Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարի՛մ մնա Աստուծոյ Թագաւորութեան

Հաւատարի՛մ մնա Աստուծոյ Թագաւորութեան

«Անոնք աշխարհէն չեն» (ՅՈՎՀ. 17։16

ԵՐԳԵՐ. 63, 129

1, 2. ա) Աստուծոյ հաւատարիմ մնալը ինչո՞ւ կարեւոր է քրիստոնեաներուն համար, եւ ասիկա ի՞նչ կապ ունի չէզոքութեան հետ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Շատեր ի՞նչ բաներու հանդէպ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերեն, իսկ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

ՃՇՄԱՐԻՏ քրիստոնեաները ոչ թէ միայն պատերազմներու ընթացքին, հապա՝ ամէն ատեն կը դիմագրաւեն հաւատարմութեան եւ չէզոքութեան հարցը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովային նուիրուած ըլլալով, անոնք խոստացած են զինք սիրել, հաւատարիմ գտնուիլ եւ իրեն հնազանդիլ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, ի՛նչ ենթահողի, ազգութեան կամ մշակոյթի ալ պատկանինք, կ’ուզենք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն կառչած մնալ։ Եհովային եւ իր Թագաւորութեան հաւատարիմ մնալը առաջնահերթութիւն է մեզի համար (Մատ. 6։33)։ Ասիկա կը պահանջէ որ այս աշխարհի բախումներէն եւ վէճերէն հեռու կենանք (Եսա. 2։4. կարդա՛ Յովհաննէս 17։11, 15, 16

2 Այս աշխարհին մէջ, շատեր մասնայատուկ հաւատարմութիւն ցոյց կու տան իրենց երկրին, ցեղին, մշակոյթին կամ նոյնիսկ իրենց ազգային մարզախումբին։ Ցաւօք սրտի, այս տեսակ հաւատարմութեան արդիւնքը եղած է՝ մրցակցութիւն եւ ատելութիւն, իսկ ծայրայեղ պարագաներուն ալ՝ արիւնահեղութիւն եւ ցեղասպանութիւն։ Ճիշդ է որ այդ բախումներուն չենք մասնակցիր, սակայն անոնք կրնան մեզի եւ մեր ընտանիքին ազդել, երբեմն ալ մեզ խիստ անարդարութեան զոհը դարձնել։ Որո՛վհետեւ Աստուած մեր մէջ արդարութեան զգացում դրած է, շատ դիւրին է աշխարհի բախումներուն մէջ կողմ բռնել, երբ կառավարութիւնները անարդար որոշումներ կայացնեն (Ծն. 1։27. Բ. Օր. 32։4)։ Արդ, ինչպէ՞ս կը հակազդես երբ նման պարագաներ ծագին։ Կրնա՞ս չէզոք մնալ, թէ ոչ կողմ կը բռնես։

3, 4. ա) Մենք ինչո՞ւ չէզոք կը մնանք այս աշխարհի բախումներուն մէջ։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

3 Կառավարութիւնները կրնան քաղաքացիները ճնշել, որ ծագած բախումներուն մէջ կողմ բռնեն,– բան մը, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները չեն կրնար ընել։ Մենք այս աշխարհի քաղաքական վէճերուն միջամուխ չենք ըլլար, ոչ ալ պատերազմի կ’երթանք (Մատ. 26։52)։ Եւ չենք խորհիր թէ Սատանայի աշխարհին որոշ մէկ մասը միւսներէն լաւ է (Բ. Կոր. 2։11)։ Քանի որ աշխարհէն չենք, այս մրցակցութիւններէն հեռու կը մնանք (կարդա՛ Յովհաննէս 15։18, 19

4 Անկատարութեան պատճառով, թերեւս մեզմէ ոմանք տակաւին ժխտական զգացումներ ունին անոնց հանդէպ, որոնք իրենցմէ տարբեր են (Եր. 17։9. Եփ. 4։22-24)։ Ուստի այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք կարգ մը սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն պառակտիչ հակումներուն դէմ դնելու։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր միտքն ու խիղճը մարզել, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ ըլլանք։

ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿՈՂՄ ՉԵՆՔ ԲՌՆԵՐ

5, 6. Ի՞նչ էր Յիսուսի տեսակէտը տարբեր շրջաններէ եղող մարդոց նկատմամբ, եւ ինչո՞ւ։

5 Եթէ որոշ մէկ կացութեան մէջ շուարիս թէ ի՛նչ պէտք է ընես, դուն քեզի հարցուր. «Եթէ Յիսուս իմ տեղս ըլլար, ի՞նչ կ’ընէր»։ Յիսուս կ’ապրէր ազգի մը մէջ, ուր շատ մը անհամաձայնութիւններ կային տարբեր շրջաններէ մարդոց միջեւ,– Հրէաստան, Գալիլիա, Սամարիա եւ ուրիշներ։ Օրինակի համար, հրեաները սամարացիներուն հետ չէին խօսեր (Յովհ. 4։9), փարիսեցիներուն եւ սադուկեցիներուն միջեւ լարուածութիւն կար (Գործք 23։6-9), րաբունական կրթութիւն ստացողները ինքզինքնին կը տեսնէին (Յովհ. 7։49), իսկ հասարակ ժողովուրդը կ’ատէր մաքսաւորները (Մատ. 9։11)։ Ասկէ զատ, առաջին դարուն Իսրայէլը հռոմայեցիներուն տիրապետութեան տակ էր, որոնց ներկայութիւնն իսկ նեղացուցիչ էր բնիկ ժողովուրդին համար։ Ճիշդ է որ Յիսուս կրօնական ճշմարտութիւնը պաշտպանեց եւ գիտէր որ իսրայէլը Աստուծոյ յատուկ ազգն էր, բայց ան բնաւ չքաջալերեց իր աշակերտները որ մրցակցութեան ոգի զարգացնեն (Յովհ. 4։22)։ Ընդհակառակը, ան յորդորեց զիրենք, որ բոլոր մարդիկը սիրեն իբրեւ իրենց ընկերը (Ղուկ. 10։27

6 Յիսուսին մտածելակերպը հրէական կանխադատութենէն չազդուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ո՛չ ինքը, ոչ ալ իր Հայրը կողմ կը բռնեն այս աշխարհի վէճերուն մէջ։ Աստուած առաջին մարդն ու կինը այնպէս մը ստեղծեց, որ կարենան ամբողջ երկիրը զանազան ցեղերով լեցնել (Ծն. 1։27, 28)։ Արդ, թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս որեւէ ցեղային, ազգային կամ լեզուական աչառութիւն չեն դներ (Գործք 10։34, 35. Յայտ. 7։9, 13, 14)։ Պէտք է իրենց կատարեալ օրինակին հետեւինք (Մատ. 5։43-48

7, 8. ա) Քրիստոնեաները ո՞ր հարցին մէջ դիրք պէտք է բռնեն։ բ) Մարդկութեան խնդիրներուն լուծումին նկատմամբ ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։

7 Բայց կայ բան մը, որուն մէջ պէ՛տք է դիրք բռնենք,– Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան հարցը, որ առաջին անգամ Եդեմի մէջ ծագեցաւ, երբ Սատանան Եհովայի իշխելու կերպը հարցականի տակ դրաւ։ Ամէն մարդ պէտք է որոշէ թէ որո՛ւն իշխանութիւնն է լաւագոյնը, Սատանայի՞նը թէ Եհովայինը։ Արդ, փոխանակ ուզածդ ընելու, Եհովային օրէնքներուն եւ չափանիշներուն կը հնազանդի՞ս, իր կողմը դիրք բռնելով։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան վայերուն միակ լուծումը կը նկատե՞ս, թէ ոչ կը խորհիս որ մարդը կարող է ինքզինք կառավարել (Ծն. 3։4, 5

