Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալէ

Ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալէ

Ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալէ

«Ես իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութեամբս», ՆԱ] պիտի քալեմ»։—ՍԱՂՄՈՍ 26։11

1, 2. (ա) Մարդուն ուղղամտութիւնը ինչո՞ւ Աստուծոյ գերիշխանութեան հարցին կարեւոր մէկ մասն է։ (բ) Մտացի արարածները ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ թէ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին դիրք բռնած են։

ԵՐԲ Սատանան Եդեմի պարտէզին մէջ ըմբոստացաւ, Իր բոլոր արարածներուն վրայ Աստուծոյ գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն տիեզերական հարցը յարուց ան։ Ժամանակ մը ետք, ան ասպարէզ կարդաց թէ մարդիկ Աստուծոյ կը ծառայեն, այնքան ատեն որ ասիկա իրենց շահերուն կը նպաստէ։ (Յոբայ 1։9-11. 2։4) Այսպէս մարդուն ուղղամտութիւնը՝ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան հարցին կարեւոր մէկ մասը դարձած է։

2 Թէեւ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը իր արարածներուն ուղղամտութենէն կախեալ չէ, սակայն մարդիկն ու Աստուծոյ հոգեղէն արարածները կրնան ցոյց տալ թէ այս հարցին մէջ ի՛նչ է իրենց կեցուածքը։ Ի՞նչպէս։ Ընտրելով ուղղամտութեան ընթացքի մը հետեւի՛լ կամ ոչ։ Ուստի անհատի մը ուղղամտութիւնը զինք դատելու հաստատ հիմ մըն է։

3. (ա) Յոբ եւ Դաւիթ Եհովայէ խնդրեցին որ ի՞նչ բան քննէ։ (բ) Ուղղամտութեան մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

3 Յոբ վստահութեամբ ըսաւ. «[Եհովա] թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով ու Աստուած իմ անմեղութիւնս [«ուղղամտութիւնս», ՆԱ] գիտնայ»։ (Յոբայ 31։6) Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը աղօթքով Եհովայէ խնդրեց որ իր ուղղամտութիւնը քննէ։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, զիս դատէ, վասն զի իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութեամբս», ՆԱ] քալեցի։ Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ»։ (Սաղմոս 26։1) Որքա՜ն կենսական է որ մենք ալ ուղղամտութեամբ քալենք։ Բայց ի՞նչ է ուղղամտութիւնը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալել։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ ուղղամտութեան սերտօրէն կառչինք։

«Ուղղամտութեամբս Քալեցի»

4. Ի՞նչ է ուղղամտութիւնը։

4 Ուղղամտութիւնը՝ պարկեշտ, անմեղադրելի, արդար ու անթերի ըլլալու գաղափարը կը հաղորդէ։ Սակայն ուղղամտութիւնը շիտակը ընելէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա բարոյական ողջամտութիւն կամ Աստուծոյ կատարեալ անձնուիրութիւն է։ Սատանան Յոբի շարժառիթները հարցականի տակ դրաւ, երբ Աստուծոյ ըսաւ. «Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու [Յոբի] ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ (Յոբայ 2։5) Ուղղամտութիւնը պատշաճ արարքներու կողքին, սիրտի շիտակ մղում կը պահանջէ։

5. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ ուղղամտութիւն պահելը մեզմէ կատարելութիւն չի պահանջեր։

5 Սակայն ուղղամտութիւն պահելը կատարելութիւն չի պահանջեր։ Դաւիթ թագաւոր անկատար էր եւ իր կեանքի ընթացքին լուրջ սխալներ գործեց։ Այսուհանդերձ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան ‘ուղղամիտ սիրտով քալեց’։ (Գ. Թագաւորաց 9։4, ՆԱ) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Դաւիթ Եհովան սիրեց։ Անոր սիրտը Աստուծոյ նուիրուած էր։ Ան իր սխալները կամովին ընդունեց, յանդիմանութեան անսաց եւ իր ճամբաները սրբագրեց։ Արդարեւ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի սրտագին նուիրումն ու սէրը իր ուղղամտութիւնը կ’ապացուցանեն։—Բ. Օրինաց 6։5, 6

