Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընտանեկան կեանքին մասին

Ընտանեկան կեանքին մասին

Յիսուսէն ի՛նչ կը սորվինք

Ընտանեկան կեանքին մասին

Ամուսնութեան նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ընտանիքները կ’երջանկացնէ

Ամուսնութիւնը սրբազան կապ մըն է։ Երբ Յիսուսի հարցուեցաւ, թէ արդեօք ամուսնալուծումը արտօնելի էր կամ ոչ, ան պատասխանեց. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ. ‘Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին’։ Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է։ . . .Ո՛վ որ կ’արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ու կ’ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ’ընէ» (Մատթէոս 19։4-6, 9, ԱԾ)։ Երբ ամոլ մը Յիսուսի խրատին հետեւի եւ իրարու հաւատարիմ մնան, ընտանիքի բոլոր անդամները ապահով եւ երջանիկ կը զգան։

Աստուծոյ սէրը ինչո՞ւ ընտանիքները կ’երջանկացնէ

Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը»։ Ի՞նչ է երկրորդ մեծ պատուիրանը։ Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ [ի ներառեալ քեզի ամենամօտ եղողը՝ ընտանիքդ] սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22։37-39)։ Ուստի Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալը՝ ընտանեկան երջանկութեան բանալին է, քանի որ Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ զիրար սիրելու։

Ամուսինը եւ կինը ի՞նչպէս կրնան զիրար երջանկացնել

Ամուսինը իր կինը կ’երջանկացնէ, երբ Յիսուսի օրինակին կը հետեւի։ Ան իր այլաբանական կնոջ՝ ժողովքին հանդէպ անձնուրաց սէր ունէր (Եփեսացիս 5։25)։ Յիսուս ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու» (Մատթէոս 20։28)։ Յիսուս իր հոգատարութեան յանձնուած անհատներուն հետ երբեք բռնակալօրէն կամ բրտօրէն չվարուեցաւ, այլ՝ զանոնք թարմացուց (Մատթէոս 11։28)։ Հետեւաբար ամուսինը պէտք է իր հեղինակութիւնը ազնուօրէն գործադրէ, յօգուտ ընտանիքի բոլոր անդամներուն։

Կինն ալ կրնայ Յիսուսի օրինակէն օգտուիլ։ «Քրիստոսին գլուխը Աստուած է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ Անիկա նաեւ կը նշէ, թէ «կնոջ գլուխը այր մարդն է» (Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Յիսուս Աստուծոյ հպատակիլը իր արժէքէն նուազեցնող բան մը չնկատեց։ Ան իր Հօր հանդէպ խոր յարգանք ունէր։ «Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ», ըսաւ Յիսուս (Յովհաննէս 8։29)։ Այն կինը, որ Աստուած սիրելով ու յարգելով՝ իր ամուսինին գլխաւորութեան կ’ենթարկուի, իր ընտանեկան կեանքը երջանիկ դարձնելու մէջ մեծ դեր կը խաղայ։

Ծնողներ երեխաներու նկատմամբ Յիսուսի տեսակէտէն ի՞նչ կրնան սորվիլ

Յիսուս երեխաներու հետ ժամանակ անցուց եւ անոնց մտածումներով ու զգացումներով հետաքրքրուած էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս իր մօտ կանչեց մանուկները եւ ըսաւ. ‘Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան’» (Ղուկաս 18։15, 16, Անթիլիաս)։ Առիթով մը, մարդիկ քննադատեցին կարգ մը մանուկներ, որոնք Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքին մասին հանրապէս կը խօսէին։ Բայց Յիսուս այդ երեխաները գովեց, զանոնք քննադատողներուն ըսելով. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’» (Մատթէոս 21։15, 16

Երեխաները Յիսուսէն ի՞նչ կրնան սորվիլ

Յիսուս հոգեւոր բաներով հետաքրքրուելու մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ երեխաներուն։ Երբ 12 տարեկան էր, «տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր»։ Արդիւնքը ի՞նչ էր։ «Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկաս 2։42, 46, 47)։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի գիտութիւնը զինք ինքնահաւան չդարձուց։ Փոխարէն, անիկա պատճառ եղաւ որ իր ծնողքը յարգէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնց հնազանդ էր» (Ղուկաս 2։51

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 14–րդ գլուխը։ *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։