Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ապագայէն կը վախնա՞ս

Ապագայէն կը վախնա՞ս

Ապագայէն կը վախնա՞ս

ՎԱԽԸ բազմաթիւ երեսակներ ունի։ Օրինակ, ոմանք երկրագունդին պատահելիք բաներուն նկատմամբ մտահոգութիւն կը յայտնեն։ «Նկատելով տաքի ալիքները, փոթորիկները, հեղեղները, հրդեհներն ու սառնալեռներու արագ հալքը, այնպէս կը թուի թէ երկրագունդի կլիման փուլ կու գայ», կ’ըսէ Time պարբերաթերթը՝ 3 Ապրիլ 2006–ի թիւին մէջ։

Մայիս 2002–ին, Միացեալ Ազգերու Կենսոլորտի Ծրագիրը հրատարակեց տեղեկագրութիւն մը (Global Environment Outlook-3), որ աւելի քան 1,000 հոգիի համագործակցութեամբ պատրաստուեցաւ։ Լրագրի մը համաձայն, այս տեղեկագրութիւնը նշեց. «Մոլորակը վտանգաւոր խաչմերուկի մը առջեւ կը գտնուի։ Այսօր կայացուած որոշումները լրջօրէն պիտի ազդեն անտառներու, ովկիանոսներու, գետերու, լեռներու, անասնական աշխարհին եւ բնապահպանման այլ դրութիւններու, որոնցմէ կախեալ են ներկայ եւ ապագայ սերունդները»։

Երկրագունդի կենսոլորտին ներկայ վիճակը մտահոգութեան պատճառներէն միայն մէկն է։ Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ ահաբեկչական յարձակումներու վախով կ’ապրին։ Գանատայի գաղտնի ոստիկանութեան գործողութիւններուն տնօրէնը ըսաւ. «Գիշերը մեր քունը կը կորսնցնենք՝ մեր չգիտցած սպառնալիքներուն մասին մտահոգուելով»։ Արդարեւ, հեռատեսիլի երեկոյեան լուրերը դիտելն իսկ կրնայ մտահոգութիւն պատճառել։

Ժրաջան չափահասներէն շատեր իրենց գործը կորսնցնելու վախով կ’ապրին։ Գործէն արձակուիլը, գործարաններուն փակուիլը, գործատեղիին մէջ մրցակցութիւնը եւ գործատէրերուն խստապահանջութիւնը կրնան գործի անապահովութեան մթնոլորտ մը ստեղծել։ Պատանիներ իրենց տարեկիցներուն կողմէ մերժուելու վախը կը դիմագրաւեն։ Երախաներ թերեւս ունենան այն վախը թէ իրենց ծնողքը զիրենք իրապէս չեն սիրեր։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ զիրենք շրջապատող աշխարհի վիճակներուն մասին։ «Երախաներուն եւ անփորձներուն համար, տունէն դուրս գտնուող աշխարհը երբեմն կրնայ վախազդու մեծ վայր մը թուիլ», կ’ըսէ մտահոգ մայր մը։ Իսկ բազմաթիւ ծնողներ մտահոգ են՝ նկատելով աշխարհի բարոյական անկման ազդեցութիւնը իրենց սիրելիներուն եւ յատկապէս զաւակներուն վրայ։

Տարեցները յաճախ կը վախնան որ սանդուխէն իյնան կամ փողոցը յարձակումի ենթարկուին։ Այո, անոնք ‘բարձրանալէն կը վախնան, ճամբային մէջ զարհուրանքներ կ’ունենան’։ (Ժողովող 12։5, ԱՎ) Նաեւ լուրջ հիւանդութենէ մը տառապելու վախը կայ։ Ինֆլուէնզայի մահաբեր ժահրերու, խլիրդի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու մասին տեղեկագրութիւնները կրնան մեզ վախի մատնել, որ թերեւս նոր ու անսովոր հիւանդութեան մը բռնուինք, որ կրնայ մեզ կամ մեր ընտանիքը հաշմ դարձնել կամ սպաննել։ Արդարեւ, երբ կը նշմարենք որ առողջ ու կայտառ անհատներ կը հիւանդանան ու կը տկարանան, դժուար է չմտահոգուիլ թէ միեւնոյնը կրնայ պատահիլ մեզի կամ մեր սիրելիներուն։ Իսկ ի՜նչ ցաւալի է հիւանդի մը աչքերուն մէջ նայիլ եւ յոյսի նշոյլ մը չտեսնել։

Վախի զանազան երեսակներէն ազդուած ըլլալով, ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլալու վաւերական պատճառ մը ունի՞նք։ Կա՞յ բան մը որ կրնայ մեզի օգնել դրական հայեցակէտ մը պահպանելու։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

© Jeroen Oerlemans/Panos Pictures