Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ԵՐԵՔ

Տեւական ամուսնութեան երկու բանալիները

Տեւական ամուսնութեան երկու բանալիները

1, 2. (աԱմուսնութիւնը ո՞րքան ժամանակուան համար ծրագրուած էր։ (բԱսիկա ի՞նչպէս կարելի է։

ԵՐԲ Աստուած առաջին այրն ու կինը ամուսնութեամբ միացուց, չէ նշուած որ այդ միութիւնը ժամանակաւոր պիտի ըլլար։ Ադամն ու Եւան ցկեանս միասին պիտի մնային։ (Ծննդոց 2։24) Պատուաբեր ամուսնութեան մը համար Աստուծոյ չափանիշն է մէկ այր՝ մէկ կնկայ համար։ Մէկուն կամ երկուքին կողմէ միայն սեռային լուրջ անբարոյութիւն մը, ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու հիմ կը հայթայթէ, ըստ Աստուածաշունչին։Մատթէոս 5։32

2 Կարելի՞ է որ երկու հոգի իրարու հետ անվերջ ուրախ ապրին։ Այո, եւ ասիկա կարելի դարձնելու համար, Աստուածաշունչը երկու կարեւոր ազդակներ կամ բանալիներ կը բնորոշէ։ Եթէ ամուսինն ու կինը զանոնք գործածեն, անոնց առջեւ պիտի բացուի ուրախութեան եւ բազմաթիւ օրհնութիւններու դուռ մը։ Ի՞նչ են այս բանալիները։

ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

3. Կողակիցներ ո՞ր երեք տեսակի սէրերը պէտք է մշակեն։

3 Առաջին բանալին՝ սէրն է։ Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը տարբեր տեսակ սէրերու մասին կը խօսի։ Անոնցմէ մէկը՝ անհատի մը հանդէպ ջերմ, անձնական խանդաղատանքն է, ինչպէս գոյութիւն կ’ունենայ երկու մտերիմ բարեկամներու միջեւ։ (Յովհաննու 11։3) Ուրիշ մը՝ ընտանիքի անդամներու միջեւ աճող սէրն է։ (Հռովմայեցիս 12։10) Երրորդը՝ վիպային սէրն է, որ անհատ մը կ’ունենայ հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հանդէպ։ (Առակաց 5։15-20) Անշուշտ, ամուսին մը եւ կին մը այս բոլորը պէտք է մշակեն։ Բայց կայ չորրորդ տեսակի սէր մը, որ միւսներէն շատ աւելի կարեւոր է։

4. Ի՞նչ է չորրորդ տեսակի սէրը։

4 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն բնագիր լեզուին մէջ, այս չորրորդ տեսակի սիրոյն համար գործածուած բառը՝ ա·կաբէ է։ Այդ բառը գործածուած է Ա. Յովհաննու 4։8ի մէջ, ուր ըսուած է. «Աստուած սէր է»։ Արդարեւ, «մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան [Աստուած] առաջ մեզ սիրեց»։ (Ա. Յովհաննու 4։19) Քրիստոնեայ մը նախ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ այսպիսի սէր կը մշակէ, եւ ապա՝ ընկեր արարածներուն հանդէպ։ (Մարկոս 12։29-31) Եփեսացիս 5։2–ին մէջ ալ գործածուած է ա·կաբէ բառը, ուր կ’ըսէ. «Սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց»։ Յիսուս ըսաւ որ այսպիսի սէր մը պիտի զատորոշէր իր ճշմարիտ հետեւորդները. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր [ա·կաբէ] ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Դարձեալ, Ա. Կորնթացիս 13։13–ի մէջ ալ նկատի առէք ա·կաբէ բառին գործածութիւնը. «Հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն [ա·կաբէ] է»։

5, 6. (աԻնչո՞ւ սէրը հաւատքէն եւ յոյսէն մեծ է։ (բՍէրը ինչո՞ւ ամուսնութիւն մը կը տեւականացնէ. կարգ մը պատճառներ թուեցէք։

5 Ի՞նչ բանը այս ա·կաբէ սէրը հաւատքէն եւ յոյսէն աւելի մեծ կը դարձնէ։ Քանի որ անիկա Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած սկզբունքներով՝ շիտակ սկզբունքներով ղեկավարուած է։ (Սաղմոս 119։105) Անիկա ուրիշներուն համար Աստուծոյ աչքին շիտակ եւ բարի եղածը ընելու անձնուրաց հետաքրքրութիւն մըն է, առանց նկատի առնելու թէ զայն ստացողը անոր արժանի է թէ՝ ոչ։ Այսպիսի սէր մը կարելի կը դարձնէ որ ամոլներ հետեւին Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատին. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովա», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ (Կողոսացիս 3։13) Ամուսնացած սիրալիր զոյգեր ‘իրարու հանդէպ սրտանց սէր [ա·կաբէ]’ կը մշակեն, «վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։ (Ա. Պետրոս 4։8) Նկատի առէք որ սէրը յանցանքներ կը ծածկէ։ Անիկա յանցանքները չի վաներ, քանի որ անկատար մարդը չի կրնար սխալէ զերծ ըլլալ։Սաղմոս 130։3, 4. Յակոբու 3։2

6 Երբ ամուսնացած զոյգ մը Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ այսպիսի սէր մշակէ, անոնց ամուսնութիւնը պիտի գոյատեւէ եւ ուրախ ըլլայ, քանի որ «սէրը բնա՛ւ չիյնար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։8) Սէրը «միութեան կատարեալ կապ մըն է»։ (Կողոսացիս 3։14, ՆԱ) Եթէ ամուսնացած էք, դուք եւ ձեր կողակիցը ի՞նչպէս կրնաք այսպիսի սէր մշակել։ Միասնաբար Աստուծոյ Խօսքը կարդացէք եւ այդ մասին խօսակցեցէք։ Յիսուսի սիրոյ օրինակը ուսումնասիրեցէք եւ ջանացէք զինք ընդօրինակել, իրեն պէս խորհիլ եւ վարուիլ։ Ասկէ զատ, քրիստոնէական ժողովներուն յաճախեցէք, ուր Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսուցուի։ Իսկ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղներէն մէկը եղող այս գերադրական սէրը մշակելու համար, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցէք։Առակաց 3։5, 6. Յովհաննու 17։3. Գաղատացիս 5։22. Եբրայեցիս 10։24, 25

ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱՆԱԼԻՆ

7. Յարգանքը ի՞նչ է, եւ ամուսնութեան մէջ ո՞վ պէտք է յարգանք ցուցաբերէ։

7 Եթէ երկու ամուսնացած անհատներ իրապէս իրար սիրեն, այդ պարագային իրար պիտի յարգեն ալ. ուստի ուրախ ամուսնութեան մը համար, յարգանքը երկրորդ բանալին է։ Յարգանքը սահմանուած է որպէս «ուրիշներու հանդէպ նկատառութիւն ունենալ, զանոնք պատուել»։ Աստուծոյ Խօսքը բոլոր Քրիստոնեաներուն, ի ներառեալ ամուսիններուն, հետեւեալ խրատը կու տայ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Պետրոս առաքեալ գրեց. «Նոյնպէս ալ, այրե՛ր, իմաստութեա՛մբ ապրեցէք ձեր կիներուն հետ, յարգեցէ՛ք զանոնք, իբրեւ դիւրաբեկ անօթ»։ (Ա. Պետրոս 3։7, Երուսաղէմ) Կնոջ խրատ տրուած է որ «իր այրէն ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։33) Եթէ կ’ուզէք մէկը պատուել, անոր հետ ազնուօրէն կը վարուիք, անոր արժանապատուութիւնը եւ արտայայտած տեսակէտները կը յարգէք եւ ձեզի ներկայացուցած որեւէ տրամաբանական խնդրանք կատարելու պատրաստ կ’ըլլաք։

