Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութեան տեսիլքները կ’իրականանան

Աստուծոյ Թագաւորութեան տեսիլքները կ’իրականանան

Աստուծոյ Թագաւորութեան տեսիլքները կ’իրականանան

«Աղէկ կ’ընէք՝ եթէ [մարգարէական խօսքին] ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։19

1. Ներկայ աշխարհի մէջ ի՞նչ հակադրութիւն կը գտնենք։

ՆԵՐԿԱՅ աշխարհը իրարայաջորդ տագնապներով յատկանշուած է։ Մարդկութեան խնդիրները, ինչպէս կենսոլորտային աղէտներն ու աշխարհածաւալ ահաբեկչութիւնը, կը թուին անղեկավարելի ըլլալ։ Նոյնիսկ աշխարհի կրօնքները չեն կրցած օգնել։ Իրականութեան մէջ, անոնք յաճախ պարագաները աւելի կը վատթարացնեն՝ մոլեռանդութիւն, ատելութիւն եւ ազգայնականութիւն հրահրելով, որոնք մարդիկը կը բաժնեն։ Այո, ինչպէս նախագուշակուած էր, ‘մառախուղը ազգերը ծածկած է’։ (Եսայեայ 60։2) Սակայն նոյն ատեն միլիոնաւորներ վստահութեամբ ապագան կը դիտեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն կ’ընծայեն «որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը»։ Անոնք Աստուածաշունչի մէջ գտնուող Աստուծոյ «խօսք»ին կամ պատգամին թոյլ կու տան որ իրենց քայլերը առաջնորդէ։—Բ. Պետրոս 1։19

2. «Վերջին ժամանակ»ին մասին Դանիէլի մարգարէութեան համաձայն, միայն որո՞նց հոգեւոր խորատեսութիւն կը շնորհուի։

2 «Վերջին ժամանակ»ին մասին խօսելով, Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ։ Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան»։ (Դանիէլ 12։4, 10) Հոգեւոր խորատեսութիւնը վերապահուած է միայն անոնց, որ Աստուծոյ Խօսքը ‘ուշադրութեամբ կը կարդան’ կամ ժրաջանօրէն կ’ուսումնասիրեն, անոր չափանիշներուն կ’ենթարկուին ու կը ջանան անոր կամքը կատարել։—Մատթէոս 13։11-15. Ա. Յովհաննու 5։20

3. 1870–ական թուականներուն, Աստուածաշունչի աշակերտներու խումբ մը ո՞ր կարեւոր ճշմարտութիւնը ըմբռնեց։

3 «Վերջին օրերը» չսկսած, 1870–ական թուականներուն Եհովա Աստուած սկսաւ «երկնքի թագաւորութեան խորհուրդներ»ուն վրայ աւելի լոյս սփռել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 13։11) Այդ ժամանակ, Աստուածաշունչի աշակերտներու խումբ մը ըմբռնեց թէ Քրիստոսի վերադարձը անտեսանելի պիտի ըլլար,– հասարակաց կարծիքին հակառակը։ Երկինքի մէջ գահակալուելէ ետք, Յիսուս պիտի վերադառնար՝ այն առումով որ իբրեւ թագաւոր իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէր երկրագունդին վրայ։ Տեսանելի բաղադրեալ նշան մը, իր աշակերտներուն ուշադրութեան պիտի յանձնէր թէ իր անտեսանելի ներկայութիւնը սկսած էր։—Մատթէոս 24։3-14

Տեսիլք մը կ’Իրականանայ

4. Եհովա իր այժմու ծառաներուն հաւատքը ի՞նչպէս զօրացուցած է։

4 Այլակերպութեան տեսիլքը Քրիստոսի թագաւորական փառքով գալուն հոյակապ նախանմոյշ մըն էր։ (Մատթէոս 17։1-9) Այս տեսիլքը Պետրոսի, Յակոբոսի ու Յովհաննէսի հաւատքը զօրացուց այնպիսի ժամանակի մէջ, երբ շատեր Յիսուսի հետեւելէ դադրած էին, քանի որ իրենց անաստուածաշնչական ակնկալութիւններուն գոհացում չէր տուած։ Նմանապէս այս վերջին ժամանակին մէջ, Եհովա իր այժմու ծառաներուն հաւատքը զօրացուցած է, այդ ահարկու տեսիլքին եւ յարակից բազմաթիւ մարգարէութիւններու կատարման վրայ աստիճանաբար լոյս սփռելով։ Այժմ նկատի առնենք այս հաւատք զօրացնող հոգեւոր իրականութիւններէն քանի մը հատը։

