Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Քրիստոս. անոր պատգամին տարողութիւնը

Յիսուս Քրիստոս. անոր պատգամին տարողութիւնը

Յիսուս Քրիստոս. անոր պատգամին տարողութիւնը

«Վստահաբար, Կափառնայումի գիտունին ի նպաստ եղած ամէնէն մնայուն վկայութիւնը այն է, թէ ան կը շարունակէ մարդոց սրտերուն ու մտքերուն քաղցրօրէն տիրապետել» * (ՀԵՂԻՆԱԿ ԿՐԷԿ ԻՍԹՐՊՐՈՒՔ)։

ԲԱՌԵՐԸ զօրութիւն ունին։ Իմաստութեան լաւ ընտրուած բառերը կրնան սրտեր խթանել, յոյս ներշնչել ու կեանքեր փոխել։ Ցարդ ո՛չ ոք խօսքով աւելի զօրաւոր եղած է, քան՝ Յիսուս Քրիստոս։ Յիսուսի հանրածանօթ Լերան քարոզը լսող մը, յետագային գրեց. «Երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ» (Մատթէոս 7։28

Մինչեւ օրս, աշխարհի չորս կողմը մարդիկ գիտեն Յիսուսի շատ մը խօսքերը։ Նկատի առ իր իմաստալից խօսքերէն քանի մը հատը։

«Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Մատթէոս 6։24

«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12

«Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատթէոս 22։21

«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35

Բայց Յիսուս յիշատակելի խօսքեր ըսելէն աւելին ըրաւ։ Իր քարոզած պատգամը զօրութիւն ունէր, քանի որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը հաղորդեց, մարդոց սորվեցուց ինչպէ՛ս կեանքի մէջ իսկական իմաստ մը գտնել, եւ բացայայտօրէն նշեց մարդկային բոլոր տառապանքներուն դարմանը,– Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Մինչ յաջորդ էջերուն մէջ այս պատգամը կը քննարկենք, պիտի տեսնենք թէ Յիսուս ինչո՛ւ կը շարունակէ միլիոնաւոր մարդոց «սրտերուն ու մտքերուն քաղցրօրէն տիրապետել»։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Կափառնայումը կը նկատուէր Յիսուսի բնագաւառը, Գալիլիոյ նահանգին մէջ (Մարկոս 2։1