Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս

Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս

«Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» (Բ. ՊԵՏ. 3։11

1, 2. Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար, ‘ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլանք’։

ՄԱՐԴՈՑ մեծամասնութիւնը հետաքրքրուած է թէ ուրիշներու քով ի՛նչ համբաւ ունի։ Բայց որպէս քրիստոնեաներ, մեզ աւելի պէտք չէ՞ հետաքրքրէ թէ Եհովայի՛ն քով ինչ համբաւ ունինք։ Վերջ ի վերջոյ, ան տիեզերքի Գերիշխանն է եւ «կեանքի աղբիւրը» անոր քովն է (Սաղ. 36։9

2 Պետրոս առաքեալ բացատրեց, թէ Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար, պէտք է ‘սուրբ վարմունք եւ բարեպաշտութիւն’ ունենանք (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։11Մեր վարմունքը սուրբ կ’ըլլայ միայն եթէ ամէն կերպով մաքուր կեանք վարենք։ Ասիկա կը պարփակէ մեր մտածումները, արարքները եւ հոգեւորութիւնը։ Ասկէ զատ, պէտք է «բարեպաշտ» ըլլանք, Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ երկիւղ ունենալով եւ հաւատարիմ մնալով։ Ուրեմն, իր հաճութիւնը ունենալը կախեալ է ոչ թէ միայն մեր վարմունքէն, այլեւ՝ ներքին անձէն։ ‘Սրտերը փորձողը’ ըլլալով, Եհովան գիտէ թէ սուրբ վարմունք եւ բացարձակ նուիրուածութիւն ունի՛նք կամ ոչ (Ա. Մն. 29։17

3. Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան առնչութեամբ, ի՞նչ հարցումներ մենք մեզի պէտք է ուղղենք։

3 Բանսարկու Սատանան չ’ուզեր որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենանք։ Իրականութեան մէջ, ան իր ամէն կարելին կ’ընէ որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդուի։ Ան անդադար սուտերով եւ խորամանկութիւններով կը ջանայ մեզ հրապուրել եւ Աստուծոյ պաշտամունքէն հեռացնել (Յովհ. 8։44. Բ. Կոր. 11։13-15)։ Ուստի, իմաստութիւն է մենք մեզի հարց տալ. ‘Սատանան մարդիկը ինչպէ՞ս կը խաբէ։ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնս պահպանելու համար, ի՞նչ կրնամ ընել’։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՄԱՐԴԻԿԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԽԱԲԷ

4. Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդելու համար, Սատանան ի՞նչ կ’ընէ եւ ինչո՞ւ։

4 Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի» (Յակ. 1։14, 15)։ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդելու համար, Սատանան կը ջանայ մեր ցանկութիւններու աղբիւրին՝ սրտին՝ հասնիլ։

5, 6. ա) Սատանան ի՞նչ կերպերով մեզ իր թիրախը կը դարձնէ։ բ) Սատանան ի՞նչ երեք բաներով կը փորձէ մեր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւններ արթնցնել, եւ զանոնք գործածելուն մէջ որքանո՞վ փորձառու է։

5 Ի՞նչ կերպերով Սատանան մեր սիրտը իր թիրախը կը դարձնէ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհ. 5։19)։ Սատանային զէնքերը կը պարփակեն այն «ինչ որ աշխարհի մէջ է» (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, Բանսարկուն այս աշխարհը այնպիսի խորամանկութեամբ ծրագրած է, որ մարդիկը խաբէ։ Ուստի, իր ճարպիկ ռազմավարութիւններէն պէտք է զգոյշ ըլլանք (Յովհ. 17։15

6 Սատանան կը ջանայ մեր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւններ արթնցնել, գործածելով «աշխարհի մէջ» եղող երեք բաներ, որոնք Յովհաննէս առաքեալ սապէս կը բնորոշէ. 1) «մարմնի ցանկութիւնը», 2) «աչքերու ցանկութիւնը», եւ 3) «այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը» կամ «ապրուստի միջոցները ցուցադրաբար ներկայացնելը» (ՆԱ)։ Անապատին մէջ Սատանան ասոնց միջոցաւ Յիսուսը փորձեց։ Ան տարիներու փորձառութիւն ունենալով՝ գիտէ իւրաքանչիւր անհատի դէմ ո՛ր հնարքը գործածել։ Նկատի առնելէ առաջ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, տեսնենք թէ Բանսարկուն ինչպէ՛ս կրցաւ Եւան խաբել բայց չկրցաւ Աստուծոյ Որդին խաբել։

«ՄԱՐՄՆԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ»

Սատանան «մարմնի ցանկութիւնը» գործածեց Եւան խաբելու (Տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Սատանան ինչպէ՞ս «մարմնի ցանկութիւնը» գործածեց Եւան խաբելու։

7 Ապրելու համար բոլորս ուտելու պէտք ունինք։ Արարիչը երկրագունդը այնպէս մը ստեղծեց, որ առատօրէն ուտելիք արտադրէ։ Սատանան թերեւս ջանայ ուտելու մեր բնական ցանկութիւնը շահագործել, որպէսզի մեզ մղէ Աստուած տհաճեցնող արարք մը գործելու։ Նկատի առ թէ ան ինչպէ՛ս այս մէկը ըրաւ Եւային հետ (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-6Սատանան Եւային ըսաւ, թէ «բարին ու չարը գիտնալու ծառ»էն ուտելով պիտի չմեռնէր, հապա Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար (Ծն. 2։9)։ Ան ըսել ուզեց թէ Եւան ողջ մնալու համար հարկ չունէր Աստուծոյ հնազանդելու։ Ի՜նչ սոսկալի սուտ։ Այս գաղափարը Եւայի մտքին մէջ ցանուելէ ետք, ան երկու ընտրութիւն ունէր. կա՛մ գաղափարը մերժել, կա՛մ շարունակել ատոր մասին մտածել, թոյլ տալով որ պտուղին հանդէպ իր ցանկութիւնը հետզհետէ աճի։ Թէեւ պարտէզին միւս բոլոր ծառերէն կրնար ուտել, բայց Եւան ընտրեց Սատանայի խօսքերուն վրայ խոկալ, եւ առ ի արդիւնք «առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ»։ Այսպիսով, Սատանան կնոջ մէջ արթնցուց ցանկութիւն այն բանին հանդէպ, որ իր Ստեղծիչը արգիլած էր։

Յիսուս բնաւ չմոռցաւ այն ինչ որ կարեւորագոյն բանն էր (Տե՛ս պարբերութիւն 8)

8. Սատանան ինչպէ՞ս «մարմնի ցանկութիւնը» գործածեց Յիսուսը փորձելու եւ ինչո՞ւ չյաջողեցաւ։

8 Անապատին մէջ Սատանան նոյն ռազմավարութեամբ Յիսուսը փորձեց։ 40 օր ծոմ բռնելէ ետք, Յիսուս անօթի էր, եւ Սատանան այս վիճակը շահագործեց։ «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ», ըսաւ ան (Ղուկ. 4։1-3)։ Յիսուս երկու ընտրութիւն ունէր. կա՛մ իր հրաշալի զօրութիւնը գործածել՝ ուտելիքի իր կարիքը գոհացնելու համար, կա՛մ այդ գաղափարը մերժել։ Ան գիտէր թէ այսպիսի զօրութիւն մը պէտք չէր գործածեր անձնասէր նպատակներու համար։ Անօթի ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութիւնը մնաց աւելի՛ կարեւոր, քան ուտելիքը։ Ան պատասխանեց. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’» (Ղուկ. 4։4

«ԱՉՔԵՐՈՒ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ»

9. «Աչքերու ցանկութիւնը» ի՞նչ է, եւ Սատանան ինչպէ՞ս զայն գործածեց Եւան խաբելու։

9 Յովհաննէս նաեւ նշեց, թէ «աչքերու ցանկութիւնը» Սատանային գործածած ա՛յլ թակարդ մըն է։ Անհատ մը կրնայ սկսիլ բան մը ցանկալ, պարզապէս ատոր նայելով։ Եւայի պարագային, Սատանան այս ցանկութիւնը օգտագործեց՝ ըսելով. «Աչքերնիդ պիտի բացուին»։ Եւան արգիլուած պտուղին որքա՛ն նայէր, ա՛յնքան ատով կը հրապուրէր։ Այսպէս, ան տեսա՛ւ թէ ծառը «հաճելի [էր] աչքերուն»։

10. Սատանան ի՞նչ կերպով «աչքերու ցանկութիւնը» գործածեց Յիսուսը փորձելու, իսկ Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց։

