Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փրկանքը ինչպէ՛ս մեզ կ’ազատէ

Փրկանքը ինչպէ՛ս մեզ կ’ազատէ

Փրկանքը ինչպէ՛ս մեզ կ’ազատէ

«Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (ՅՈՎՀ. 3։36

1, 2. Սիօնի դիտարան–ի հրատարակութեան սկզբնական մէկ պատճառը ի՞նչ էր։

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ո՛չ մէկ բծախնդիր աշակերտ կրնայ չնկատել այն շեշտը, որ կը դրուի Քրիստոսի մահուան վրայ», նշեց այս պարբերաթերթին չորրորդ թիւը, հոկտեմբեր 1879–ին։ Այդ յօդուածը սա լուրջ խօսքով եզրափակեց. «Զգո՛յշ ըլլանք որեւէ բանէ, որ Քրիստոսի մահը որպէս պատարագ եւ մեղքի քաւութիւն ըլլալը կը նսեմացնէ կամ մէկ կողմ կը դնէ» (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։1, 2

2 Փրկանքի աստուածաշնչական ուսուցումը պաշտպանելը պատճառներէն մէկն էր, որով Սիօնի դիտարանը սկսաւ հրատարակուիլ յուլիս 1879–ին։ Անոր էջերը ‘ատենին տրուած կերակուր’ հայթայթեցին, քանի որ 1800–ական թուականներուն վերջաւորութեան, հետզհետէ աւելի դաւանեալ քրիստոնեաներ սկսան հարցականի տակ դնել, թէ Յիսուսի մահը ինչպէ՛ս կրնար մեր մեղքերուն համար փրկանք ըլլալ (Մատ. 24։45)։ Այդ ժամանակ շատեր զոհ կ’երթային բարեշրջութեան տեսութեան,– գաղափար մը՝ որ կը հակասէ այն իրողութեան, թէ մարդս կատարեալ վիճակէ ինկած է։ Բարեշրջականներ կը սորվեցնեն, թէ մարդս բնականաբար կը բարելաւուի եւ փրկանքի մը կարիքը չունի։ Արդ, յատկապէս տեղին է Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի յորդորը. «Քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան» (Ա. Տիմ. 6։20, 21

3. Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Կասկած չկայ թէ վճռած ես ‘հաւատքէն չմոլորիլ’։ Ասիկա իրագործելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ սա հարցումները նկատի առնես. ինչո՞ւ փրկանքի պէտքը ունիմ։ Փրկանքը ի՞նչ զոհողութիւններ պահանջեց։ Ինչպէ՞ս կրնամ օգտուիլ այս թանկագին կարգադրութենէն, որ կրնայ զիս ազատել Աստուծոյ բարկութենէն։

Աստուծոյ բարկութենէն ազատիլ

4, 5. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ բարկութիւնը ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան վրայ է։

4 Աստուածաշունչն ու պատմական իրողութիւնները ցոյց կու տան, թէ Ադամի մեղանչումէն ի վեր Աստուծոյ բարկութիւնը մարդկային ցեղին ‘վրայ եղած է’ (Յովհ. 3։36)։ Ասոր մէկ ապացոյցն է, որ ո՛չ ոք կրցած է մահուընէ խոյս տալ։ Սատանայի մրցակից գերիշխանութիւնը, մարդկութիւնը շարունակական աղէտներէ պաշտպանելու ամենեւին կարող չէ եղած, եւ մարդակերտ ո՛չ մէկ կառավարութիւն կրցած է իր բոլոր հպատակներուն հիմնական կարիքները լեցնել (Ա. Յովհ. 5։19)։ Հետեւաբար մարդկութիւնը կը շարունակէ պատերազմէ, ոճիրէ եւ աղքատութենէ տառապիլ։

5 Արդ, բացայայտ է թէ Եհովայի օրհնութիւնը ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան վրայ չէ։ Պօղոս ըսաւ թէ «Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ» (Հռով. 1։18-20)։ Ուստի, անոնք որոնք անզեղջօրէն անբարեպաշտ կեանք մը կը վարեն, իրենց վարքի հետեւանքները պիտի կրեն։ Ներկայիս, Աստուծոյ բարկութիւնը կը յայտարարուի դատաստանական պատգամներով, որոնք պատուհասներու պէս Սատանայի աշխարհին վրայ կը թափուին. եւ այսպիսի տեղեկութիւններ կը նշուին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր բազմաթիւ հրատարակութիւններուն մէջ (Յայտ. 16։1

