Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Թագաւորութեան ծառայութեանս մէջ յատկանշական իրադարձութիւններ

Թագաւորութեան ծառայութեանս մէջ յատկանշական իրադարձութիւններ

1947–ին, Սանդա Անայի մէջ, Սալվատոր, կաթողիկէ քահանաներ փորձեցին Վկաներուն խնդիրներ պատճառել։ Մինչ եղբայրները Դիտարան–ը կը սերտէին, տղեկներ մեծ քարեր նետեցին միսիոնարական տան բաց դուռէն ներս։ Ապա քահանաներու առաջնորդութեամբ թափօրը եկաւ, ոմանք ջահեր կրած, իսկ ուրիշներ՝ արձաններ։ Անոնք երկու ժամ շարունակ շէնքը քարկոծեցին՝ բացագանչելով. «Կեցցէ՛ Կոյսը» եւ «Թող Եհովան մեռնի»։ Անոնք կ’ուզէին միսիոնարները վախցնել, որպէսզի քաղաքէն հեռանան։ Ասիկա գիտեմ, քանի որ այդ ժողովին ներկայ էի *։

ՎԵՐՈՆՇԵԱԼ դէպքը պատահելէն երկու տարի առաջ, ես եւ Էվլին Թրապերդ Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցին 4–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղանք։ Այդ ատեն դպրոցը կը գտնուէր Նիւ Եորքի Իթակա քաղաքին մօտ։ Նշանակուեցանք Սանդա Անայի մէջ ծառայել։ Բայց նախքան պատմելս շուրջ 29 տարուան միսիոնարական ծառայութեանս մասին, նշեմ թէ ինչո՛ւ որոշեցի անոր ձեռնարկել։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆՍ

Ծնողքս՝ Ճոն եւ Էվա Օլսըն, 1923–ին, իմ ծնած տարիս, կ’ապրէին Սփօքէնի մէջ, Ուաշինկթըն (ԱՄՆ)։ Անոնք լուտերական էին, բայց դժոխքի կրակի եկեղեցական ուսուցումը կը մերժէին, քանի որ զայն ներդաշնակ չէին գտներ իրենց հաւատալիքին հետ, որ Աստուած սէր է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Հայրս փռատան մը մէջ կ’աշխատէր, եւ գիշեր մը գործակիցներէն մէկը զինք հաւաստիացուց, թէ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ թէ դժոխքը տանջանքի վայր է։ Շուտով ծնողքս սկսան Եհովայի վկաներուն հետ ուսումնասիրել եւ գիտցան թէ անդէնական կեանքին մասին Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։

Ես միայն ինը տարեկան էի, բայց կը յիշեմ ծնողքիս խանդավառ արտայայտութիւնները իրենց նորագիւտ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն մասին։ Անոնք ա՛լ աւելի խանդավառուեցան, երբ գիտցան թէ ճշմարիտ Աստուծոյ անունը Եհովա է, եւ Երրորդութեան շփոթեցուցիչ վարդապետութենէն ձերբազատուեցան։ Սկսայ այս աստուածաշնչական սքանչելի ուսուցումները սպունգի մը նման ներծծել, սորվելով այն ‘ճշմարտութիւնը որ կ’ազատէ’ (Յովհ. 8։32)։ Ուստի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը բնաւ ձանձրացուցիչ չէի նկատեր. Աստուծոյ Խօսքը քննելը մի՛շտ հաճելի գտած եմ։ Ամչկոտ ըլլալով հանդերձ, ծնողքիս հետ քարոզչութեան կը մասնակցէի։ Անոնք 1934–ին մկրտուեցան, իսկ ես՝ 1939–ին, երբ 16 տարեկան էի։

Մօրս ու հօրս հետ 1941–ի համաժողովին, Սենթ Լուիսի մէջ, Միսուրի

1940–ի ամրան, ծնողքս տունը ծախեցին, եւ երեքս սկսանք ռահվիրայութիւն ընել Գոր տԱլինի մէջ, Այտըհօ։ Կառատան մը վերեւ յարկաբաժին մը վարձեցինք։ Մեր տունը նաեւ ժողովներու վայր դարձաւ։ Այդ օրերուն, եղբայրները անձնական տուներու կամ վարձուած սենեակներու մէջ կը ժողվուէին, քանի որ քիչ ժողովքներ Թագաւորութեան սրահ ունէին։

