Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կարելի՞ է փտած աշխարհի մը մէջ պարկեշտ ըլլալ

Կարելի՞ է փտած աշխարհի մը մէջ պարկեշտ ըլլալ

Կարելի՞ է փտած աշխարհի մը մէջ պարկեշտ ըլլալ

«Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։18, ԱԾ

ԹԷԵՒ մեր մեղաւոր բնոյթը, ներկայ աշխարհը եւ Բանսարկուն կրնան հսկայ ճնշում բանեցնել մեր վրայ, սակայն կրնա՛նք անոնց ազդեցութեան դէմ դնել։ Ինչպէ՞ս։ Աստուծոյ մօտենալով եւ իր Խօսքին ազդու սկզբունքները կիրարկելով։ Նկատի առ երկու օրինակ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք» (Հռովմայեցիս 12։2, Անթիլիաս

Իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւն։ Կիլերմ յաջող պրազիլցի առեւտրական մըն է։ Ան կ’ընդունի թէ պարկեշտ ըլլալը դիւրին բան չէ։ Ան կ’ըսէ. «Թերեւս հաստատութեան նպատակակէտերուն հասնելու ճնշումին պատճառաւ կամ մրցակցական աշխարհին մէջ վերապրելու համար, առեւտուրով զբաղողը դիւրաւ կրնայ անպարկեշտ սովորութիւններ որդեգրել։ Շատեր կաշառք տալն ու ստանալը բնական սովորութիւն կը նկատեն։ Իսկ ֆինանսական ծանր պատասխանատուութիւններ ունեցող ձեռնարկուի մը համար, պարկեշտ ըլլալը մարտահրաւէր մըն է»։

Ասով հանդերձ, Կիլերմ անպարկեշտ ըլլալու ճնշումին դէմ դրած է։ Ան կ’ըսէ. «Նոյնիսկ թոյլատու առեւտրական միջավայրի մը մէջ, կարելի՛ է պարկեշտ ըլլալ։ Բայց հարկ է որ անհատը բարոյական բարձր չափանիշներ ունենայ։ Աստուածաշունչը ինծի օգնած է, որ պարկեշտութեան օգուտները տեսնեմ։ Պարկեշտ անհատը մաքուր խղճմտանք, ներքին խաղաղութիւն եւ ինքնայարգանք կ’ունենայ. ինչպէս նաեւ կրնայ իր շուրջիններուն դրականօրէն ազդել»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ’իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է» (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10, Անթիլիաս

Իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւն։ Ապահովութեան սարքեր զետեղող հաստատութեան մը տիրոջ՝ Անտրէին՝ յաճախորդներէն մէկը, ոտնագնդակի հսկայ ակումբ մըն է։ Առիթով մը, կարեւոր խաղէ մը ետք, Անտրէն իր վաճառագիրը ներկայացուց ակումբին։ Ֆինանսական բաժանմունքը տոմսարկղներէն ստացած գումարները հաշուելով զբաղած էր։ Ժամանակը ուշ ըլլալով, վերակացուն արագ–արագ յանձնառուներուն վճարեց, ներառեալ՝ Անտրէին։

«Տուն վերադարձած ատեն, նշմարեցի որ վերակացուն ինծի աւելիով վճարած էր», կը պատմէ Անտրէն։ «Գիտէի որ ան բնաւ պիտի չգիտնար ո՛ր յանձնառուն աւելիով դրամ ստացած էր։ Բայց եւ այնպէս նաեւ գիտէի որ խեղճ մարդը այդ կորսուած գումարը իր գրպանէն պիտի վճարէր։ Անոր համար, որոշեցի ակումբ վերադառնալ։ Համակիրներուն մէջէն դժուարաւ ճամբաս ճեղքեցի եւ յաւելեալ գումարը վերադարձուցի։ Վերակացուն շա՜տ զարմացաւ։ Ասկէ առաջ՝ ո՛չ ոք իրեն յաւելեալ գումար վերադարձուցած էր»։

Անտրէն կը շարունակէ. «Պարկեշտութեան այս արարքովս վերակացուին յարգանքը շահեցայ։ Հիմա, արդէն տարինե՜ր անցած են. բայց այդ բոլոր յանձնառուներէն միայն ես տակաւին ակումբին հետ համաձայնագիր ունիմ։ Երախտապարտ եմ որ Աստուածաշունչի բարձր չափանիշները կիրարկելով՝ լաւ համբաւ ձեռք ձգեցի»։

Քաջալերական է գիտնալ, թէ Աստուծոյ օգնութեամբ կրնա՛նք փտածութիւն հրահրող ազդեցութիւններուն դէմ դնել։ Բայց եւ այնպէս անհատական ջանքերը բնաւ պիտի չվերացնեն փտածութիւնը, քանի որ անոր պատճառները յաղթահարելը մարդոց կարողութենէն վեր է։ Սա կը նշանակէ՞ թէ փտածութիւնը բնաւ վերջ պիտի չգտնէ։ Այս յօդուածաշարքին վերջին նիւթը պիտի ընդգծէ Աստուածաշունչի քաջալերական պատասխանը։