6, 7. Օծեալ քրիստոնեաները ո՞ր գործին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն, իսկ Սատանայի աշխարհին մէկ մասը եղողներուն տակաւին ի՞նչ պատեհութիւն մատչելի է։

6 Արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞ թէ շա՜տ ուշ է, որ անհատներ Սատանայի տիրապետութենէն ձերբազատուին եւ Աստուծոյ հաճութիւնը վայելեն։ Ո՛չ, քանի որ Եհովայի հետ հաշտուելու դուռը տակաւին բաց է։ ‘Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն ընող’ օծեալ քրիստոնեաները առաջնորդութիւն կ’առնեն հանրային ծառայութեան մը մէջ, որուն միջոցով բոլոր ազգերէ մարդոց կ’աղերսեն. «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ» (Բ. Կոր. 5։20, 21

7 Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Յիսուս «կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն» (Ա. Թես. 1։10)։ Եհովայի բարկութեան այդ վերջնական արտայայտութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ՝ չզղջացող մեղաւորներու յաւիտենական բնաջնջումը (Բ. Թես. 1։6-9)։ Ո՞վ պիտի ազատի։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (Յովհ. 3։36)։ Այո, երբ այս դրութիւնը իր վախճանին հասնի, բոլոր անոնք՝ որոնք ողջ են ու հաւատք կ’ընծայեն Յիսուսի եւ փրկանքին, Աստուծոյ բարկութեան վերջին օրուան հետեւանքները պիտի չկրեն։

Փրկանքը ինչպէ՛ս կ’ազատէ

8. ա) Ադամ ու Եւա ի՞նչ հոյակապ հեռանկար ունէին։ բ) Եհովա ինչպէ՞ս ապացուցանեց թէ կատարեալ արդարութեան Աստուած է։

8 Ադամ ու Եւա կատարեալ ստեղծուեցան։ Եթէ անոնք Աստուծոյ հնազանդ մնային, այժմ երկրագունդը իրենց երջանիկ սերունդով լեցուած պիտի ըլլար, միասնաբար Դրախտին մէջ ապրելով։ Սակայն ցաւօք սրտի, մեր առաջին ծնողքը կամովին Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդեցաւ։ Որպէս արդիւնք, անոնք յաւերժական մահուան դատապարտուեցան ու սկզբնական Դրախտէն վտարուեցան։ Երբ Ադամ ու Եւա զաւակներ ունեցան, մեղքը արդէն մարդկութեան ազդած էր, եւ առաջին մարդն ու կինը ի վերջոյ ծերացան ու մեռան։ Ասիկա կ’ապացուցանէ թէ Եհովա իր խօսքին տէրն է։ Աւելին, ան կատարեալ արդարութեան Աստուած է։ Եհովա Ադամը զգուշացուցած էր, թէ արգիլուած պտուղէն ուտելը մահ պիտի պատճառէր,– եւ արդարեւ պատճառեց։

9, 10. ա) Ադամի զարմը ինչո՞ւ կը մեռնի։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք յաւերժական մահէն ազատիլ։

9 Ադամին զարմը ըլլալով, մենք անկատար մարմին մը ժառանգած ենք, որ մեղքի եւ ի վերջոյ մահուան ենթակայ է։ Երբ Ադամ մեղանչեց, մենք իր երանքին մէջ էինք, այլաբանօրէն խօսելով։ Հետեւաբար մահուան դատավճիռը մեզ պարփակեց։ Եթէ Եհովա մահուան ընթացքը յեղաշրջելու ըլլար՝ առանց փրկանք մը վճարուելու, ան իր խօսքին տէրը պիտի չըլլար։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս բոլորիս բերնով խօսեցաւ, երբ ըսաւ. «Գիտենք թէ օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն» (Հռով. 7։14, 24

