Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ան չափսոսաց պատանեկութեան առած որոշումին համար

Ան չափսոսաց պատանեկութեան առած որոշումին համար

ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ վերջին տարիներուն, պապայիս քեռին՝ Նիքոլայ Տուպովինսքի, Եհովայի ծառայութեան մէջ իր ունեցած փորձառութիւններուն արձանագրութիւնը պատրաստեց, թէ՛ ուրախ եւ թէ ջղագրգիռ փորձառութիւններու։ Անոնց մեծ մասը տեղի ունեցած էր, երբ Խորհրդային Միութեան մէջ մեր գործը արգիլումի տակ էր։ Հակառակ իր ունեցած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, ան միշտ հաւատարիմ մնաց եւ կեանքը կը սիրէր։ Նիքոլայ քեռին շատ անգամ կ’ըսէր, թէ կ’ուզէր որ երիտասարդները իր պատմութիւնը լսեն։ Ուստի կ’ուզեմ որ ատկէ կարգ մը գլխաւոր բաներ պատմեմ ձեզի։ Ան 1926–ին ծնաւ Փատվիրիվքա գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Չիրնիվցի նահանգին մէջ, Ուքրանիա։

ՆԻՔՈԼԱՅ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՏԱՒ

Նիքոլայ քեռին կը պատմէ. «1941–ի օր մը, մեծ եղբայրս՝ Իվանը, տուն բերաւ Աստուծոյ քնարը եւ Դարերու աստուածային ծրագիրը գիրքերը, Դիտարան պարբերաթերթի կարգ մը թիւեր եւ քանի մը գրքոյկներ։ Բոլորն ալ կարդացի։ Զարմացայ որ Սատանան է բոլոր նեղութիւններուն աղբիւրը, եւ ոչ թէ Աստուած։ Հրատարակութիւններու կողքին, Աւետարաններն ալ կարդացի եւ անդրադարձայ որ գտածս ճշմարտութիւնն է։ Ուրիշներուն խանդավառօրէն խօսեցայ Թագաւորութեան յոյսին մասին։ Մինչ այս հրատարակութիւնները կը սերտէի, ա՛լ աւելի ճշմարտութիւնը կը հասկնայի եւ փափաքս կը զօրանար, որ Եհովային մէկ ծառան ըլլամ։

«Հասկցայ որ հաւատալիքներուս համար նեղութիւն պիտի քաշէի։ Պատերազմ կար եւ ոեւէ անհատ պիտի չմեռցնէի։ Առջեւս եղող փորձութիւններուն առ ի նախապատրաստութիւն, սկսայ համարներ գոց սորվիլ, ինչպէս՝ Մատթէոս 10։28 եւ 26։52։ Հաստատօրէն վճռեցի որ միշտ Եհովային հաւատարիմ պիտի մնամ, նոյնիսկ եթէ ասիկա մա՛հ նշանակէր։

«1944–ին 18 տարեկան եղայ եւ զինուորական ծառայութեան կանչուեցայ։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ ինքզինքս հաւատակիցներու մէջ գտայ, որոնք զօրակոչի ենթակայ երիտասարդ եղբայրներ էին եւ ինծի պէս զինուորագրութեան կեդրոնը հաւաքուած էին։ Հեղինակութիւններուն վճռականօրէն ըսինք որ պատերազմին պիտի չմասնակցինք։ Զինուորական պաշտօնեաները կատղեցան եւ սպառնացին որ մեզ անօթի պիտի ձգեն, պիտի ստիպեն որ խրամատներ փորենք կամ պիտի գնդակահարեն։ Անվախօրէն պատասխանեցինք. ‘Մենք ձեր ձեռքերուն մէջն ենք։ Բայց մեզի ի՛նչ ալ ընէք, պիտի չկտրենք Աստուծոյ հրամանը, որ կ’ըսէ՝ «Սպանութիւն մի՛ ըներ»’ (Ել. 20։13

«Ես եւ ուրիշ երկու եղբայրներ Պիելոռուսիա ղրկուեցանք արտերուն մէջ աշխատելու եւ վնասուած տուները վերանորոգելու համար։ Տակաւին կը յիշեմ պատերազմին ձգած ահռելի հետքերը Մինսք քաղաքի ծայրամասերուն վրայ։ Ճամբուն կողմերը այրած ծառեր կային, փոսերուն եւ անտառին մէջ չթաղուած դիակներ եւ սատկած ձիերու ուռած դիակներ կային։ Տեսայ լքուած կառքեր, հրետանի եւ նոյնիսկ օդանաւի մը բեկորները։ Ահա աչքովս կը տեսնէի Աստուծոյ հրամանները կտրելուն հետեւանքները։

