Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը

Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը

«Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. ՊԵՏ. 2։21

1. Յիսուսը ընդօրինակելը մեզ ինչո՞ւ Եհովային պիտի մօտեցնէ։

ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ կը փորձենք մեզ հիացուցած մարդիկը ընդօրինակել։ Երկրի վրայ ոտք կոխած բոլոր մարդոց մէջ, Յիսուս Քրիստոս ընդօրինակուելու արժանի լաւագոյն անձն է։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Յիսուս կատարելապէս կ’արտացոլէ իր Հօր անձնաւորութիւնը, անոր համար զինք տեսնելը նման է Հայրը տեսնելուն։ Հետեւաբար, մինչ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, աւելի կը մօտենանք Եհովային՝ տիեզերքի մեծագոյն Անձնաւորութեան։ Ի՜նչ մեծ վարձատրութիւն մը բոլոր անոնց, որոնք իր Որդւոյն յատկութիւններն ու ճամբաները կ’ընդօրինակեն։

2, 3. ա) Եհովան մեզի ինչո՞ւ իր Որդիին մասին գրաւոր նկարագրութիւն մը տուաւ եւ մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ որ ընենք։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Սակայն ուրկէ՞ կրնանք գիտնալ թէ Յիսուս ինչպիսի մէկն է։ Երախտապարտ ենք որ իր մասին ներշնչուած գրաւոր նկարագրութիւն մը ունինք։ Եհովան Յունարէն Գրութիւններուն մէջ այս նկարագրութիւնը տուաւ, քանի որ կ’ուզէ որ իր Որդիին ծանօթանանք եւ կարենանք զինք ընդօրինակել (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21)։ Աստուածաշունչը Յիսուսի թողած օրինակը կը համեմատէ «շաւիղներ»ու կամ ոտնահետքերու հետ։ Կարծես Եհովան մեզի կ’ըսէ որ Յիսուսի ետեւէն քալենք, անոր ոտնահետքերուն վրայ կոխելով։ Ճիշդ է որ Յիսուս կատարեալ օրինակ թողուց մեզի, բայց Եհովան մեզմէ չ’ակնկալեր որ կատարեա՛լ կերպով հետեւինք անոր շաւիղներուն։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ, անկատար ըլլալով հանդերձ, մեր կարելին ընենք իր Որդին ընդօրինակելու։

3 Ուստի Յիսուսի կարգ մը հիանալի յատկութիւնները քննարկենք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք իր խոնարհութիւնն ու քնքշութիւնը, իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ՝ իր քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը։ Իւրաքանչիւր յատկութեան առնչութեամբ պիտի պատասխանենք երեք հարցումներու։ Այս յատկութեան սահմանումը ի՞նչ է։ Յիսուս զայն ինչպէ՞ս ցուցաբերեց։ Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՆԱՐՀ Է

4. Ինչպէ՞ս կը սահմանես խոնարհութիւնը։

4 Ի՞նչ է խոնարհութիւնը։ Այս հպարտ աշխարհին մէջ, ոմանք թերեւս խորհին թէ խոնարհութիւնը տկարութիւն կամ ինքնավստահութեան պակաս է։ Բայց ասիկա յաճախ ճիշդ չէ, քանի որ խոնարհութիւնը զօրութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ։ Ատիկա հպարտութեան եւ ամբարտաւանութեան հակառակն է։ Խոնարհ ըլլալու համար, նա՛խ մեր անձին նկատմամբ ճիշդ կեցուածք պէտք է ունենանք։ Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ. «Խոնարհութիւնը գիտակցիլ է, թէ իսկապէս որքա՜ն աննշան ենք Աստուծոյ առջեւ»։ Նաեւ, եթէ ի՛րապէս խոնարհ ենք, պիտի չխորհինք թէ ուրիշներէն լաւ ենք (Հռով. 12։3. Փլպ. 2։3)։ Անկատար մարդոց համար դիւրին չէ այս յատկութիւնը մշակել, բայց կրնա՛նք խոնարհութիւն սորվիլ, եթէ Աստուծոյ մեծութեան մասին խոկանք եւ իր Որդիին ոտնահետքերուն հետեւինք։

5, 6. ա) Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը։ բ) Միքայէլ ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։

5 Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։ Աստուծոյ Որդին մի՛շտ խոնարհ եղած է, թէ՛ որպէս հոգեղէն հզօր արարած երկինքի մէջ եւ թէ որպէս կատարեալ մարդ երկրի վրայ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