10 Միայն Եհովա Աստուած կրնար հայթայթել օրինական հիմը, որով կրնար արդարացիօրէն մեր մեղքերը ներել ու յաւերժական մահուան պատիժէն մեզ ազատել։ Ան ասիկա ըրաւ, երկնքէն իր սիրելի Որդին ղրկելով, որպէսզի ծնի իբրեւ կատարեալ մարդ, որ կրնայ իր կեանքը տալ որպէս փրկանք մեզի համար։ Ադամին հակառակը, Յիսուս կատարեալ մնաց։ Արդարեւ, «ան մեղք չգործեց» (Ա. Պետ. 2։22)։ Այսպէս, Յիսուս կարելիութիւն ունէր կատարեալ մարդկային ցեղ մը մէջտեղ բերելու։ Սակայն փոխարէնը, ան թոյլ տուաւ Աստուծոյ թշնամիներուն որ զինք սպաննեն, որպէսզի կարենար Ադամի մեղաւոր զարմը որդեգրել եւ յաւիտենական կեանքը մատչելի դարձնել իրեն հաւատք ընծայողներուն։ Սուրբ Գրութիւնները կը բացատրեն. «Մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, որ իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ» (Ա. Տիմ. 2։5, 6

11. ա) Ինչպէ՞ս կարելի է լուսաբանել փրկանքին օգուտները։ բ) Փրկանքին օգուտները ո՞րքան հեռահաս են։

11 Փրկանքի ազատելու կերպը կարելի է լուսաբանել այն մարդոց կացութեամբ, որոնց բոլոր խնայողութիւնները շորթած է փտած դրամատուն մը, զիրենք պարտքի տակ դնելով։ Դրամատան սեփականատէրերը իրաւացիօրէն դատապարտուած են բանտարկութեան՝ երկար տարիներ։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այդ անմեղ զոհերուն մասին։ Աղքատանալէ ետք, անոնք իրենց պարագաներէն դուրս ելլելու միջոց մը չունին, բացի եթէ ազնիւ եւ հարուստ մարդ մը դրամատունը յանձն առնէ եւ բոլոր խնայողութիւնները զոհերուն վերադարձնէ ու պարտքերը ջնջէ։ Նոյն կերպով, Եհովա Աստուած եւ իր սիրելի Որդին, Ադամի սերունդը գնած են եւ Յիսուսի թափուած արեան հիման վրայ անոնց մեղքի պարտքը ջնջած են։ Այդ պատճառով է որ Յովհաննէս Մկրտիչ կրցաւ Յիսուսի մասին ըսել. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Մարդկութեան աշխարհը, որուն մեղքերը վերցուած են, կը պարփակէ ոչ միայն ողջերը, այլ նաեւ ննջեցեալները։

Փրկանքը ի՛նչ զոհողութիւններ պահանջեց

12, 13. Իսահակը զոհելու Աբրահամի կամեցողութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

12 Անկարելի է որ ըմբռնենք, թէ փրկանքը մեր երկնաւոր Հօրմէն եւ իր սիրելի Որդիէն ճիշդ ի՛նչ զոհողութիւններ պահանջեց։ Բայց Աստուածաշունչը կը նշէ փորձառութիւններ, որոնք մեզի կրնան օգնել այս հարցին շուրջ խոկալու։ Օրինակ՝ մտապատկերէ թէ Աբրահամ ինչպէ՛ս զգացած ըլլալու էր, մինչ երեք օր դէպի Մօրիա կը ճամբորդէր, հնազանդելով Աստուծոյ պատուէրին. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ» (Ծն. 22։2-4

