Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գործնական ուղեցոյց մը փնտռել

Գործնական ուղեցոյց մը փնտռել

Գործնական ուղեցոյց մը փնտռել

ԱՅԺՄ բազմաթիւ խրատներ դիւրամատչելի են։ Ինքնօգնութեան հրատարակութիւններուն առեւտուրը արագօրէն կը բարգաւաճի։ Տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Բրիտանիա, Լատին Ամերիկա, Ճափոն եւ Միացեալ Նահանգներ, ինքնաբարելաւման յատուկ գիրքերը ամենաշատ ծախուած գիրքերն են։ Ինքնաշխատութեան հետ կապ ունեցող տեսաերիզներ, դասախօսաշարեր եւ հեռատեսիլի յայտագիրներ, ա՛լ աւելի ժողովրդական կը դառնան։ Անոնց գրաւչութիւնը կը կայանայ այն գաղափարին մէջ, թէ կրնաս խնդիրներդ անձամբ լուծել, առանց դիմելու հոգեբանի, ամուսնական խրատատուի կամ կրօնաւորի մը։ Այս ուղեցոյցները ի՞նչ մարզեր կը ծածկեն։

Ի միջի այլոց, ամէնէն ժողովրդական թեմաներն են՝ անհատական իրագործում, գոհացուցիչ սէր եւ երեխաներ մեծցնել։ Նաեւ սովորական նիւթ է՝ ընկճուածութեան, կսկիծի եւ ամուսնալուծման հետեւանքներուն հետ գլուխ ելլելը։ Իսկ շատակերութեան, ծխախոտի գործածութեան ու գինեմոլութեան խնդիրներուն շուրջ մեծապէս կը փնտռուին խրատները։ Ներկայացուած ցուցմունքները գործնակա՞ն են։ Երբեմն այո՛, բայց յաճախ՝ ո՛չ։ Հետեւաբար խոհեմութիւն է Աստուածաշունչի զգուշացումը նկատի առնել. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15

Ինքնաբարելաւման ուղեցոյցները շատ տարբեր են այն ձեռագիրքերէն, որոնք հմտութիւններ կը սորվեցնեն, ինչպէս՝ լուսանկարչութիւն, հաշուապահութիւն կամ լեզուներ։ Մասնայատուկ դասընթացքներու հետեւելու տեղ, այսպիսի ձեռագիրքեր կրնան պիտանի եւ աժան փոխընտրութիւն մը ըլլալ։ Իսկ ինքնօգնութեան հրատարակութիւնները,– ըլլան առեւտուրի, ամուսնութեան, ծնողութեան կամ մտային առողջութեան շուրջ,– տարբեր են։ Անոնք սովորաբար կը յանձնարարեն որոշ ապրելակերպ կամ կը ջատագովեն որոշ փիլիսոփայութիւններ։ Ուստի խոհեմութիւն է հարց տալ. ‘Ո՞վ է խրատատուն եւ ի՞նչ է անոր տեղեկութիւններուն աղբիւրը’։

Մասնագէտներ միշտ իրենց կարծիքները չեն հիմներ բծախնդրաբար ձեռք ձգուած ապացոյցներու վրայ։ Ոմանք կու տան այն խրատը, որ կրնայ շատ ծախուիլ, գիտակցելով թէ մեծ գումար կը շահուի, եթէ մարդոց ըսուի ի՛նչ որ կ’ուզեն լսել։ Արդարեւ, միայն մէկ երկրի մէջ, ինքնօգնութեան հրատարակութիւնները ամէն տարի աւելի քան ութ միլիառ տոլար շահ կը բերեն։

Ինքնօգնութեան ուղեցոյցները ո՞րքան գործնական են

Երբ ինքնօգնութեան ուղեցոյցներու կը դիմես, կ’ակնկալես գործնական խրատներ գտնել։ Սակայն երբեմն, գտածդ մակերեսային կամ վերացական է։ Սովորաբար այսպիսի ուղեցոյցներ քեզի կ’ըսեն. ‘Եթէ միայն դրականօրէն մտածես, պիտի յաջողիս։ Ի՛նչ որ ալ ուզես,– դրամ, առողջութիւն կամ գոհացուցիչ յարաբերութիւն,– ձեռք պիտի ձգես, եթէ դրականօրէն մտածես’։ Այսպիսի խրատներ գործնակա՞ն են։ Անոնք քեզի պիտի օգնե՞ն կեանքի իրողութիւններն ու յուսախաբութիւնները դիմագրաւելու։

Օրինակ, նկատի առ յարաբերութիւններու եւ ամուսնութեան շուրջ գրուած գիրքերը, որոնք մեծապէս ժողովրդական են։ Անոնք մարդոց կ’օգնե՞ն, որ երջանիկ ու կայուն ընտանիքներ կազմեն։ Ո՛չ միշտ։ Գրադատի մը համաձայն, սիրոյ շուրջ գրուած դիւրուսոյց գիրքեր, որոնք Լատին Ամերիկայի մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, «ընթերցողներուն կը սորվեցնեն ի՛նչպէս առողջ յարաբերութիւններ ստեղծել եւ ինքնահամարում կերտել»։ Անոնց հեղինակը կը դաւանի, թէ անհատ մը անյաջող յարաբերութեան մէջ մնալով՝ իր անձին կը դաւաճանէ։ Հիմնական պատգամը. կարեւոր բանը այն է՝ թէ անհատը ընէ ի՛նչ որ իրեն համար հաճելի է, քան թէ իր խնդիրները զատորոշէ ու ջանայ լուծել։

Ճիշդ է որ ինքնօգնութեան ուղեցոյցները կրնան կարգ մը լաւ խրատներ բովանդակել։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կրնան վնասակար խրատներ ալ տալ։ Մասնագէտ մը կրնայ որոշ նիւթի շուրջ օգտակար թելադրութիւններ տալ, մինչ այլ նիւթի մը նկատմամբ իր տուած խրատները կրնան հարցերը բարդացնել։ Այս ուղեցոյցներուն մատուցած բազմաթիւ՝ եւ յաճախ հակասական՝ կարծիքները հետազօտելը անկարելի է։ Որո՞ւ խրատին կրնաս վստահիլ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Խրատը ուշադրութեամբ հետազօտուա՞ծ է, թէ ոչ՝ հեղինակին կամայական կարծիքն է։ Հարստութեան կամ երեւելիութեան հետամուտ ըլլալը, ո՞ր տարողութեամբ հեղինակին ուղղամտութեան ազդած է’։

Աստուածաշունչը օգտաշատ ուղեցոյց մըն է, որ ժամանակավրէպ երբեք չէ դարձած։ Անիկա դիւրուսոյց գիրքերուն նկատի առած բազմաթիւ նիւթերուն շուրջ գործնական խրատներ կը մատուցանէ։ Անիկա միլիոնաւորներ մղած է սա խրատին անսալու. «Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։2)։ Աստուածաշունչը խորատեսութիւն կու տայ, որ մեր խնդիրներուն պատճառները ըմբռնենք, եւ մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս անոնց հետ գլուխ ելլել։ Ամէնէն կարեւորը, անիկա զօրաւոր շարժառիթ կու տայ, որ շիտակը ընենք։ Յաջորդ յօդուածը այս կէտերը կը մանրամասնէ։