8 Օրինակի համար, ի՞նչ կ’ըլլայ պատասխանդ, երբ մէկը քու կարծիքդ հարցնէ քաղաքական որոշ կուսակցութիւններու, գործիչներու կամ բարեկարգիչ հաստատութիւններու մասին։ Կրնա՛յ ըլլալ որ անոնցմէ ոմանք անկեղծ ջանքեր կը թափեն եւ կ’ուզեն մարդոց օգնել, սակայն կը գիտակցինք, որ միմիայն Եհովայի Թագաւորութի՛ւնն է որ մարդկութեան խնդիրները կրնայ լուծել եւ ամէն անարդարութիւն վերցնել։ Հարցը Եհովային ձեռքերուն մէջ պէտք է ձգենք։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ իւրաքանչիւր հրատարակիչ պնդէ թէ ո՛րն է լաւագոյն լուծումը, ժողովքները շուտով պիտի չպառակտուի՞ն։

9. ա) Ի՞նչ խնդիր կար առաջին դարու Կորնթոսի ժողովքին մէջ։ բ) Պօղոս ի՞նչ լուծում յանձնարարեց։

9 Առաջին դարուն, Կորնթոսի քրիստոնեաներէն ոմանք իրարու հետ կը վիճէին, ըսելով. «‘Ես Պօղոսեան եմ’ ու միւսը՝ թէ ‘Ես Ապօղոսեան եմ’ եւ ուրիշը՝ թէ ‘Ես՝ Կեփասեան’, ու միւսը՝ թէ ‘Ես՝ Քրիստոսեան’»։ Երբ Պօղոս ասոր մասին լսեց, շատ վրդովեցաւ։ «Միթէ Քրիստոս բաժնուա՞ծ է», հարցուց ան։ Այս պառակտիչ մտածելակերպին ճարը ի՞նչ էր։ Պօղոս յորդորեց. «Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք»։ Ներկայիս ալ պէտք չէ որեւէ երկպառակութիւն ըլլայ ժողովքին մէջ (Ա. Կոր. 1։10-13. կարդա՛ Հռովմայեցիս 16։17, 18

10. Պօղոս իր հաւատակիցներուն ի՞նչ յիշեցուց եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

10 Պօղոս օծեալներուն յիշեցուց, որ իրենց քաղաքացիութիւնը երկինքն է եւ պէտք չէ որ «երկրաւոր բաներուն» վրայ կեդրոնանան (Փլպ. 3։17-20) *։ Օծեալները դեսպաններ են, որոնք Աստուած եւ Քրիստոսը կը ներկայացնեն։ Դեսպանները իրենց նշանակուած երկրի խնդիրներուն եւ քաղաքականութեան միջամուխ չեն ըլլար։ Նմանապէս, ճիշդ չ’ըլլար որ օծեալները այս աշխարհի խնդիրներուն եւ քաղաքականութեան մէջ մտնեն (Բ. Կոր. 5։20)։ Եւ քանի որ երկրային յոյս ունեցողները Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ են, իրենք ալ պէտք է չէզոք մնան այս աշխարհի վէճերուն մէջ։

ԻՆՔԶԻՆՔԴ ՄԱՐԶԷ, ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸԼԼԱՍ

11, 12. ա) Ի՞նչ պարագաներու տակ դժուար կ’ըլլայ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ մնալ։ բ) Քոյր մը ինչպէ՞ս կը զգար որոշ ազգի մը հանդէպ, եւ ի՞նչ բան իրեն օգնեց փոխուելու։

11 Աշխարհի շատ մը շրջաններուն մէջ, մարդիկ յատուկ կապ մը կը զգան անոնց հետ, որոնք միեւնոյն պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն ունին։ Անոնք յաճախ կը պարծենան իրենց ծննդավայրով։ Նման պարագաներու տակ, քրիստոնեան պէտք է իր միտքն ու խիղճը մարզէ, որպէսզի չէզոքութեան առնչուող հարցերու մէջ պատշաճ կերպով վարուի։ Ինչպէ՞ս։

