Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞րապէս երեք մոգեր մանկիկ Յիսուսի այցելեցին

Ի՞րապէս երեք մոգեր մանկիկ Յիսուսի այցելեցին

Ընթերցողները կը հարցնեն

Ի՞րապէս երեք մոգեր մանկիկ Յիսուսի այցելեցին

Մատթէոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները Յիսուսի ծնունդը կը ժամանակագրեն։ Այս արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ երբ Յիսուս ծնաւ, միայն մօտակայ դաշտերէն համեստ հովիւներ իրեն այցելեցին։ Աստուածաշունչը չի նշեր մոգերուն թիւը։ Երբ անոնք Յիսուսի քով հասան, ան մսուրի մէջ նորածին մը չէր, հապա մանուկ մըն էր, որ տան մէջ կ’ապրէր։ Անոնց ներկայութիւնը նոյնիսկ Յիսուսի կեանքը վտանգեց։

Ուշադրութեամբ կարդա՛ Յիսուսի ծնունդին պատմութիւնը, ինչպէս որ Ղուկաս գրեց. «Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։ Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու. . . ըսաւ անոնց. ‘. . . Մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած’։ . . .[Հովիւները] գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը» (Ղուկաս 2։8-16

Միայն Յովսէփ, Մարիամ եւ հովիւները ներկայ էին նորածին Յիսուսի հետ։ Ղուկասի տեղեկագրութեան մէջ ուրիշ ո՛չ ոք նշուած է։

Այժմ քննէ Մատթէոս 2։1-11–ը. «Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, . . .տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ»։

Նկատէ թէ արձանագրութիւնը կը նշէ միայն «մոգեր» եւ ոչ թէ «երեք մոգեր», եւ թէ անոնք նա՛խ արեւելքէն դէպի Երուսաղէմ ուղղուեցան, եւ ոչ թէ Յիսուսի ծննդավայրը՝ Բեթլեհէմ։ Երբ անոնք ի վերջոյ Բեթլեհէմ հասան, Յիսուս «մանուկ» մըն էր եւ ոչ թէ նորածին մը, ու տան մը մէջ կը գտնուէր եւ ոչ թէ մսուրի մը մէջ։

Ըստ A Handbook on the Gospel of Matthew գիրքին, «մոգեր» թարգմանուած յունարէն բառը «սկիզբը կ’ակնարկէր պարսիկ քուրմերու, որոնք հմուտ աստղաբաշխներ էին»։ Իսկ The Expanded Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words աշխատասիրութիւնը այս բառը կը սահմանէ որպէս «կախարդ, վհուկ, կախարդական կարողութիւններ ունենալ դաւանող, կախարդական արուեստներու ուսուցչապետ»։

Թէեւ աստղաբաշխութիւնն ու կախարդութիւնը տակաւին ժողովրդական են, բայց Աստուածաշունչը անոնց գործածութիւնը կը դատապարտէ (Եսայի 47։13-15)։ Անոնք ոգեհարցութեան տեսակներ են ու սովորութիւններ՝ զորս Եհովա Աստուած կ’ատէ (Բ. Օրինաց 18։10-12)։ Այս պատճառաւ Աստուծոյ կողմէ ո՛չ մէկ հրեշտակ Յիսուսի ծնունդը յայտարարեց մոգերուն։ Սակայն աստուածային միջամտութեամբ, երազի մը մէջ անոնց ըսուեցաւ որ չվերադառնան չար Հերովդէս թագաւորին, որ կը ջանար Յիսուսը սպաննել։ Ուստի անոնք «ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը» (Մատթէոս 2։11-16

Ճշմարիտ քրիստոնեաները պիտի ուզէի՞ն յաւերժացնել առասպելական Ծնունդ մը, որ Յիսուսի ծնունդին վերաբերեալ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրէ։ Վստահաբար ոչ։