Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն

Ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն

Ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն

ԱՅԺՄՈՒ ճշմարիտ քրիստոնեաները քաղաքականութեան չեն մասնակցիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսի օրինակին կը հետեւին, որ իր մասին ըսաւ. «Ես աշխարհէն չեմ»։ Իսկ իր հետեւորդներուն առնչութեամբ ըսաւ. «Աշխարհէն չէք» (Յովհաննէս 15։19. 17։14)։ Նկատի առ կարգ մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ քրիստոնեաները քաղաքականութեան միջամուխ պէտք չէ ըլլան։

1. Մարդկային կարողութիւնը սահմանափակ է։ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ մարդիկ իրենք զիրենք կառավարելու թէ՛ կարողութիւնը չունին եւ թէ իրաւասութիւնը չունին։ Երեմիա մարգարէն գրեց. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23

Ճիշդ ինչպէս որ մարդիկ չստեղծուեցան իրենց ուժովը յաջողապէս թռչելու, նմանապէս անոնք չստեղծուեցան յաջողապէս իրենք զիրենք կառավարելու։ Կառավարութեան սահմանափակումներուն մասին խօսելով, պատմաբան Տէյվիտ Ֆրօմքեն նշեց. «Կառավարութիւնները կազմուած են մարդկային արարածներէ. հետեւաբար անոնք սխալական են եւ անոնց հեռանկարները՝ անստոյգ։ Որոշ հեղինակութիւն կը բանեցնեն, բայց ատիկա սահմանափակ է» (The Question of Government)։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ որ մեր վստահութիւնը մարդու վրայ չդնենք (Սաղմոս 146։3

2. Չար ոգիները այժմ ազդեցութիւն ունին։ Երբ Սատանան աշխարհի իշխանութիւնը Յիսուսի հրամցուց, Ան չուրացաւ թէ Բանսարկուն հեղինակութիւն ունէր իրեն հրամցնելու աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները։ Իրականութեան մէջ, ուրիշ առիթով, Յիսուս Սատանան կոչեց՝ «այս աշխարհին իշխանը»։ Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ Սատանան նկարագրեց որպէս՝ «այս աշխարհի աստուածը» (Յովհաննէս 14։30. Բ. Կորնթացիս 4։4)։ Ան իր հաւատակիցներուն գրեց. «Մեր պատերազմը. . . այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ [է]» (Եփեսացիս 6։12)։ Վարագոյրին ետեւէն, չար ոգիները այս աշխարհին իսկական կառավարիչներն են։ Այս իրողութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ քաղաքականութեան նկատմամբ մեր ունեցած տեսակէտին։

Նկատի առ հետեւեալ համեմատութիւնը. ճիշդ ինչպէս որ պզտիկ նաւեր ծովին մէջ եղող զօրեղ հոսանքներէն կը տարուբերուին, մարդկային քաղաքական դրութիւններն ալ կը տարուբերուին զօրեղ չար ոգիներու կողմէ։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ այդ նաւերուն նաւաստիները քիչ բան կրնան ընել զօրաւոր հոսանքները փոխելու համար, քաղաքագէտներն ալ քիչ բան կրնան ընել զօրաւոր հոգեղէն արարածներուն ազդեցութիւնը փոխելու համար։ Այդ չար ոգիները վճռած են մարդիկը ծայր աստիճան ապականել եւ ‘երկրին վայեր’ պատճառել (Յայտնութիւն 12։12)։ Ուստի, իսկական փոփոխութիւն կրնայ բերուիլ միայն անձի մը կողմէ, որ Սատանայէն եւ անոր դեւերէն շատ զօրաւոր է։ Այդ Անձը Եհովա Աստուածն է (Սաղմոս 83։18. Երեմիա 10։7, 10

3. Ճշմարիտ քրիստոնեաները միայն Աստուծոյ Թագաւորութեան բացարձակապէս հաւատարիմ են։ Յիսուս եւ իր աշակերտները գիտէին, թէ որոշուած ժամանակին Աստուած ինք երկնքի մէջ կառավարութիւն մը պիտի հաստատէր, որպէսզի ամբողջ երկրագունդի վրայ իշխէ։ Աստուածաշունչը այս կառավարութիւնը կը կոչէ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւն, եւ կը յայտնէ թէ Յիսուս Քրիստոս ատոր նշանակուած Թագաւորն է (Յայտնութիւն 11։15)։ Քանի որ այդ Թագաւորութիւնը կ’ազդէ բոլոր մարդոց, Յիսուս ‘Աստուծոյ թագաւորութեան’ բարի լուրը իր ուսուցումներուն գլխաւոր նիւթը դարձուց (Ղուկաս 4։44)։ Ան նաեւ իր աշակերտներուն սորվեցուց աղօթել՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ Թագաւորութեան ներքեւ, Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ (Մատթէոս 6։9, 10

Ուստի, ի՞նչ պիտի պատահի մարդակերտ կառավարութիւններուն։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ, թէ «բոլոր աշխարհի» կառավարութիւնները պիտի կործանին (Յայտնութիւն 16։14. 19։19-21)։ Եթէ անհատ մը իրապէս կը հաւատայ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդակերտ բոլոր քաղաքական դրութիւնները բնաջնջելու վրայ է, տրամաբանօրէն ետ պիտի կենայ ատոնց աջակցելէ։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ դատապարտուած մարդակերտ կառավարութիւններու աջակցէր, իրականութեան մէջ Աստուծոյ դէմ դիրք բռնած պիտի ըլլար։

Մինչ ճշմարիտ քրիստոնեաները քաղաքականութեան չեն մասնակցիր, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոնք իրենց համայնքները բարելաւելով չեն հետաքրքրուած։ Նկատի առ յաջորդ յօդուածին մէջ տրուած պատասխանը։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Եհովայի վկաները գործօն կերպով կ’աջակցին Աստուծոյ Թագաւորութեան, ոչ թէ քաղաքական բարեփոխութեան