12 Նկատի առ Միրյէթայի * օրինակը, որ նախկին Եուկոսլաւիայի մէկ շրջանէն է եւ սերպերու հանդէպ ատելութեամբ մեծցած է։ Երբ ան իմացաւ թէ Եհովան անաչառ է եւ թէ էթնիկ խնդիրներուն պատասխանատուն Սատանա՛ն է, ջանաց իր ազգայնական զգացումներէն ձերբազատուիլ։ Սակայն երբ իր շրջանին մէջ էթնիկ կռիւ մը ծագեցաւ, անցեալին ունեցած իր ատելութեան զգացումները սկսան երեւան ելլել, եւ հետեւաբար դժուարացաւ սերպերուն քարոզել։ Սակայն ան անդրադարձաւ որ իր ձեռքերը ծալելով չէր կրնար յուսալ որ այս գէշ զգացումները անհետանան։ Ան Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ ոչ միայն այս մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլելու, այլեւ՝ իր ծառայութիւնը աւելցնելու եւ ռահվիրայ ըլլալու։ Ան կ’ըսէ. «Փորձառաբար գիտցայ որ ծառայութեան վրայ կեդրոնանալը լաւագոյն օգնութիւնն է։ Ծառայութեան մէջ, կը փորձեմ Եհովային սիրալիր անձնաւորութիւնը ընդօրինակել, եւ ժամանակի ընթացքին տեսայ թէ ինչպէ՛ս ժխտական զգացումներս շոգիացան»։

13. ա) Ո՞ր պարագան քրոջ մը նեղութիւն պատճառեց, բայց ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ բ) Զոիլայի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Զոիլա անունով քոյր մը, որ ծագումով Մեքսիքայէն է, այժմ Եւրոպայի մէկ ժողովքին անդամ է։ Ան նկատեց թէ ժողովքին մէջ կարգ մը եղբայրներ, որոնք Լատին Ամերիկայի ուրիշ շրջաններէ էին, անփափկանկատօրէն եւ անարգանքով կը խօսէին իր հայրենիքին, անոր սովորութիւններուն եւ նոյնիսկ երաժշտութեան մասին։ Եթէ քրոջ տեղը ըլլայիր, ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր։ Ճիշդ է որ այդ մեկնաբանութիւնները զինք նեղացուցին, բայց ան Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց, որպէսզի կարենայ ժխտական զգացումներուն դէմ դնել։ Կը խոստովանինք որ մեր մէջ կան անձեր, որոնք տակաւին այսպիսի հարցերու հետ գլուխ ելլելու համար կը մաքառին։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ըսել կամ ընել բան մը, որ եղբայրներուն մէջ կամ ուրիշներու մէջ, բաժանումներ կը պատճառէ, կամ ալ կը ցուցնէ թէ որոշ անձեր միւսներէն աւելի լաւ են (Հռով. 14։19. Բ. Կոր. 6։3

14. Ի՞նչ բան քեզի կ’օգնէ մարդոց նկատմամբ Եհովային տեսակէտը ունենալու։

14 Արդեօք միջավայրիդ կամ առած դաստիարակութեանդ պատճառով մէջդ զարգացա՞ծ էր ազգիդ կամ ապրած շրջանիդ հանդէպ յատուկ կապ մը։ Այս զգացումին հետքը տակաւին սրտիդ մէ՞ջ է։ Քրիստոնեաները երկիր մը ուրիշէ աւելի գերադաս պէտք չէ նկատեն։ Սակայն ի՞նչ կրնաս ընել, երբ անդրադառնաս որ ուրիշ ազգերու, մշակոյթներու, լեզուներու կամ ցեղերու նկատմամբ տակաւին ժխտական մտածումներ ունիս։ Լաւ կ’ըլլայ որ խոկաս, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ հայրենասիրութիւնը եւ նախապաշարումը։ Անձնական ուսումնասիրութեան կամ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին կ’արժէ այսպիսի նիւթերու մասին փնտռտուքներ ընել։ Ապա՝ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ այս հարցերուն շուրջ իր տեսակէտը որդեգրելու (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։2

Որպէսզի Եհովային հաւատարիմ ըլլանք, պէտք է իրեն հնազանդինք, ուրիշները ինչ որ ալ ըսեն կամ ընեն (տե՛ս պարբերութիւն 15, 16)

15, 16. ա) Կարգ մը մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն, երբ Եհովային հաւատարիմ մնանք։ բ) Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնան։