13 Վերջապէս Աբրահամ որոշեալ վայրը հասաւ։ Մտածէ թէ ո՜րքան սրտաճմլիկ ըլլալու էր Աբրահամին, որ իր շինած զոհասեղանին վրայ Իսահակին ձեռքերն ու ոտքերը կապէր։ Աբրահամ ի՜նչ ցաւ զգալու էր, երբ դանակը բարձրացուց՝ իր որդի՛ն սպաննելու համար։ Երեւակայէ Իսահակի զգացումները, մինչ զոհասեղանին վրայ իր մահուան առաջնորդող խիստ ու սուր ցաւին կը սպասէր։ Եհովայի հրեշտակը յարմար ժամանակին միջամտեց։ Այդ առթիւ Աբրահամի եւ Իսահակի ըրածը մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ Եհովա ի՛նչ զոհողութիւններ ըրած ըլլալու էր, թոյլ տալով Սատանայի գործակալներուն որ Իր Որդին սպաննեն։ Իսահակի համագործակցութիւնը շատ լաւ կը լուսաբանէ Յիսուսի կամեցողութիւնը, որ մեզի համար տառապի ու մեռնի (Եբ. 11։17-19

14. Յակոբի կեանքին մէջ ո՞ր միջադէպը կրնայ մեզի օգնել, որ գնահատենք փրկանքին պահանջած զոհողութիւնները։

14 Փրկանքին պահանջած զոհողութիւնները նաեւ կարելի է լուսաբանել Յակոբի կեանքին մէջ պատահած միջադէպով մը։ Յակոբ աւելի շատ Յովսէփը կը սիրէր, քան՝ միւս որդիները։ Ցաւօք սրտի, Յովսէփի եղբայրները իրեն կը նախանձէին ու կ’ատէին։ Այսուհանդերձ, Յովսէփ յօժար էր իր հօր կողմէ ղրկուելու, որ իր եղբայրներուն որպիսութիւնը հարցնէ, որոնք Յակոբին հօտը կ’արածէին շրջանի մը մէջ, որ Քեբրոնի մէջ եղող իրենց տունէն շուրջ 100 քմ. հիւսիս կը գտնուէր։ Երեւակայէ թէ Յակոբ ինչպէ՛ս զգաց, երբ իր որդիները վերադարձան Յովսէփի արիւնաթաթախ պատմուճանով։ Ան բացագանչեց. «Իմ որդիիս պատմուճանն է, չար գազան մը կերած է զանիկա։ Յովսէփ անշուշտ գիշատուեցաւ»։ Այս բոլորէն մեծապէս ազդուելով, Յակոբ Յովսէփին համար շատ օրեր սուգ ըրաւ (Ծն. 37։33, 34)։ Եհովա անկատար մարդոց նման չի հակազդեր կացութիւններուն։ Բայց Յակոբի այս փորձառութեան վրայ խորհրդածելը կրնայ մեզի օգնել որ որոշ չափով ըմբռնենք, թէ Աստուած ինչպէ՛ս զգացած ըլլալու էր, երբ իր սիրելի Որդին երկրի վրայ գէշ վերաբերմունքի ենթարկուեցաւ եւ անգութ կերպով սպաննուեցաւ։

Փրկանքէն օգտուիլ

15, 16. ա) Եհովա ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ փրկանքը ընդունեց։ բ) Փրկանքէն ինչպէ՞ս օգտուած ես։

15 Եհովա Աստուած իր հաւատարիմ Որդին յարուցանեց հոգեղէն փառահեղ մարմնով (Ա. Պետ. 3։18)։ Յարուցեալ Յիսուս 40 օր իր աշակերտներուն երեւցաւ. անոնց հաւատքը ամրապնդեց եւ հսկայ աւետարանչութեան մը համար զիրենք պատրաստեց։ Ետքը ան երկինք համբարձաւ, ուր Աստուծոյ ներկայացուց իր թափուած արեան արժէքը, որպէսզի գործածուի ի նպաստ իր ճշմարիտ հետեւորդներուն, որոնք հաւատք կ’ընծայեն իր փրկանքի զոհին արժէքին։ Եհովա Աստուած ցոյց տուաւ, թէ Քրիստոսի փրկանքը ընդունեց, զինք նշանակելով որ սուրբ հոգին թափէ իր աշակերտներուն վրայ, որոնք մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած էին (Գործք 2։33