8-10. Յարգանքը ի՞նչ կերպերով ամուսնական կապը կայուն եւ ուրախ կը դարձնէ։

8 Անոնք որոնք կը փափաքին ուրախ ամուսնութիւն մը վայելել, իրենց կողակիցը յարգած կ’ըլլան ո՛չ թէ ‘միայն իրենց անձին շահը փնտռելով, հապա իրենց կողակիցինն ալ’։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Անոնք միմիայն իրենց գործին եկած բաները չեն փնտռեր, քանի որ անիկա անձնասիրութիւն պիտի ըլլար։ Այլ, նկատի կ’առնեն թէ ի՛նչ բան լաւագոյնն է իրենց կողակիցին համար ալ։ Արդարեւ, անոր նախապատուութիւն կու տան։

9 Յարգանքը պիտի օգնէ կողակիցներուն որ ընդունին թէ տեսակէտներու տարբերութիւններ պիտի ըլլան։ Անտրամաբանական է ակնկալել որ երկու անհատ ամէն բանի մասին նոյն տեսակէտը ունենան։ Բան մը որ ամուսինին համար կարեւոր է, կրնայ ա՛յդքան ալ կարեւոր չըլլալ կնոջ համար, իսկ ինչ որ կինը կը սիրէ, թերեւս ամուսինը նոյնքան չախորժի անկէ։ Բայց ամէն մէկը միւսին տեսակէտները եւ ընտրութիւնները պէտք է յարգէ, այնքան ատեն որ անոնք Եհովայի օրէնքներուն ու սկզբունքներուն սահմաններուն մէջ կը մնան։ (Ա. Պետրոս 2։16. բաղդատել՝ Փիլիմոն 14։) Տակաւին, ամէն մէկը պէտք է միւսին արժանապատուութիւնը յարգէ, առանց նուաստացուցիչ ակնարկներ կամ կատակներ ընելու, հանրապէս կամ առանձին։

10 Այո, Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ յարգանքը յաջող ամուսնութեան երկու կենսական բանալիներն են։ Անոնք ի՞նչպէս կարելի է կիրարկել ամուսնացեալ կեանքի կարգ մը շատ կարեւոր մարզերուն մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՍԱՆՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

11. Ըստ Աստուածաշունչին, ամուսնութեան մէջ ո՞վ է գլուխը։

11 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ տղամարդը այնպիսի յատկութիւններով ստեղծուած է որ կարենայ ընտանիքի կարող գլուխ մը ըլլալ։ Որպէս գլուխ, ան Եհովայի առջեւ պատասխանատու է իր կնոջ եւ զաւակներուն հոգեւոր եւ ֆիզիքական բարօրութեան համար։ Ան Եհովայի կամքին համաձայն եղող հաւասարակշռուած որոշումներ պէտք է տայ եւ բարեպաշտ վարքի լաւ օրինակ հանդիսանայ։ «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է»։ (Եփեսացիս 5։22, 23) Սակայն, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ամուսինն ալ գլուխ մը՝ իր վրայ հեղինակութիւն ունեցող մը, ունի։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Իմաստուն ամուսին մը իր գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ ընդօրինակելով, կրնայ սորվիլ թէ իր գլխաւորութիւնը ի՛նչպէս պէտք է գործադրէ։

12. Յիսուս թէ՛ հնազանդութիւն ցոյց տալու եւ թէ գլխաւորութիւն ի գործ դնելու մէջ ի՞նչպիսի գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ։

12 Յիսուս ալ գլուխ մը ունի՝ Եհովան՝ եւ ան ի՛րապէս ենթակայ է Անոր։ Յիսուս ըսաւ. «Ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 5։30) Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։ Յիսուս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է։ (Կողոսացիս 1։15) Ան Մեսիան եղաւ։ Ան օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին Գլուխը եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ընտրուած Թագաւորը պիտի ըլլար՝ բոլոր հրեշտակներէն բարձր։ (Փիլիպպեցիս 2։9-11. Եբրայեցիս 1։4) Հակառակ իր ունեցած այսքան բարձր դիրքին եւ ակնկալութիւններուն, Յիսուս մարդ եղած ժամանակ, բիրտ, անճկուն կամ չափազանց պահանջկոտ չէր։ Ան բռնակալ մը չէր, անդադար յիշեցնելով իր աշակերտներուն որ իրեն պէտք է հնազանդէին։ Յիսուս սիրալիր եւ կարեկից էր, մանաւանդ ոտնակոխուած անհատներու հանդէպ։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։28-30) Յիսուսի ընկերակցութիւնը հաճելի էր։