1941–ին, ծնողքս ու ես Սենթ Լուիսի մէջ, Միսուրի, համաժողովի ներկայ գտնուեցանք։ Կիրակի օրը «Երեխաներու օր» էր, եւ 5-18 տարեկան եղողները բեմին ճիշդ առջեւը նստած էին։ Եղբայր Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ իր դասախօսութեան զենիթին, իր խօսքը ուղղեց մեզի՝ պատանիներուս, ըսելով. «Երեխանե՛ր. . . բոլորդ որ յօժար էք Աստուծոյ եւ իր Թագաւորին հնազանդելու, հաճեցէք ոտքի կենալ»։ Բոլորս ոտքի կեցանք։ Ապա, եղբայր Ռատըրֆորտ բացագանչեց. «Ահաւասիկ Թագաւորութեան աւելի քան 15,000 նոր վկաներ»։ Այդ պահը ամրացուց՝ ռահվիրայութիւնը կեանքիս ասպարէզը դարձնելու որոշումս։

ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Սենթ Լուիսի համաժողովէն քանի մը ամիս ետք, ընտանիքս փոխադրուեցաւ Քալիֆորնիոյ հարաւը։ Հոն, Աքսնարտ քաղաքին մէջ մեր նշանակումն էր ժողովք մը հիմնել։ Կ’ապրէինք մէկ անկողին կրող պզտիկ կցասայլի մը մէջ։ Ամէն գիշեր պէտք էր որ «անկողինս» շտկէի ճաշասեղանին վրայ, մինչդեռ նախապէս անձնական ննջասենեակ ունէի. ի՜նչ փոփոխութիւն։

Քալիֆորնիա հասնելէ ճիշդ առաջ, Ճափոն յարձակեցաւ Հաուայիի մէջ Փըրլ Հարպըրի վրայ, 7 դեկտեմբեր 1941–ին։ Յաջորդ օրը, Միացեալ Նահանգները սկսան Բ. Աշխարհամարտին մասնակցիլ։ Հեղինակութիւնները լուսմար պարտադրեցին, ինչ որ մեզմէ պահանջեց գիշերը բոլոր լոյսերը մարել։ Ճափոնական սուզանաւերը Քալիֆորնիայի մօտ կը շրջէին, եւ ամբողջական մթութիւնը պիտի դժուարացնէր ցամաքին վրայ որոշ թիրախներ հարուածել։

Սեպտեմբեր 1942–ին, Քլիվլէնտի մէջ, Օհայօ, «Նոր աշխարհի աստուածպետական համաժողով»ին ներկայ գտնուեցանք։ Հոն մտիկ ըրինք եղբայր Նաթան Հ. Նորի դասախօսութիւնը,– «Խաղաղութիւնը կրնա՞յ յարատեւել»։ Ան քննարկեց Յայտնութիւն գրքին 17–րդ գլուխը, որ կը նկարագրէ «գազան» մը, որ «կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու. . . վրայ է» (Յայտ. 17։8, 11)։ Եղբայր Նոր բացատրեց թէ «գազանը» Ազգերու դաշնակցութիւնն է, որ 1939–ին անգործունեայ դարձաւ։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ Ազգերու դաշնակցութիւնը պիտի փոխարինուէր, եւ յարաբերաբար խաղաղ ժամանակ պիտի ըլլար։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, երբ 1945–ին Բ. Աշխարհամարտը վերջ գտաւ, ապա «գազանը» դարձեալ յայտնուեցաւ որպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն։ Այդ ատեն Եհովայի վկաները իրենց երկրապարփակ քարոզչութիւնը ընդարձակեցին, եւ անկէ ի վեր որքա՜ն մեծ յաւելում մը արձանագրուած է։

Գաղաադի վկայականս

Այդ մարգարէութիւնը ինծի օգնեց որ տեսնեմ գալիք բաները։ Երբ յայտարարուեցաւ թէ 1943–ին Գաղաադի դպրոցը պիտի սկսէր, միսիոնար ըլլալու փափաքս կայծ առաւ։ 1943–ին, նշանակում ստացայ ռահվիրայութիւն ընելու Փորթլընտի մէջ, Օրիկըն։ Այդ օրերուն, դրան առջեւ ֆոնոկրաֆ կը գործածէինք, որպէսզի տանտէրը քարոզ մը մտիկ ընէր, եւ ապա Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին հրատարակութիւններ կ’առաջարկէինք։ Այդ ամբողջ տարին, շարունակ կը մտածէի միսիոնարական ծառայութեան մասին։

1944–ին, հրճուեցայ երբ ես ու սիրելի բարեկամուհիս՝ Էվլին Թրապերդ, հրաւէր ստացանք Գաղաադ յաճախելու։ Հինգ ամսուան ընթացքին, մեր ուսուցիչները մեզի ցոյց տուին թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն հաճոյք առնել։ Մեզ մեծապէս տպաւորեց իրենց խոնարհութիւնը։ Ատեններ, երբ կը ճաշէինք, անոնք կ’ըլլային սպասեակները։ 22 յունուար 1945–ին շրջանաւարտ եղանք։

ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՍ

Էվլին ու ես, Լէօ եւ Էսթըր Մէհանի հետ, մեր նշանակումին վայրը՝ Սալվատոր հասանք յունիս 1946–ին։ Դաշտը «ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ» գտանք (Յովհ. 4։35)։ Յօդուածին սկիզբը նշուած դէպքը ցոյց կու տայ, թէ կղերականները որքա՛ն կատղած էին։ Միայն մէկ շաբաթ առաջ, Սանդա Անայի մէջ մեր առաջին շրջանային համաժողովը ունեցած էինք։ Հանրային դասախօսութիւնը լայնատարած կերպով ծանուցանեցինք եւ շատ ուրախացանք երբ շուրջ 500 հոգի ներկայ գտնուեցաւ։ Փոխանակ քաղաքէն փախչելու, ա՛լ աւելի վճռակամ էինք կենալու եւ ազնուասիրտ անհատներուն օգնելու։ Թէեւ կղերականները մարդիկը զգուշացուցած էին որ Աստուածաշունչը չկարդան, եւ քիչեր կարելիութիւնը ունէին անձնական օրինակ մը ունենալու, բայց շատեր ճշմարտութեան ծարաւ ունէին։ Անոնք գնահատեցին սպաներէն սորվելու մեր ջանքերը, որպէսզի կարենանք իրենց սորվեցնել ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովային մասին, եւ երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատելու իր թանկագին խոստումին մասին։

Գաղաադի իմ դասարանէս հինգ հոգի Սալվատոր ղրկուեցանք։ Ձախէն աջ. Էվլին Թրապերդ, Միլլի Պրաշիէր, Էսթըր Մէհան, ես եւ Լէօ Մէհան

Ռոզա Ասէնսիօ իմ առաջին աշակերտուհիներէս մէկն էր։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսելէ ետք, ան դադրեցաւ իր սիրահարին հետ կենակցելէ։ Ապա, տղամարդն ալ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։ Անոնք ամուսնացան, մկրտուեցան եւ Եհովայի նախանձախնդիր վկաներ եղան։ Ռոզա Սանդա Անայի մէջ առաջին տեղացի ռահվիրան էր *։

Ռոզա պզտիկ նպարախանութ մը ունէր։ Երբ ան ծառայութեան կ’ելլէր, իր խանութը կը փակէր վստահելով թէ Եհովան իր պէտքերը պիտի հոգար։ Երբ քանի մը ժամ ետք դարձեալ խանութը բանար, յաճախորդները կը վխտային գնելու համար։ Ան Մատթէոս 6։33–ի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը իր մորթին վրայ զգաց եւ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց։

