Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դուն քեզ պաշտպանէ չար ոգիներէն

Դուն քեզ պաշտպանէ չար ոգիներէն

Դուն քեզ պաշտպանէ չար ոգիներէն

ՃԷՅՄՍ մեծցած էր Սողոմոնի Կղզիներուն պատկանող Մալայթա կղզիին հեռաւոր մէկ շրջանին մէջ։ Իր պատանեկութենէն ի վեր, իրեն սորվեցուցին ոգիները պատուել։ Ան կ’ըսէ. «Երբեք միտքէս չէր անցներ ոգիներէն խնդրել որ ուրիշներուն վնաս հասցնեն, բայց չէի խորհեր որ կարելի է երջանիկ կեանք ունենալ առանց ռարաֆոնօ * գործածելու, վնասէ պաշտպանուելու համար»։

Ինչպէս որ է պարագան աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ, Սողոմոն Կղզիներու բնակիչները կը հաւատան թէ ոգիները կրնա՛ն անհատին օգնել կամ վնասել։ Իրականութեան մէջ, բազմաթիւ մէլանէզեացիներ այդպէս կոչուած բարեսէր ոգիներու հանդէպ խանդաղատանք ունին եւ ո՛չ թէ վախ։

Ոգիներու գործունէութեան հաւատալը այլազան կերպերով կը դրսեւորուի։ Օրինակ, երբ Ճէյմս դեռատի էր, իր գիւղին կիները իրենց զաւակները հապճեպով տուն կը մտցնէին, ամէն անգամ որ քորոքորօ թռչունին կանչը լսէին։ ինչո՞ւ։ Անոնք կը հաւատային թէ այս թռչունին կանչը կը նշանակէր թէ անհատ մը վնասուելու վրայ է։

Կարգ մը գիւղացիներ իրենց տան մուտքին վերը կը դնեն մասնայատուկ ճերմակ քար մը։ Ճէյմս ասիկա ըրաւ, համոզուած ըլլալով թէ քարը վնասարար ոգիներէ զինք պիտի պաշտպանէր։ Իսկ երբ գործի դադարին ճաշէր, Ճէյմս որեւէ աւելցուք կը հաւաքէր ու տոպրակի մը մէջ կը պահէր, որպէսզի ետքը զայն թափէր։ Անոր գլխաւոր մտահոգութիւնն էր, որ կախարդ մը այդ աւելցուքները գտնէր ու զանոնք գործածելով հմայութիւն ընէր, որպէսզի զինք հիւանդացնէր։

Թէեւ այս մասնայատուկ սովորութիւնները կրնան շրջանիդ մէջ սովորական չըլլալ, բայց թերեւս Ճէյմսի նման խորհած ես, թէ աւանդական սովորութիւններու պէտք է հետեւիս, չար ոգիներէ պաշտպանուելու համար։ Թերեւս համոզուած ես թէ այսպիսի սովորութիւններու յարիլը, բարօրութեանդ համար էական է։

Եթէ Աստուածաշունչը կը յարգես, անկասկած կ’ուզես գիտնալ անոր պատասխանը հետեւեալ հարցումներուն. 1) Չար ոգիները ի՞նչ վնաս կրնան քեզի հասցնել։ 2) Կարգ մը աւանդական սովորութիւններու հետեւիլը կրնա՞յ պատճառ ըլլալ, որ դեւերուն ազդեցութեան ներքեւ գաս։ 3) Ի՞նչպէս կրնաս չար ոգիներէ իսկապէս պաշտպանուիլ եւ երջանիկ ըլլալ։

Չար ոգիները ի՛նչպէս վնաս կը հասցնեն

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ կարելի չէ որ չար ոգիները մեռեալներու հոգիներն ըլլան։ «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը (Ժողովող 9։5)։ Իրականութեան մէջ, չար ոգիները ըմբոստ հրեշտակներ են, որոնք Սատանայի հետ կը փորձեն մարդկութիւնը մոլորեցնել (Յայտնութիւն 12։9

Սուրբ Գրութիւնները բացայայտօրէն կ’ըսեն թէ չար ոգիներէն պաշտպանուելու կարիք ունինք։ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի քրիստոնեաներուն գրեց. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա. . . երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ Պետրոս առաքեալ բոլոր չար ոգիներուն իշխանը՝ Բանսարկուն, նկարագրեց իբրեւ ‘մռնչող առիւծ, որ կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ’ (Եփեսացիս 6։12. Ա. Պետրոս 5։8

Սատանան վնաս կը հասցնէ գլխաւորաբար մարդիկը մոլորեցնելով,– զանոնք խաբելով կամ մղելով որ Աստուած ընդվզեցնող կերպով մը վարուին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Սատանան «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ» (Բ. Կորնթացիս 11։14)։ Ան կը ձեւացնէ պահապան ոգի մը ըլլալ, մինչ կը ձգտի չարիք գործելու։ Սատանան մարդոց միտքերը կը կուրցնէ, որպէսզի իր մասին եւ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը չգիտնան (Բ. Կորնթացիս 4։4)։ Ան ի՞նչ նպատակակէտով մարդիկը կը մոլորեցնէ։

Սատանան կը տենչայ պաշտուիլ եւ կ’ուզէ որ մարդիկ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, իրեն պաշտամունք մատուցանեն։ Երբ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս երկրի վրայ էր, Սատանան ուզեց որ ան ‘իյնայ ու իրեն երկրպագութիւն ընէ’։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես’» (Մատթէոս 4։9, 10)։ Յիսուս մերժեց ընել որեւէ բան, որ կրնար նկատուիլ պաշտամունքային ենթարկում Սատանայի։

Եհովա հզօրագոյն Հոգին է, եւ թոյլ պիտի չտայ որ իրեն հնազանդողներուն որեւէ մնայուն վնաս հասնի (Սաղմոս 83։18. Հռովմայեցիս 16։20)։ Բայց եթէ կ’ուզենք Եհովա Աստուած հաճեցնել ինչպէս Յիսուս ըրաւ, պէտք է խուսափինք որեւէ արարքէ, որ կը նշէ ենթարկում Սատանայի կամ անոր դեւերուն։ Ասիկա իրագործելու համար, հարկ է որ բնորոշենք այն աւանդական սովորութիւնները, որոնք չար ոգիներուն պաշտամունքային պատիւ կու տան։ Ի՞նչպէս կրնաս ասիկա ընել։

Աստուած տհաճեցնող սովորութիւնները բնորոշէ

Եհովա Աստուած իր վաղեմի ժողովուրդը՝ իսրայէլացիները զգուշացուց ընդօրինակելէ մօտակայ ազգերուն կարգ մը աւանդական սովորութիւնները։ Ան ըսաւ. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ. . . բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ»։ Այս սովորութիւններուն հետեւողներուն նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ» (Բ. Օրինաց 18։10-12

Հետեւաբար, երբ շրջանիդ մէջ տիրական եղող սովորութիւնները նկատի կ’առնես, դուն քեզի հարց տուր. սովորութիւնը կը քաջալերէ՞ նախանշաններու հաւատալ։ Անիկա անկենդան իրերու կը վերագրէ՞ կախարդական պաշտպանիչ զօրութիւններ։ Անիկա հմայութիւն ընել կը պարփակէ՞։ Անիկա ո՛չ թէ Եհովայի կամ իր նշանակած ներկայացուցիչին՝ Յիսուսի, հապա ոգիի մը ենթարկուիլ պիտի պարփակէ՞ (Հռովմայեցիս 14։11. Փիլիպպեցիս 2։9, 10

Կարեւոր է որ մերժես որեւէ սովորութիւն, որ այսպիսի բաներ կը քաջալերէ։ Ինչո՞ւ։ Ներշնչման ներքեւ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն»։ Ան զգուշացուց որ անոնք որոնք կը փորձեն թէ՛ Աստուած եւ թէ այլ հոգեղէն արարածներ հաճեցնել, ‘Տէրը նախանձի կը գրգռեն’ (Ա. Կորնթացիս 10։20-22)։ Եհովա Աստուած բացարձակ պաշտամունք կը պահանջէ, եւ անոր արժանի է (Ելից 20։4, 5

Նաեւ նկատի առ սա հարցումը. սովորութիւնը յառաջ կը մղէ՞ այն գաղափարը, թէ անհատը իր արարքներուն համար պատասխանատու չէ։ Օրինակ, շնութիւնը եւ ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւնը, շատ մը համայնքներու մէջ անընդունելի են եւ Աստուածաշունչին մէջ դատապարտուած են (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։ Սակայն Խաղաղականի կարգ մը մշակոյթներուն մէջ, այսպիսի արարքներ կրնան ընդունելի ըլլալ, եթէ աղջիկը դաւանի թէ ստիպուեցաւ սեռային յարաբերութիւն ունենալ, քանի որ իրեն դէմ հմայութիւն եղած էր։ *

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մենք մեր արարքներուն համար պատասխանատու ենք (Հռովմայեցիս 14։12. Գաղատացիս 6։7, 8)։ Օրինակ, առաջին կինը՝ Եւա նշեց թէ ինք խաբուեցաւ, որ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուի, ըսելով. «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ»։ Սակայն Եհովա Եւան համարատու նկատեց իր արարքներուն համար (Ծննդոց 3։13, 16, 19)։ Ան մեզ ալ համարատու կը նկատէ մեր վարքին համար (Եբրայեցիս 4։13

Ի՞նչ պէտք է ընես

Եթէ կ’ուզես Աստուած հաճեցնել եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ, վճռական քայլ մը պէտք է առնես։ Այս ուղղութեամբ, առաջին դարուն Եփեսոսի մէջ ապրող պարկեշտամիտ անհատներ լաւ օրինակ հանդիսացան։ Չար ոգիներու ազդեցութենէն ձերբազատելու համար, անոնք ոգեհարցական սովորութիւններու հետ կապ ունեցող իրենց բոլոր գիրքերը հաւաքեցին եւ ‘ամէնուն առջեւ այրեցին’ (Գործք 19։19

Գիրքերը այրելէ առաջ, անոնք «կու գային ու կը խոստովանէին ու կը պատմէին իրենց ըրածները» (Գործք 19։18)։ Քրիստոսի մասին Պօղոսի ուսուցումէն խորապէս ազդուելով, անոնք մղուեցան իրենց ոգեհարցական գիրքերը փճացնելու։ Անոնք նաեւ իրենց աւանդական սովորութիւններուն հանդէպ իրենց զգացումները փոխեցին։

Ճիշդ է որ աւանդական սովորութիւններէ հրաժարիլը կրնայ դիւրին չըլլալ։ Նախապէս նշուած Ճէյմսը այս մարտահրաւէրը դիմագրաւեց։ Ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ իր սորվածէն հաճոյք կ’առնէր։ Սակայն ան շարունակեց ռարաֆոնօ գործածել։ Այս սովորութիւններուն հանդէպ իր զգացումները քննելով, ան նկատեց որ ապագային նկատմամբ Եհովայի խոստումներուն կը հաւատար, բայց կը զգար թէ վնասուելէ պաշտպանուելու համար, տակաւին հարկ էր որ աւանդական սովորութիւններու ապաւինէր։

Ի՞նչ բան Ճէյմսի օգնեց որ իր հայեցակէտը փոխէ։ Ան կ’ըսէ. «Աղօթքով Եհովայէ խնդրեցի պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն որ իրեն վստահիմ։ Միեւնոյն ատեն, աւանդական սովորութիւններս լքեցի»։ Ան որեւէ կերպով վնասուեցա՞ւ։ Ճէյմս կ’ըսէ. «Ո՛չ։ Նորութիւնը այն էր՝ որ սորվեցայ Եհովայի վստահիլ։ Տեսայ թէ Եհովա ո՜րքան մտերիմ բարեկամ մը կրնայ ըլլալ»։ Իրականութեան մէջ, եօթը տարի է որ Ճէյմս կը ծառայէ որպէս լիաժամ քարոզիչ, ուրիշներուն օգնելով որ Աստուածաշունչի ուսուցումները սորվին։

Ինչո՞ւ Ճէյմսի օրինակին չհետեւիս։ Համայնքիդ յարած սովորութիւնները քննէ, եւ բանականութիւնդ գործածէ որոշելու համար, թէ անոնք «Աստուծոյ կամք»ին հետ ներդաշնա՞կ են (Հռովմայեցիս 12։1, 2)։ Ապա քաջաբար աւելորդապաշտ սովորութիւններէ ձերբազատուէ։ Եթէ ասիկա ընես, կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա քեզ «պիտի ընդունի» եւ պաշտպանէ (Բ. Կորնթացիս 6։16-18)։ Ճէյմսի նման, պիտի շօշափես Աստուածաշունչի խոստումին ճշմարիտ ըլլալը. «Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ» (Առակաց 18։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Աւանդական սովորութիւններ, որոնք ոգիներէն օգնութիւն կը հայցեն։

^ պարբ. 18 Ասիկա կ’ակնարկէ դիւթանք ընելուն, գործածելով մասնայատուկ բոյսի տերեւ մը կամ ուտելիք մը, որ յետոյ աղջկան մը կը տրուի։ Կ’ըսուի թէ տերեւը կամ ուտելիքը աղջկան մէջ սեռային ցանկութիւն կ’արթնցնէ մարդու մը հանդէպ։ Ասիկա բոլորովին տարբեր է այն պարագայէն, երբ աղջկան մը գաղտնաբար թմրեցուցիչ կը տրուի, ապա ակամայ սեռային յարաբերութիւն կ’ունենայ։ Այս պարագային, աղջիկը անմեղ զոհ մըն է։

[Նկար՝ էջ 11]

«Քորոքորօ»

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy of Dr. Bakshi Jehangir

[Նկար՝ էջ 11]

Աղջիկ մը կերակուրի աւելցուքը կը հաւաքէ, որպէսզի չգործածուի հմայութիւն ընելու