Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միայն տեսնելո՞վ հաւատալ

Միայն տեսնելո՞վ հաւատալ

Միայն տեսնելո՞վ հաւատալ

«Երեւութապաշտ անհատը կը խորհի թէ անկարելի է գիտնալ ճշմարտութիւնը Աստուծոյ ու ապագայ կեանքի մը մասին, որոնցմով Քրիստոնէութիւնը եւ այլ կրօնքներ հետաքրքրուած են։ Կամ, եթէ առյաւէտ անկարելի չէ, առնուազն ներկայիս անկարելի է»։—ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՊԷՐԹՐԱՆՏ ՌԱՍԸԼ, 1953

«ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԱՇՏ» արտայայտութիւնը յօրինողը՝ Թոմաս Հաքսլի անունով կենդանաբան մըն էր։ Ան 1825–ին ծնաւ, եւ Չարլզ Տարուինի ժամանակակից ըլլալով՝ բարեշրջութեան ուսուցումին նեցուկ կանգնեցաւ։ 1863–ին, Հաքսլի գրեց թէ ապացոյց չէր գտներ թէ Աստուած մը կայ, որ «մեզ կը սիրէ ու մեզ կը հոգայ, ինչպէս Քրիստոնէութիւնը կը պնդէ»։

Ներկայիս շատեր այսպիսի հեղինակաւոր մարդոց կարծիքները կ’ընդունին, նշելով թէ իրենք միայն իրենց տեսածին կը հաւատան։ Անոնք կ’ըսեն թէ մէկու մը կամ բանի մը հաւատալը, որուն նկատմամբ ապացոյց չկայ, զուտ դիւրախաբութիւն է։

Աստուածաշունչը կը պահանջէ՞ որ կուրօրէն Աստուծոյ հաւատանք։ Ճիշդ հակառակը։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ անհիմն դաւանութիւններու հաւատալը միամտութիւն եւ նոյնիսկ յիմարութիւն է։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։—Առակաց 14։15

Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ հաւատալու մասին։ Իրապէս ապացոյց կա՞յ թէ Աստուած գոյութիւն ունի, մեզ կը սիրէ ու մեզ կը հոգայ։

Աստուծոյ յատկութիւնները յայտնուած

Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Պօղոս, Աթենացի մտաւորականներու հետ խօսելու ատեն, պնդեց թէ Աստուած «աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները»։ Ան սկեպտիկ ունկնդիրներուն ըսաւ թէ Աստուած մարդկութեամբ հետաքրքրուած է եւ «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։—Գործք 17։24-27

Պօղոս ինչո՞ւ համոզուած էր թէ Աստուած գոյութիւն ունի եւ Իր մարդկային ստեղծագործութեամբ հետաքրքրուած է։ Ան պատճառ մը նշեց, երբ Հռովմի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն գրեց. «Ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները»։—Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս

Յաջորդ էջերը Աստուծոյ երեք յատկութիւն պիտի ներկայացնեն, որոնք իր ստեղծագործութեան ընդմէջէն յստակօրէն կը տեսնուին։ Մինչ այս օրինակները նկատի կ’առնես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուծոյ այս յատկութիւններուն մասին սորվիլը ի՞նչպէս ինծի կ’ազդէ’։

[Նկար՝ էջ 3]

Աստուածաշունչը չի պահանջեր որ կուրօրէն Աստուծոյ հաւատանք