Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատասխաններու պրպտուք

Պատասխաններու պրպտուք

Պատասխաններու պրպտուք

«Գրեթէ ամէն մարդ [Յիսուսի] ո՛վ ըլլալուն մասին տեսութիւն մը ունի։ Մեր հաւատքի կամ սկեպտիկութեան մակարդակը ի՛նչ աստիճանի ալ ըլլայ, բոլորս ալ հարց կու տանք. ‘Ո՞վ է այս մարդը’» (ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԴԷՆ ԿՈՒԹՐԻ)։

ՄԱՐԴԻԿ Յիսուսի մասին հետաքրքրուած են։ Իր մասին գրուած գիրքերուն վաճառքը մեծ թիւ արձանագրած է։ Իր մասին պատրաստուած ֆիլմերը շատ հանրածանօթ եղած են։ Բայց շատեր տակաւին հարցումներ ունին իր մասին։ Մարդիկ զանազան կարծիքներ ունին թէ իրապէս ո՛վ էր ան։

Քանի մը տարի առաջ, երկու լրագրողներ մարդոցմէ խնդրեցին որ համացանցով պատասխանեն սա հարցումին. «Յիսուս ո՞վ էր»։ Պատասխաններէն ոմանք էին՝

● «Ակներեւ է որ ան ռաբբի (վարդապետ) մըն էր, որ կարեկից ըլլալուն մէջ օրինակ եղաւ»։

● «Ան սովորական մարդ մըն էր, որ անսովոր կեանք մը վարեց»։

● «Յիսուսի գոյութեան վերաբերեալ փաստ մը չկայ»։

● «Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, որ ծնաւ, մեռաւ եւ յարուցանուեցաւ մեզ մեր մեղքերէն փրկելու համար։ Ան այսօր ողջ է եւ դարձեալ երկիր պիտի գայ»։

● «Ես կը հաւատամ որ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ միակ որդին է եւ միեւնոյն ատեն թէ՛ լիովին մարդկային է եւ թէ՛ լիովին՝ աստուածային»։

● «Յիսուս հեքիաթ մըն է՝ չափահաս երեխաներու համար»։

Յստակ է որ մեծապէս իրարմէ տարբերող այսպիսի կարծիքներ չեն կրնար բոլորն ալ ճիշդ ըլլալ։ Կա՞յ արդեօք վստահելի մէկ աղբիւր, որ կրնայ հեղինակաւոր պատասխաններ տալ Յիսուսի մասին մեր ուղղած հարցումներուն։ Այս պարբերաթերթին հրատարակիչները կը հաւատան որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, եւ թէ միայն այդ գիրքը մեզի կ’ըսէ ամէն ճշմարտութիւնը Յիսուսի մասին (Բ. Տիմոթէոս 3։16 *

Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Յիսուսի մասին տրուած կարգ մը սովորական հարցումներու Աստուածաշունչի պատասխանները։ Յիսուս ի՛նք ըսաւ որ փրկութեան ճամբան բաց է ‘ամէն անհատի որ իրեն կը հաւատայ’ (Յովհաննէս 3։16)։ Քեզ կը հրաւիրենք որ պատասխանները քննես եւ ապա ինքդ որոշես թէ արդեօք պէտք ունի՛ս Յիսուսի եւ իրեն հաւատալու կերպին մասին աւելին գիտնալու։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին երկրորդ գլուխը, «Աստուածաշունչը՝ Աստուծմէ տրուած գիրք մը», հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։