Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած Բանսարկուն ստեղծե՞ց

Աստուած Բանսարկուն ստեղծե՞ց

Ընթերցողները կը հարցնեն

Աստուած Բանսարկուն ստեղծե՞ց

▪ Որովհետեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած ‘ամէն բան ստեղծեց’, ոմանք եզրակացուցած են թէ Աստուած Բանսարկուն ստեղծած ըլլալու է (Եփեսացիս 3։9. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Բայց Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ պարագան այս չէ։

Եհովա ստեղծեց այն անձը, որ Բանսարկու դարձաւ։ Ուստի անոր գոյութիւնը որպէս Աստուծոյ գլխաւոր հակառակորդը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ այն բանին հետ, զոր Սուրբ Գրութիւնները կը յայտնեն Եհովային մասին որպէս Ստեղծիչ։ Իր մասին ըսուած է. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. Օրինաց 32։3-5)։ Այս խօսքէն կրնանք եզրակացնել, թէ Սատանան ատեն մը կատարեալ եւ արդար էր, այսինքն՝ Աստուծոյ հրեշտակային որդիներէն մէկը։ Յովհաննէս 8։44–ի մէջ, Յիսուս ըսաւ թէ Բանսարկուն «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ», հասկցնելով թէ Սատանան ատեն մը ճշմարտասէր եւ անմեղ էր։

Սակայն, Եհովայի միւս մտացի արարածներուն նման, այդ հրեշտակը որ Սատանայ դարձաւ, շիտակը կամ սխալը ընտրելու ազատութիւնը ունէր։ Աստուծոյ հակառակող ընթացք մը ընտրելով եւ առաջին մարդկային զոյգը դրդելով որ իրեն միանան, ան ինքզինք Սատանայ ըրաւ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ» (Ծննդոց 3։1-5

Այդ չար հոգեղէն արարածը նաեւ ինքզինք Բանսարկու դարձուց, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ»։ Օձին ետին եղող անտեսանելի կեղծողը Սատանան էր, որ խորամանկօրէն սուտեր գործածեց, որպէսզի Եւան խաբէր որ Ստեղծիչին յստակ օրէնքին չհնազանդէր։ Ասոր համար է որ Յիսուս Սատանան կոչեց ‘սուտին հայրը’ (Յովհաննէս 8։44

Բայց ինչպէ՞ս կրնար կատարեալ հոգեղէն արարած մը սխալ հակում ունենալ,– որ ո՛չ իր մէջ տկարութիւններ ունէր ու ոչ ալ իր շուրջը չար ազդեցութիւններ կային։ Բացայայտօրէն, ան տենչաց ստանալ պաշտամունք, որ միայն Եհովային կը պատկանէր, եւ տեսաւ այն կարելիութիւնը, որ մարդիկը բերէ ի՛ր իշխանութեան ներքեւ։ Իշխելու այս հեռանկարը զանց ընելու տեղ, անոր վրայ շարունակաբար մտածելով, ան թոյլ տուաւ որ գաղափարը աճի՝ մինչեւ որ անոր համաձայն ի վերջոյ գործի անցաւ։ Գործընթացը նկարագրուած է Յակոբոսի նամակին մէջ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի» (Յակոբոս 1։14, 15. Ա. Տիմոթէոս 3։6

Լուսաբանենք. երեւակայէ թէ հաշուապահ մը կը տեսնէ պատեհութիւն մը, որ արձանագրութիւնները աղաւաղէ այնպիսի կերպով, որ անձնական շահի համար իր ընկերութենէն գողնայ։ Ան այդ սխալ միտքը կրնայ անմիջապէս զանց ընել։ Բայց եթէ ան այս կարելիութեան վրայ խոկայ, այն ատեն գաղափարը աւելի հրապուրիչ պիտի դառնայ եւ հաւանաբար պիտի կատարէ զայն։ Եթէ իր մտածածը գործադրէ, իրականութեան մէջ ան ինքզինք գող ըրած կ’ըլլայ։ Եթէ ան իր յանցանքին նկատմամբ սուտ խօսի, ստախօս ալ կը դառնայ։ Նմանապէս, սխալ ցանկութիւններ մշակելով եւ անոնց համաձայն գործելով, Աստուծոյ ստեղծած հրեշտակը իր ազատ կամքը գործածեց, որ խաբէութեան միջամուխ ըլլայ եւ իր Հօր դէմ ըմբոստանայ, այսպիսով ինքզինք Բանսարկու Սատանայ դարձնելով։

Շնորհապարտ ենք որ Աստուծոյ որոշած ժամանակին Բանսարկու Սատանան պիտի բնաջնջուի (Հռովմայեցիս 16։20)։ Մինչ այդ, Եհովա Աստուած պաշտողները Սատանայի խորհուրդներուն տեղեակ կ’ըլլան եւ անոր հնարքներուն դէմ պաշտպանութիւն կը ստանան (Բ. Կորնթացիս 2։11. Եփեսացիս 6։11)։ Ուստի ամէն գնով ‘Սատանային հակառա՛կ կենանք եւ անիկա մեզմէ պիտի փախչի’ (Յակոբոս 4։7

[Մէջբերում՝ էջ 10]

Աստուծոյ հակառակող ընթացք մը ընտրելով, կատարեալ հրեշտակային արարած մը ինքզինք Սատանայ ըրաւ