6 Իր կեցուածքը։ Յուդայի նամակը կը նշէ դէպք մը Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան ընթացքին (կարդա՛ Յուդա 9)։ Որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ, Յիսուս «Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր»։ Մտաբերէ որ Մովսէսի մահէն ետք, Եհովան անոր մարմինը անյայտ տեղ մը թաղեց (Բ. Օր. 34։5, 6)։ Սատանան թերեւս ուզեց Մովսէսին դիակը գործածել սուտ պաշտամունք յառաջ մղելու համար։ Ամէն պարագայի, Միքայէլ քաջարի կեցուածք մը բռնեց։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ «դէմ դնել» եւ «կը վիճէր» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնները «նաեւ կը գործածուին օրինական բանավէճի առնչութեամբ» եւ թերեւս կը հասկցնեն, որ «Միքայէլ Մովսէսին մարմինը առնելու ‘Սատանայի իրաւունքին մարտահրաւէր ուղղեց’»։ Բայց Հրեշտակապետը գիտակցեցաւ թէ դատապարտելը իր գործը չէր։ Ուստի ան հարցը Գերագոյն Դատաւորին՝ Եհովային ներկայացուց։ Այսպէս, Միքայէլ իր հեղինակութեան սահմանը չանցաւ, նոյնիսկ դրդումի դիմաց։ Ի՜նչ խոնարհութիւն։

7. Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցուց իր խօսքերով եւ գործերով։

7 Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս թէ՛ իր խօսքերով եւ թէ իր գործերով անկեղծ խոնարհութիւն ցուցուց։ Իր խօսքերը։ Ան մարդոց ուշադրութիւնը անտեղիօրէն իր վրայ չհրաւիրեց, հապա ամբողջ փառքը իր Հօրը ուղղեց (Մար. 10։17, 18. Յովհ. 7։16)։ Ան իր աշակերտներուն հետ խօսելու ժամանակ, բնաւ վերէն չեկաւ, ոչ ալ զգացուց թէ անոնք ստորադաս են։ Ընդհակառակը, ան պատուեց զանոնք, իրենց մէջի լաւ բաները գովելով եւ իրենց հանդէպ իր վստահութիւնը յայտնելով (Ղուկ. 22։31, 32. Յովհ. 1։47Իր գործերը։ Յիսուս ընտրեց համեստ կեանք մը վարել, նիւթական ստացուածքներ չշատցնելով (Մատ. 8։20)։ Ան յօժարակամ կերպով ամէնէն համեստ գործերը կատարեց (Յովհ. 13։3-15)։ Ան նաեւ հնազանդ ըլլալով, խոնարհութեան կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։5-8)։ Հնազանդութիւնը ատող ամբարտաւաններուն հակառակը, Յիսուս խոնարհաբար Աստուծոյ կամքին ենթարկուեցաւ՝ «մինչեւ իսկ մեռնելու յօժար» ըլլալով։ Յստակ չէ՞ որ Յիսուս, մարդու Որդին, «սրտով խոնարհ» էր (Մատ. 11։29

ՅԻՍՈՒՍԻ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

8, 9. Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութիւն ցոյց տալ։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսին խոնարհութիւնը։ Մեր կեցուածքը։ Խոնարհ մարդը իր հեղինակութեան սահմանը չ’անցնիր։ Ուստի եթէ կը գիտակցինք որ իրաւունք չունինք ուրիշները դատելու, ապա արագօրէն պիտի չքննադատենք մարդիկ իրենց թերութիւններուն համար կամ հարցականի տակ պիտի չդնենք անոնց շարժառիթները (Ղուկ. 6։37. Յակ. 4։12)։ Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ «խիստ շատ արդար» չըլլանք եւ ցած աչքով չնայինք անոնց՝ որոնք մեր կարողութիւնները կամ առանձնաշնորհումները չունին (Ժող. 7։16)։ Խոնարհ երէցները իրենք զիրենք միւս հաւատակիցներէն գերադաս չեն նկատեր։ Ընդհակառակը, այս հովիւները ‘ուրիշը իրենցմէ գերազանց կը համարեն’ եւ այնպէս մը կը վարուին՝ կարծես իրե՛նք պզտիկը ըլլան (Փլպ. 2։3, ԱԾ. Ղուկ. 9։48

