Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ»

«Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ»

Քոլեճի մէջ, պասքեթպոլի մարզիչ մը իր անզուսպ բարկութեան երեսէն գործը կը կորսնցնէ։

Երեխայ մը զայրանալով կը պոռայ՝ իր ուզածը չըլլալուն համար։

Մայր ու տղայ պոռթկումի մրցոյթ մը կ’ունենան, տղուն թափթփած սենեակին վրայով։

ԲՈԼՈՐՍ տեսած ենք բարկացող մարդիկ եւ անկասկած մենք ալ մերթ ընդ մերթ ջղագրգիռ եղած ենք։ Թերեւս մտածենք թէ բարկութիւնը ժխտական զգացում մըն է, որ պէտք է հակակշռի տակ առնել, սակայն յաճախ կը զգանք, թէ կարեւոր պատճառ ունինք ընդվզելու, մա՛նաւանդ երբ մեզի թուի թէ անհատը մեր արդարութեան զգացումը կը վիրաւորէ։ Հոգեբաններու ամերիկեան ընկերութեան կողմէ լոյս տեսած յօդուած մը կը թելադրէ, թէ «բարկութիւնը բոլորովին բնական, եւ սովորաբար առողջ, մարդկային զգացում մըն է»։

Այդ տեսակէտը ընդունելի կրնայ թուիլ, երբ նկատի առնենք թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ գրեց ներշնչման ներքեւ։ Գիտակցելով որ մարդիկ կրնան երբեմն բարկանալ, ան ըսաւ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ» (Եփեսացիս 4։26)։ Ասոր ի տես, պէ՞տք է արդեօք բարկութեան տեղի տանք, թէ ոչ պէտք է մեր կարելին ընենք զայն զսպելու։

ՊԷ՞ՏՔ Է ԲԱՐԿԱՆԱՍ

Երբ առաքեալը բարկութեան շուրջ այդ խրատը տուաւ, ակներեւաբար ի մտի ունէր սաղմոսերգուին այս խօսքը. «Ձեր բարկութեան մէջ մի՛ մեղանչէք» (Սաղմոս 4։4, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն, ստորանիշ)։ Բայց Պօղոսի ներշնչուած յորդորին նպատակը ի՞նչ էր։ Առաքեալը բացատրեց. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ» (Եփեսացիս 4։31)։ Խորքին մէջ, ան քրիստոնեաները կը քաջալերէր որ բարկութենէ խուսափէին։ Հետաքրքրական է որ Հոգեբաններու ամերիկեան ընկերութեան յօդուածը կը շարունակէ ըսելով. «Փնտռտուքը երեւան հանած է, որ բարկութեամբ ‘բորբոքիլը’ բարկութիւնն ու զայրոյթը կ’աւելցնէ եւ քեզի չ’օգներ. . . պարագան լուծելու»։

Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք ‘մեզմէ վերցնել’ բարկութիւնը եւ անոր բոլոր գէշ հետեւանքները։ Վաղեմի իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն թագաւորը գրեց. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է» (Առակաց 19։11)։ «Մարդուն խոհեմութիւնը» ինչպէ՞ս կ’օգնէ երբ զայրանայ։

ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՍՊԷ

Խոհեմութիւնը պարագան մօտէն տեսնելու կարողութիւնն է։ Խոհեմ ըլլալ կը նշանակէ հարցին մակերեսէն անդին նայիլ կամ խորը թափանցել։ Խոհեմութիւնը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ երբ վրդովինք կամ ջղագրգռուինք։

Երբ անարդարութիւն տեսնենք, շատ հաւանաբար զայրանանք։ Բայց եթէ մեր զգացումներուն գերին դառնալով վայրագօրէն հակազդենք, կրնայ ըլլալ որ վիրաւորուինք կամ ուրիշը վիրաւորենք։ Ճիշդ ինչպէս որ անսանձ կրակը կրնայ տունը կործանել, պոռթկումը կրնայ մեր համբաւը աւրել եւ փոխյարաբերութիւնը քանդել ուրիշներու հետ, նոյնիսկ՝ Աստուծոյ հետ։ Ուստի երբ կը զգանք թէ մեր մէջ բարկութիւն կը կուտակուի, ժամանակն է որ խորատեսութեամբ դիտենք հարցը։ Պարագան ամէն կողմէ դիտելը վստահաբար մեզի պիտի օգնէ մեր յոյզերը զսպելու։

