Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրօնքը եւ պատերազմները

Կրօնքը եւ պատերազմները

Ալպէրթոն շուրջ տասը տարի բանակին մէջ ծառայեց։ Ան կը յիշէ. «Քահանան մեզ կ’օրհնէր՝ ըսելով. ‘Աստուած ձեզի հետ է’։ Բայց կը մտածէի. ‘Ես սպաննելու կ’երթամ, մինչդեռ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «սպանութիւն մի՛ ըներ»’»։

Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, Ռէյ նաւատորմին մէջ էր։ Օր մը, ան քահանային ըսաւ. «Դուն մեր ռազմանաւը կու գաս, որպէսզի զօրքին ե՛ւ յաղթանակին համար աղօթես։ Բայց թշնամին ալ նոյն կարգադրութիւնը չունի՞»։ Քահանան պատասխանեց, թէ Տէրը խորհրդաւոր կերպերով կը գործէ։

Եթէ այդ պատասխանը քեզ չի գոհացներ, մինակ չես։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Յիսուս ըսաւ թէ Աստուծոյ մեծագոյն պատուիրաններէն մէկն է՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մարկոս 12։31)։ Արդեօք Յիսուս նշե՞ց թէ ընկերը սիրելը կախեալ է անոր բնակավայրէն կամ ազգութենէն։ Ո՛չ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Իրարու հանդէպ անոնց սէրը ա՛յնքան ուշագրաւ պիտի ըլլար որ զիրենք պիտի բնորոշէր։ Անոնք պիտի նախընտրէին իրենց կեանքը տալ իրարու համար, քան՝ զիրար սպաննել։

Նախկին քրիստոնեաները Յիսուսի խօսքին համաձայն ապրեցան։ Համայնագիտարան մը կը նշէ. «Նախնական եկեղեցիի հայրերը, ներառեալ՝ Տերտուղիանոսը եւ Որոգինէսը, պնդեցին որ քրիստոնեաներուն համար արգիլուած էր մարդկային կեանք խլել. սկզբունք մը՝ որ իրենց արգելք հանդիսացաւ հռոմէական բանակին միանալու» (The Encyclopedia of Religion

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ

Քանի որ Եհովայի վկաները աշխարհի տարածքին կը գտնուին, երբ երկիրներու միջեւ խնդիրներ ծագին, անոնք իրենք զիրենք երկու կողմերուն մէջ կը գտնեն։ Բայց եւ այնպէս անոնք կը ջանան սիրոյ ուշագրաւ յատկանիշը պահպանել։

Կրօնական առաջնորդները իսկական քրիստոնէական սիրոյն մասին սորվեցուցա՞ծ են

Օրինակ, Ռուանտայի մէջ հութու եւ թութսի ցեղախումբերու 1994–ի էթնիքական բախումին ընթացքին, Եհովայի վկաները ամբողջովին չէզոք մնացին։ Մէկ ցեղախումբի պատկանող Վկաները միւս ցեղախումբի պատկանող Վկաները պաշտպանեցին, յաճախ իրենց կեանքը վտանգելով։ Երբ գիտցուեցաւ թէ երկու հութու Վկաներ իրենց թութսի եղբայրները պահած էին, հութու Ինթէրահամուէի զինեալները անոնց ըսին. «Պէտք է մեռնիք, քանի որ թութսիներուն օգնեցիք որ փախչին»։ Ցաւօք սրտի, այդ երկու հութու Վկաները սպաննուեցան (Յովհաննէս 15։13

Ի՞նչ կը խորհիս. Եհովայի վկաներուն արարքները ներդաշնա՞կ են Յիսուսի նշած անձնազոհ սիրոյն հետ։