Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրագունդը պիտի վերապրի՞

Երկրագունդը պիտի վերապրի՞

Ընթերցողները կը հարցնեն

Երկրագունդը պիտի վերապրի՞

Երկիր մոլորակը որեւէ աղէտով պիտի չկործանի։ Ինչո՞ւ ասկէ վստահ ենք։ Քանի որ Աստուած կը խոստանայ թէ երկիրը «յաւիտեանս յաւիտենից [պիտի] չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Սերունդ մը կ’երթայ ու սերունդ մը կու գայ, բայց երկիրը յաւիտեան կը գոյատեւէ» (Ժողովող 1։4, ԱՎ

Սաղմոս 104։5–ի բնագրին մէջ գործածուած երկու եբրայերէն բառեր,– օհ·լամ եւ էտհ,– կ’ընդգծեն երկրին մշտականութիւնը։ Օհ·լամ բառը կրնայ թարգմանուիլ՝ «բազմաթիւ տարիներ» կամ «յարատեւ»։ Ըստ բառարանի մը (Harkavy’s Students’ Hebrew and Chaldee Dictionary), էտհ կը նշանակէ՝ «տեւողութիւն, մշտնջենաւորութիւն, յաւիտենականութիւն, յաւերժականութիւն»։ Այս եբրայերէն երկու բառերը ցոյց կու տան թէ երկրին տեւականութիւնը կրկնակի ստոյգ է։ Նկատի առ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յաւելեալ երեք պատճառ, հաւատալու համար թէ երկիրը յաւիտեան պիտի գոյատեւէ։

Առաջին, Աստուած երկիրը ստեղծեց որ մարդոցմով բնակուի,– պտղաբեր ու հաճոյալի դրախտ ըլլայ, եւ ո՛չ թէ անբեր անապատ։ Եսայի 45։18–ը Եհովան կը նկարագրէ որպէս «երկինքը ստեղծող Տէրը, այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց եւ հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց»։

Երկրորդ, Աստուած վաղուց խոստացած է թէ իրեն հնազանդող մարդիկը յաւիտեան այս երկրագունդին վրայ խաղաղութեամբ պիտի ապրին։ Միքիա 4։4–ը կը խոստանայ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ. վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։ Ուստի Աստուծոյ նպատակին համաձայն, երկիրը մշտնջենապէս մարդկութեան բնակարանը պէտք է մնայ. այլապէս՝ անոր խոստումները անարժէք պիտի ըլլան (Սաղմոս 119։90. Եսայի 55։11. Ա. Յովհաննէս 2։17

Երրորդ, Աստուած մարդուն վստահած է այս երկրին հոգատարութիւնը։ «Երկինքը Տէրո՛ջ երկինքն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը (Սաղմոս 115։16, ԱՎ)։ Կրնա՞ս երեւակայել գորովալից հայր մը, որ իր զաւկին գեղեցիկ նուէր մը կու տայ, բայց յետոյ կը վերադառնայ ու զայն կը կործանէ։ Անշուշտ ոչ։ Նոյնպէս Եհովա այսպիսի բան մը պիտի չընէ երկրագունդին ու անոր բնակիչներուն, քանի որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8

Յիսուս Քրիստոս իր Հօր խօսքերուն նկատմամբ սա երաշխիքը տուաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Իսկ անսուտն Աստուած կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29. Տիտոս 1։2

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 11]

Globe: Based on NASA photo