«1945–ին պատերազմը վերջացաւ, բայց տակաւին տասը տարի բանտ պիտի պառկէինք, քանի որ մերժեցինք կռուիլ։ Առաջին երեք տարիներուն ընթացքին ընկերակցութիւն կամ տպուած հոգեւոր սնունդ չունէինք։ Կրցանք կարգ մը քոյրերու հետ նամակով կապ պահել, բայց անոնք ալ ձերբակալուեցան եւ 25 տարի տաժանակրութեան ճամբարի մը մէջ աշխատելու դատապարտուեցան։

«Ետքը՝ 1950–ին, բանտէն կանուխ արձակուեցանք եւ տուն վերադարձանք։ Արդէն իսկ բանտ եղած ժամանակս, մայրս եւ պզտիկ քոյրս՝ Մարիան, Եհովայի վկայ եղած էին։ Մեծ եղբայրներս Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէին, բայց տակաւին Վկայ չէին։ Որովհետեւ աշխուժութեամբ կը քարոզէի, Խորհրդային անվտանգութեան գործակալութիւնը ուզեց զիս դարձեալ բանտարկել։ Ետքը, Թագաւորութեան գործին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները ինձմէ խնդրեցին որ գետնին տակը հրատարակութիւններ արտադրելուն աջակցիմ։ 24 տարեկան էի»։

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ

«Վկաները շատ կը սիրէին ըսել. ‘Եթէ Թագաւորութեան գործը արգիլուած է գետնին վրայ, պիտի շարունակուի գետնին տակ’ (Առ. 28։28)։ Այդ ժամանակ, տպագրութեան մեծամասնութիւնը գետնին տակը կ’ըլլար։ Առաջին ‘աշխատասենեակս’ թաքստոցի մը մէջ էր, մեծ եղբօրս ապրած կալուածին տակ։ Ատեններ երկու շաբաթ չէի ձգեր թաքստոցը։ Եթէ թթուածինը պակսելուն պատճառով քարիւղի լապտերը մարէր, կ’երկննայի եւ կը սպասէի մինչեւ որ սենեակը մաքուր օդով լեցուէր։

Գծագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան՝ տունին տակ գտնուող գաղտնի թաքստոցը, ուր Նիքոլայ հրատարակութիւններ կը կրկնօրինակէր

«Օր մը, ինծի հետ աշխատող եղբայր մը հարցուց. ‘Նիքոլայ, մկրտուա՞ծ ես’։ Թէեւ Եհովային ծառայած էի 11 տարի, սակայն մկրտուած չէի։ Ուստի ինծի հետ քննարկեց հարցը եւ այդ գիշեր լիճի մը մէջ մկրտուեցայ, 26 տարեկանիս։ Երեք տարի ետք, յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստացայ, Երկրի յանձնախումբի մէկ անդամը դառնալով։ Այդ ժամանակ, ձերբակալուած եղբայրներուն տեղ՝ ազատ եղբայրները կը նշանակուէին եւ Թագաւորութեան գործը կը շարունակուէր»։

ՍՏՈՐԵՐԿՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Ստորերկրեայ տպագրութիւնը շատ աւելի դժուար էր, քան՝ բանտը։ Քը.Կէ.Պէ.–ին հսկողութենէն խուսափելու համար, եօթը տարի չկրցայ ժողովներու երթալ եւ պէտք էր որ անձամբ հոգ տանէի հոգեւորութեանս։ Ընտանիքս կը տեսնէի միայն երբ իրենց կ’այցելէի, ինչ որ հազուադէպ կը պատահէր։ Սակայն անոնք կը հասկնային իմ պարագաս եւ ասով կը քաջալերուէի։ Յարատեւ կը զգայի որ ճնշում կայ վրաս եւ թէ պէտք է ուշադիր ըլլամ, եւ ասիկա ուժասպառ կ’ընէր զիս։ Պէտք էր որ ամէն ինչի պատրաստ ըլլայինք։ Օրինակ՝ գիշեր մը երկու ոստիկաններ եկան ուր որ ես կ’ապրէի։ Տան միւս կողմի մէկ պատուհանէն դուրս նետուելով, դէպի անտառ վազեցի։ Դաշտ մը հասնելով, սուլոցի ձայներ լսեցի։ Երբ կրակոցի ձայները ականջիս հասան, անդրադարձայ որ սուլոցը կապարներէ՛ն էր։ Զիս հետապնդողներէն մէկը ձի մը հեծաւ եւ ետեւ–ետեւի կրակեց, մինչեւ որ կապարը վերջացաւ։ Ձեռքէս հարուած մը կերայ։ Շուրջ 5 քիլոմեթր հետապնդումէ ետք, անտառին մէջ պահուըտելով ի վերջոյ պրծեցայ։ Յետագային՝ երբ կը դատուէի, ինծի ըսուեցաւ որ 32 անգամ կրակած էին վրաս։

