Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ՞

Հարցումին պատճառը

Հարցումին պատճառը

Ծանուցման տախտակ մը, որուն ծախսը անաստուածներ կը հոգան, վերջերս սա խօսքը կը կրէր. «Կեանքդ առանց Աստուծոյ լա՞ւ է։ Միլիոնաւորներ կ’ըսեն՝ այո՛»։ Անոնք բացայայտօրէն կը խորհին թէ Աստուծոյ պէտք չունին։

Միւս կողմէ, շատեր որոնք կը դաւանին Աստուծոյ հաւատալ, կ’առնեն այնպիսի որոշումներ, կարծես ան գոյութիւն չունի։ Կաթողիկէ արքեպիսկոպոս Սալվաթորէ Ֆիզիգելլա իր եկեղեցիի անդամներուն մասին ըսաւ. «Երբ մեզի նային այսօր, հաւանաբար ո՛չ ոք պիտի կարենայ զատորոշել որ մենք քրիստոնեաներ ենք, քանի որ անհաւատներուն նոյն կենցաղակերպը ունինք»։

Ոմանք ա՛յնքան զբաղած են, որ Աստուծմով չեն հետաքրքրուիր։ Անոնք կը խորհին թէ Աստուած հեռու կամ անմատչելի է. ուստի, իրենց կեանքին մէջ իմաստալից դեր չի խաղար։ Լաւագոյն պարագային, այսպիսիներ Աստուծոյ կը դիմեն միա՛յն երբ խնդրի մէջ ինկած են կամ բանի մը պէտք ունին,– կարծես ան իրենց տրամադրութեան տակ է եւ կը սպասէ որ իրմէ բան մը պահանջեն։

Ուրիշներ կրօնական ուսուցումները գործնական չեն գտներ, կամ իրենց եկեղեցիին սորվեցուցածները չեն կիրարկեր։ Առնենք միայն մէկ օրինակ. Գերմանիոյ մէջ, կաթողիկէներուն 76 տոկոսը կը հաւատայ, որ ամուսնութենէ առաջ կենակցութիւնը ընդունելի է,– եւ այս տեսակէտը ներդաշնակ չէ իրենց եկեղեցիին եւ Աստուածաշունչին ուսուցումներուն հետ (Ա. Կորնթացիս 6։18. Եբրայեցիս 13։4)։ Անշուշտ, կաթողիկէները միակը չեն որ կը վարեն կենցաղակերպ մը, որ իրենց կրօնքին կը հակասէ։ Բազմաթիւ յարանուանութիւններու կղերականներ կը ցաւին թէ իրենց հաւատակիցները «ուղղակի անաստուածներ»ու նման կը վարուին։

Այս օրինակները տրամաբանօրէն կը յարուցանեն սա հարցումը. իրապէս Աստուծոյ պէտք ունի՞նք։ Հարցը նոր բան չէ։ Ատիկա առաջին անգամ նշուեցաւ Աստուածաշունչի առաջին էջերուն մէջ։ Հարցումին պատասխանը գտնելու համար, ուշադրութիւն ընծայենք կարգ մը հարցերու, որոնք Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին մէջ ընդգծուած են։