5. Ո՞վ է արուսեակը, եւ անիկա ե՞րբ ու ի՞նչպէս ‘ծագեցաւ’։

5 Այլակերպութեան ակնարկելով, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի»։ (Բ. Պետրոս 1։19) Այդ այլաբանական արուսեակը կամ «առաւօտեան պայծառ աստղը», փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսն է։ (Յայտնութիւն 22։16) Ան ‘ծագեցաւ’ 1914–ին՝ երբ երկինքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծնաւ, նոր դարաշրջանի մը սկիզբը նշելով։ (Յայտնութիւն 11։15) Այլակերպութեան տեսիլքին մէջ, Մովսէս ու Եղիա Յիսուսի կողքին երեւցան եւ իրեն հետ կը խօսակցէին։ Անոնք որո՞նք կը նախապատկերացնեն։

6, 7. Այլակերպութեան մէջ Մովսէս ու Եղիա որո՞նք կը պատկերացնեն, եւ անոնց մասին Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը յայտնեն։

6 Որովհետեւ Մովսէս եւ Եղիա Քրիստոսի փառքին բաժնեկից եղան, այս երկու հաւատարիմ վկաները պէտք է ներկայացնեն Յիսուսի իշխանակիցները իր Թագաւորութեան մէջ։ Դանիէլ մարգարէին շնորհուած տեսիլք մը գահակալուած Մեսիային մասին, ցոյց կու տայ թէ Յիսուս իշխանակիցներ ունի։ Դանիէլ «Որդի Մարդոյ նման մէկը» տեսաւ, որուն «յաւիտենական իշխանութիւն» տուաւ «Հինաւուրցը»՝ Եհովա Աստուած։ Բայց նկատէ թէ ասկէ անմիջապէս ետք Դանիէլի ի՛նչ ցոյց տրուեցաւ։ Ան կը գրէ. «Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի»։ (Դանիէլ 7։13, 14, 27) Այո, այլակերպութենէն աւելի քան հինգ դար առաջ, Աստուած յայտնեց թէ կարգ մը «սուրբեր» Քրիստոսի արքայական մեծութեան բաժնեկից պիտի ըլլային։

7 Դանիէլի տեսիլքին մէջի սուրբերը որո՞նք են։ Այսպիսի անհատներու ակնարկելով Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք»։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17) Արդարեւ սուրբերը Յիսուսի՝ հոգիէն օծուած աշակերտներն են։ Յայտնութեան գիրքին մէջ, Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ»։ 144,000 յարուցեալ ‘յաղթականներ’, Յիսուսի հետ մէկտեղ, ամբողջ երկրագունդին վրայ պիտի իշխեն։—Յայտնութիւն 3։21. 5։9, 10. 14։1, 3, 4. Ա. Կորնթացիս 15։53

8. Յիսուսի օծեալ աշակերտները ի՞նչպէս Մովսէսի ու Եղիայի գործին նման գործ մը կատարած են, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

8 Սակայն օծեալ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Մովսէսով ու Եղիայով պատկերացուած են։ Պատճառը այն է թէ այս Քրիստոնեաները, մինչ տակաւին երկրի վրայ են, Մովսէսի ու Եղիայի գործին նման գործ մը կը կատարեն։ Օրինակ, անոնք որպէս Եհովայի վկաներ կը ծառայեն, նոյնիսկ հալածանքի դիմաց։ (Եսայեայ 43։10. Գործք 8։1-9. Յայտնութիւն 11։2-12) Մովսէսի ու Եղիայի նման, անոնք խիզախօրէն սուտ կրօնքը կը քօղազերծեն, մինչ անկեղծ անհատները կը յորդորեն որ Աստուծոյ բացարձակ պաշտամունք մատուցանեն։ (Ելից 32։19, 20. Բ. Օրինաց 4։22-24. Գ. Թագաւորաց 18։18-40) Անոնց աշխատանքը արդիւնաբեր եղա՞ծ է։ Անշո՛ւշտ։ Օծեալ դասակարգին մնացեալ անդամները հաւաքելու կողքին, անոնք միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ու օգնած են որ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ յօժարակամ հնազանդութիւն ցուցաբերեն։—Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։4

