Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ պատերազմները

Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ պատերազմները

Այս հարցումին ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիր։ Շատեր կը խորհին որ Աստուած պատերազմներու կը հաճի։ Անոնք կը պատճառաբանեն, թէ անցեալին ան իր երկրպագուներէն ոմանց հրամայեց որ պատերազմներու մասնակցին. եւ Աստուածաշունչը ասիկա կը հաստատէ։ Բայց ուրիշներ կ’ըսեն թէ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, իր հետեւորդներուն սորվեցուց իրենց թշնամիները սիրել (Մատթէոս 5։43, 44)։ Ուստի կը պատճառաբանեն, թէ որոշ մէկ հանգրուանին պատերազմներու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուեցաւ եւ թէ ներկայիս ան պատերազմներու չի հաճիր։

Ի՞նչ կ’ըսես. Աստուած պատերազմներու կը հաճի՞։ Եթէ այո՛, ան այժմու պատերազմներուն մէջ որո՞ւն կողքին դիրք կը բռնէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները գտնելը կրնայ պատերազմներու նկատմամբ տեսակէտիդ ազդել։ Օրինակ, եթէ գիտնայիր թէ Աստուած ո՛չ միայն պատերազմներու կը հաճի, այլեւ որոշ պատերազմի մը մէջ ա՛յն խումբին կողմէն է, որուն կողքին դիրք բռնած ես, հաւանաբար ուրախ պիտի ըլլայիր, վստահ ըլլալով որ խումբդ պիտի յաղթէ։ Իսկ ի՞նչ պիտի զգայիր, եթէ գիտնայիր թէ Աստուած հակառակ կողմին հետ է։ Թերեւս դարձեալ մտածէիր թէ որո՛ւն կողքին կ’ուզես դիրք բռնել։

Աւելի կարեւոր հարց մը կայ։ Եթէ գիտնաս թէ Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ, այն ատեն իրեն մասին քու ունեցած տեսակէտդ կրնայ ազդուիլ։ Եթէ պատերազմներէն վնասուած միլիոնաւորներէն մէկն ես, անկասկած պէտք է որ սա հարցումին պատասխանը գիտնաս. արդեօք Աստուած ռազմամո՞լ մըն է, որ կը թոյլատրէ կամ նոյնիսկ կը քաջալերէ պատերազմին պատճառած տառապանքը, ինչպէս ոմանք կը հաւատան, կամ թէ հարստահարուածներուն բարօրութեան նկատմամբ անտարբեր եւ անհո՞գ է։

Թերեւս զարմանաս, երբ գիտնաս թէ Աստուածաշունչին պատասխանը այս կարծիքներէն շատ կը տարբերի։ Նաեւ, հինէն ի վեր պատերազմի մասին Աստուծոյ տեսակէտը չէ փոխուած։ Նկատի առնենք թէ ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս դիտած է անցեալին եւ առաջին դարուն՝ երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ։ Ատիկա մեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ ներկայիս եւ թէ ապագային պատերազմներ գոյութիւն պիտի ունենա՞ն։