9 Օրինակ, եղբայր Ու. Ճ. Թորն 1894–ին սկսաւ ծառայել որպէս ուղեւոր կամ շրջագայող տեսուչ։ Երկար տարիներ այդ ծառայութեան մէջ ըլլալէ ետք, ան նշանակուեցաւ աշխատելու՝ Նիւ Եորքի հիւսիսը գտնուող Թագաւորութեան ագարակի հաւնոցին մէջ։ Ան ըսաւ. «Երբ սկսիմ քիչ մը ինքզինքիս կարեւորութիւն տալ, այլաբանօրէն խօսելով՝ անկիւն մը կը քաշուիմ, եւ ես ինծի կ’ըսեմ. ‘Դուն, ո՛վ փոշիի մասնիկ, ի՞նչ ինքզինքդ կը տեսնես’» (կարդա՛ Եսայի 40։12-15)։ Ի՜նչ խոնարհ կեցուածք։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութիւն ցոյց տալ մեր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ։

10 Մեր խօսքերը։ Եթէ ի՛րապէս սրտով խոնարհ ենք, ապա ասիկա ցցուն պիտի ըլլայ մեր խօսքերէն (Ղուկ. 6։45)։ Ուրիշներու հետ խօսակցելու ատեն, պիտի չկեդրոնանանք մեր իրագործումներուն եւ առանձնաշնորհումներուն վրայ (Առ. 27։2)։ Փոխարէն, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ կողմերը պիտի փնտռենք եւ պիտի գովենք զիրենք՝ իրենց ընտիր յատկութիւններուն, կարողութիւններուն եւ իրագործումներուն համար (Առ. 15։23Մեր գործերը։ Խոնարհ քրիստոնեաները չեն փորձեր այս աշխարհին մէջ երեւելի դառնալ, հապա կը ջանան պարզ կեանք վարել, նոյնիսկ աշխարհի աչքին անարգ թուող գործեր կատարելով, որպէսզի կարենան կարելի եղածին չափ Եհովային ծառայել (Ա. Տիմ. 6։6, 8)։ Ամէն բանէ աւելի, կրնանք խոնարհութիւն ցոյց տալ մեր հնազանդութեամբ։ Խոնարհամտութիւն կը պահանջէ, որ անհատ մը ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդի եւ Եհովայի կազմակերպութենէն եկած ուղղութիւնը ընդունի եւ ատոր հետեւի (Եբ. 13։17

ՅԻՍՈՒՍ ՔՆՔՈՒՇ Է

11. Քնքշութիւնը ի՞նչ է։

11 Ի՞նչ է քնքշութիւնը։ «Քնքուշ» բառին մէկ սահմանումն է՝ «նուրբ զգացումներով յատկանշուիլ, անոնց ընդառաջել, կամ զանոնք դրսեւորել»։ Քնքշութիւնը սիրոյ երեսակ մըն է եւ համընթաց կ’ընթանայ կարեկցութեան եւ ողորմածութեան հետ։ Սուրբ Գիրքը Եհովայի եւ Յիսուսի մասին կ’ըսէ թէ գութ ունին (Ղուկ. 1։78. Բ. Կոր. 1։3. Փլպ. 1։8)։ Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ, թէ քնքշութիւն ցոյց տալը կարօտեալներուն հետ զգալէն կամ անոնց կարեկցելէն աւելին կը պարփակէ։ Ըստ բառարանին, քնքուշ ըլլալը կը նշանակէ որ անհատը «այնքան կը հետաքրքրուի, որ հարցին մէջ կը պարփակուի եւ կ’օգնէ», ընելով բան մը որ ուրիշներուն կեանքը պիտի բարեփոխէ։ Քնքշութիւնը մղիչ ոյժ մըն է։ Քնքուշ անհատը կը մղուի ուրիշին կեանքին վրայ դրական ազդեցութիւն ձգելու։

12. ա) Ի՞նչը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս ուրիշներու հանդէպ կարեկցութիւն ունէր։ բ) Յիսուսի քնքշութիւնը զինք մղեց ի՞նչ ընելու։