Քրիստոս Իր Յաղթանակը կ’Ամբողջացնէ

9. Յայտնութիւն 6։2–ը ի՞նչպէս կը նկարագրէ Յիսուսի ներկայ դիրքը։

9 Այլեւս Յիսուս աւանակի վրայ նստած մարդ մը չէ, այլ՝ հզօր թագաւոր մը։ Ան նկարագրուած է իբր ձիու մը վրայ նստած, որ Աստուածաշունչին մէջ պատերազմ կը խորհրդանշէ։ (Առակաց 21։31) Յայտնութիւն 6։2–ը կ’ըսէ. «Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու [«իր յաղթանակը ամբողջացնելու», ՆԱ] գնաց»։ Ասկէ զատ, Յիսուսի մասին սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ»։—Սաղմոս 110։2

10. (ա) Յիսուսի յաղթական արշաւը ի՞նչպէս փառաւոր սկիզբ ունեցաւ։ (բ) Քրիստոսի առաջին յաղթանակը ի՞նչպէս ազդեց աշխարհին։

10 Յիսուսի տարած առաջին յաղթանակը իր ամենազօրաւոր թշնամիներուն՝ Սատանայի ու դեւերուն վրայ էր։ Ան զանոնք երկինքէն վռնտելով երկիր նետեց։ Գիտնալով որ իրենց ժամանակը կարճ է, այս չար ոգիները իրենց սաստիկ բարկութիւնը մարդկութեան վրայ կը թափեն՝ մեծ վայ պատճառելով։ Յայտնութեան մէջ այս վայը յաւելեալ երեք ձիաւորներով խորհրդանշուած է։ (Յայտնութիւն 6։3-8. 12։7-12) Ինչպէս իր ‘ներկայութեան ու իրերու դրութեան վախճանին նշանին’ մասին Յիսուսի մարգարէութիւնը նախագուշակած էր, անոնց ձիավարման հետեւանքը եղած է՝ պատերազմ, սով եւ մահաբեր պատուհաս։ (Մատթէոս 24։3, 7. Ղուկաս 21։7-11) Բառացի երկունքի պէս, այս տառապանքի «ցաւեր»ը անտարակոյս պիտի շարունակեն սաստկանալ, մինչեւ որ Քրիստոս ‘իր յաղթանակը ամբողջացնէ’, Սատանայի տեսանելի կազմակերպութեան ամէն հետք ջնջելով։ *Մատթէոս 24։8

11. Քրիստոնէական ժողովքին պատմութիւնը ի՞նչպէս կը վկայէ Քրիստոսի արքայական հեղինակութեան։

11 Յիսուսի արքայական հեղինակութիւնը բացայայտ է նաեւ քրիստոնէական ժողովքը պահպանելով, որպէսզի կարենայ Թագաւորութեան պատգամը համայն աշխարհի մէջ քարոզելու իր յանձնարարութիւնը կատարել։ Ի հեճուկս Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ եւ թշնամալից կառավարութիւններու վայրագ հակառակութեան, քարոզչութիւնը ո՛չ միայն շարունակուած է, այլեւ՝ աշխարհի պատմութեան մէջ աննախընթաց տարողութեամբ կատարուած է։ (Յայտնութիւն 17։5, 6) Ի՜նչ զօրաւոր վկայութիւն մը Քրիստոսի թագաւորութեան։—Սաղմոս 110։3

12. Մարդոց մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութիւնը չ’ըմբռներ։

12 Բայց ցաւալի է որ մարդոց մեծամասնութիւնը, ի ներառեալ միլիոնաւոր դաւանեալ Քրիստոնեաներ, երկրագունդին վրայ տեղի ունեցող ծանրակշիռ դէպքերուն ետին եղող անտեսանելի իրականութիւնները չեն ըմբռներ։ Անոնք նոյնիսկ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը ծաղրեն։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան անոնց միտքերը կուրցուցած է։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Իրականութեան մէջ, ան դարե՜ր առաջ սկսաւ դաւանեալ Քրիստոնեաները հոգեւոր խաւարի մէջ նետել, նոյնիսկ պատճառ ըլլալով որ անոնք Թագաւորութեան թանկագին յոյսը լքեն։