6, 7. Ուղղամտութեամբ քալելը ի՞նչ կը պարփակէ։

6 Ուղղամտութիւնը մարդկային վարքի որոշ մէկ երեսակին սահմանափակուած չէ, ինչպէս՝ կրօնական անձնուիրութեան։ Անիկա մեր ամբողջ ապրելակերպը կ’ընդգրկէ։ Դաւիթ ուղղամտութեամբ ‘քալեց’։ Աշխատասիրութիւնը մը (The New Interpreter’s Bible) կ’ըսէ թէ «‘քալել’ բայը կ’ակնարկէ ‘կեանքի ընթացքի’ կամ ‘կենցաղի’»։ «Ճամբով անբիծներուն» մասին խօսելով, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Երանի՜ անոնց՝ որոնք [Աստուծոյ] վկայութիւնները կը պահեն ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն եւ անօրէնութիւն չեն ըներ, հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն»։ (Սաղմոս 119։1-3) Ուղղամտութիւնը կը պահանջէ յարատեւաբար ջանալ Աստուծոյ կամքը կատարել ու իր ճամբային մէջ քալել։

7 Ուղղամտութեամբ քալելը կը պահանջէ Աստուծոյ հաւատարմօրէն յարիլ, նոյնիսկ տհաճ պայմաններու ներքեւ։ Երբ դժուարութիւններու տոկանք, ի հեճուկս հակառակութեան հաստատ մնանք, կամ անբարեպաշտ աշխարհի փորձութիւններուն դէմ դնենք, մեր ուղղամտութիւնը բացայայտ կը դառնայ։ ‘Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք’, քանի որ կրնայ զինք անարգողին պատասխան տալ։ (Առակաց 27։11) Արդ, վաւերական պատճառով կրնանք Յոբի նման վճռել. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս [«ուղղամտութիւնս», ՆԱ] ձեռքէ պիտի չձգեմ»։ (Յոբայ 27։5) 26–րդ սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ բան պիտի օգնէ մեզի ուղղամտութեամբ քալելու։

«Զտէ՛ Երիկամունքս եւ Սիրտս»

8. Ի՞նչ կը սորվիս Դաւիթի խնդրանքէն որ Եհովա քննէ իր երիկամունքներն ու սիրտը։

8 Դաւիթ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, փորձէ՛ զիս, քննէ՛ զիս, զտէ՛ երիկամունքս եւ սիրտս»։ (Սաղմոս 26։2, ԱՎ) Երիկամունքները մարմնին ներքին մասին մէջ զետեղուած են։ Այլաբանօրէն երիկամունքները կը ներկայացնեն անհատին խոր մտածումներն ու յուզումները։ Իսկ այլաբանական սիրտը ներքին ամբողջ անձն է,– իր շարժառիթները, զգացումները եւ իմացականութիւնը։ Ուստի Դաւիթ իրականութեան մէջ Եհովայէ խնդրեց որ իր ամենաներքին մտածումներն ու զգացումները մանրակրկիտ քննէ։

9. Եհովա մեր այլաբանական երիկամունքներն ու սիրտը ի՞նչ կերպով կը զտէ։

9 Դաւիթ աղերսեց որ իր երիկամունքներն ու սիրտը զտուին։ Եհովա ի՞նչպէս մեր ներքին անձը կը զտէ։ Դաւիթ տաղերգեց. «Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն»։ (Սաղմոս 16։7) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ Աստուծոյ խրատները Դաւիթի ամենախոր մասերը հասան ու հոն մնացին, իր ամենաներքին խորհուրդներն ու զգացումները սրբագրելով։ Նոյն փորձառութիւնը կրնանք ունենալ, եթէ Աստուծոյ Խօսքէն, իր ներկայացուցիչներէն ու իր կազմակերպութենէն մեր ստացած խրատներուն վրայ գնահատութեամբ խոկանք եւ թոյլ տանք որ մեր ներսիդին մնան։ Կանոնաւորաբար Եհովայի աղօթելը որ մեզ այս կերպով զտէ, պիտի օգնէ մեզի որ ուղղամտութեամբ քալենք։

«Քու Ողորմութիւնդ Իմ Աչքերուս Առջեւ Է»

10. Ի՞նչ բան Դաւիթի օգնեց որ Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ քալէ։

10 «Քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի»։ (Սաղմոս 26։3) Դաւիթ Աստուծոյ ողորմութեան կամ հաւատարիմ սիրոյ արարքները շատ լաւ գիտէր, եւ գնահատութեամբ անոնց վրայ կը խոկար։ Ան տաղերգեց. «Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար»։ Եւ Աստուծոյ «բարերարութիւններ»էն մէկը մտաբերելով, Դաւիթ շարունակեց. «Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէ բոլոր զրկուածներուն. անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն»։ (Սաղմոս 103։2, 6, 7) Թերեւս Դաւիթ կը մտածէր Մովսէսի օրերուն Եգիպտացիներու ձեռքով Իսրայելացիներուն կրած զրկանքին մասին։ Եթէ այս էր պարագան, խոկալը թէ Եհովա ի՛նչպէս ազատագրելու իր կերպերը Մովսէսին ճանչցուց, Դաւիթի սիրտին դպչած եւ Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ քալելու իր վճռակամութիւնը ամրացուցած ըլլալու էր։

11. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալենք։

11 Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը եւ մեր սորված բաներուն վրայ խոկալն ալ մեզի պիտի օգնեն որ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալենք։ Օրինակ, երբ մտաբերենք թէ Յովսէփ Պետափրէսի կնոջ անբարոյ առաջարկներէն ի՛նչպէս փախաւ, ասիկա վստահօրէն պիտի քաջալերէ մեզ որ նման առաջարկներէ փախչինք, ըլլայ՝ գործին մէջ, դպրոցը կամ այլուր։ (Ծննդոց 39։7-12) Ի՞նչ կրնանք ընել, երբ աշխարհի մէջ նիւթական բարգաւաճութիւն կամ կարկառուն դիրք ու հեղինակութիւն ձեռք ձգելու պատեհութիւններ ներկայանան։ Ունինք Մովսէսի օրինակը, որ Եգիպտոսի փառքերը մերժեց։ (Եբրայեցիս 11։24-26) Յոբի համբերատարութիւնը ի մտի ունենալը անտարակոյս պիտի օգնէ մեզի որ ի հեճուկս հիւանդութիւններու եւ ձախորդութիւններու, Եհովայի հաւատարիմ մնալու մեր վճռակամութիւնը ամրացնենք։ (Յակոբու 5։11) Իսկ եթէ հալածանքի թիրախ դառնանք, առիւծներու գուբին մէջ Դանիէլի փորձառութիւնը մտաբերելը կրնայ քաջութիւն ներշնչել։—Դանիէլ 6։16-22

«Խարդախ Մարդոց Հետ Չնստեցայ»

12, 13. Ի՞նչպիսի ընկերակցութիւններէ պէտք է զգուշանանք։

12 Իր ուղղամտութիւնը ամրացնող յաւելեալ ազդակի մը ակնարկելով, Դաւիթ ըսաւ. «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։ Չարերուն ժողովը ատեցի ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ»։ (Սաղմոս 26։4, 5) Դաւիթ չար ընկերակցութիւնները ատելով, ամբարիշտներուն հետ չէր նստեր։

13 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Կը մերժե՞նք խարդախ մարդոց հետ նստիլ՝ հեռատեսիլի յայտագիրներու, տեսաերիզներու, շարժապատկերներու եւ ցանցակայքերու միջոցով կամ այլ կերպերով։ Կեղծաւորներէն կը հեռանա՞նք։ Դպրոցին կամ մեր գործին մէջ ոմանք կրնան մեր բարեկամը ըլլալ ձեւացնել՝ նենգամիտ նպատակներով։ Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ չքալող անհատներու հետ իրապէս կ’ուզե՞նք սերտ կապեր մշակել։ Անկեղծ ըլլալ դաւանելով, հաւատուրացներն ալ կրնան իրենց դիտաւորութիւնները թաքցնել, մեզ Եհովայի ծառայութենէն հեռացնելու համար։ Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք կրկնակի կեանք կ’ապրին։ Անոնք ալ իրենց իսկական ինքնութիւնը կը կեղծեն։ Ճէյսըն, որ այժմ կը ծառայէ իբր օգնական ծառայ, իր պատանեկութեան ատեն այսպիսի բարեկամներ ունէր։ Անոնց մասին խօսելով, ան կ’ըսէ. «Օր մը անոնցմէ մէկը ինծի ըսաւ. ‘Կարեւոր չէ թէ հիմա ի՛նչ կ’ընենք, քանի որ երբ նոր դրութիւնը գայ, պարզապէս պիտի մեռնինք։ Պիտի չգիտնանք թէ ի՛նչ բան կորսնցուցինք’։ Այս խօսքը զիս զգաստացուց։ Երբ նոր դրութիւնը գայ, չեմ ուզեր մեռած ըլլալ»։ Ճէյսըն խոհեմութեամբ անոնց հետ իր ընկերակցութիւնը խզեց։ Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Որքա՜ն կենսական է որ չար ընկերակցութիւններէն զգուշանանք։

‘Քու Բոլոր Սքանչելիքներդ Պիտի Պատմեմ’