12 Յիսուս ինչպէ՞ս քնքշութիւն ցուցաբերեց։ Իր քնքուշ զգացումները եւ գործերը։ Յիսուս ուրիշներուն կարեկցեցաւ։ Երբ տեսաւ թէ Մարիամ եւ ուրիշներ ինչպէ՛ս կու լային Ղազարոսին մահուան վրայ, ինքն ալ «լացաւ» (կարդա՛ Յովհաննէս 11։32-35)։ Ապա, հաւանաբար սրտանց խղճալով,– ինչպէս որ էր պարագան երբ որբեւայրի կնոջ որդին յարուցանեց,– Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ (Ղուկ. 7։11-15. Յովհ. 11։38-44)։ Այդ քնքուշ արարքին միջոցով, Ղազարոս այժմ կրնար երկնային կեանքի յոյսը ունենալ։ Նախապէս, Յիսուս «շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ» եւ կարեկցութեամբ շարժելով՝ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։34)։ Այս դէպքը բարեփոխեց անոնց կեանքը, որոնք ընդառաջեցին իր ուսուցումներուն։ Նշմարէ թէ Յիսուսի քնքշութիւնը պարզ զգացումէ մը աւելին էր. ատիկա զինք մղեց ուրիշներուն օգնելու մէջ նախաքայլը առնելու (Մատ. 15։32-38. 20։29-34. Մար. 1։40-42

13. Յիսուս ինչպէ՞ս ուրիշներուն հետ քնքշութեամբ խօսեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

13 Իր քնքուշ խօսքերը։ Յիսուսի քնքուշ սիրտը զինք մղեց, որ ուրիշներուն հետ քնքշութեամբ խօսի, մա՛նաւանդ հարստահարուածներուն հետ։ Մատթէոս առաքեալ Եսայիի հետեւեալ խօսքը Յիսուսին կիրարկեց. «Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ» (Եսա. 42։3. Մատ. 12։20)։ Յիսուսին խօսած կերպը ոգեւորեց զանոնք, որոնք այլաբանօրէն ջախջախուած եղէգի պէս կամ մարելու վրայ եղող ճրագի մը պատրոյգին պէս էին։ Ան յոյսի պատգամ մը քարոզեց, «կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու» համար (Եսա. 61։1)։ Ան «յոգնած ու բեռնաւորուած» մարդոց ըսաւ որ իրեն գան, վստահեցնելով որ իրենց անձերուն «հանգստութիւն պիտի գտն[են]» (Մատ. 11։28-30)։ Ան իր հետեւորդներուն վստահեցուց, որ Աստուած Իր իւրաքանչիւր երկրպագուով քնքշօրէն հետաքրքրուած է, ներառեալ՝ «պզտիկներ»ը, որոնք աշխարհի տեսանկիւնէն դիտուած՝ անկարեւոր կը թուին (Մատ. 18։12-14. Ղուկ. 12։6, 7

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՔՆՔՇՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն հանդէպ քնքուշ զգացումներ զարգացնել։

14 Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին քնքշութիւնը ընդօրինակել։ Մեր քնքուշ զգացումները։ Այսպիսի զգացումներ թերեւս բնականաբար չունենանք, բայց Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ ջանանք զանոնք մշակել։ «Գութը» եւ «ողորմութիւնը» նոր անձնաւորութեան մէկ մասն են, եւ Եհովան բոլոր քրիստոնեաներէն կ’ակնկալէ որ զայն հագուին (կարդա՛ Կողոսացիս 3։9, 10, 12)։ Ինչպէ՞ս կրնաս ուրիշներուն հանդէպ քնքուշ զգացումներ զարգացնել։ Սիրտդ լայն բաց (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ երբ մէկը իր զգացումներն ու հոգերը կը յայտնէ քեզի (Յակ. 1։19)։ Երեւակայութիւնդ գործածելով դուն քեզի հարց տուր. «Եթէ ես իր տեղը ըլլայի, ի՞նչ պիտի զգայի։ Ի՞նչ բանի պէտք պիտի ունենայի» (Ա. Պետ. 3։8

15. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել անոնց, որոնք թերեւս ջախջախուած եղէգի կամ պլպլած պատրոյգի պէս են։

15 Մեր քնքուշ գործերը։ Քնքշութիւնը մեզ կը մղէ որ փափաքինք դրական ազդեցութիւն ձգել ուրիշներու կեանքին վրայ, մա՛նաւանդ անոնց՝ որոնք թերեւս ջախջախուած եղէգի կամ պլպլած պատրոյգի պէս են։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։ «Լացողներուն հետ լացէ՛ք», կ’ըսէ Հռովմայեցիս 12։15։ Սրտաբեկները թերեւս լուծումներէ աւելի, կարեկցութեան պէտք ունին։ Քոյր մը, որ հաւատակիցներու կողմէ մխիթարուեցաւ իր աղջկան կորուստին վրայ, կ’ըսէ. «Երբ բարեկամներ եկան եւ ինծի հետ պարզապէս լացին, այս մէկը արժեւորեցի»։ Կրնանք քնքուշ ըլլալ նաեւ մեր ազնիւ գործերով։ Կը ճանչնա՞ս որբեւայրի մը, որ տան նորոգութեան պէտք ունի։ Կա՞յ տարեց քրիստոնեայ մը, որ փոխադրամիջոցի պէտք ունի, որպէսզի երթայ ժողովներուն, դաշտի ծառայութեան կամ բժիշկի քով։ Նոյնիսկ չնչին ազնիւ արարք մը կրնայ մեծ տարբերութիւն ընել կարիքաւոր հաւատակիցի մը կեանքին մէջ (Ա. Յովհ. 3։17, 18)։ Ամէն բանէ աւելի, կրնանք քնքշութիւն ցոյց տալ՝ լման բաժին բերելով քարոզչութեան մէջ, որովհետեւ ասիկա լաւագոյն կերպն է ազնուասիրտ մարդոց կեանքին վրայ դրական ազդեցութիւն ձգելու։

Հաւատակիցներու հանդէպ հարազատ հետաքրքրութիւն ունի՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 15)

16. Ի՞նչ մխիթարական խօսքեր կրնանք ըսել ընկճուածներուն։

16 Մեր քնքուշ խօսքերը։ Ուրիշներու հանդէպ գութ ունենալը մեզ կը մղէ որ ‘վատասիրտները մխիթարենք’ (Ա. Թես. 5։14)։ Ինչպէ՞ս կրնանք զիրենք քաջալերել։ Կրնանք վհատածները սփոփել, իրենց հանդէպ մեր հարազատ հետաքրքրութիւնը արտայայտելով։ Կրնանք զիրենք անկեղծօրէն գովել, որպէսզի իրենց դրական յատկութիւնները եւ կարողութիւնները տեսնեն։ Կրնանք իրենց յիշեցնել, որ քանի որ Եհովան զիրենք իր Որդիին քաշեց, ուրեմն թանկարժէք ըլլալու են Իր աչքին (Յովհ. 6։44)։ Կրնանք իրենց վստահեցնել, որ Եհովան խորապէս կը հետաքրքրուի իր այն ծառաներով, որոնց «սիրտը կոտրած է» կամ «հոգիով խոնարհած» են (Սաղ. 34։18)։ Մեր քնքուշ խօսքերը կրնան բալասանի պէս ըլլալ անոնց, որոնք մխիթարութեան պէտք ունին (Առ. 16։24

17, 18. ա) Եհովան երէցներէն կ’ակնկալէ որ իր ոչխարներուն հետ ինչպէ՞ս վարուին։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

17 Երէցնե՛ր, Եհովան ձեզմէ կ’ակնկալէ որ իր ոչխարներուն հետ քնքշութեամբ վարուիք (Գործք 20։28, 29)։ Յիշեցէք. ձեր պատասխանատուութիւնն է սորվեցնել, քաջալերել եւ թարմացնել ոչխարները (Եսա. 32։1, 2. Ա. Պետ. 5։2-4)։ Ուստի քնքուշ եւ կարեկից երէց մը չի փորձեր իր եղբայրներուն վրայ տիրապետել, կանոններ դնելով կամ յանցաւոր զգացնելով որպէսզի աւելի ընեն, մինչ իրենց պարագաները չեն ներեր։ Ընդհակառակը, ան կը ջանայ անոնց սիրտը ուրախացնել, վստահելով որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը պիտի մղէ զիրենք կարելի եղածին չափ Իրեն ծառայելու (Մատ. 22։37

18 Յիսուսի խոնարհութեան եւ քնքշութեան վրայ խոկալով, վստահաբար կը մղուինք որ շարունակենք իր շաւիղներուն հետեւիլ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք երկու յաւելեալ յատկութիւններ, որոնք եւս Յիսուսի անձնաւորութիւնը գրաւիչ կը դարձնեն,– քաջութիւն եւ խորատեսութիւն։