Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը մկրտուին

Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը մկրտուին

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը մկրտուին

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Քրիստոնէական մկրտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

Մկրտութիւնը Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենալու խնդրանք մըն է։ Ուստի քրիստոնեան ո՛չ թէ մանուկ եղած ատեն պէտք է մկրտուի, այլ՝ երբ իր տարիքը կը ներէ Աստուծոյ մասին սորվելու եւ Յիսուսի մէկ աշակերտը դառնալու (Գործք 8։12. Ա. Պետրոս 3։21)։ Մենք Յիսուսի աշակերտները կ’ըլլանք, երբ կը սորվինք եւ կը գործադրենք իր պատուիրած բաները (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20

Յիսուսի առաքեալներու օրերուն, շատեր Աստուծոյ ու Յիսուսի մասին սորվելու համար անյապաղ քայլերու դիմեցին։ Օրինակի համար, երբ տղամարդ մը գիտցաւ թէ Յիսուսի մահը փրկութեան ճամբան բացած էր, անմիջապէս աշակերտ մը դարձաւ։ Ներկայիս, շատ մը բարեսիրտ մարդիկ ընտրած են Յիսուսի հետեւորդները ըլլալ (կարդա՛ Գործք 8։26-31, 35-38

2. Յիսուս ինչո՞ւ մկրտուեցաւ։

Յիսուս մօտաւորապէս 30 տարեկան էր, երբ Յովհաննէս Մկրտիչ Յորդանան գետի ջուրին մէջ մխրճեց զինք։ Անոր մկրտութիւնը ներկայացուց թէ ան որոշած էր իրեն վերաբերող՝ Աստուծոյ կամքը կատարել (Եբրայեցիս 10։7)։ Ասիկա պիտի պարփակէր իր կեանքը մարդկութեան մեղքերուն համար որպէս զոհ մատուցանել։ Նոյնիսկ երկինքէն երկիր իջնելէն առաջ, Յիսուս միշտ ու միշտ սիրած եւ հնազանդած էր իր Հօրը՝ Եհովային (կարդա՛ Մարկոս 1։9-11. Յովհաննէս 8։29. 17։5

3. Քրիստոնեան ինչո՞ւ պէտք է մկրտուի։

Մեր պարագան Յիսուսի պարագայէն տարբեր է,– մենք որպէս մեղաւորներ ծնած ենք։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի զոհաբերական մահը մեզի կարելի կը դարձնէ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենալ (Հռովմայեցիս 5։10, 12. 12։1, 2)։ Իսկապէս կարելի է որ Աստուծոյ պատկանինք՝ որպէս իր ընտանիքի մէկ անդամը (Բ. Կորնթացիս 6։18)։ Ինչպէ՞ս կը հասնինք այդ առանձնաշնորհումին։ Անձնական աղօթքով, անձերնիս Եհովային կը նուիրենք՝ ցկեանս իր կամքը կատարել ուխտելով։ Այսպիսի նուիրում մը ընելէ ետք, հանրապէս կը խորհրդանշենք զայն՝ մկրտուելով (կարդա՛ Մատթէոս 16։24. Ա. Պետրոս 4։2

4. Ինչպէ՞ս կրնաս մկրտութեան նախապատրաստուիլ։

Եհովայի վկաները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն ոեւէ անհատի հետ, որ կ’ուզէ Աստուծոյ մօտենալ։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելն ու քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելը պիտի աւելցնեն քու սէրդ ու հաւատքդ Աստուծոյ հանդէպ։ Ասոնք ընելը նաեւ քեզի պիտի օգնէ որ մշակես դրական կեցուածքներ եւ սովորութիւններ։ Սէր, հաւատք եւ այլ աստուածահաճոյ յատկութիւններ զարգացնելը քեզի պիտի օգնէ, որ առյաւէտ Եհովային ծառայելու ուխտիդ համաձայն ապրիս (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3. Եբրայեցիս 10։24, 25

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 18–րդ գլուխը։