14, 15. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի ‘զոհասեղանին շուրջ երթալ’։

14 Դաւիթ շարունակեց. «Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր»։ Ինչո՞ւ։ «Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ»։ (Սաղմոս 26։6, 7) Դաւիթ ուզեց բարոյապէս մաքուր մնալ, որպէսզի կարենար Եհովան պաշտել եւ Աստուծոյ հանդէպ իր անձնուիրութիւնը ծանուցանել։

15 Սկիզբը խորանին մէջ, իսկ հետագային տաճարին մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին վերաբերեալ ամէն բան «երկնային բաներուն նմանութիւն»ն էր։ (Եբրայեցիս 8։5. 9։23) Զոհասեղանը կը պատկերացնէր Եհովայի կամքը որ ընդունի Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութիւնը՝ մարդկութիւնը փրկելու համար։ (Եբրայեցիս 10։5-10) Այդ զոհին հաւատք ընծայելով, անմեղութեամբ մեր ձեռքերը կը լուանք եւ Եհովայի ‘զոհասեղանին շուրջ կ’երթանք’։—Յովհաննու 3։16-18

16. Աստուծոյ սքանչելիքները ուրիշներուն ծանուցանելը ի՞նչպէս մեզի կ’օգտէ։

16 Երբ խորհինք թէ փրկանքը ի՜նչ բաներ կարելի կը դարձնէ, մեր սիրտը Եհովայի ու իր միածին Որդիին հանդէպ երախտագիտութեամբ չի՞ լեցուիր։ Ուստի շնորհակալութեամբ լեցուած սիրտով, ուրիշներուն ճանչցնենք Աստուծոյ սքանչելիքները,– Եդեմի պարտէզին մէջ մարդուն ստեղծագործութենէն մինչեւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ բոլոր բաներու ամբողջական վերահաստատումը։ (Ծննդոց 2։7. Գործք 3։21) Իսկ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը վստահաբար մեզի համար հոգեւոր պաշտպանութիւն մըն է։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Անով զբաղած ըլլալը կ’օգնէ որ ապագայի մեր յոյսը պայծառ մնայ, Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը՝ զօրաւոր, եւ Եհովայի ու ընկեր արարածներու հանդէպ մեր սէրը՝ կենդանի։

«Սիրեցի Քու Տանդ Բնակութիւնը»

17, 18. Քրիստոնէական ժողովները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

17 Խորանը՝ իր զոհասեղանով՝ Իսրայէլի մէջ Եհովայի պաշտամունքին կեդրոնն էր։ Այդ տեղին հանդէպ իր բերկրանքը արտայայտելով, Դաւիթ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը եւ քու փառքիդ կեցած տեղը»։Սաղմոս 26։8

18 Կը սիրե՞նք հաւաքուիլ, հո՛ն ուր Եհովայի մասին կը սորվինք։ Իւրաքանչիւր Թագաւորութեան Սրահ, հոն ներկայացուած հոգեւոր կրթութեան կանոնաւոր յայտագրով, կը ծառայէ որպէս համայնքին մէջ ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնը։ Ասկէ զատ, ունինք մեր տարեկան նահանգային, շրջանային ու միօրեայ մասնաւոր համաժողովները։ Այսպիսի ժողովներու ընթացքին Եհովայի «վկայութիւններ»ը կը քննարկուին։ Եթէ ‘զանոնք շատ սիրենք’, անհամբեր կ’ըլլանք ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ հոն ըսուածներուն ուշադրութիւն կ’ընծայենք։ (Սաղմոս 119։167) Որքա՜ն թարմացուցիչ է ըլլալ հաւատակիցներուն հետ, որոնք մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած են եւ մեզի կ’օգնեն որ ուղղամիտ մնանք։—Եբրայեցիս 10։24, 25

‘Մի՛ Կորսնցներ Իմ Կեանքս’

19. Դաւիթ ի՞նչ մեղքեր չուզեց գործել։

19 Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ չքալելու հետեւանքներուն քաջատեղեակ ըլլալով, Դաւիթ աղերսեց. «Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ, որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է»։ (Սաղմոս 26։9, 10) Դաւիթ չուզեց մեղաւորներուն հետ սեպուիլ, որոնք մեղկ վարքով կամ կաշառակերութեամբ յանցաւոր էին։