Սողոմոնին հայրը՝ Դաւիթ թագաւոր, հազիւ կրցաւ Նաբաղին առնչուած արիւնապարտութենէ խուսափիլ, երբ անհատ մը իրեն օգնեց հարցը մօտէն տեսնելու։ Հրէաստանի անապատին մէջ, Դաւիթ եւ իր մարդիկը Նաբաղի հօտերը պաշտպանեցին։ Երբ ոչխարները ասրակտուր ընելու, այսինքն՝ խուզելու ժամանակը եկաւ, Դաւիթ Նաբաղէն ուտելիք խնդրեց։ Բայց Նաբաղ պատասխանեց. «Ես իմ հացս, ջուրս ու ասրակտուր ընողներուս համար մորթած անասուններս առնեմ ու այնպիսի՞ մարդոց տամ, որոնց ուրկէ ըլլալը չեմ գիտեր»։ Ի՜նչ վիրաւորական խօսքեր։ Երբ Դաւիթ այս մէկը լսեց, մօտ 400 տղամարդոցմով գնաց Նաբաղն ու անոր տան անդամները ոչնչացնելու (Ա. Թագաւորաց 25։4-13

Նաբաղի կինը՝ Աբիգիա, լսեց եղածը եւ գնաց Դաւիթը տեսնելու։ Դաւիթն ու անոր տղամարդիկը տեսնելով, կինը անոր ոտքը ինկաւ եւ ըսաւ. «Հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ»։ Անկէ ետք, կինը Նաբաղի ո՛րքան անզգամ ըլլալը բացատրեց եւ շեշտեց, թէ Դաւիթ պիտի զղջար եթէ վրէժ առնէր եւ արիւն թափէր (Ա. Թագաւորաց 25։24-31

Դաւիթ ի՞նչ հասկցաւ Աբիգիայի խօսքերէն, ինչ որ իրեն օգնեց լարուածութիւնը չէզոքացնելու։ Առաջին, Դաւիթ ըմբռնեց որ Նաբաղ բնոյթով արդէն անզգայ էր, եւ երկրորդ, ըմբռնեց որ ի՛նք կրնար արիւնապարտ ըլլալ եթէ վրէժ առնէր։ Թերեւս դուն ալ Դաւիթին պէս բանէ մը զայրանաս։ Ի՞նչ պէտք է ընես։ «Խորունկ շունչ մը առ եւ մինչեւ տասը համրէ», կ’առաջարկէ յօդուած մը, որ Մայօ Քլինիք հրատարակած է բարկութիւնը զսպելուն շուրջ։ Այո, պահ մը կեցիր ու մտածէ թէ խնդրին պատճառը ի՛նչ է եւ քու մտադրած արարքիդ հետեւանքները ի՛նչ կրնան ըլլալ։ Թող տուր որ խոհեմութիւնը կամ խորատեսութիւնը բարկութիւնդ իջեցնէ կամ նոյնիսկ անհետացնէ (Ա. Թագաւորաց 25։32-35

Համանման կերպով, ներկայիս շատեր օգնութիւն ստացած են իրենց բարկութիւնը զսպելուն մէջ։ Սեպասթեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս սորվեցաւ զսպել իր բարկութիւնը եւ ուժգին յոյզերը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ, մինչ 23 տարեկանին բանտարկուած էր Լեհաստանի մէջ։ «Նախ հարցին շուրջ կը մտածեմ», ըսաւ ան։ «Ետքը, կը ջանամ Սուրբ Գիրքին խրատը կիրարկել։ Փորձառաբար տեսայ թէ Սուրբ Գիրքը լաւագոյն ուղեցոյցն է»։

Աստուածաշունչին խրատները կիրարկելը կրնայ քեզի օգնել ուժգին յոյզերդ հակակշռի տակ առնելու

Սեթսուօ նման մեթոտի հետեւած է։ Ան ըսաւ. «Գործին մէջ մարդոց երեսին կը պոռայի երբ իրենցմէ ջղայնանայի։ Բայց հիմա որ Աստուածաշունչը սերտած եմ, պոռալու փոխարէն՝ ես ինծի հարց կու տամ. ‘Ամենայն դէպս, ո՞վ է սխալ ընողը։ Միթէ ես չե՞մ խնդիր պատճառողը’»։ Այսպիսի հարցումներու շուրջ մտածելը իր բարկութիւնը կ’իջեցնէր եւ այսպէս ան իր բուռն զգացումները կը զսպէր։

Բարկութեան զգացումը կրնայ շատ զօրաւոր ըլլալ, բայց Աստուծոյ Խօսքին տուած խրատները ա՛լ աւելի զօրաւոր են։ Աստուածաշունչին իմաստուն խրատները կիրարկելով եւ աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելով, դո՛ւն ալ կրնաս թոյլ տալ, որ խոհեմութիւնը քու բարկութիւնդ զսպէ կամ հանդարտեցնէ։