Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատերազմին վերջ դնել

Պատերազմին վերջ դնել

Պատերազմին վերջ դնել

‘Հազիւ 12 տարեկան ենք։ Չենք կրնար քաղաքականութեան եւ պատերազմին վրայ ազդեցութիւն բանեցնել, բայց կ’ուզե՛նք ապրիլ։ Խաղաղութեան կը սպասենք։ Զայն պիտի տեսնե՞նք’։—Հինգերորդ դասարանի աշակերտներ

‘Կ’ուզենք դպրոց յաճախել եւ մեր բարեկամներուն ու ընտանիքին այցելել, առանց առեւանգուելու վախը ունենալու։ Կը յուսամ որ կառավարութիւնը ականջ տայ։ Աւելի լաւ կեանք մը կ’ուզենք։ Խաղաղութիւն կ’ուզենք’։—Ալհաճի, 14 տարեկան

ԱՅՍ սրտաճմլիկ խօսքերը կը հաղորդեն դեռատիներու սրտագին փափաքը, որոնք քաղաքացիական պատերազմի պատճառով տարիներ տառապած են։ Անոնք միայն կը փափաքին բնական կեանք մը վարել։ Բայց դիւրին չէ յոյս մը իրականացնել։ Արդեօք օրին մէկը պիտի տեսնե՞նք պատերազմէ զերծ աշխարհ մը։

Վերջին տարիներուն, միջազգային ջանքեր թափուած են կարգ մը քաղաքացիական պատերազմներ դադրեցնելու համար, հակադիր կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնելով որ խաղաղութեան դաշինք կնքեն։ Այսպիսի համաձայնութիւններ ի զօրու դարձնելու համար, կարգ մը երկիրներ խաղաղարար ուժեր հայթայթած են։ Բայց քիչ պետութիւններ նիւթական միջոցներ կամ հակում ունին որ հեռաւոր երկիրներու մէջ հսկիչի դեր խաղան, ուր արմատացած ատելութիւնը եւ կասկածը դիւրաբեկ կը դարձնեն հակադիր խումբերուն կնքած համաձայնութիւնը։ Յաճախ պայքարը դարձեալ կը բռնկի, զինադուլէն քանի մը շաբաթ կամ ամիս ետք։ Ինչպէս Սթոքհոլմի Միջազգային Խաղաղութիւն Հետազօտող Հաստատութիւնը կը նշէ, «խաղաղութիւն հաստատելը դժուար է, երբ հակադիր խումբերը կամք ու կարողութիւն ունին որ շարունակեն պատերազմիլ»։

Միեւնոյն ատեն, երկրի շատ մը մասերը հարուածող այս անլուծելի պայքարները, Քրիստոնեաներուն կը յիշեցնեն Աստուածաշունչի մէկ մարգարէութիւնը։ Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի ճակատագրական ժամանակամիջոցի մը մասին, որուն ընթացքին այլաբանական ձիաւոր մը ‘երկրէն խաղաղութիւնը կը վերցնէ’։ (Յայտնութիւն 6։4) Այս նախագուշակուած շարունակական պատերազմները մաս կը կազմեն բաղադրեալ նշանի մը, որ ցոյց կու տայ թէ այժմ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, որ նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ որպէս «վերջին օրեր»։ * (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Սակայն Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ այս վերջին օրերը խաղաղութեան նախերգանքն են։

Աստուածաշունչը Սաղմոս 46։9–ի մէջ կը բացատրէ թէ իսկական խաղաղութիւնը կը պահանջէ որ պատերազմին վերջ դրուի, ո՛չ թէ երկրագունդին մէկ շրջանին մէջ, այլ՝ համայն աշխարհի մէջ։ Ասկէ զատ, այս նոյն սաղմոսը յատկապէս կը յիշէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն գործածուած զէնքերուն կործանումը. աղեղն ու նիզակը։ Ներկայիս ուռճացող զէնքերն ալ պէտք է կործանին, եթէ մարդկութիւնը երբեք խաղաղութեան մէջ պիտի ապրի։

Սակայն, փամփուշտէն ու հրացանէն աւելի, ատելութիւնը եւ ագահութիւնը պատերազմ կը հրահրեն։ Անյագութիւնը կամ ագահութիւնը պատերազմին հիմնական մէկ պատճառն է, իսկ ատելութիւնը յաճախ բռնութեան կ’առաջնորդէ։ Այս կործանարար զգացումները արմատախիլ ընելու համար, մարդիկ իրենց մտածելակերպը պէտք է փոխեն։ Անոնք խաղաղութեան ուղիներուն մէջ պէտք է դաստիարակուին։ Անոր համար, վաղեմի Եսայի մարգարէն իրատեսօրէն կը նշէ թէ պատերազմը պիտի դադրի, միայն երբ մարդիկ այլեւս ‘պատերազմ չսորվին’։—Եսայեայ 2։4

Սակայն, ներկայիս կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ թէ՛ չափահասներուն եւ թէ երախաներուն կը սորվեցնէ ո՛չ թէ խաղաղութեան արժէքը, այլ՝ պատերազմին փառքը։ Դժբախտաբար, նոյնիսկ երախաներուն մարզում կը տրուի որ սպաննեն։

Անոնք Սպաննել Սորվեցան

14 տարեկանին, Ալհաճի զինուորական ծառայութենէն հեռացուեցաւ։ Ան միայն տասը տարեկան էր, երբ ապստամբ ուժեր զինք բռնեցին եւ մարզեցին որ AK-47 հրացանը գործածելով կռուի։ Ստիպուելէ ետք որ զինուոր մը ըլլայ, ան ուտելիք ապահովելու համար շրջաններ կողոպտեց ու տուներ հրկիզեց։ Ան նաեւ մարդիկ սպաննեց կամ հաշմանդամ դարձուց։ Ներկայիս, Ալհաճի դժուարութիւն կը զգայ որ պատերազմը մոռնայ ու քաղաքացիական կեանքին վարժուի։ Աբրահամ անունով ուրիշ երախայ–զինուոր մը, նոյնպէս սորվեցաւ սպաննել եւ իր զէնքը յանձնելու կը վարանէր։ Ան ըսաւ. «Եթէ ինծի ըսեն՝ զէնքդ յանձնէ ու գնա, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ընեմ, ի՛նչպէս ապրուստս պիտի ճարեմ»։

Աւելի քան 300,000 երախայ–զինուորներ,– թէ՛ տղաներ ու թէ աղջիկներ,– տակաւին կը կռուին ու կը մեռնին մեր երկրագունդը հարուածող քաղաքացիական անվերջ պատերազմներու մէջ։ Ապստամբ ղեկավար մը բացատրեց. «Անոնք հրամաններու կը հնազանդին. անոնք իրենց կնոջ կամ ընտանիքին վերադառնալու մասին մտահոգ չեն. անոնք վախ չեն գիտեր»։ Այսուհանդերձ, այս երախաները աւելի լաւ կեանք մը կ’ուզեն եւ անոր արժանի են։

Զարգացած երկիրներուն մէջ թերեւս դժուար է երեւակայել երախայ–զինուորին ահարկու վիճակը։ Բայց եւ այնպէս, Արեւմտեան երկիրներու երախաներէն շատեր իրե՛նց տան մէջ կը սորվին պատերազմիլ։ Ի՞նչ կերպով։

Որպէս օրինակ նկատի առէք Սպանիայի հարաւ–արեւելքէն Հոսէ անունով անհատը։ Ան մարտական հմտութիւններ սիրող պատանի մըն էր։ Իր ամենէն արժէքաւոր ստացուածքը սամուրայ–ի սուրն էր, որ Ծնունդի առիթով իր հայրը իրեն նուիրած էր։ Ան նաեւ պատկերիզի խաղերը կը սիրէր, մանաւանդ բռնութիւն պարունակող խաղերը։ 1 Ապրիլ 2000–ին, իրական կեանքի մէջ ան իր հերոսին վայրագ վարքը ընդօրինակեց։ Վայրագութեան նոպայի մը ընթացքին, ան իր հայրը, մայրը եւ քոյրը սպաննեց, իրեն նուիրուած սուրով։ Ան ոստիկանութեան բացատրեց. «Ուզեցի աշխարհին մէջ առանձին ըլլալ. չուզեցի որ ծնողքս զիս փնտռեն»։

Վայրագ զբօսանքի ազդեցութիւններուն մասին խօսելով, հեղինակ եւ զինուորական պաշտօնեայ՝ Տավ Կրոսմըն նշեց. «Հասած ենք զգայազրկումի այն հանգրուանին, երբ ցաւ ու տառապանք պատճառելը զբօսանքի աղբիւր դարձած է. հաճո՛յք, քան՝ խորշում։ Կը սորվինք սպաննել, եւ կը սորվինք անկէ հաճոյք առնել»։

Թէ՛ Ալհաճի եւ թէ Հոսէ սպաննել սորվեցան։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը մարդասպան ըլլալ ծրագրեց, բայց տրուած մարզումը՝ իրենց մտածմունքը խեղաթիւրեց։ Այս մարզումը,– ըլլայ երախաներուն թէ չափահասներուն տրուած,– բռնութեան եւ պատերազմի սերմեր կը ցանէ։

