Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ծառաները ‘անիրաւ գործերէ հեռու կը մնան’

Եհովայի ծառաները ‘անիրաւ գործերէ հեռու կը մնան’

«Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ» (Բ. ՏԻՄ. 2։19, ՆԹ

1. Ի՞նչ բան մեր պաշտամունքին մէջ մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ։

ԵՐԲԵՔ Եհովայի անունը կառոյցի մը վրայ կամ թանգարանի մը մէկ ձեռագործ իրին վրայ փորագրուած տեսա՞ծ ես։ Վստահաբար մեծապէս հետաքրքրուեցար ու ոգեւորուեցար։ Վերջ ի վերջոյ, Աստուծոյ անձնական անունը մեր պաշտամունքին մէջ մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ,– մենք Եհովայի վկաներ ենք։ Համաշխարհային գետնի վրայ, մեզմէ զատ չկայ ժողովուրդ մը, որ այս անունին այսքան սերտօրէն առնչուած է։ Սակայն, գիտենք թէ Աստուծոյ անունը կրելու առանձնաշնորհումը իրեն հետ պատասխանատուութիւն կը բերէ։

2. Աստուծոյ անունը կրելու մեր առանձնաշնորհումը իրեն հետ ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը բերէ։

2 Աստուածային անունը գործածելը ինքնին չ’երաշխաւորեր որ Եհովային հաճութիւնը ունինք։ Պէտք է իր բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրինք։ Այս պատճառով, Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովայի երկրպագուները պէտք է ‘չարութենէ հեռանան’ (Սաղ. 34։14)։ Պօղոս առաքեալ այս սկզբունքը յստակօրէն նշեց, երբ գրեց. «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ» (ՆԹ) (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։19)։ Մենք Իր վկաները ըլլալով, ճանչցուած ենք որպէս իր անունը կրողներ։ Բայց ինչպէ՞ս անիրաւ գործերէ պէտք է հեռու մնանք։

ՉԱՐՈՒԹԵՆԷ ‘ՀԵՌԱՑԻՐ’

3, 4. Ո՞ր համարը երկար ատենէ ի վեր աստուածաշնչագէտները հետաքրքրած է, եւ ինչո՞ւ։

3 Նկատի առ Բ. Տիմոթէոս 2։19–ի մէջ Պօղոսի խօսքերուն աստուածաշնչական ենթահողը։ Այս համարը կ’ակնարկէ «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմ»ին եւ ապա կը նշէ անոր վրայ դրոշմուած երկու յայտարարութիւն։ Առաջինը՝ «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», բացայայտօրէն մէջբերուած է Թուոց 16։5–էն (տե՛ս նախորդ յօդուածը)։ Երկրորդը՝ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ», երկար ատենէ ի վեր աստուածաշնչագէտներու հետաքրքրութիւնը շարժած է։ Ինչո՞ւ։

4 Պօղոսի շարադրութիւնը կը թելադրէ թէ ուրիշ աղբիւրէ մը կը մէջբերէր։ Բայց Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ չկայ համար մը, որ Պօղոսի մէջբերումին կը համապատասխանէ։ Ուստի առաքեալը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր երբ ըսաւ. «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։ Այս խօսքէն անմիջապէս առաջ, Պօղոս մէջբերեց Թուոց գրքին 16–րդ գլուխէն, որ Կորխի ըմբոստութեան պատմութիւնը կը բովանդակէ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ երկրորդ յայտարարութիւնն ալ այդ ըմբոստութեան առնչուած դէպքերուն հետ կապ ունի։

5-7. Մովսէսի օրուան ո՞ր դէպքերը որպէս ենթահող կը ծառայեն Բ. Տիմոթէոս 2։19–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերուն (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եղիաբի որդիները՝ Դաթան ու Աբիրոն, Կորխին միացան, Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ ըմբոստութիւնը առաջնորդելով (Թուոց 16։1-5)։ Անոնք բացէ ի բաց Մովսէսը անարգեցին եւ անոր աստուածատուր հեղինակութիւնը մերժեցին։ Այս ըմբոստները շարունակեցին Եհովայի ժողովուրդին մէջ բնակիլ, հաւատարիմներուն հոգեւոր առողջութիւնը վտանգելով։ Երբ օրը հասաւ որ Եհովան իր հաւատարիմ երկրպագուները զանազանէ ըմբոստներէն, ան յստակ պատուէր մը տուաւ։