Թագաւորութեան Յոյսը կը Լքուի

13. Հոգեւոր խաւարը ի՞նչ բանի առաջնորդեց։

13 Յիսուս նախագուշակեց թէ հաւատուրացներ, ցորենին հետ ցանուած որոմներու նման, քրիստոնէական ժողովքէն ներս պիտի սպրդէին եւ շատերը պիտի մոլորեցնէին։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43. Գործք 20։29-31. Յուդա 4) Ժամանակի ընթացքին, այս դաւանեալ Քրիստոնեաները որդեգրեցին հեթանոսական տօներ, սովորութիւններ եւ ուսուցումներ, նոյնիսկ զանոնք «քրիստոնէական» պիտակելով։ Օրինակ, Ծնունդի տօնը ծագում առած է Միթրա եւ Սադուռն չաստուածներուն պաշտամունքի ծէսերէն։ Բայց ի՞նչ բան դաւանեալ Քրիստոնեաները մղեց որ այս ոչ–քրիստոնէական տօնակատարութիւնները որդեգրեն։ Համայնագիտարան մը (The New Encyclopædia Britannica, 1974) կ’ըսէ. «Ծնունդի տօնը, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը կը տօնակատարէ, հաստատուեցաւ երբ Քրիստոսի մօտալուտ վերադարձին ակնկալութիւնը անհետացաւ»։

14. Որոգինէսի ու Օգոստինոսի ուսուցումները ի՞նչպէս Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը խեղաթիւրեցին։

14 Նկատի առ նաեւ «թագաւորութիւն» բառին նշանակութեան խեղաթիւրումը։ Գիրք մը (The Kingdom of God in 20th-Century Interpretation) կ’ըսէ. «Որոգինէս [երրորդ դարու աստուածաբան] պատճառ եղաւ որ ‘թագաւորութիւն’ բառին քրիստոնէական գործածութեան մէջ փոփոխութիւն մտցուի եւ սեպուի Աստուծոյ իշխանութիւնը սիրտին մէջ»։ Որոգինէս իր ուսուցումը ի՞նչ բանի վրայ հիմնեց։ Ո՛չ թէ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, այլ՝ «փիլիսոփայական եւ աշխարհային տեսակէտի մը վրայ, որ շատ տարբեր էր Յիսուսի ու սկզբնական եկեղեցիին մտածելակերպէն»։ Իր մէկ աշխատասիրութեան մէջ [De Civitate Dei (The City of God)], Հիպպոյի Օգոստինոսը (Հ.Դ. 354-430) նշեց թէ եկեղեցին ինք Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Այս անաստուածաշնչական մտածումը Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն աստուածաբանական հիմ հայթայթեց, որ քաղաքական հեղինակութիւն ընդունին։ Անոնք դարեր շարունակ այսպիսի հեղինակութիւն մը բանեցուցին, յաճախ՝ բրտօրէն։—Յայտնութիւն 17։5, 18

15. Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը եկեղեցիներուն պարագային, Գաղատացիս 6։7, 8 ի՞նչպէս կատարուած է։

15 Սակայն ներկայիս եկեղեցիները իրենց ցանածը կը հնձեն։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Անոնցմէ շատեր իրենց հեղինակութիւնը եւ իրենց ծուխերը կը կորսնցնեն։ Այս հոսանքը աչքառու է Եւրոպայի մէջ։ Պարբերաթերթ մը (Christianity Today) կ’ըսէ. «Այժմ Եւրոպայի մայր եկեղեցիները [կը ծառայեն] ո՛չ թէ իբրեւ պաշտամունքի վայր, այլ՝ որպէս թանգարաններ, ուր միայն զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն»։ Նոյն հոսանքը կը նկատուի աշխարհի այլ մասերու մէջ։ Ասիկա սուտ կրօնքին համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Ան աջակցութիւն չստանալով պարզապէս պիտի չքանա՞յ։ Իսկ ճշմարիտ պաշտամունքը ի՞նչպէս պիտի ազդուի։