13, 14. Սիրալիր ամուսին մը իր գլխաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի գործադրէ, Յիսուսը ընդօրինակելով։

13 Ընտանեկան ուրախ կեանք մը փափաքող ամուսին մը Յիսուսի նկարագրի գծերը նկատի պէտք է առնէ։ Լաւ ամուսին մը կոշտ եւ բռնատիրական չէ, իր գլխաւորութիւնը սխալ կերպով գործածելով, որպէսզի իր կնոջ աչքը վախցնէ։ Ընդհակառակը, ան կը սիրէ եւ կը պատուէ զինք։ Եթէ Յիսուս «սրտով խոնարհ» էր, ամուսին մը շատ աւելի պատճառներ ունի նոյնպէս ըլլալու, քանի որ Յիսուսի նման չըլլալով, ինք սխալական է։ Երբ ինք սխալ մը գործէ, կ’ուզէ որ կինը հասկացող գտնուի։ Հետեւաբար, հեզ ամուսին մը իր սխալները կ’ընդունի, նոյնիսկ երբ դժուար է ըսել. «Կը ներես, իրաւունք ունիս»։ Կնոջ մը համար շատ աւելի դիւրին է յարգել համեստ ու հեզ ամուսինի մը գլխաւորութիւնը, քան թէ՝ հպարտ եւ յամառ մէկու մը։ Իր կարգին, յարգալից կինն ալ ներողութիւն կը խնդրէ, երբ սխալ մը գործէ։

14 Աստուած կինը ստեղծած է գեղեցիկ յատկութիւններով, զորս կին մը կրնայ գործածել, ուրախ ամուսնութեան մը նպաստելով։ Իմաստուն ամուսին մը պիտի գիտակցի ասոր եւ զինք պիտի չկաշկանդէ։ Կիները ընդհանրապէս աւելի կարեկից եւ զգայուն են, յատկութիւններ, որոնք հարկաւոր են ընտանիքին հոգ տանելու եւ մարդկային յարաբերութիւններ մշակելու համար։ Սովորաբար, կինը տունը բնակութեան հաճելի վայր մը դարձնելու շնորհքը ունի։ Առակաց 31–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած «առաքինի կինը» շատ գեղեցիկ յատկութիւններ եւ հոյակապ տաղանդներ ունէր, որոնցմէ ամբողջ ընտանիքը կ’օգտուէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոր ամուսնոյն սիրտը «անոր վրայ վստահ է»։Առակաց 31։10, 11

15. Ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ քրիստոսանման սէր եւ յարգանք ցուցնել իր կնոջ հանդէպ։

15 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ ամուսինին հեղինակութիւնը չափազանցուած է, այն աստիճան որ նոյնիսկ անոր հարցում մը հարցնելը յարգանքի պակաս կը նկատուի։ Ան իր կնոջ հետ գրեթէ գերիի մը պէս կրնայ վարուիլ։ Գլխաւորութեան այսպիսի սխալ գործադրում, ո՛չ միայն իր կնոջ հետ խեղճ յարաբերութիւն մը կը յառաջացնէ, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ հետ։ (Բաղդատել՝ Ա. Յովհաննու 4։20, 21։) Իսկ միւս կողմէ, կարգ մը ամուսիններ տան մէջ առաջնորդութիւն չեն ստանձներ, ձգելով որ իրենց կինը տան ղեկը իր ձեռքը առնէ։ Քրիստոսի պատշաճ կերպով հպատակող ամուսին մը իր կինը չի շահագործեր, ոչ ալ անոր արժանապատուութիւնը կ’ոտնակոխէ։ Հապա, Յիսուսի անձնազոհ սէրը կ’ընդօրինակէ եւ Պօղոսի խրատին կը հետեւի. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։25) Քրիստոս Յիսուս իր հետեւորդները ա՛յն աստիճան սիրեց որ անոնց համար մեռաւ։ Լաւ ամուսին մը պիտի ջանայ այդ անձնուրաց կեցուածքը ընդօրինակել, իր կնոջ բարօրութիւնը փնտռելով, փոխանակ անոր հանդէպ պահանջկոտ գտնուելու։ Երբ ամուսին մը Քրիստոսի հնազանդ է եւ քրիստոսանման սէր եւ յարգանք ցոյց կու տայ, կինը ինքնաբերաբար իրեն հնազանդելու պիտի մղուի։Եփեսացիս 5։28, 29, 33