Պատերազմի Փոխարէն Խաղաղութիւն Սորվիլ

Երբեք կարելի չէ մնայուն խաղաղութիւն հաստատել, մինչ մարդիկ սպաննել կը սորվին։ Շատ դարեր առաջ, Եսայի մարգարէն գրեց. ‘Երանի՜ թէ Աստուծոյ պատուիրանքին մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ գետի պէս պիտի ըլլար’։ (Եսայեայ 48։17, 18) Երբ մարդիկ Աստուծոյ Խօսքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանան եւ սորվին Աստուծոյ օրէնքը սիրել, բռնութիւնն ու պատերազմը իրենց համար զզուելի կը դառնան։ Նոյնիսկ հիմա, ծնողներ կրնան հոգ տանիլ որ իրենց զաւակները բռնութիւն քաջալերող խաղեր չխաղան։ Չափահասներն ալ կրնան ատելութիւնն ու ագահութիւնը յաղթահարել սորվիլ։ Եհովայի Վկաները կրկին անգամ նկատած են թէ Աստուծոյ Խօսքը անձնաւորութիւններ փոխելու զօրութիւնը ունի։—Եբրայեցիս 4։12

Նկատի առէք Օրթենսիոյի օրինակը։ Ան երիտասարդ էր երբ զինք ստիպեցին որ զինուորագրուի։ Զինուորական մարզումը «մեր մէջ կը քանդակէր ուրիշները սպաննելու փափաքը եւ մարդ սպաննելէ երբեք չվախնալ», կը բացատրէ ան։ Ան Ափրիկէի մէջ երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ կռուեցաւ։ «Պատերազմը անձնաւորութեանս ազդեց», կը խոստովանի ան։ «Նոյնիսկ այսօր տակաւին կը յիշեմ բոլոր ըրածներս։ Անոնց հանդէպ շատ գէշ կը զգամ, թէեւ հարկադրաբար ըրի»։

Երբ զինակից մը Օրթենսիոյի խօսեցաւ Աստուածաշունչին մասին, ասիկա իր սիրտին խօսեցաւ։ Զինք տպաւորեց Աստուծոյ խոստումը Սաղմոս 46։9–ի մէջ, թէ ամէն տեսակ պատերազմի վերջ պիտի դնէ։ Ո՛րքան աւելի Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց, ա՛յնքան աւելի կռուելու իր փափաքը տկարացաւ։ Շատ չանցած, ան եւ իր երկու ընկերները բանակէն վռնտուեցան, եւ իրենց կեանքը Եհովա Աստուծոյ նուիրեցին։ «Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինծի օգնեց որ թշնամիս սիրեմ», կը բացատրէ Օրթենսիօ։ «Գիտակցեցայ թէ պատերազմին մէջ կռուելով, Եհովայի դէմ մեղք կը գործէի, քանի որ Աստուած կ’ըսէ թէ մեր դրացին պէտք չէ սպաննենք։ Այս սէրը ցոյց տալու համար, մտածելակերպս պէտք էր փոխէի եւ մարդիկը պէտք չէր նկատէի թշնամիներս»։

Իրական կեանքէ առնուած այս փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը իրապէս խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։ Ասիկա զարմանալի չէ։ Եսայի մարգարէն ըսաւ թէ աստուածային կրթութեան եւ խաղաղութեան միջեւ ուղղակի կապ մը կայ։ Ան նախագուշակեց. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13) Նոյն մարգարէն նախագուշակեց ժամանակ մը, երբ ամէն ազգէ մարդիկ Եհովա Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին պիտի դիմեն, իր ուղիներուն մասին սորվելու համար։ Արդի՞ւնքը։ «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։Եսայեայ 2։2-4

Այդ մարգարէութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովայի Վկաները համաշխարհային դաստիարակչական գործի մը կը մասնակցին, որ արդէն իսկ միլիոնաւորներու օգնած է մարդկային պատերազմներուն արմատը հանդիսացող ատելութիւնը յաղթահարելու։

Համաշխարհային Խաղաղութեան Երաշխիք մը

Կրթութիւն հայթայթելէ զատ, Աստուած հաստատած է կառավարութիւն մը, կամ «թագաւորութիւն», որ համաշխարհային խաղաղութիւն ապահովելու կարող է։ Յատկանշական է թէ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ Աստուծոյ ընտրած Կառավարիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ որպէս «Խաղաղութեան Իշխան»։ Անիկա նաեւ կը հաւաստիացնէ մեզ թէ «անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։6, 7

Ի՞նչ երաշխիք ունինք թէ Քրիստոսի իշխանութիւնը ամէն տեսակ պատերազմ մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ Եսայի մարգարէն կ’աւելցնէ. «Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա»։ (Եսայեայ 9։7) Աստուած մնայուն խաղաղութիւն պահպանելու փափաքն ու կարողութիւնը ունի։ Յիսուս այս խոստումին հանդէպ բացարձակ վստահութիւն ունի։ Այս պատճառով ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն եւ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ ըլլալուն համար։ (Մատթէոս 6։9, 10) Երբ այդ անկեղծ խնդրանքը ի վերջոյ պատասխանուի, անգամ մը եւս պատերազմը երկրագունդին վրայ աւեր պիտի չգործէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Քննելու համար այն ապացոյցները թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 5]

Աստուածաշունչի կրթութիւնը իսկական խաղաղութիւն կը յառաջացնէ