Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կա՛յ մէկը՝ բայց ո՞վ

Կա՛յ մէկը՝ բայց ո՞վ

Կա՛յ մէկը՝ բայց ո՞վ

Եւրոպայի մէջ, պառաւ մը վարդարան բռնած եկեղեցի կը մտնէ եւ ակնածութեամբ կը ծնրադրէ Մարիամի արձանին առջեւ։ Ափրիկէի մէջ, ընտանիք մը մեծայարգ ազգականի մը գերեզմանին ծայրը գիօղի կը թափէ։ Ամերիկաներուն մէջ, երիտասարդ մը ծոմ կը պահէ եւ կը խոկայ, յուսալով հաղորդակցութեան մէջ գալ իր այդպէս հաւատացած պահապան հրեշտակին հետ։ Ասիոյ մէջ, քահանայ մը գոյնզգոյն թուղթերէ շինուած իրեր կ’այրէ իբրեւ ընծայ նախահայրերու հոգիներուն։

ԱՅՍ անհատները հասարակաց ի՞նչ բան ունին։ Բոլորն ալ կը հաւատան թէ հոգեղէն ծիրին մէջ մտացի արարածներ կան, որոնց հետ կարելի է հաղորդակցիլ եւ որոնք կրնան մարդոց կեանքին խորապէս ազդել։ Անշուշտ այս համոզումը ո՛չ նոր է, ո՛չ ալ՝ զարմանալի։ Սակայն ինչ որ կը զարմացնէ, այն իրողութիւնն է, որ ա՛յսքան շատ հակասական կարծիքներ կան, թէ հոգեղէն ծիրին մէջ որո՛նք կ’ապրին։

Իսլամները մէկ Աստուած կը պաշտեն,– Ալլահ։ * Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, մարդիկ կ’ըսեն թէ Աստուած Երրորդութիւն է, կազմուած՝ Հայր Աստուծմէ, Որդի Աստուծմէ եւ Սուրբ Հոգի Աստուծմէ։ Պրահմանականները աւելի քան հազար աստուածներու եւ աստուածուհիներու գոյութեան կը հաւատան։ Ուրիշներ կ’ըսեն թէ հոգիները որոշ անասուններու, ծառերու, ժայռերու եւ առուակներու մէջ կը բնակին։ Տակաւին ուրիշներ կ’ազդուին բազմաթիւ գիրքերէ, շարժապատկերներէ եւ հեռատեսիլի յայտագիրներէ, որոնք կը խօսին հրեշտակներու եւ դեւերու, ոգիներու եւ ուրուականներու, աստուածներու եւ աստուածուհիներու մասին։

Ճիշդ ինչպէս որ աստուածներու եւ աստուածուհիներու մասին բազմազան ու հակասական կարծիքներ կան, նոյնպէս անոնց մօտենալու կերպին մասին բազմազան ու հակասական կարծիքներ կան։ Տրամաբանութիւնը մեզի կ’ըսէ որ բոլոր մօտեցումներն ալ չեն կրնար շիտակ ըլլալ։ Ասոր մասին հետեւեալ կերպով մտածէ. հեռաձայն մը ընելէ առաջ, պէտք է գիտնանք թէ որո՛ւ կը հեռաձայնենք եւ պէտք է վստահ ըլլանք թէ այս անհատը իրապէս գոյութիւն ունի եւ մեր հեռաձայնին պիտի պատասխանէ։ Երեւակայական անհատի մը հետ հաղորդակցիլ փորձելը անիմաստ պիտի ըլլայ։ Աւելի գէշը, խաբեբայի մը հետ հաղորդակցիլը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։

Արդ, հոգեղէն ծիրին մէջ իրապէս որո՞նք կ’ապրին։ Աստուածաշունչը ոչ միայն այս հարցումին կը պատասխանէ, այլ նաեւ կը բացատրէ թէ որո՛նց հետ պէտք է հաղորդակցինք եւ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք ակնկալել։ Շարունակէ կարդալ։ Թերեւս Աստուածաշունչին յայտնած բաները քեզ անակնկալի բերեն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 «Ալլահ» բառը անուն չէ, այլ պարզապէս կը նշանակէ «Աստուած»։