Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արմագեդոնի պատերազմը ո՞ւր պիտի մղուի

Արմագեդոնի պատերազմը ո՞ւր պիտի մղուի

Ընթերցողները կը հարցնեն

Արմագեդոնի պատերազմը ո՞ւր պիտի մղուի

Արմագեդոնի պատերազմը որեւէ մասնայատուկ ռազմադաշտի մէջ պիտի չմղուի։ Փոխարէն, ամբողջ երկրագունդը պիտի ըլլայ ռազմադաշտը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հակադիր կողմերը ա՛յնքան բազմաթիւ են, որ չեն բաւեր ո՛չ մէկ վայրի մէջ։

Արմագեդոնը նաեւ ծանօթ է որպէս «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը։ Եհովա Աստուած իր Որդին՝ Քրիստոս Յիսուսը պիտի գործածէ, որպէսզի հրեշտակային բանակով պատերազմի երկրի բոլոր չար կառավարիչներուն միացեալ ուժերուն դէմ։—Յայտնութիւն 16։14. 19։11-16

Սատանայական ուժեր ազգերը կը մղեն որ պատերազմին մասնակցին։ Աստուածաշունչը կը խօսի «դեւերու ոգիներ»ու մասին, որոնք ‘բոլոր աշխարհի կառավարիչներուն քով կ’երթան, որպէսզի զանոնք տեղ մը հաւաքեն, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի’։—Յայտնութիւն 16։14-16

Աստուածաշունչի միւս գիրքերէն աւելի, Յայտնութիւնը անհամար ընթերցողներու երեւակայութեան թռիչք տուած է։ Համարները բառացիօրէն առնողներէն շատեր մատնանշած են այն վայրը, ուր կը հաւատան թէ պատերազմը պիտի սկսի, եւ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այդ վայրին հետ կապ ունեցող դէպքերուն։ Արմագեդոնը սահմանուած վայր մը ըլլալուն գաղափարը կը գտնուի՝ Յայտնութեան մասին Յունարէն լեզուով ամենահին մեկնաբանութեան մէջ, գրուած՝ Հ.Դ. վեցերորդ դարուն, Օքոմէնիոսի կողմէ։

Աստուածաշունչը բառացիօրէն մեկնաբանող կղերներու մէջ ժողովրդական եղող տեսակէտ մը կրկնելով, Տալասի Դպրեվանքի նախկին տնօրէնը Ճոն Ֆ. Ուալվորտ կ’ըսէ թէ Արմագեդոնը «համաշխարհային բուռն պայքարի մը վերջին անյոյս ճակատամարտն է, կեդրոնացած՝ Միջին Արեւելքի մէջ»։ Ուալվորտ կը նշէ թէ այս ապագայ մեծ պատերազմին կիզակէտն է «‘Մակեդդովի լեռը’, որ Պաղեստինի հիւսիսը գտնուող լեռնակ մըն է՝ ընդարձակ հովիտի մը վերջաւորութեան»։

Սակայն Յայտնութիւն գիրքը քարտէս մը չէ, որ Արմագեդոն կոչուած բառացի վայր մը ցոյց կու տայ։ Արդարեւ բնագիր Յունարէնի մէջ, այս գիրքին բացման խօսքերը կ’ըսեն թէ անոր բովանդակութիւնը նշաններով ներկայացուած է։ Ուստի Եհովայի Վկաները շատոնց նշած են իրենց հրատարակած Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ, Դ. հատորին մէջ. «Չենք ակնկալեր որ բառացիօրէն Մակեդդովի բլուրին քով ժողովուրդներ հաւաքուին»։

Պատմական Մակեդդովը կը թելադրէ վիճակ կամ կացութիւն մը, որուն մէջ Աստուծոյ թշնամիները վերջ կը գտնեն։ Արդ, Արմագեդոնին Աստուած վստահ պիտի ըլլայ որ ամէն տեսակ փտածութիւն ու չարութիւն, երկրագունդին վրայ ո՛ւր որ ալ ըլլայ, գոյութենէ դադրի։—Յայտնութիւն 21։8

Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը սիրողները Արմագեդոնէն պէտք չէ վախնան։ Աստուծոյ պատերազմը ուղղուած է միայն այն մարդոց դէմ, զորս Աստուած կը նկատէ անսրբագրելի ամբարիշտներ։ Կործանումը ընտրողական պիտի ըլլայ։ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Բ. Պետրոս 2։9) Սաղմոս 37։34–ի մէջ սրտապնդիչ խոստում մը կ’ըսէ. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես»։