10 Սատանան ինչպէ՞ս «աչքերու ցանկութիւնը» գործածեց Յիսուսը փորձելու։ Սատանան «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ եւ ըսաւ անոր. ‘Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ’» (Ղուկ. 4։5, 6)։ Այն ինչ որ Յիսուս տեսաւ, բառացիօրէն աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները չէին, այլ՝ անոնց փառքին տեսիլքը։ Սատանան խորհեցաւ թէ Յիսուս իր տեսածով պիտի հրապուրուէր։ Անոր համար, ան ըսաւ. «Եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան» (Ղուկ. 4։7)։ Յիսուս բոլորովին մերժեց Սատանային ուզած անձը դառնալ։ Ան անմիջապէս պատասխանեց. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’» (Ղուկ. 4։8

«ԱՊՐՈՒՍՏԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՑՈՒՑԱԴՐԱԲԱՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼԸ»

11. Սատանան ինչպէ՞ս Եւան խաբեց։

11 Ի վերջոյ, Յովհաննէս կը նշէ՝ «ապրուստի միջոցները ցուցադրաբար ներկայացնելը»։ Ադամն ու Եւան չէին կրնար իրենց ունեցածը ցուցադրաբար ներկայացնել ուրիշներու առջեւ, երբ միակ մարդիկն էին երկրագունդի վրայ։ Բայց եւ այնպէս անոնք հպարտացան։ Սատանան Եւային հաւատալ տուաւ որ շատ հոյակապ բանի մը արժանի էր, բայց Աստուա՛ծ չէր ուզեր զայն տալ։ Բանսարկուն անոր ըսաւ որ եթէ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտէր, ‘իր աչքերը պիտի բացուէին եւ աստուածներու [«Աստուծոյ», ՆԱ] պէս պիտի ըլլար՝ բարին ու չարը գիտնալով’ (Ծն. 2։17. 3։5)։ Սատանան ուզեց որ Եւան մտածէ թէ կրնա՛յ Եհովայէն անկախ ըլլալ։ Հպարտութիւնը ակներեւաբար ազդակ մըն էր, որ պատճառ դարձաւ որ ան սուտին հաւատայ։ Ան արգիլուած պտուղէն կերաւ, խորհելով որ պիտի չմեռնէր։ Ի՜նչ մեծ սխալ։

12. Սատանան ի՞նչ ա՛յլ կերպով Յիսուսը փորձեց, իսկ Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց։

12 Եւային հակապատկերը ըլլալով, Յիսուս խոնարհութեան ի՜նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ։ Սատանան ջանաց զինք մղել բան մը ընելու, որ ուրիշները կը տպաւորէ եւ Աստուած կը փորձէ. բայց Յիսուս մերժեց այդպէս գործել, քանի որ ատիկա հպարտ արարք մը պիտի ըլլար։ Փոխարէն, ան ուղղակի պատասխանեց. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես» (կարդա՛ Ղուկաս 4։9-12

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ՄԵՐ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

13, 14. Բացատրէ թէ ներկայիս Սատանան ինչպէ՛ս կը փորձէ մարդիկը խաբել։

13 Ներկայիս, Սատանան Եւային եւ Յիսուսին դէմ գործածած նոյն թակարդները կը գործածէ։ Ան «մարմնի ցանկութիւնը» կը գործածէ, որպէսզի մարդիկը մղէ անբարոյ արարքներ գործելու եւ չափազանցօրէն ուտել–խմելու։ Մանաւանդ առցանց պոռնկագրութեան միջոցաւ, ան անզգոյշ անհատի մը ուշադրութիւնը կը գրաւէ ու «աչքերու ցանկութիւնը» կը գրգռէ։ Ինչպէս նաեւ կը գործածէ երրորդ թակարդը՝ «ապրուստի միջոցները ցուցադրաբար ներկայացնելը», որպէսզի մարդիկը հպարտացնէ ու անոնց մէջ ցանէ հեղինակութիւն, համբաւ եւ հարստութիւն ձեռք ձգելու տենչը։

Այս պարագաներուն, ո՞ր աստուածաշնչական սկզբունքները կրնան քեզի օգնել (Տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)

14 «Աշխարհի մէջ» եղող բաները կը նմանին ձկնորսին խայծերուն։ Անոնք հրապուրիչ են, բայց իւրաքանչիւրին կարթ մը կապուած է։ Սատանան կը գործածէ բնական եւ անհրաժեշտ թուող բաներ, որպէսզի մեզ մղէ Աստուծոյ օրէնքին հակառակ գործելու։ Սատանան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ մեր անձնական կարիքները հոգալը եւ մեր կեանքը հանգստաւէտ դարձնելը աւելի՛ կարեւոր է, քան Աստուծոյ կամքը կատարելը։ Արդեօք այս կերպերով Սատանային կողմէ պիտի խաբուի՞ս։

