտաւ։ Յոյն պատմաբան Թուկիդիտէսի համաձայն, ասիկա տեղի ունեցաւ երբ Արտաշէս «վերջերս գահ բարձրացած էր»։ Յոյն պատմաբան Դիոդորոս Սիկիլիացի, Թեմիստոկղէսի մահը կը դնէ Հ.Դ.Ա. 471–ին։ Քանի որ Թեմիստոկղէս խնդրեց որ տարի մը շնորհուի իրեն, որպէսզի Պարսկերէն սորվի Արտաշէս Թագաւորին կողմէ ընդունուելէ առաջ, ուրեմն, ան Փոքր Ասիա հասած ըլլալու է Հ.Դ.Ա. 473–ին, ոչ աւելի ուշ։ Ժերոմի Եւսեբիոսի Քրոնիկ–ն ալ այդ թուականը կը հաստատէ։ Քանի որ Թեմիստոկղէս Հ.Դ.Ա. 473–ին Ասիա եկած ժամանակ Արտաշէս «վերջերս գահ բարձրացած էր», Գերմանացի ուսումնական Էրնէսթ Հէնկսթէնպըրկ իր՝ Հին Կտակարանի Քրիստոսաբանութիւնը գրքին մէջ կը նշէ թէ Արտաշէսի իշխանութիւնը սկսած է Հ.Դ.Ա. 474–ին, ինչպէս ուրիշ աղբիւրներ ալ նոյնը կ’ըսեն։ Ան կ’աւելցնէ. «Արտաշէսի քսաներորդ տարին՝ Քրիստոսէ առաջ 455–ն է»։

[Նկար]

Թեմիստոկղէսի կիսանդրին

[Գծապատկեր/Նկարներ՝ էջ 188, 189]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

«ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԵՕԹՆԵԱԿ»

455 Հ.Դ.Ա. 406 Հ.Դ.Ա. 29 Հ.Դ. 33 Հ.Դ. 36 Հ.Դ.

«Երուսաղէմը Երուսաղէմը Մեսիան Մեսիան «Եօթանասուն

նորէն շինելու վերաշինուած կը յայտնուի կը կտրուի եօթնեակ»ին

հրամանը» վախճանը

7 եօթնեակ 62 շաբաթներ 1 եօթնեակ

49 տարի 434 տարիներ 7 տարի

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 180]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 193]