«Գետնին տակը շատ մնալով, տժգոյն եղած էի։ Որովհետեւ ասիկա ուղղակի կը մատնէր ըրած գործս, կրցածիս չափ արեւուն տակ կը մնայի։ Գետնին տակ ապրիլը նաեւ առողջութեանս ազդեց։ Նոյնիսկ անգամ մը չկրցայ ուրիշ եղբայրներու հետ կարեւոր ժողովի մը ներկայ գտնուիլ, քանի որ քիթէս եւ բերնէս արիւն կու գար»։

ՆԻՔՈԼԱՅԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄԸ

Մորտովիայի տաժանակրութեան ճամբարին մէջ, 1963

«Ձերբակալուեցայ 26 յունուար 1957–ին։ Վեց ամիս ետք, Ուքրանիայի բարձրագոյն ատեանը վճիռ արձակեց. գնդակահարող ջոկատի կողմէ մահապատիժի ենթարկուիլ։ Բայց քանի որ մահապատիժը երկրին մէջ չեղեալ եղած էր, դատապարտութիւնս նուազեցուեցաւ եւ եղաւ 25 տարի բանտարկութիւն։ Մեզմէ ութ հոգի դատապարտուեցան ընդամէնը՝ 130 տարի տաժանակրութեան ճամբարներուն մէջ աշխատելու։ Ղրկուեցանք Մորտովիայի ճամբարները, ուր շուրջ 500 Վկաներ կային։ Պզտիկ խումբերով գաղտնօրէն կը հաւաքուէինք, որպէսզի Դիտարան–ը սերտենք։ Կարգ մը բռնագրաւուած պարբերաթերթեր քննելէ ետք, պահակ մը ըսաւ. ‘Եթէ շարունակէք ասոնք կարդալ, մէ՛կը ձեզի պիտի չկրնայ յաղթել’։ Միշտ մեր աշխատանքները լիովին կ’ընէինք, եւ շատ անգամ մեզի նշանակուած պարտականութիւններէն աւելի կ’ընէինք։ Ասով հանդերձ, ճամբարին հրամանատարը ցաւով ըսաւ. ‘Ձեր աշխատանքը մեզի համար կարեւոր չէ։ Մեր ուզածը ձեր հաւատարմութիւնն ու նուիրուածութիւնն է’»։

«Միշտ մեր աշխատանքները լիովին կ’ընէինք, եւ շատ անգամ մեզի նշանակուած պարտականութիւններէն աւելի կ’ընէինք»

ԻՐ ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՂԱԾԻՆ ՊԷՍ ՄՆԱՑ

Թագաւորութեան սրահը՝ Վիլիքիա Լուքիի մէջ

1967–ին տաժանակրութեան ճամբարէն արձակուելէ ետք, Նիքոլայ քեռին օգնեց որ ժողովքներ կազմակերպուին Էսթոնիայի մէջ եւ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսիա։ 1991–ի սկիզբը, 1957–ին արձակուած վճիռը չեղեալ եղաւ, քանի որ փաստ չկար թէ գործուած ոճիր մը կար մէջտեղը։ Այդ ժամանակամիջոցին անպարտ հռչակուեցան շատ մը Վկաներ, որոնք հեղինակութիւններուն գէշ վերաբերմունքին պատճառով տառապած էին։ 1996–ին, Նիքոլայ փոխադրուեցաւ Վիլիքիա Լուքի քաղաքը, որ Սենթ Փեթերսպուրկէն շուրջ 500 քմ. անդին կը գտնուի՝ Փսքով նահանգին մէջ։ Ան պզտիկ տուն մը գնեց, եւ 2003–ին իր հողամասին վրայ Թագաւորութեան սրահ մը շինուեցաւ։ Ներկայիս, երկու ուռճացող ժողովքներ կը հաւաքուին հոն։

Ամուսինս եւ ես կը ծառայենք Եհովայի վկաներուն Ռուսիոյ մասնաճիւղին մէջ։ Մարտ 2011–ին, իր մահէն միայն քանի մը ամիս առաջ, Նիքոլայ քեռին վերջին անգամ ըլլալով մեզի այցելեց։ Շատ ազդուեցանք իր խօսքերէն, երբ աչքերը փայլելով մեզի ըսաւ. «Ինչ որ կ’երեւի, կը տեսնեմ որ, այլաբանօրէն խօսելով, Երիքովի շուրջ պտըտելու եօթներորդ օրը սկսած է» (Յես. 6։15)։ Ան 85 տարեկան էր։ Հակառակ որ դիւրին կեանք մը չէ ունեցած, ան իր կեանքին մասին ըսաւ. «Որքա՜ն ուրախ եմ որ երբ պատանի էի, որոշեցի Եհովային ծառայել։ Բնա՛ւ չեմ ափսոսած»։