Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արմագեդոնի մասին ճշմարտութիւնը

Արմագեդոնի մասին ճշմարտութիւնը

Արմագեդոնի մասին ճշմարտութիւնը

«Դեւերու ոգիներ. . . բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային. . . Եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 16։14, 16

ԱՐՄԱԳԵԴՈՆԸ տեղի մը անունն է։ Սակայն, այնպէս կը թուի թէ այս տեղը երկրագունդին վրայ որեւէ բառացի շրջանի մէջ գոյութիւն չէ ունեցած։

Ուստի, «Արմագեդոն» բառին իսկական նշանակութիւնը ի՞նչ է։ Ատիկա ինչո՞ւ յաճախ դէպքի մը առնչուած է, ինչպէս՝ պատերազմ։

Արմագեդոն կոչուած տեղը հաւաքուիլ

Եբրայերէն բնագիրին բառը՝ Հար–Մագեդոն բառացիօրէն կը նշանակէ «Մակեդդովի լեռ»։ Թէեւ այսպիսի բառացի լեռ մը գոյութիւն չէ ունեցած, սակայն Մակեդդով անունով վայր մը գոյութիւն ունի։ Անիկա կը գտնուի ռազմագիտական խաչմերուկի մը վրայ, վաղեմի իսրայէլ ազգին բնակած շրջանին հիւսիս–արեւմուտքը։ Բազմաթիւ վճռական պատերազմներ այս վայրին մօտ տեղի ունեցան։ Հետեւաբար Մակեդդով անունը պատերազմի առնչուեցաւ։ *

Բայց Մակեդդովի իսկական կարեւորութիւնը այն է, թէ հոն ոչ թէ ի՛նչ պատերազմներ տեղի ունեցան, այլ՝ ինչո՛ւ տեղի ունեցան։ Մակեդդովը Եհովա Աստուծոյ կողմէ իսրայէլացիներուն տրուած Խոստացեալ երկրին մէկ մասն էր (Ելից 33։1. Յեսու 12։7, 21)։ Եհովա անոնց խոստացաւ, որ զիրենք յարձակողներուն դէմ պիտի պաշտպանէր, եւ այդպէս ալ ըրաւ (Բ. Օրինաց 6։18, 19)։ Օրինակ, Մակեդդովի մէջ էր որ Եհովա հրաշալիօրէն իսրայէլացիները պաշտպանեց, քանանացի թագաւոր՝ Յաբինի եւ անոր սպարապետին՝ Սիսարայի ներխուժող բանակին դէմ (Դատաւորաց 4։14-16

Հետեւաբար, «Արմագեդոն» բառը այլաբանական մեծ նշանակութիւն ունի։ Ատիկա առնչուած է երկու զօրաւոր ուժերու բախումի մը։

Յայտնութեան մարգարէութիւնը կը խօսի մօտալուտ ժամանակի մը մասին, երբ Սատանան եւ դեւերը մարդկային կառավարութիւնները պիտի մղեն, որ իրենց բանակները հաւաքեն, յանդգնօրէն սպառնալով Աստուծոյ ժողովուրդին եւ անոնց աշխատանքին։ Յարձակումին հետեւանքը պիտի ըլլայ՝ միլիոնաւոր մարդոց մահը, երբ Աստուած յարձակողները պարտութեան մատնէ (Յայտնութիւն 19։11-18

Ինչո՞ւ Աստուած, որ Աստուածաշունչին մէջ կը նկարագրուի որպէս՝ «գթած, երկայնամիտ ու բազմողորմ», այսքան շատ մարդոց մահուան պատճառ պիտի դառնայ (Նէեմիա 9։17)։ Աստուծոյ արարքները հասկնալու համար, պէտք է երեք հարցումներու պատասխանենք. 1) Պատերազմը ո՞վ կը սկսի։ 2) Աստուած ինչո՞ւ միջամուխ կ’ըլլայ։ 3) Այս բախումը մնայուն ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրագունդին եւ անոր բնակիչներուն վրայ։

1. ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ Ո՞Վ ԿԸ ՍԿՍԻ։

Արմագեդոնի պատերազմը Աստուծոյ կողմէ նախայարձակում մը չէ։ Փոխարէն, Աստուած բարի մարդիկը պիտի պաշտպանէ անոնցմէ՝ որոնք կ’ուզեն զանոնք փշրել։ Այս պատերազմին մէջ, նախայարձակները «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը՝ աշխարհի առաջնորդներն են։ Անոնք ինչո՞ւ կը յարձակին։ Քանի որ, վարպետ խամաճկախաղի նման, Սատանան թէ՛ կառավարական եւ թէ զինուորական գործակալները պիտի մղէ, որ ամբողջական յարձակում մը կատարեն Եհովա Աստուած պաշտողներուն վրայ (Յայտնութիւն 16։13, 14. 19։17, 18