6 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. ‘Խօսէ՛ ժողովուրդին ու ըսէ՛, Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի բնակարանին բոլորտիքէն հեռացէք’։ Մովսէս ելաւ ու Դաթանին եւ Աբիրոնին գնաց եւ Իսրայէլի ծերերը անոր ետեւէն գացին։ Եւ խօսեցաւ ժողովուրդին՝ ըսելով. ‘Այդ չար մարդոց վրաններուն քովէն ետ քաշուեցէք ու անոնց ոեւէ մէ՛կ բանին մի՛ դպչիք, որպէս զի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք’։ Այսպէս անոնք Կորխին, Դաթանին ու Աբիրոնին բնակարանին բոլորտիքէն [«անմիջապէս», ՆԱ] հեռացան» (Թուոց 16։23-27)։ Ապա, Եհովան բոլոր ըմբոստները մահուան մատնեց, իսկ հաւատարիմ երկրպագուները, որոնք հեռանալով անիրաւ գործերը մերժեցին, ողջ պահեց։

7 Եհովան սրտերը կը կարդայ։ Ան իրեններուն հաւատարմութիւնը կը նկատէ։ Բայց եւ այնպէս հարկ էր որ հաւատարիմները վճռական քայլ առնէին, անիրաւ մարդոցմէ զատուելով։ Ուստի, կարելի է ըսել թէ Պօղոս Թուոց 16։5, 23-27–ի արձանագրութեան կ’ակնարկէր, երբ գրեց. «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։ Այս եզրակացութիւնը ներդաշնակ է Պօղոսի խօսքին հետ, թէ «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19

«ՅԻՄԱՐԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆԻՄԱՍՏ ՎԷՃԵՐԷՆ ՄԷԿԴԻ ՔԱՇՈՒԷ»

8. Ինչո՞ւ Եհովայի անունը գործածելը կամ քրիստոնէական ժողովքին պատկանիլը բաւարար չէ։

8 Մովսէսի օրուան դէպքերուն ակնարկելով, Պօղոս Տիմոթէոսին կը յիշեցնէր թէ Եհովայի հետ իր թանկագին փոխյարաբերութիւնը պաշտպանելու համար, վճռական քայլ պէտք էր առնէր։ Պարզապէս քրիստոնէական ժողովքին պատկանիլը բաւարար չէր, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի ժամանակ Եհովային անունը կրելը ինքնին բաւարար չէր։ Հաւատարիմ երկրպագուները վճռականօրէն պէտք էր հեռու մնային անիրաւ գործերէ։ Ասիկա Տիմոթէոսի համար ի՞նչ նշանակեց։ Իսկ ներկայիս Եհովայի ծառաները այս ներշնչեալ խրատէն ի՞նչ դասեր կրնան քաղել։

9. Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս ազդուեցաւ «յիմարական ու անիմաստ վէճեր»էն։

9 Աստուծոյ Խօսքը մասնայատուկ խրատ կու տայ այն անիրաւ գործերուն նկատմամբ, որոնցմէ քրիստոնեաները պէտք է հեռու մնան կամ մերժեն։ Օրինակ, նոյն 2–րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք, թէ Պօղոս Տիմոթէոսի կ’ըսէ «խօսքերու վրայ վէճ չընել» եւ «փուճ խօսքերէն մէկդի [կենալ]» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։14, 16, 23)։ Ժողովքին անդամներէն ոմանք հաւատուրաց ուսուցումներ կը յառաջացնէին։ Նաեւ, այնպէս կը թուի թէ ուրիշներ վիճելի գաղափարներ կը ներկայացնէին։ Նոյնիսկ եթէ այդ գաղափարները ուղղակիօրէն անաստուածաշնչական չէին, անոնք պառակտիչ էին, պատճառ դառնալով որ բանակռիւներ ըլլան ու հոգեւորապէս վատառողջ մթնոլորտ ստեղծուի։ Անոր համար Պօղոս շեշտեց ‘յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուելուն’ կարիքը։

10. Երբ հաւատուրացութեան դէմ յանդիման գանք, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

10 Ներկայիս, Եհովային ծառաները ժողովքէն ներս յաճախ հաւատուրացութիւն չեն դիմագրաւեր։ Բայց եւ այնպէս, երբ անաստուածաշնչական ուսուցումի մը դէմ յանդիման գանք, ինչ որ ալ ըլլայ անոր աղբիւրը, զայն պէտք է վճռականօրէն մերժենք։ Անմտութիւն է վիճիլ հաւատուրացներու հետ, ըլլա՛յ անհատապէս կամ անոնց կայքերը այցելելով կամ հաղորդակցութեան որեւէ կերպով։ Նոյնիսկ երբ նպատակը անհատին օգնել է, այսպիսի զրոյց մեր նկատի առած աստուածաշնչական ուղղութեան հակառակ է։ Փոխարէն, Եհովայի ծառաները ըլլալով, հաւատուրացութենէն լիովին կը խուսափինք, այո՛, զայն կը մերժենք։

Խուսափէ հաւատուրացներու հետ վիճելէ (տե՛ս պարբերութիւն 10)

11. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ դառնալ որ ‘յիմարական վէճեր’ ծագին, եւ երէցները ինչպէ՞ս կրնան լաւ օրինակ հանդիսանալ։

11 Հաւատուրացութեան կողքին, կան ուրիշ բաներ որոնք կրնան ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։ Օրինակ, զբօսանքի առնչութեամբ տարակարծութիւնները կրնան «յիմարական ու անիմաստ վէճեր»ու դուռ բանալ։ Անշուշտ, երբ անհատներ քաջալերեն այնպիսի զբօսանք, որ Եհովայի բարոյական չափանիշները կ’ոտնակոխէ, երէցները ասիկա պէտք չէ հանդուրժեն պարզապէս վիճաբանութեան առիթ չտալու համար (Սաղ. 11։5. Եփ. 5։3-5)։ Այսուհանդերձ երէցները զգոյշ կ’ըլլան որ իրենց անձնական գաղափարները յառաջ չմղեն։ Անոնք հաւատարմօրէն կ’անսան աստուածաշնչական սա յորդորին. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք. . . ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով» (Ա. Պետ. 5։2, 3. կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։23

12, 13. ա) Զբօսանքի ընտրութեան նկատմամբ Եհովայի ծառաներուն կեցուածքը ի՞նչ է, եւ աստուածաշնչական ի՞նչ սկզբունքներ կրնան կիրարկուիլ։ բ) 12–րդ պարբերութեան մէջ քննարկուած սկզբունքները ինչպէ՞ս անձնական հարցերու կը կիրարկուին։

12 Զբօսանքին հարցով, մեր կազմակերպութիւնը չի նշեր թէ ճիշդ ո՛ր շարժապատկերներէն, տեսաերիզի խաղերէն, գիրքերէն կամ երգերէն պէտք է խուսափինք։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր անհատ կը քաջալերէ որ մարզէ իր «ըմբռնողականութիւնը. . . ճիշդն ու սխալը զանազանելու համար» (Եբ. 5։14, ՆԱ)։ Աստուածաշունչը կու տայ հիմնական սկզբունքներ, որոնց լոյսին տակ քրիստոնեան կրնայ իր ժամանցը ընտրել։ Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ՝ շարունակ «քննե[լ] թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին» (Եփ. 5։10)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ ընտանիքի գլուխը որոշ չափով հեղինակութիւն ունի, ուստի ան կրնայ որոշել ընտանիքէն ներս որոշ ժամանց մը չարտօնել (Ա. Կոր. 11։3. Եփ. 6։1-4