Աստուծոյ Մեծ Օրուան Համար Պատրա՛ստ Եղիր

16. Մեծ Բաբելոնի դէմ զարգացող ատելութիւնը ինչո՞ւ յատկանշական է։

16 Ճիշդ ինչպէս հանգած հրաբուխէ մը դուրս ելլող ծուխն ու մոխիրը ցոյց կու տայ թէ ժայթքումը մօտալուտ է, նոյնպէս աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ կրօնքի դէմ ցուցաբերուած թշնամութեան սաստկանալը ցոյց կու տայ թէ սուտ կրօնքին օրերը համրուած են։ Շուտով Եհովա աշխարհի քաղաքական տարրերը պիտի դրդէ որ իրենց ջանքերը միացնելով քօղազերծեն ու կործանեն հոգեւոր պոռնիկը՝ Մեծ Բաբելոնը։ (Յայտնութիւն 17։15-17. 18։21) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէ՞տք է վախնան այդ դէպքէն եւ «մեծ նեղութեան» միւս երեսակներէն։ (Մատթէոս 24։21) Ամե՛նեւին։ Անոնք ուրախանալու պատճառներ պիտի ունենան, երբ Աստուած ամբարիշտներուն դէմ գործի լծուի։ (Յայտնութիւն 18։20. 19։1, 2) Նկատի առ առաջին դարու Երուսաղէմի եւ հոն ապրող Քրիստոնեաներուն օրինակը։

17. Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ինչո՞ւ կրնան այս դրութեան վախճանը վստահութեամբ դիմագրաւել։

17 Երբ հռովմէական զօրքերը Երուսաղէմը պաշարեցին Հ.Դ. 66–ին, հոգեւորապէս արթուն Քրիստոնեաները ո՛չ անակնկալի եկան, ո՛չ ալ վախցան։ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտները ըլլալով, անոնք գիտցան թէ «անոր աւերումը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։20) Անոնք գիտէին նաեւ թէ Աստուած փախուստի ճամբայ մը պիտի հայթայթէր։ Երբ Աստուած ասիկա ըրաւ, Քրիստոնեաները Երուսաղէմէ հեռացան։ (Դանիէլ 9։26. Մատթէոս 24։15-19. Ղուկաս 21։21) Նմանապէս այսօր, Աստուած ճանչցողներն ու իր Որդիին հնազանդողները կրնան այս դրութեան վախճանը վստահութեամբ դիմագրաւել։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9) Իրականութեան մէջ, երբ մեծ նեղութիւնը հարուածէ, անոնք ցնծութեամբ ‘պիտի ելլեն եւ վերցնեն իրենց գլուխը, որովհետեւ իրենց ազատագրութիւնը կը մօտենայ’։—Ղուկաս 21։28

18. Եհովայի ծառաներուն վրայ Գոգի ամբողջական յարձակումին հետեւանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

18 Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք, Սատանան իբրեւ Մագոգի Գոգը ամբողջական յարձակում պիտի կատարէ Եհովայի խաղաղասէր Վկաներուն վրայ։ ‘Երկիրը ծածկող ամպի պէս’ խուժելով, Գոգի զօրքերը դիւրին յաղթանակ պիտի ակնկալեն։ Բայց անոնք մեծ անակնկալի առջեւ պիտի գտնուին։ (Եզեկիէլ 38։14-16, 18-23) Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ. «Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ . . . Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ»։ Այս անպարտելի «Թագաւոր Թագաւորաց»ը Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուները պիտի ազատագրէ եւ անոնց բոլոր թշնամիները պիտի բնաջնջէ։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Ասիկա այլակերպութեան տեսիլքին կատարման սքանչելի մէկ յանգումը պիտի ըլլայ։

19. Քրիստոսի ամբողջական յաղթանակը իր հաւատարիմ աշակերտներուն ի՞նչպէս պիտի ազդէ, եւ անոնք այժմ ի՞նչ պէտք է ջանան ընել։

19 Յիսուս ‘այդ օրը հիանալի պիտի ըլլայ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։10) Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ յաղթական Որդիին առջեւ երկիւղով կայնողներուն մէջ ըլլալ։ Ուրեմն շարունակէ հաւատքդ սնուցանել եւ ‘պատրաստ կենալ, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ չես կարծեր’։—Մատթէոս 24։43, 44