Առիթով մը, տեղացի կղերականը գնաց այն մարդուն քով, որ մեզի՝ վեց միսիոնարներուս վարձու տուն տուած էր, եւ զինք զգուշացուց որ եթէ շարունակէր մեզի վարձու տուն տալ, ինք ու իր կինը եկեղեցիէն պիտի վռնտուէին։ Տանտէրը, որ երեւելի առեւտրական մըն էր, արդէն իսկ կղերականներուն վարքէն գանած էր եւ ճնշումին տեղի չտուաւ։ Ան նոյնիսկ կղերականին ըսաւ թէ իրեն համար բնաւ հարց մը չէ եկեղեցիէն վտարուիլ։ Ան մեզ հաւաստիացուց թէ կրնայինք մնալ որքա՛ն որ ուզէինք։

ՅԱՐԳՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՄԸ ՎԿԱՅ Կ’ԸԼԼԱՅ

Մասնաճիւղ, կառուցուած 1955–ին

Մայրաքաղաքին՝ Սան Սալվատորի մէջ, ուրիշ միսիոնար մը Աստուածաշունչը կը սերտէր Պալդասար Փերլա անունով երկրաչափի մը կնոջ հետ։ Այդ ազնուասիրտ մարդը կրօնական առաջնորդներուն կեղծաւորութիւնը նկատելով՝ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը կորսնցուցած էր։ Երբ ժամանակը հասաւ որ մասնաճիւղ մը կառուցանուի, Պալդասար, որ տակաւին ճշմարտութիւնը չէր որդեգրած, առաջարկեց կառոյցը ձրիաբար ծրագրել եւ շինել։

Շինարարական ծրագրին պատճառով Եհովայի ծառաներուն հետ ընկերակցելէ ետք, Պալդասար համոզուեցաւ որ ճշմարիտ կրօնքը գտած էր։ Ան 22 յուլիս 1955–ին մկրտուեցաւ, իսկ իր կինը՝ Փաուլինա մկրտուեցաւ իրմէ քիչ ետք։ Անոր երկու զաւակներն ալ այժմ հաւատարմօրէն Եհովային կը ծառայեն. տղան՝ Պալդասար կրտսեր, 49 տարի ծառայած է Պրուքլինի Բեթէլին մէջ, ուր երկրապարփակ քարոզչութեան թիկունք կը կանգնի եւ այժմ կը ծառայէ որպէս Միացեալ Նահանգներու Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամը *։

Երբ սկսանք Սան Սալվատորի մէջ համաժողովներ ունենալ, եղբայր Փերլա օգնեց որ հսկայ մարզարան մը գործածենք։ Սկիզբը, աթոռներու միայն քանի մը շարքեր գործածեցինք, բայց Եհովայի օրհնութեամբ տարիէ տարի մեր թիւը աւելցաւ, մինչեւ որ ամբողջ մարզարանը լեցուցինք եւ այլեւս մեզի համար բաւարար չէր։ Այդ ուրախալի առիթներուն կը հանդիպէի անհատներու, որոնց հետ Աստուածաշունչը սերտած էի։ Պատկերացուր թէ ի՛նչ կը զգայի, երբ նախկին աշակերտներս ինծի կը ծանօթացնէին «թոռներս»,– նոր մկրտուածներ, որոնց հետ իրենք սերտած են։

Եղբայր Ֆ. Ու. Ֆրանզ համաժողովի մը մէջ կը խօսի միսիոնարներու հետ

Համաժողովի մը ընթացքին, եղբայր մը քովս եկաւ եւ ըսաւ որ կ’ուզէ բան մը խոստովանիլ։ Ես զինք չճանչցայ եւ հետաքրքրուեցայ թէ ի՛նչ պիտի ըսէր։ Ան ըսաւ. «Ես այն տղոցմէն էի, որ Սանդա Անայի մէջ ձեր վրայ քարեր նետեցին»։ Այժմ ան Եհովային մէկ ծառան եղած էր։ Ասիկա ինծի շատ մեծ հրճուանք պատճառեց։ Այս խօսակցութիւնը ինծի հաստատեց, թէ լիաժամ ծառայութիւնը ամէնէն վարձահատոյց գործն է որ մէկը կրնայ ընտրել։

Սալվատորի մէջ առաջին շրջանային համաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցանք

ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գրեթէ 29 տարի, շարունակեցի միսիոնարութիւն ընել Սալվատորի մէջ, նա՛խ Սանդա Անա քաղաքին մէջ, ապա Սոնսօնաթէյի մէջ, Սանդա Դեգլայի մէջ եւ վերջապէս Սան Սալվատորի մէջ։ 1975–ին, աղօթքով լրջօրէն մտածելէ ետք, որոշեցի միսիոնարական նշանակումս ձգել եւ Սփօքէն վերադառնալ, քանի որ իմ հաւատարիմ տարեց ծնողքս օգնութեանս կարիք ունէին։

1979–ին հայրս մահացաւ, իսկ մայրս անկար դարձաւ եւ ութ տարի ետք՝ 94 տարեկանին մահացաւ։ Այդ դժուար ժամանակամիջոցին, ֆիզիքապէս ու զգացականօրէն հատնեցայ եւ ցաւոտ սողնախտագօտի ունեցայ։ Բայց աղօթքով եւ Եհովայի սիրալիր աջակցութեամբ կրցայ համբերատարութեան այդ փորձին տոկալ, ինչպէս որ խոստացած է. «Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը. . . ե՛ս պիտի վերցնեմ, ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ» (Եսա. 46։4

1990–ին, փոխադրուեցայ Օմաք, Ուաշինկթըն։ Հոն, անգամ մը եւս օգտակար դարձայ սպանախօս դաշտին մէջ, եւ Աստուածաշունչի աշակերտներէս շատեր մկրտուեցան։ Նոյեմբեր 2007–ին, այլեւս Օմաքի մէջ չէի կրնար տանս հոգ տանիլ, ուստի փոխադրուեցայ յարկաբաժին մը մօտակայ Չէլան քաղաքին մէջ, ուր մինչեւ օրս սպանախօս ժողովքը ինծի լաւ հոգ կը տանի, եւ ասոր համար շատ երախտապարտ եմ։ Հոս միակ տարեց Վկան ըլլալով, եղբայրներն ու քոյրերը ազնուութեամբ զիս «որդեգրած» են որպէս իրենց «մեծ մայրը»։

Թէեւ որոշեցի չամուսնանալ եւ ընտանիք չկազմել, որպէսզի կարենամ «առանց զբաղումի» լիովին ծառայել, սակայն ունիմ բազմաթիւ հոգեւոր զաւակներ (Ա. Կոր. 7։34, 35)։ Տրամաբանեցի թէ ներկայ կեանքիս մէջ, չեմ կրնար ամէն բան ունենալ։ Ուստի առաջնակարգ բաները առաջին տեղը դրած եմ,– ամբողջ սրտով Եհովային ծառայելու նուիրումս։ Նոր աշխարհին մէջ, շատ ժամանակ պիտի ունենամ ամէն տեսակի օգտակար գործունէութիւններ վայելելու։ Նախասիրած համարս է՝ Սաղմոս 145։16–ը, որ մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովան «ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցն[է]»։

Ռահվիրայութիւնը զիս ներքնապէս երիտասարդ կը պահէ

91 տարեկան ըլլալով հանդերձ, տակաւին ռահվիրայ եմ։ Ռահվիրայութիւնը զիս ներքնապէս երիտասարդ կը պահէ եւ կեանքիս նպատակ կու տայ։ Երբ առաջին անգամ Սալվատոր հասայ, քարոզչութիւնը նոր սկսած էր։ Հակառակ Սատանայի դաժան հակառակութեան, այժմ այդ երկրին մէջ աւելի քան 39,000 հրատարակիչներ կան։ Ասիկա իսկապէս հաւատքս զօրացուցած է։ Կասկած չկայ թէ Եհովայի սուրբ հոգին իր ժողովուրդի ջանքերուն թիկունք կը կանգնի։

^ պարբ. 4 Տե՛ս 1981–ի Եհովայի վկաներուն Տարեգիրք–ը, էջ 45-46 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 19 1981–ի Տարեգիրք–ը, էջ 41-42 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 24 1981–ի Տարեգիրք–ը, էջ 66-67, 74-75 (անգլերէնով)։