16 Քրիստոսի այս օծեալ հետեւորդները անմիջապէս սկսան հայրենակիցները յորդորել, որ Աստուծոյ բարկութենէն ազատին, մկրտուելով Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ իրենց մեղքերուն թողութեան համար (կարդալ՝ Գործք 2։38-40Այդ պատմական օրէն մինչեւ այսօր, Աստուած բոլոր ազգերէ միլիոնաւորներ իրեն քաշած է, որոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին կը հաւատան (Յովհ. 6։44)։ Իսկ այժմ, նկատի առնենք յաւելեալ երկու հարցումներ. մեր բարի գործերուն համա՞ր է, որ յաւիտենական կեանքի յոյսը ստացանք։ Անգամ մը որ այս սքանչելի յոյսը ստացանք, կարելի՞ է որ զայն կորսնցնենք։

17. Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու սքանչելի օրհնութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատես։

17 Ո՛չ ոք փրկանքին արժանի է։ Բայց ներկայիս միլիոնաւորներ անոր հաւատք ընծայելով Աստուծոյ բարեկամներ դարձած են, դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենալով։ Սակայն Եհովայի բարեկամներ ըլլալը երաշխիք չէ, թէ պիտի շարունակենք այս փոխյարաբերութիւնը վայելել։ Աստուծոյ բարկութեան ապագայ օրուընէ խոյս տալու համար, յարատեւաբար պէտք է ցոյց տանք, թէ խորապէս կը գնահատենք «Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնը» (Հռով. 3։24. կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։12

Շարունակէ՛ փրկանքին հաւատք ընծայել

18. Փրկանքին հաւատք ընծայելը ի՞նչ կը պարփակէ։

18 Այս յօդուածին գլխաւոր համարը՝ Յովհաննէս 3։36–ը ցոյց կու տայ, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատալը կը պարփակէ՝ իրեն հնազանդ ըլլալ։ Փրկանքը գնահատելը մեզ պիտի մղէ որ Յիսուսի ուսուցումներուն հետ ներդաշնակ կեանք մը վարենք, ի ներառեալ՝ ինչ որ սորվեցուց բարոյականութեան մասին (Մար. 7։21-23)։ «Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ» բոլոր անոնց վրայ, որոնք անզեղջօրէն միջամուխ կ’ըլլան այնպիսի սովորութիւններու, ինչպէս՝ պոռնկութիւն, խեղկատակութիւն եւ «ամէն կերպ պղծութիւն», որ կը պարփակէ՝ յարատեւ պոռնկագրութիւն դիտել (Եփ. 5։3-6

19. Ի՞նչ դրական կերպերով կրնանք փրկանքին հանդէպ մեր հաւատքը ցոյց տալ։

19 Փրկանքը գնահատելը մեզ «բարեպաշտ» գործերով զբաղած պէտք է պահէ (Բ. Պետ. 3։11)։ Բաւական ժամանակ տրամադրենք՝ կանոնաւոր ու ջերմեռանդ աղօթքի, Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան, ընտանեկան պաշտամունքի, ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար քարոզելու։ Իսկ ‘բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը չմոռնանք, վասնզի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի’ (Եբ. 13։15, 16

20. Ի՞նչ ապագայ օրհնութիւն կրնան ակնկալել անոնք, որոնք կը շարունակեն փրկանքին հաւատք ընծայել։

20 Երբ Եհովայի բարկութիւնը այս իրերու ամբարիշտ դրութեան վրայ թափի, ո՜րքան ուրախ պիտի ըլլանք որ փրկանքին հաւատացած ու զայն յարատեւ գնահատած ենք։ Իսկ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ, առյաւէտ երախտապարտ պիտի ըլլանք այս հիանալի կարգադրութեան համար, որ մեզ Աստուծոյ բարկութենէն ազատեց (կարդալ՝ Յովհաննէս 3։16. Յայտնութիւն 7։9, 10, 13, 14

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ փրկանքին կարիք ունինք։

• Փրկանքը ի՞նչ զոհողութիւններ պահանջեց։

• Փրկանքը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

• Յիսուսի փրկանքի զոհին ինչպէ՞ս հաւատք կ’ընծայենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Եհովայի հետ հաշտուելու դուռը բաց է

[Նկարներ՝ էջ 23]

Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ կապ ունեցող այս միջադէպերուն վրայ խորհրդածելը կրնայ մեզի օգնել, որ գնահատենք փրկանքին պահանջած մեծ զոհողութիւնները