Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

3. Ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունէ

3. Ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունէ

Ի՛նչպէս կրնաս Աստուածաշունչը հասկնալ

3. Ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունէ

Երբ երկրախոյզ Էտուարտ Ճոն Էյր ամայի Նուլըպոր դաշտին մէջ կը շրջէր, տեղացի նախաբնիկներ իրեն սորվեցուցին ի՛նչպէս աւազաբլուրէն եւ եւկալիպտոսէն ջուր հաւաքել։ Շրջանին քաջածանօթ եղող անհատներուն օգնութիւնը ընդունիլը, յետագային Էյրին կեանքը փրկեց։

ԻՆՉՊԷՍ այս օրինակը ցոյց կու տայ, դժուար ձեռնարկ մը յաջողապէս ամբողջացնելը յաճախ կը պահանջէ աւելի փորձառու անհատի մը օգնութիւնը։ Նոյնն է պարագան, երբ կը սկսիս Աստուածաշունչը կարդալ։

Յիսուս չակնկալեց որ իր հետեւորդները Աստուածաշունչը հասկնան առանց ուրիշներու օգնութեան։ Առիթով մը, ան «անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան» (Ղուկաս 24։45)։ Յիսուս գիտակցեցաւ թէ Աստուածաշունչի ընթերցողները օգնութեան կարիք ունին, որպէսզի աստուածաշնչական ուսուցումները հասկնան։

Որոնցմէ՞ օգնութիւն ստանալ

Յիսուս իր հարազատ հետեւորդներուն յանձնարարեց, որ այս օգնութիւնը մատուցանեն։ Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։19, 20)։ Քրիստոնեաներուն գլխաւոր գործը կը պարփակէ ուսուցանել, որ կ’ընդգրկէ բացատրել՝ թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՛նչպէս կրնան առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկուիլ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ուրիշներուն կ’օգնեն Աստուածաշունչը հասկնալու։

Յիսուսի հետեւորդները այդ յանձնարարութիւնը ստանալէն քիչ ետք, գրաւիչ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ։ Աստուածաշունչը կը պատմէ եթովպիացի պալատականի մը մասին, որ Եսայիի մարգարէութեան մէկ հատուածը կը կարդար։ Ան չհասկցաւ հետեւեալ համարները. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ. իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի» (Գործք 8։32, 33. Եսայի 53։7, 8

Բարձրաստիճան պաշտօնեան հարցուց Փիլիպպոսի,– փորձառու քրիստոնեայ մը, որ Սուրբ Գրութիւններուն քաջածանօթ էր. «Մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար» (Գործք 8։34)։ Անկեղծ եթովպիացին արդէն Երուսաղէմ գացած էր պաշտամունք մատուցանելու, եւ հաւանաբար առաջնորդութեան համար աղօթած էր։ Բացայայտ է որ ան խանդավառ ու հեզ կեցուածքով կը կարդար։ Այսուհանդերձ ան չկրցաւ այս հատուածը հասկնալ։ Խոնարհաբար, ան Փիլիպպոսի օգնութիւնը հայցեց։ Փիլիպպոսի բացատրութիւնը ա՛յնքան ուրախացուց զինք, որ մղուեցաւ քրիստոնեայ մը ըլլալու (Գործք 8։35-39

Եհովայի վկաները Փիլիպպոսի եւ նախկին քրիստոնեաներու նոյն գործը կը կատարեն։ Աւելի քան 235 երկիրներու մէջ, Վկաները կամաւորաբար ուրիշներուն կ’օգնեն հասկնալու ի՛նչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ։ Անոնք ասիկա կ’ընեն, Սուրբ Գրութիւնները նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրելով։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան այս յառաջդիմական մեթոտը կը պարփակէ՝ վերլուծել ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որոշ նիւթի մը շուրջ (տե՛ս « Գոհացուցիչ պատասխաններ՝ աստուածաշնչական հարցումներու» շրջանակը)։ *

«Բոլոր հարցումներս պատասխանուեցան»

Բացման յօդուածին մէջ նշուած Սթիվընը, Պալպաներան եւ Ճօ–Էնը, սկսան Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Սթիվըն կ’ըսէ. «Հետաքրքրաշարժ էր նկատել թէ ի՛նչպէս կարգ մը աստուածաշնչական սկզբունքներ կամ դէպքեր իրարու հետ համեմատելով, յաճախ հարցի մը շուրջ ճշմարտութիւնը երեւան կ’ելլէ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէս առաջ, ո՛չ ոք այս մեթոտը ինծի բացատրած էր։ Մեծապէս հանգստացայ, տեսնելով որ Աստուածաշունչը անվերջ բանավէճերու եւ հակասական կարծիքներու գիրք մը չէ»։

Պալպաներա համաձայն գտնուելով՝ կ’ըսէ. «Ամէն բան շատ միահամուռ ու տրամաբանական էր։ Գաղափարները շիտակ էին, ո՛չ թէ քանի որ ‘եկեղեցին’ այդպէս կ’ըսէր, այլ՝ քանի որ ամէն բանի համար տրամաբանական բացատրութիւն կը ներկայացուէր»։ Իսկ Ճօ–Էն կը պատմէ. «Այն իրողութիւնը, թէ Աստուածաշունչով բոլոր հարցումներս պատասխանուեցան, մէջս յառաջացուց ակնածանք ու խոր յարգանք Հեղինակին հանդէպ, որ խորաթափանցութեամբ մարդկային որեւէ հարցումի համար յարմար պատասխան մը արձանագրած է»։

Եհովայի վկայ մը կը ճանչնա՞ս։ Ինչո՞ւ չխնդրես որ քեզի ցոյց տայ, թէ այս ուսումնասիրութիւնը ի՛նչպէս կը վարուի։ Եթէ անձամբ Եհովայի վկայ մը չես ճանչնար, հաճիս գրէ այս պարբերաթերթին 2–րդ էջին վրայ գտնուող հասցէներէն մէկուն։ Աստուծոյ սուրբ հոգին, լայնամտութիւնը եւ Աստուածաշունչի որակեալ ուսուցիչի մը օգնութիւնը, ազդակներ են՝ որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը քեզի համար գոց գիրք մը չըլլայ։ Արդարեւ կրնա՛ս Աստուածաշունչը հասկնալ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած Ի՞նչ է սովորեցնում Աստվածաշունչը իրականում գիրքը, շատերու օգնած է որ Սուրբ Գրութիւնները նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրեն։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 8]

 Գոհացուցիչ պատասխաններ՝ աստուածաշնչական հարցումներու

Կարգ մը թեմաներ, զորս Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան իրենց յայտագրին մէջ նկատի կ’առնեն.

• Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրի առնչութեամբ։

• Ո՞ւր են մեռելները։

• Արդեօք «վերջին օրերուն» մէ՞ջ ենք։

• Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։

• Ի՞նչպէս կրնամ ընտանեկան կեանքս երջանիկ դարձնել։

[Նկարներ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը հասկնալու համար՝ աղօթքով Աստուծոյ հոգին խնդրէ, լայնամտութեամբ կարդա՛ եւ ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունէ