Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած երախաները կ’առնէ՞, որպէսզի երկինքի մէջ հրեշտակներ ըլլան

Աստուած երախաները կ’առնէ՞, որպէսզի երկինքի մէջ հրեշտակներ ըլլան

Ընթերցողները կը հարցնեն

Աստուած երախաները կ’առնէ՞, որպէսզի երկինքի մէջ հրեշտակներ ըլլան

Երբ երախայ մը մահանայ, սգացող ընտանիքին բարեկամները թերեւս փորձեն զանոնք մխիթարել, ըսելով. «Վստահաբար Աստուած երկինքի մէջ հրեշտակի մը պէտք ունեցաւ»։ Ասիկա տրամաբանական կը թուի՞ քեզի։

Եթէ ճիշդ ըլլար թէ Աստուած երախաներուն մահը կը պատճառէ, քանի որ երկինքի մէջ յաւելեալ հրեշտակներու պէտք ունի, ասիկա ենթադրել պիտի տար որ ան անտարբեր ու անգութ է։ Աստուածաշունչը ուրիշ բան կը յայտնէ (Յոբ 34։10)։ Գթասիրտ հայր մը չի բաժներ երախայ մը իր ծնողքէն, պարզապէս որպէսզի կարենայ ի՛ր ընտանիքը բազմանդամ դարձնել։ Իսկ ո՛չ մէկ մարդկային ծնող Եհովայէ աւելի կարեկցութիւն ունի, որուն տիրական յատկութիւնը սէրն է (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Իր մեծ սէրը երբեք իրեն թոյլ չի տար որ բիրտ կերպով վարուի։

Դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուած երկինքի մէջ յաւելեալ հրեշտակներու կարիք ունի՞’։ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ Աստուծոյ բոլոր գործունէութիւնները բարի ու կատարեալ են (Բ. Օրինաց 32։4)։ Միլիոնաւոր հրեշտակներ ստեղծելու իր գործը կատարեալ իրագործում մըն էր,– առանց որեւէ պակասի (Դանիէլ 7։10)։ Աստուած հարկ եղած հրեշտակներուն թիւը սխա՞լ հաշուեց։ Անկարելի է որ ամենակալ Աստուած այսպիսի սխալ մը գործէ։ Ճիշդ է որ Եհովա կարգ մը մարդիկ ընտրած է, որ հոգեղէն արարածներ ըլլան որպէս իր երկնային Թագաւորութեան մէկ մասը, բայց անոնք իրենց մահուան ատեն երախաներ պիտի չըլլային (Յայտնութիւն 5։9, 10

Այլ պատճառ մը, թէ Աստուած ինչո՛ւ երկրէն երախաներ չ’առներ երկինքի մէջ հրեշտակներ ըլլալու, այն թէ ասիկա երախաներուն նկատմամբ իր սկզբնական նպատակին հետ ներդաշնակ չէ։ Եդեմի պարտէզին մէջ, Աստուած Ադամի եւ Եւայի ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծննդոց 1։28)։ Երախաները Աստուծոյ կողմէ պարգեւ են, եւ երկիրը արդար մարդկութեամբ լեցնելու իր սկզբնական նպատակին համար էական են։ Ան երբեք չէ նպատակադրած, որ երախաները կանուխ մահանան ու հոգեղէն արարածներու վերածուին։ Աստուածաշունչը կը հաստատէ թէ երախաները «Տէրոջը ժառանգութիւնն են» (Սաղմոս 127։3)։ Եհովա՝ սիրոյ Աստուածը, ծնողներուն շնորհած իր պարգեւը ետ պիտի առնէ՞ր։ Վստահաբար ո՛չ։

Երախայի մը վաղաժամ մահը մեծ տրտմութիւն, կսկիծ ու ցաւ կը պատճառէ։ Վշտահար ծնողներ ի՞նչ յոյս ունին։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ, թէ Աստուած անհամար միլիոնաւորներ պիտի յարուցանէ դրախտին մէջ, մեր երկրագունդին վրայ։ Պահ մը երեւակայէ. երախաներ առողջ մարմինով կը վերակենդանանան ու իրենց սիրելիներուն կը վերամիանան (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Աստուծոյ կամքն է, որ երախաներ մեծնան, կեանքը վայելեն եւ իր մասին ու երկրին նկատմամբ իր նպատակին մասին սորվին։ Արդ, մահացած երախաները երկինքի մէջ հրեշտակներ չեն, այլ՝ դրախտային երկրին վրայ յարութեան կը սպասեն։ Այդ ժամանակ, մեր Ստեղծիչին սիրալիր հոգատարութեան ներքեւ, թէ՛ երախաներ եւ թէ չափահասներ յաւիտեան Եհովա Աստուածը պաշտելով պիտի ուրախանան։