Զգա՛ստ Եղիր

20. (ա) Աստուծոյ հայթայթած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք գնահատութիւն ցուցաբերել։ (բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

20 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կանոնաւորաբար Աստուծոյ ժողովուրդը կը յորդորէ որ հոգեւորապէս արթուն ու զգաստ ըլլան։ (Մատթէոս 24։45, 46. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6) Այս ժամանակայարմար վերյիշեցումները կը գնահատե՞ս։ Զանոնք կը գործածե՞ս կեանքի մէջ նախապատուութիւններ դնելու համար։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Հոգեւոր յստակ տեսողութիւն ունի՞մ, որ զիս կարող կը դարձնէ երկինքի մէջ իշխող Աստուծոյ Որդին տեսնելու։ Կը տեսնե՞մ որ ան պատրաստ է աստուածային դատաստանը գործադրելու Մեծ Բաբելոնի եւ Սատանայի մնացեալ դրութեան դէմ’։

21. Ոմանք ինչո՞ւ թոյլատրած են իրենց հոգեւոր տեսողութեան որ աղօտի, եւ անոնք անյապաղ ի՞նչ պէտք է ընեն։

21 Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին ընկերակցողներէն ոմանք թոյլատրած են իրենց հոգեւոր տեսողութեան որ աղօտի։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնց համբերութիւնը կամ համբերատարութիւնը հատած է, ինչպէս էր պարագան Յիսուսի նախկին աշակերտներէն ոմանց։ Կեանքի մտահոգութիւնները, նիւթապաշտութիւնը կամ հալածանքը անոնց ազդա՞ծ են։ (Մատթէոս 13։3-8, 18-23. Ղուկաս 21։34-36) Թերեւս ոմանք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հրատարակուած կարգ մը տեղեկութիւնները ըմբռնելու դժուարութիւն ունեցած են։ Եթէ այս պարագաներէն մէկը քեզի կը կիրարկուի, քեզ կը յորդորենք որ Աստուծոյ Խօսքը վերանորոգուած նախանձախնդրութեամբ ուսումնասիրես եւ Եհովայի աղաչես, այնպէս որ կարենաս վերստին իրեն հետ զօրաւոր ու սերտ յարաբերութիւն ձեռք ձգել։—Բ. Պետրոս 3։11-15

22. Այլակերպութեան տեսիլքին եւ յարակից մարգարէութիւններուն քննարկումը ի՞նչպէս ազդեց քեզի։

22 Այլակերպութեան տեսիլքը Յիսուսի աշակերտներուն տրուեցաւ, երբ քաջալերութեան կարիք ունէին։ Այսօր, մեզ զօրացնող աւելի մեծ բան մը ունինք,– այդ հոյակապ նախանմոյշին եւ յարակից մարգարէութիւններուն կատարումը։ Մինչ այս փառաւոր իրականութիւններուն եւ անոնց ապագայ նշանակութեան մասին կը խորհրդածենք, թող ամբողջ սիրտով Յովհաննէս առաքեալի զգացումները արտայայտենք, երբ ըսաւ. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։—Յայտնութիւն 22։20

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Յունարէն բնագրին մէջ, «ցաւեր» թարգմանուած բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «երկունք»։ (Մատթէոս 24։8, Kingdom Interlinear) Ասիկա կը թելադրէ թէ ծննդական ցաւերուն նման, աշխարհի խնդիրներուն յաճախականութիւնը, ուժգնութիւնն ու տեւողութիւնը պիտի աւելնան, հասնելով բարձրակէտի մը՝ մեծ նեղութեան։

Կը յիշե՞ս

• 1870–ական թուականներուն, Աստուածաշունչի աշակերտներու խմբակ մը Քրիստոսի վերադարձին մասին ի՞նչ բան հասկցաւ։

• Այլակերպութեան տեսիլքը ի՞նչպէս կատարուած է։

• Յիսուսի յաղթական արշաւը աշխարհի եւ քրիստոնէական ժողովքին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։

• Ի՞նչ պէտք է ընենք որ անոնց մէջ ըլլանք, որոնք պիտի վերապրին երբ Յիսուս իր յաղթանակը ամբողջացնէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 11]

Նախանմոյշ մը իրականութիւն կը դառնայ