Ներկայիս կարգ մը երկիրներու մէջ խօսքի եւ կրօնքի ազատութեան վրայ դրուած շեշտին ի տես, այն գաղափարը թէ կառավարութիւնները որեւէ կրօնական շարժում պիտի սահմանափակեն կամ նո՛յնիսկ արգիլեն, թերեւս անհաւատալի թուի։ Սակայն, այսպիսի յարձակումներ տեղի ունեցան 20–րդ դարուն եւ այժմ տեղի կ’ունենան։ * Ասով հանդերձ, առնուազն երկու գլխաւոր տարբերութիւններ կան, անցեալի յարձակումներուն եւ Արմագեդոնի առնչուած յարձակումին միջեւ։ Առաջին, յարձակումին տարողութիւնը աշխարհածաւալ պիտի ըլլայ։ Երկրորդ, Եհովա Աստուծոյ հակազդեցութիւնը աննախընթաց ուժգնութեամբ պիտի ըլլայ (Երեմիա 25։32, 33)։ Աստուածաշունչը այս բախումը կը նկարագրէ որպէս՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը։

2. ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԻՋԱՄՈՒԽ Կ’ԸԼԼԱՅ։

Եհովա զինք պաշտողներուն կը սորվեցնէ, որ խաղաղասէր ըլլան եւ իրենց թշնամիները սիրեն (Միքիա 4։1-3. Մատթէոս 5։43, 44. 26։52)։ Ուստի, երբ այս կատաղի յարձակումը ըլլայ, անոնք զէնք պիտի չկրեն իրենք զիրենք պաշտպանելու համար։ Եթէ Աստուած իր ժողովուրդը ազատելու համար չմիջամտէ, անոնք պիտի բնաջնջուին։ Հետեւաբար, Եհովա Աստուծոյ անունը, կամ համբաւը, պիտի վտանգուի։ Եթէ թշնամիները կարողանան Աստուծոյ ժողովուրդը կործանել, ասիկա Զինք անսիրալիր, անարդար կամ անկարող պիտի ցուցնէ։ Այսպիսի հետեւանք մը անկարելի է (Սաղմոս 37։28, 29

Աստուած չ’ուզեր մէկը կործանել, անոր համար իր ընելիք բաներուն մասին արդար ազդարարութիւն կու տայ (Բ. Պետրոս 3։9)։ Աստուածաշունչի մէջ պահպանուած արձանագրութիւններու միջոցաւ, ան բոլորին կը յիշեցնէ, թէ անցեալին երբ իր ժողովուրդին վրայ յարձակում կը գործուէր, ինք վրէժ կ’առնէր (Դ. Թագաւորաց 19։35)։ Աստուածաշունչը նաեւ կը զգուշացնէ, թէ ապագային երբ Սատանան եւ իր մարդկային խամաճիկները Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակին, Ան դարձեալ պիտի միջամտէ եւ իր ուժը գործածէ։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը վաղուց նախագուշակեց թէ Ան ամբարիշտները պիտի կործանէ (Առակաց 2։21, 22. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9)։ Այդ ժամանակ, անկասկած յարձակողները պիտի գիտնան, թէ Ամենակալի՛ն դէմ պատերազմիլ ընտրած են (Եզեկիէլ 38։21-23

3. ԱՅՍ ԲԱԽՈՒՄԸ ՄՆԱՅՈՒՆ Ի՞ՆՉ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ։

Արմագեդոնի պատերազմը միլիոնաւոր մարդոց կեանքը պիտի ազատէ։ Իրականութեան մէջ, ատիկա ճամբան պիտի հարթէ համաշխարհային խաղաղութեան ժամանակաշրջանի մը (Յայտնութիւն 21։3, 4

Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի անհամար «մեծ բազմութեան» մը մասին, որոնք այս պատերազմէն պիտի վերապրին (Յայտնութիւն 7։9, 14)։ Աստուծոյ առաջնորդութեան ներքեւ, անոնք պիտի օգնեն որ երկրագունդը վերադառնայ այն դրախտային վիճակին, որ Եհովա սկիզբէն նպատակադրած էր։

Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ այս յարձակումը ե՞րբ պիտի գայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Սովորական բան է որ վայր մը առնչուի պատերազմի։ Օրինակ, Ճափոնի Հերոշիմա քաղաքը, որ աթոմական ռումբով քանդուեցաւ, այսօր կորիզային պատերազմի սպառնալիքին խորհրդանշան մըն է։

^ պարբ. 13 Հրէական ողջակիզումը օրինակ մըն է, թէ ինչպէս մէկ կառավարութիւն ջանաց կրօնական եւ էթնիք խումբերը չքացնել։ 1917–էն 1991, Խորհրդային Միութեան մէջ եղող կրօնական խումբերը նաեւ բրտօրէն խափանուեցան։ Տե՛ս «Խաղաղ ժողովուրդը կը պաշտպանէ իր բարի անունը» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 մայիս 2011 թիւին մէջ (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 6]

Եհովա Աստուած անցեալին իր ժողովուրդը պաշտպանեց

[Նկար՝ էջ 7]

Արմագեդոնի պատերազմին, Եհովա դարձեալ իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