Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին մէջ ինչո՞ւ մարգարէութիւններ կան։

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ համար մեր օրերուն պատահող դէպքեր կը նկարագրէ (Ղուկաս 21։10, 11

Աստուածաշունչին մէջ շատ մը մանրամասն մարգարէութիւններ կան։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ մանրամասնօրէն ըսել, թէ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Ուստի, Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարուիլը իսկապէս կը փաստէ, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է (կարդա՛ Յեսու 23։14. Բ. Պետրոս 1։20, 21

Աստուածաշունչի այն մարգարէութիւնները որոնք արդէն իսկ կատարուած են, մեզի հիմնական պատճառ մը կու տան Աստուծոյ հաւատալու (Եբրայեցիս 11։1)։ Անոնք նաեւ մեզի կը վստահեցնեն, թէ ինչ որ Աստուած խոստացած է աւելի լաւ ապագայի մը նկատմամբ, պիտի իրականանայ։ Ուստի, Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները յոյս կու տան մեզի,– յոյս մը որ վստահելի է (կարդա՛ Սաղմոս 37։29. Հռովմայեցիս 15։4

Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի։

Կարգ մը մարգարէութիւններ Աստուծոյ ծառաները կը զգուշացնեն եւ կը մղեն որ բան մը ընեն։ Օրինակ՝ երբ առաջին դարու քրիստոնեաները տեսան թէ կարգ մը մարգարէութիւններ կը կատարուին, Երուսաղէմէն դուրս ելան։ Ետքը, որովհետեւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը Յիսուսը մերժած էր, քաղաքը կործանեցաւ, բայց քրիստոնեաները հեռու տեղ մը՝ ապահով վիճակի մէջ էին (կարդա՛ Ղուկաս 21։20-22

Ներկայիս, կատարուած մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն վերջ պիտի դնէ երկրի թագաւորութիւններուն եւ կառավարութիւններուն (Դանիէլ 2։44. Ղուկաս 21։31)։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր անձ պէտք եղածը ընէ, որպէսզի Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս իրեն հաճի (կարդա՛ Ղուկաս 21։34-36