13 Վերոնշեալ սկզբունքները միայն զբօսանքի մեր ընտրութեան չէ որ կը կիրարկուին։ Անձնական հարցեր, ինչպէս՝ հագուելակերպի ու յարդարանքի, առողջութեան ու սննդառութեան հարցեր, կրնան նաեւ վիճաբանութիւն յառաջ բերել։ Ուստի, եթէ աստուածաշնչական սկզբունք մը չի բեկանուիր, Եհովայի ծառաները իմաստութիւն ի գործ դնելով, այսպիսի հարցերու շուրջ վիճաբանելէ կը խուսափին, քանի որ «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի [կամ՝ փափկանկատ] ըլլայ ամենուն» (Բ. Տիմ. 2։24

ՉԱՐ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԷ

14. Պօղոս ի՞նչ լուսաբանութիւն գործածեց, չար ընկերակցութիւններէ խուսափելու կարիքը շեշտելու համար։

14 Ուրիշ ի՞նչ կերպով ‘Տիրոջ անունը կրողները’ կրնան ‘հեռու մնալ անիրաւ գործերէ’։ Անիրաւութիւն գործելը սովորութիւն դարձնող մարդոց հետ սերտօրէն չընկերակցելով։ Ուշադրութեան արժանի է թէ Պօղոս «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը» նշելէ ետք, սա լուսաբանութիւնը գործածեց. «Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար» (Բ. Տիմ. 2։20, 21)։ Ապա ան քրիստոնեաները յորդորեց որ իրենց անձը ‘մաքրեն’, կամ անջատեն, այն ամաններէն, որոնք «անարգանքի համար» են։

15, 16. «Մեծ տան» լուսաբանութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

15 Այս լուսաբանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Պօղոս քրիստոնէական ժողովքը կը նմանցնէ «մեծ տան» մը, իսկ ժողովքին իւրաքանչիւր անդամը՝ «աման»ի, կամ տնային պիտոյքի։ Տան մէջ, կարգ մը ամաններ կրնան վտանգաւոր նիւթերու կամ հակառողջական պայմաններու պատճառով ապականուիլ։ Տանտէրը այսպիսի պիտոյքներ հեռու պիտի պահէ մաքուր ամաններէն, ինչպէս՝ անոնք որ ճաշ եփելու համար կը գործածուին։

16 Նմանապէս, Եհովայի այժմու ծառաները, որոնք կը ջանան մաքուր կեանք վարել, պէտք չէ մտերմանան ժողովքի այն անդամներուն հետ, որոնք շարունակ Եհովայի սկզբունքները կ’անտեսեն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Եթէ այս է պարագան ժողովքէն ներս, որքա՜ն աւելի պէտք է խուսափինք մտերմութիւն հաստատելէ ժողովքէն դուրս եղողներուն հետ, որոնցմէ շատեր ‘արծաթասէր, ծնողներու անհնազանդ, անսուրբ, բանսարկու, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող ու մատնիչ են եւ աւելի հեշտասէր՝ քան թէ աստուածասէր’ (Բ. Տիմ. 3։1-5

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՕՐՀՆԷ

17. Երբ հաւատարիմ իսրայէլացիներ անիրաւ գործերու դէմ դիրք բռնեցին, որքա՞ն վճռական էին։

17 Աստուածաշունչը մասնայատուկ կերպով կը նշէ, թէ իսրայէլացիները ինչպէս վճռականօրէն գործեցին եւ լիովին ենթարկուեցան, երբ իրենց ըսուեցաւ որ Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի վրաններէն հեռու կենան։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ իսրայէլացիները անոնց «բնակարանին բոլորտիքէն անմիջապէս հեռացան» (Թուոց 16։24, 27)։ Անոնք չվարանեցան կամ հեռանալը չյետաձգեցին, հապա վրաններուն չորս կողմէն հեռու կեցան։ Հաւատարիմները չուզեցին ինքզինքնին վտանգի ենթարկել։ Անոնց հնազանդութիւնը մասնակի կամ կէս–սրտով չէր։ Անոնք յստակ կերպով դիրք բռնեցին Եհովայի կողմը եւ անիրաւ գործերու դէմ։ Այս օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