15 Ուշ կամ կանուխ, Եհովային բոլոր ծառաները ինքզինքնին պիտի գտնեն պարագաներու մէջ, ուր իրենց խիղճը պիտի մղէ որ իրենց պաշտօնակիցներէն, դասընկերներէն, դրացիներէն, ազգականներէն կամ ուրիշներէն տարբեր ըլլան (Ա. Պետ. 2։19)։ Իրապէս ալ պէ՛տք է տարբեր ըլլանք։ Պէտք չէ զարմանանք երբ աշխարհը մեր կեցուածքին պատճառով մեզ ատէ, քանի որ Յիսուս մեզ զգուշացուցած է աշխարհին հակազդեցութենէն։ Հակառակորդներուն մեծամասնութիւնը չի հասկնար թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ քրիստոնէական չէզոքութիւն պահպանենք։

16 Որպէսզի Եհովային հաւատարիմ ըլլանք, պէտք է իրեն հնազանդինք, ուրիշները ինչ որ ալ ըսեն կամ ընեն (Դան. 3։16-18)։ Մարդոց հանդէպ վախը ամէն տարիքի անհատներու կրնայ ազդել, սակայն պատանիները մասնաւորապէս դժուար կրնան գտնել հոսանքին հակառակ շարժիլ։ Եթէ զաւակդ կը վախնայ դրօշակ բարեւելը մերժելու կամ ազգայնական տօներուն չմասնակցելու, անոր օգնելու մի՛ վարանիր։ Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին զաւակիդ օգնէ այս նիւթերուն մասին Եհովային տեսակէտը հասկնալու, որպէսզի կարենայ այս մարտահրաւէրները քաջութեամբ դիմագրաւել։ Անոր օգնէ իր անձնական համոզումը յստակօրէն եւ յարգալից կերպով բացատրելու (Հռով. 1։16)։ Նաեւ զաւակիդ օգնէ, իր ուսուցիչներուն հետ այս նիւթերուն մասին խօսելով, երբ պէտք ըլլայ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

17. Ո՞ր կեցուածքէն պէտք է խուսափինք, եւ ինչո՞ւ։

17 Հասկնալի է որ մեր մեծցած երկրին տեսարաններուն, մշակոյթին, լեզուին եւ ուտելիքին հանդէպ որոշ կապուածութիւն զգանք։ Սակայն պէտք է խուսափինք «Իմս լաւագոյնն է» կեցուածքէն։ Եհովան մեր հաճոյքին համար բազմաթիւ զանազան բաներ ստեղծած է (Սաղ. 104։24. Յայտ. 4։10բ)։ Ուստի ինչո՞ւ պնդել, թէ բան մը ընելու որոշ կերպ մը ուրիշէն աւելի լաւ է։

18. Եհովային տեսակէտը որդեգրելը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ։

18 Աստուած կ’ուզէ որ ամէն տեսակ մարդիկ ճշմարտութիւնը ճանչնան եւ յաւիտենական կեանքը վայելեն (Յովհ. 3։16. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Երբ յօժարութեամբ պատրաստ ըլլանք ընդունելի եղող տարբեր տեսակի գաղափարներ մտիկ ընելու, մեր կեանքը պիտի ճոխանայ եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միաբան պիտի մնանք։ Պէտք է այս աշխարհին վէճերուն չմասնակցինք, քանի որ կ’ուզենք Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Կողմնակցութիւնը տեղ չունի մեր մէջ։ Եհովայէն որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ մեզ ազատած է Սատանայի աշխարհին պառակտիչ, հպարտ եւ մրցակցական ոգիէն։ Ուստի վճռենք ունենալ սաղմոսերգուին խաղաղասէր կեցուածքը, որ ըսաւ. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1

^ պարբ. 10 Փիլիպպէն հռոմէական գաղութ մըն էր։ Այդտեղի քրիստոնեաներէն ոմանք հաւանաբար Հռոմի քաղաքացիութիւն ունէին, որուն շնորհիւ իրենց միւս եղբայրներէն աւելի առաւելութիւններ ունէին։

^ պարբ. 12 Կարգ մը անուններ փոխուած են։