15. Յիսուսի նման, ինչպէ՞ս կրնանք Սատանայի փորձութիւններուն դէմ դնել։

15 Եւան Սատանայի փորձութիւններուն տեղի տուաւ, բայց Յիսուս յաջողապէս անոնց դէմ դրաւ։ Իւրաքանչիւր անգամին ան համար մը մէջբերեց, ըսելով. «Գրուած է», կամ «Ըսուած է»։ Եթէ Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտներ ենք, անոր պիտի ընտելանանք եւ պիտի կարենա՛նք յիշել համարներ, որոնք կ’օգնեն որ փորձութեան դիմաց շարունակենք ճիշդ կերպով մտածել (Սաղ. 1։1, 2)։ Իսկ հաւատարիմ անհատներու սուրբ գրային օրինակները մտաբերելը, մեզի պիտի օգնէ զիրենք ընդօրինակելու (Հռով. 15։4)։ Եհովայի հանդէպ իսկական ակնածանք ունենալը,– իր սիրածը սիրել եւ իր ատածը ատել,– մեզ պիտի պաշտպանէ (Սաղ. 97։10

16, 17. Մեր «բանականութիւնը» ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր ինչպիսի անձ ըլլալուն վրայ։

16 Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ, որ մեր «բանականութիւնը» գործածենք, որպէսզի ըլլանք այնպիսի անձ մը, որ Եհովայի՛ մտածելակերպը ունի եւ ոչ թէ աշխարհին մտածելակերպը (Հռով. 12։1, 2, ՆԱ)։ Ան կը շեշտէ թէ ուշադիր պէտք է ըլլանք թէ ի՛նչ բաներու մասին կը մտածենք, ըսելով. «Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք» (Բ. Կոր. 10։5)։ Մեր մտածումները զօրաւոր ազդեցութիւն ունին մեր ինչպիսի՛ անձ ըլլալուն վրայ. ուստի պէտք է շարունակենք շինիչ բաներու մասին ‘խորհիլ’ (Փլպ. 4։8

17 Եթէ կ’ուզենք սուրբ ըլլալ, սխալ մտածումներն ու ցանկութիւնները պէտք է մերժենք։ Մենք Եհովան «սուրբ սրտով» պէտք է սիրենք (Ա. Տիմ. 1։5)։ Բայց սիրտը խաբեբայ է, եւ թերեւս չգիտակցինք թէ որքանո՛վ մեզի կ’ազդէ այն «ինչ որ աշխարհի մէջ է» (Եր. 17։9)։ Ուստի, կարեւոր է որ Պօղոսի սա յորդորին անսանք. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ Մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, անկեղծօրէն մենք մեզի հարց տանք. ‘Մտածումներս եւ ցանկութիւններս Աստուած կը հաճեցնե՞ն’ (Բ. Կոր. 13։5

18, 19. Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք Եհովան հաճեցնող անձնաւորութիւն ունենալ։

18 Յովհաննէս առաքեալի սա խօսքը ի մտի ունենալը ե՛ւս կրնայ մեզի օգնել մերժելու այն «ինչ որ աշխարհի մէջ է». «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։17)։ Սատանայի աշխարհը մնայուն եւ իրական կը թուի, բայց օր մը վերջ պիտի գտնէ։ Անոր հրամցուցած բոլոր բաները ժամանակաւոր են։ Այս իրողութիւնը ի մտի ունենալը մեզի պիտի օգնէ որ Սատանային կողմէ չխաբուինք։

19 Պետրոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ըլլանք այնպիսի անձ մը, որուն Եհովան կը հաճի, մինչ կը սպասենք «Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին» (Բ. Պետ. 3։11, 12)։ Այդ օրը շուտով պիտի գայ, եւ Եհովան Սատանայի աշխարհը բոլորովին պիտի բնաջնջէ։ Մինչ այդ, Սատանան պիտի շարունակէ գործածել այն «ինչ որ աշխարհի մէջ է» մեզ փորձելու համար, ինչպէս որ փորձեց Եւան եւ Յիսուսը։ Պէտք չէ Եւային պէս ջանանք մեր ցանկութիւնները գոհացնել, Սատանան մեր աստուածը ընելով։ Պէտք է Յիսուսին պէս խուսափինք այսպիսի փորձութիւններէ, որքա՛ն ալ հրապուրիչ թուին։ Իւրաքանչիւրս վճռենք Եհովան հաճեցնող անձնաւորութիւն ունենալ։