ԿՆՈՋԱԿԱՆ ՀՊԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

16. Կին մը ամուսնոյն հետ իր փոխյարաբերութեան մէջ ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ցուցաբերէ։

16 Ադամի ստեղծուելէն որոշ ժամանակ ետք, «Տէր Աստուած ըսաւ. ‘Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար [«որպէս լրացուցիչ մը», ՆԱ]’»։ (Ծննդոց 2։18) Աստուած Եւան որպէս «լրացուցիչ» մը ստեղծեց եւ ոչ թէ մրցակից մը։ Ամուսնութիւն մը իրարու հետ մրցող երկու հրամանատար ունեցող նաւու մը պէտք չէր նմանէր։ Ամուսինը սիրալիր գլխաւորութիւն պէտք էր գործադրէր եւ կինը՝ սէր, յարգանք եւ յօժարակամ հնազանդութիւն պէտք էր ցոյց տար։

17, 18. Կին մը ի՞նչ կերպերով կրնայ իրական օգնական մը ըլլալ իր ամուսնոյն։

17 Սակայն, լաւ կին մը պարզապէս հնազանդ ըլլալէն աւելին է։ Ան կը ջանայ իրական օգնական մը ըլլալ, իր ամուսնոյն որոշումներուն թիկունք կանգնելով։ Անշուշտ, ասիկա աւելի կը դիւրանայ երբ ի՛նքն ալ համաձայն է անոր որոշումներուն։ Բայց նոյնիսկ երբ համաձայն չէ, իր համագործակցութեամբ կրնայ օգնել որ այդ որոշումը աւելի յաջող արդիւնք մը ունենայ։

18 Կին մը կրնայ իր ամուսնոյն օգնել որ ուրիշ կերպերով ալ լաւ ամուսին մը ըլլայ։ Կրնայ անոր կատարած գլխաւորութեան համար գնահատանք յայտնել, փոխանակ զինք քննադատելու եւ զգացնել տալու որ բնաւ գոհ չէ իրմէ։ Իր ամուսնոյն հետ դրական ըլլալով, պէտք է յիշէ որ «հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը . . . Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է» եւ ոչ թէ միայն իր ամուսնոյն։ (Ա. Պետրոս 3։3, 4. Կողոսացիս 3։12) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ ամուսինը հաւատացեալ մը չէ։ Ան հաւատացեալ մը ըլլայ կամ ոչ, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ կիները «այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, [ըլլան] խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի»։ (Տիտոս 2։4, 5) Եթէ խղճի հարց ծագի, անհաւատ ամուսին մը հաւանաբար աւելի պիտի յարգէ իր կնոջ կեցուածքը, երբ զայն ներկայացնէ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ»։ Անհաւատ ամուսիններէն ոմանք ‘շահուած են իրենց կիներուն երկիւղած ու պարկեշտ վարքը տեսնելով’։Ա. Պետրոս 3։1, 2, 15. Ա. Կորնթացիս 7։13-16

19. Կին մը ի՞նչ պէտք է ընէ երբ ամուսինը պահանջէ որ Աստուծոյ օրէնքը բեկանէ։

19 Բայց եթէ ամուսինը Աստուծոյ կողմէ արգիլուած բան մը պահանջէ իր կնոջմէն, ի՞նչ պէտք է ընէ։ Եթէ այսպիսի բան մը պատահի, ան պէտք է յիշէ որ իր գլխաւոր Իշխանը՝ Աստուած է։ Անիկա առաքեալներուն օրինակին կը հետեւի։ Երբ հեղինակութիւններ անոնցմէ պահանջեցին որ Աստուծոյ օրէնքը բեկանեն, Գործք Առաքելոց 5։29–ն կ’ըսէ. «Պատասխան տուին Պետրոսն ու միւս առաքեալները ու ըսին. ‘Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց’»։

ԼԱՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

20. Կենսական ո՞ր մարզին մէջ սէրը եւ յարգանքը անհրաժեշտ են։

20 Սէրը եւ յարգանքը կարեւոր են ամուսնութեան ուրիշ մէկ մարզին մէջ ալ, որ է հաղորդակցութիւնը։ Սիրալիր ամուսին մը իր կնոջ հետ պէտք է խօսակցի իր գործունէութիւններուն, խնդիրներուն եւ տարբեր նիւթերու շուրջ իր ունեցած տեսակէտներուն մասին։ Կինը ասոնց պէտք ունի։ Ամուսին մը որ իր կնոջ հետ խօսելու ժամանակ կը տրամադրէ եւ ի՛րապէս մտիկ կ’ընէ իր կնոջ ըսածներուն, անոր հանդէպ իր սէրը եւ յարգանքը ցոյց տուած կ’ըլլայ։ (Յակոբու 1։19) Կարգ մը կիներ կը գանգատին որ իրենց ամուսինը իրենց հետ խօսելու համար շատ քիչ ժամանակ կը տրամադրէ։ Շա՜տ ցաւալի է։ Ճիշդ է որ բազմազբաղ այս ժամանակներուն, ամուսիններ թերեւս երկար ժամեր կ’աշխատին տունէն դուրս, իսկ տնտեսական պարագաները պատճառ կ’ըլլան որ կարգ մը կիներ ալ աշխատին։ Բայց ամուսնացած անհատներ պէ՛տք է ժամանակ տրամադրեն իրարու համար։ Ապա թէ ոչ իրարմէ անկախ կ’ըլլան։ Ասիկա լուրջ խնդիրներու կրնայ առաջնորդել, երբ ամուսնութենէ դուրս կարեկից ընկերակցութիւն փնտռելու կարիքը զգան։

21. Պատշաճ խօսակցութիւնը ի՞նչպէս ուրախ կը պահէ ամուսնութիւն մը։

21 Շատ կարեւոր է թէ ամուսին մը եւ կին մը ի՛նչպէս կը հաղորդակցին։ «Վայելուչ [«հաճելի», ՆԱ] խօսքերը . . . հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են»։ (Առակաց 16։24) Կողակից մը հաւատացեալ ըլլայ կամ ոչ, Աստուածաշունչի սա խրատը պէտք է կիրարկուի. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ», ուրիշ խօսքով՝ ճաշակաւոր ըլլայ։ (Կողոսացիս 4։6) Երբ մէկը դժուար օր մը ունեցած է, կողակիցին քանի մը ազնիւ, կարեկից խօսքերը շատ արժէքի կ’անցնին։ «Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի»։ (Առակաց 25։11) Ձայնին թոնը եւ բառերուն ընտրութիւնը շատ կարեւոր են։ Օրինակ, մէկը կրնայ հրամայական եւ բարկացած ոճով մը միւսին ըսել. «Դուռը գոցէ՛»։ Բայց որքան աւելի «աղով համովցած» պիտի ըլլային այս բառերը, եթէ հանդարտօրէն եւ հաճելի ձայնով մը ըսուէր. «Կը հաճի՞ս դուռը գոցել»։

22. Լաւ հաղորդակցութիւն պահպանելու համար, կողակիցներ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենան։

22 Լաւ հաղորդակցութիւնը կը ծաղկի, փափկութեամբ ըսուած խօսքերով, քաղցրաբարոյ նայուածքներով ու շարժուձեւերով, ազնուութեամբ, հասկացողութեամբ եւ քնքշութեամբ։ Լաւ հաղորդակցութիւնը պահպանելու համար ծանր աշխատելով, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը ազատ պէտք է զգան իրենց կարիքները յայտնելու եւ յուսախաբութեան ու լարուածութեան պահերուն, իրարու համար մխիթարութեան ու հանգստութեան աղբիւր մը ըլլալու։ «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք» կը յորդորէ Աստուծոյ Խօսքը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Երբեմն ամուսինը կրնայ անտրամադիր ըլլալ, եւ երբեմն՝ կինը։ Անոնք կրնան իրար ‘մխիթարել’։Հռովմայեցիս 15։2