20, 21. Ի՞նչ բան կրնայ մեզ առաջնորդել որ անօրէններուն ճամբան բռնենք։

20 Ներկայ աշխարհը անբարոյ սովորութիւններով զեղուն է։ Հեռատեսիլը, պարբերաթերթերը եւ շարժապատկերները կը յառաջացնեն մեղկ վարքը կամ «պղծութիւն»ը։ (Գաղատացիս 5։19) Ոմանք պոռնկագրութեան գերի դարձած են, որ յաճախ անբարոյ վարքի կ’առաջնորդէ։ Յատկապէս պատանիները այսպիսի ազդեցութիւններու դիւրաւ կ’ենթարկուին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ժամադրուիլը սովորութիւն է եւ պատանիներու վրայ ճնշում կը բանեցուի որ զայն բնական նկատեն։ Բազմաթիւ պատանիներ կը սիրահարին, թէեւ ամուսնանալու համար շատ փոքր են։ Իսկ իրենց սեռային կիրքերը յագեցնելու համար, անոնք շուտով անբարոյ վարքի անձնատուր կ’ըլլան, նոյնիսկ պոռնկութիւն գործելով։

21 Չափահասներն ալ վատ ազդեցութիւններու ենթակայ են։ Առեւտրական անպարկեշտ սովորութիւնները եւ անձնասէր մղումներով որոշումներ կայացնելու հակումը ուղղամտութեան պակաս ցոյց կու տան։ Աշխարհի ճամբաներուն մէջ քալելը մեզ կը հեռացնէ՛ Եհովայէն։ Թող ‘չարութիւնը ատենք ու բարութիւնը սիրենք’ եւ շարունակենք ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալել։—Ամովսայ 5։15

«Զիս Փրկէ՛ ու Ինծի Ողորմէ՛»

22-24. (ա) 26–րդ սաղմոսին եզրափակիչ խօսքերուն մէջ ի՞նչ քաջալերութիւն կը գտնես։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ որոգայթ նկատի պիտի առնէ։

22 Դաւիթ Աստուծոյ ուղղուած իր խօսքերը եզրափակեց, ըսելով. «Բայց ես իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութեամբս», ՆԱ] պիտի քալեմ. զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։ Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։ Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ»։ (Սաղմոս 26։11, 12) Իր ուղղամտութիւնը պահպանելու Դաւիթի վճռակամութիւնը սերտօրէն առնչուած է զինք փրկելու աղերսին։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերական է։ Հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին, Եհովա մեզի պիտի օգնէ եթէ վճռած ենք ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալել։

23 Թող մեր ապրելակերպը ցոյց տայ թէ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը կը յարգենք ու կը գնահատենք մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Իւրաքանչիւրս կրնանք ջերմեռանդ աղօթքով Եհովայէ խնդրել որ մեր ամենաներքին խորհուրդներն ու զգացումները քննէ ու զտէ։ Կրնանք իր ճշմարտութիւնը միշտ մեր աչքերուն առջեւ պահել, իր Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով։ Ուստի ամէն գնով խուսափինք չար ընկերակցութիւններէ, եւ Եհովան օրհնաբանենք համախմբումներուն մէջ։ Թող նախանձախնդրաբար մասնակցինք Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին, երբեք թոյլ չտալով աշխարհին որ Աստուծոյ հետ մեր թանկագին յարաբերութիւնը վտանգէ։ Մինչ մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզի պիտի ողորմի։

24 Որովհետեւ ուղղամտութիւնը կեանքի բոլոր երեսակները կը պարփակէ, պէտք է զգուշանանք մահաբեր որոգայթէ մը, որ է՝ խմիչքի չափազանց գործածութիւնը։ Ասիկա պիտի քննարկուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

Կը յիշե՞ս

• Մտացի արարածները ինչո՞ւ իրաւացիօրէն կրնան դատուիլ իրենց ուղղամտութեան հիման վրայ։

• Ի՞նչ է ուղղամտութիւնը, եւ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալելը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալելու։

• Ուղղամտութիւն պահպանելու համար, ի՞նչ վտանգներէ պէտք է զգուշանանք ու խուսափինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 22]

Կանոնաւորաբար Եհովայէ կը խնդրե՞ս որ ամենաներքին խորհուրդներդ քննէ

[Նկար՝ էջ 22]

Եհովայի ողորմութիւնները աչքերուդ առջեւ կը պահե՞ս

[Նկարներ՝ էջ 23]

Փորձութիւններու ներքեւ ուղղամտութիւն պահելը՝ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ

[Նկարներ՝ էջ 25]

Ուղղամտութեան ճամբային մէջ քալելու համար, Եհովայի հայթայթումները կ’օգտագործե՞ս