18. Ի՞նչ էր Պօղոսի խօսքերուն ետին գտնուող ոգին, երբ Տիմոթէոսը յորդորեց որ ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչի’։

18 Երբ հարցը կը վերաբերի Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանելու, պէտք է արագօրէն ու վճռականօրէն գործենք։ Այս էր Պօղոսի խօսքերուն ետին գտնուող ոգին, երբ Տիմոթէոսը յորդորեց որ ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչի’ (Բ. Տիմ. 2։22)։ Այդ ատեն Տիմոթէոս արդէն իսկ խելահաս էր, հաւանաբար 30–ական տարիքին։ Սակայն, յիմարական «երիտասարդական ցանկութիւններ» ունենալը միշտ տարիքէն կախեալ չէ։ Երբ Տիմոթէոս այսպիսի ցանկութիւններու դէմ յանդիման գար, անոնցմէ պէտք էր ‘փախչէր’։ Ուրիշ խօսքով, ան պէտք էր ‘հեռու մնար անիրաւ գործերէ’։ Յիսուս նոյնանման պատգամ մը հաղորդեց, երբ ըսաւ. «Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ» (Մատ. 18։9)։ Ներկայիս, այն քրիստոնեաները որոնք այս խրատը լուրջի կ’առնեն, հոգեւոր սպառնալիքներուն դէմ վճռականօրէն կը գործեն, առանց վարանելու կամ տնտնալու։

19. Ոմանք ինչպէ՞ս վճռականօրէն գործած են, իրենց անձը հոգեւոր վտանգներէ պաշտպանելու համար։

19 Ոմանք, որոնք նախքան որ Վկաներ ըլլան ոգելից ըմպելիներու առնչութեամբ խնդիրներ ունէին, որոշած են բոլորովին ոգելից ըմպելիներ չխմել։ Ուրիշներ կը մերժեն որոշ տեսակի ժամանցներ, որոնք ինքնին սխալ չեն, բայց կրնան անձնական բարոյական տկարութիւնները հրահրել (Սաղ. 101։3)։ Օրինակ, եղբայր մը, Վկայ ըլլալէ առաջ, անբարոյ մթնոլորտ ունեցող պարի խնճոյքներու ներկայ գտնուիլը կը սիրէր։ Բայց ճշմարտութիւնը գիտնալէ ետք, ան լիովին խուսափած է պարելէ, նոյնիսկ Վկաներու հաւաքոյթներուն մէջ, վախնալով որ ասիկա կրնայ իր մէջ անցեալի անպատշաճ ցանկութիւններ կամ մտածումներ արթնցնել։ Անշուշտ, քրիստոնեաներէն չէ պահանջուած լիովին դադրիլ խմելէ, պարելէ կամ ինքնին սխալ չեղող այլ բաներ ընելէ։ Սակայն մեր բոլորէն կ’ակնկալուի վճռական եւ ամբողջական քայլ առնել մեր անձը հոգեւոր վտանգներէ պաշտպանելու։

20. Թէեւ ‘անիրաւ գործերէ հեռու մնալը’ կրնայ դժուար ըլլալ, ի՞նչ բան մեզ կը վստահեցնէ եւ կը մխիթարէ։

20 Աստուծոյ անունը կրելու առանձնաշնորհումը իրեն հետ պատասխանատուութիւն կը բերէ։ Պէտք է ‘հեռու մնանք անիրաւ գործերէ’ եւ ‘չարութենէ հեռանանք’ (Սաղ. 34։14)։ Ճիշդ է որ ասիկա ընելը միշտ ալ դիւրին չէ. բայց որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ, թէ Եհովան միշտ պիտի սիրէ «անոնք՝ որոնք իրն են» եւ իր արդար ճամբաներուն կը կառչին (Բ. Տիմ. 2։19. կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 16։9ա