23, 24. Սէրը եւ յարգանքը ի՞նչպէս կ’օգնեն անհամաձայնութեանց պարագային. օրինակ մը տուէք։

23 Սէր եւ յարգանք ցոյց տուող կողակիցներ ամէն անհամաձայնութեան համար խնդիր չեն հաներ։ Անոնք կը ջանան իրարու հանդէպ «դառն» չըլլալ։ (Կողոսացիս 3։19) Երկուքն ալ պէտք է յիշեն որ «մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ»։ (Առակաց 15։1) Ուշադիր եղէք որ իր սրտի զգացումները յայտնող կողակից մը չնուաստացնէք կամ դատապարտէք։ Ընդհակառակը, այսպիսի արտայայտութիւններ դիմացինին տեսակէտներուն խորը թափանցելու առիթ մը նկատեցէք։ Միասնաբար աշխատեցէք ձեր տարակարծութիւնները լուծել եւ համերաշխ եզրակացութեան մը յանգիլ։

24 Յիշեցէք որ Սառա իր ամուսնոյն՝ Աբրահամի՝ որոշ խնդրի մը շուրջ լուծում մը յանձնարարեց, բայց ան չբաժնեց անոր զգացումները։ Սակայն, Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ»։ (Ծննդոց 21։9-12) Աբրահամ մտիկ ըրաւ եւ օրհնուեցաւ։ Նոյնպէս, երբ կին մը բան մը թելադրէ, որու ամուսինը համակարծիք չէ, առնուազն պէտք է մտիկ ընէ։ Միեւնոյն ատեն, կինը պէտք չէ խօսակցութիւնը իր ձեռքը առնէ, այլ մտիկ պէտք է ընէ թէ ամուսինը ի՛նչ ունի ըսելիք։ (Առակաց 25։24) Ամուսին մը կամ կին մը, որ միշտ իր տեսակէտը կը պնդէ, սիրոյ ու յարգանքի պակաս կը ցուցաբերէ։

25. Լաւ հաղորդակցութիւնը ամուսնական կեանքի մտերմութեան մէջ ուրախութիւն գտնելու ի՞նչպէս կրնայ նպաստել։

25 Լաւ հաղորդակցութիւնը կարեւոր է նաեւ զոյգին սեռային փոխյարաբերութեան մէջ։ Անձնասիրութիւնը եւ ժուժկալութեան պակասը, ամուսնութեան այս ամենէն մտերիմ յարաբերութեան լուրջ վնասներ կը հասցնեն։ Անկեղծ հաղորդակցութիւնն ու համբերութիւնը կենսական են։ Երբ ամէն մէկը անձնուրացաբար միւսին բարօրութիւնը փնտռէ, այդ պարագային սեռային հարցերը լուրջ խնդիրներ չեն ներկայացներ։ Այս եւ ուրիշ հարցերու մէջ, «չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։Ա. Կորնթացիս 7։3-5. 10։24

26. Թէեւ ամէն ամուսնութիւն կրնայ վերիվայրումներ ունենալ, բայց Աստուծոյ Խօսքին մտիկ ընելը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ ամուսնացած զոյգեր ուրախ ըլլան։

26 Աստուծոյ Խօսքը ի՜նչ գեղեցիկ խրատներ կը մատուցանէ։ Ճիշդ է որ ամէն ամուսնութիւն վերիվայրումներ կ’ունենայ։ Բայց երբ կողակիցները Աստուածաշունչին մէջ պարզուած Եհովայի խորհուրդներուն հետեւին եւ իրենց յարաբերութիւնը սկզբունքային սիրոյ եւ յարգանքի վրայ հիմնեն, վստահ կրնան ըլլալ որ մնայուն եւ ուրախ ամուսնութիւն մը պիտի ունենան։ Այս կերպով անոնք ո՛չ միայն իրար պիտի պատուեն, այլ նաեւ՝ ամուսնութեան Հիմնադիրը, Եհովա Աստուած։