Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծնողները իրենց զաւակներուն պէ՞տք է սեռի մասին սորվեցնեն

Ծնողները իրենց զաւակներուն պէ՞տք է սեռի մասին սորվեցնեն

Ընթերցողները կը հարցնեն

Ծնողները իրենց զաւակներուն պէ՞տք է սեռի մասին սորվեցնեն

▪ Ծնողներէն շատեր ամէն գնով կը ջանան իրենց զաւակները լուրջ հիւանդութիւններէ պաշտպանել։ Ծնողներ համանման ջանք պէտք է թափեն իրենց զաւակները բարոյական վնասակար կեցուածքներէ պաշտպանելու։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ հաւասարակշռուած սեռային կրթութիւնը (Առակաց 5։3-23)։ Այսպիսի ծնողական մարզում եւ բարոյական առաջնորդութիւն կենսական է, քանի որ երեխաները հետզհետէ պոռնկագրական նիւթերու ազդեցութեան կ’ենթարկուին՝ հեռատեսիլի, համացանցի, գիրքերու եւ զաւեշտաթերթերու միջոցաւ։

Կրթութեան փրոֆէսոր եւ հեղինակուհի Տայան Լէվըն կը բացատրէ. «Ներկայիս, խնդիրը այն չէ որ մեր զաւակները սեռի մասին կը սորվին, այլ՝ թէ անոնք ի՛նչ կը սորվին, ո՛ր տարիքին կը սորվին եւ ո՛վ իրենց կը սորվեցնէ։ Վաճառականներն ու ժողովրդական մշակոյթը շատ զօրաւոր եւ կործանիչ սեռային կրթութիւն կը մատակարարեն երեխաներուն»։

Ծնողները պէտք է իրենց զաւակները պաշտպանեն խեղաթիւրուած եւ անբարոյ տեսակէտներէ, որոնք ընկերութիւնը կը մաշեցնեն (Առակաց 5։1. Եփեսացիս 6։4)։ Դեռատիները հարկ է որ գիտնան թէ իրենց մարմինը ինչպէ՛ս կը գործէ, իրենք իրենց ֆիզիքապէս ինչպէ՛ս հոգ տանին, եւ անբարոյ մարդոցմէ ինչպէ՛ս իրենք զիրենք պաշտպանեն։ Արբունքէն առաջ,– սեռային հասունութեան տարիքը,– աղջնակ մը իր մարմնի փոփոխութիւններուն մասին պէտք է գիտնայ եւ հասկնայ թէ դաշտանը ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։ Նմանապէս, տղեկ մը կանխաւ պէտք է գիտնայ գիշերային ծորումին կամ երազափորձութեան մասին։ Երբ երեխաները տակաւին փոքր են, ծնողները կրնան սկսիլ անոնց սորվեցնել մարմնի անդամներուն շիտակ անունները։ Այս մարմնի անդամներուն մասին, սիրալիր ծնողներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն երեք գլխաւոր դասեր. 1) Անոնք յատուկ ու անձնական են։ 2) Ատոնց մասին վատ կերպով պէտք չէ խօսիլ։ 3) Ուրիշներու պէտք չէ թոյլ տալ որ ատոնց նային կամ դպչին։ Մինչ երեխաները կը մեծնան, ծնողները պէտք է զատորոշեն, թէ ե՛րբ յարմար է բացատրել թէ կին մը ինչպէ՛ս կը յղանայ։ *

Ծնողները ե՞րբ պէտք է սկսին այսպիսի ցուցմունքներ տալ։ Շատերու կարծածէն աւելի առաջ։ Աղջկան մը դաշտանը կրնայ սկսիլ 10 տարեկանին կամ նո՛յնիսկ ատկէ առաջ։ Տղայ մը թերեւս իր առաջին գիշերային ծորումը ունենայ 11 կամ 12 տարեկանին։ Այս կեանք–փոխող դէպքերը կրնան դեռատիներուն համար շատ խռովեցուցիչ ըլլալ, եթէ չհասկնան թէ ի՛նչ կը պատահի։ Զիրենք կանխաւ պէտք է հաւաստիացնել թէ մարմնային այս զարգացումները բնական են։ Ասիկա նաեւ յարմար ժամանակն է օգնելու անոնց որ հասկնան Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն հետեւելու արժէքն ու կարեւորութիւնը,– բան մը որ սեռային կրթութեան աշխարհիկ յայտագիրներու մեծամասնութիւնը չի հայթայթեր (Առակաց 6։27-35

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Այս նիւթերուն շուրջ, ծնողները կրնան օգնական տեղեկութիւններ գտնել, Եհովայի վկաներու անգլերէն լեզուով լոյս տեսած հետեւեալ հրատարակութիւններուն մէջ. Զարթի՛ր–ի մայիս 2006 թիւը («Աղջիկդ դաշտանի շրջանին համար պատրաստէ» յօդուածը, էջ 10-13), Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2, 6–րդ գլուխը («Մարմնիս ի՞նչ կը պատահի»), Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2010 թիւը («Ընտանեկան ուրախութեան բանալիներ. զաւակներուդ հետ սեռի մասին խօսէ» յօդուածը, էջ 12-14)։