Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Անիկա պիտի փոխարինէ բոլոր միւս կառավարութիւնները եւ պատճառ պիտի ըլլայ, որ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկինքի մէջ ու երկրի վրայ։ Ուստի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր փնտռած լաւ կառավարութիւնն է (կարդա՛ Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10

Եհովան իր Թագաւորութեան համար, նշանակեց իր Որդին՝ Յիսուսը, որպէս Թագաւոր (կարդա՛ Ղուկաս 1։30-33

2. Յիսուս ինչո՞ւ իտէալական Կառավարիչն է։

Աստուծոյ Որդին իտէալական Թագաւորն է, քանի որ ան քաղցր է, շիտակին կողքին հաստատ դիրք կը բռնէ, եւ մարդոց օգնելու բաւարար ոյժ ունի (Մատթէոս 11։28-30)։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ Եհովայի աջ կողմը սկսաւ սպասել (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Ի վերջոյ, Աստուած իրեն հեղինակութիւն տուաւ որ երկինքէն սկսի իշխել (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14

3. Ուրիշ որո՞նք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։

Աստուած կ’ընտրէ խումբ մը, որ «սուրբեր» կը կոչուին, որպէսզի երկնքի մէջ Յիսուսի հետ իշխեն (Դանիէլ 7։27)։ Առաջին ընտրուած ապագացու սուրբերը Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալներն էին։ Եհովա մինչեւ օրս շարունակած է ընտրել հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ որպէս սուրբեր։ Յիսուսի նման, անոնք հոգեղէն մարմնով կը յարուցանուին (կարդա՛ Յովհաննէս 14։1-3. Ա. Կորնթացիս 15։42-45

Քանի՞ հոգի երկինք կ’երթան։ Յիսուս զանոնք «պզտիկ հօտ» կոչեց (Ղուկաս 12։32)։ Անոնց վերջնական թիւը պիտի ըլլայ 144,000, եւ անոնք Յիսուսի հետ երկինքէն պիտի իշխեն երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1

4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել։

Յիսուս 1914–ին Թագաւոր եղաւ։ * Կարճ ժամանակ ետք, ան Սատանան ու անոր դեւերը դէպի երկիր նետեց (Յայտնութիւն 12։7-10, 12)։ Ատկէ ի վեր, մարդկութեան խնդիրները խստօրէն աւելցած են։ Պատերազմները, երկրաշարժները, սովերը, համաճարակներն ու անօրէնութիւնները երեսակներ են այն նշանին, թէ ներկայ աշխարհը իր վերջին օրերուն մէջ է (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ Թագաւորութենէն օգտուիլ, պէտք է սորվին ինչպէ՛ս Թագաւորին՝ Յիսուսին, հետեւորդ ըլլալ (կարդա՛ Ղուկաս 21։7, 10, 11, 31, 34, 35

5. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ կ’իրագործէ։

Աշխարհածաւալ քարոզչութեան մը միջոցով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն իսկ բոլոր ազգերէ միլիոնաւորներու կ’օգնէ, որ Աստուծոյ ճամբաները սորվին (Մատթէոս 24։14)։ Ներկայ ամբարիշտ աշխարհը կործանելու ժամանակ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Յիսուսի հաւատարիմ հպատակներու «մեծ բազմութիւն մը» պիտի պաշտպանէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։9, 10, 13-17

Հազար տարի տեւող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Թագաւորութիւնը երկիրը աստիճանաբար դրախտի պիտի վերածէ։ Ի վերջոյ, Յիսուս Թագաւորութիւնը ետ իր Հօր ձեռքը պիտի տայ (Ա. Կորնթացիս 15։24-26)։ Կը ճանչնա՞ս անհատ մը, որուն կ’ուզես Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պատմել (կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11, 29

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 8 եւ 9–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Մանրամասնութեանց համար, թէ աստուածաշնչական մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը մատնանշէ 1914 թուականը, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 215-218, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։