Ներողութիւն խնդրելը. խաղաղութիւն ընելու բանալի մը
Ներողութիւն խնդրելը. խաղաղութիւն ընելու բանալի մը
«ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ խնդրելը զօրեղ է։ Անիկա կռիւներու վերջ կը դնէ առանց բռնութեան, ազգերու միջեւ եղած անհամաձայնութիւններ կը լուծէ, թոյլ կու տայ որ կառավարութիւններ իրենց հպատակներուն տառապանքին գիտակցին, եւ անձնական յարաբերութիւններու հաւասարակշռութիւնը կը վերահաստատէ»։ Այսպէս գրեց Դեբօրա Թանէն, ամենաշատ ծախուած գիրքերու հեղինակ եւ ընկերալեզուագէտ՝ Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի Ճորճթաուն Համալսարանէն։
Աստուածաշունչը կը հաստատէ թէ անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրելը, յաճախ ազդու կերպ մըն է վնասուած յարաբերութիւն մը նորոգելու։ Օրինակի համար, Յիսուսի անառակ որդիի առակին մէջ, երբ որդին տուն վերադարձաւ եւ սրտանց ներողութիւն խնդրեց, հայրը սիրայօժարօրէն զինք դարձեալ ընտանիքին մէջ ընդունեց։ (Ղուկաս 15։17-24) Այո, անհատը իր հպարտութիւնը պէտք է մէկդի դնէ, ներողութիւն խնդրէ, եւ թողութիւն հայցէ։ Անշուշտ, իրապէս խոնարհ անհատներու համար, ներողութիւն խնդրելը շատ դժուար բան մը չէ։
Ներողութիւն Խնդրելուն Զօրութիւնը
Վաղեմի Իսրայէլի մէջ Աբիգիա անունով խոհեմ կնոջ մը օրինակը ցոյց կու տայ ներողութիւն խնդրելուն զօրութիւնը, թէեւ ասիկա ըրաւ իր ամուսնոյն գործած սխալին համար։ Մինչ անապատին մէջ կ’ապրէր, Դաւիթ, որ հետագային Իսրայէլի թագաւորը եղաւ, իր մարդոց հետ Աբիգիայի ամուսնոյն՝ Նաբաղի հօտը պաշտպանեց։ Սակայն, երբ Դաւիթի մանչերը Նաբաղէ հաց ու ջուր խնդրեցին, ան զանոնք ձեռնունայն ղրկեց, շատ նախատական խօսքեր ըսելով։ Զայրացած՝ Դաւիթ շուրջ 400 տղամարդիկ առնելով Նաբաղի ու անոր տան դէմ կռուելու գնաց։ Պարագան Ա. Թագաւորաց 25։2-35
իմանալով, Աբիգիա ճամբայ ելաւ Դաւիթին քով երթալու համար։ Երբ Դաւիթին տեսաւ, անոր ոտքը ինկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, յանցանքը իմ վրաս թող ըլլայ. բայց հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ»։ Ապա Աբիգիա պարագան բացատրեց եւ Դաւիթին ուտելիք ու խմելիք տուաւ։ Ասոր վրայ, Դաւիթ ըսաւ. «Խաղաղութեամբ տունդ գնա՛. ահա խօսքիդ մտիկ ըրի ու քու խնդիրքդ ընդունեցի»։—Աբիգիայի խոնարհ կեցուածքը եւ իր ամուսնոյն կոշտ վերաբերմունքին համար ներողութիւն խնդրելը, իր ընտանիքը խնայեցին։ Դաւիթ նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Աբիգիայի, քանի որ զինք արգիլեց որ արիւն թափէ։ Թէեւ Դաւիթի ու անոր մարդոց հետ գէշ վարուողը Աբիգիան չէր, սակայն ան իր ընտանիքին յանցանքը իր վրայ առաւ եւ Դաւիթի հետ խաղաղութիւն ըրաւ։
Ուրիշ անհատ մը որ գիտէր ե՛րբ ներողութիւն խնդրել՝ Պօղոս առաքեալն է։ Անգամ մը ան ստիպուեցաւ ինքզինք պաշտպանել Սենետրիոնի՝ հրէական բարձրագոյն ատեանին՝ առջեւ։ Պօղոսի անկեղծ խօսքերէն զայրացած, Անանիա քահանայապետը Պօղոսի քով կայնողներուն հրաման ըրաւ որ անոր բերնին զարնեն։ Այդ պահուն, Պօղոս անոր ըսաւ. «Աստուած քեզի պիտի զարնէ, ծեփա՛ծ պատ։ Դուն նստեր ես օրէնքին համեմատ զիս դատելու եւ օրէնքէն դուրս հրամա՞ն կ’ընես, որ ինծի զարնեն»։ Երբ ներկաները Պօղոսը ամբաստանեցին քահանայապետը նախատելու յանցանքով, առաքեալը անմիջապէս իր յանցանքը ընդունեց, ըսելով. «Եղբա՛յրներ, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է, վասն զի գրուած է. ‘Քու ժողովուրդիդ իշխանին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ’»։—Գործք 23։1-5
Պօղոսի ըսածը ճիշդ էր. նշանակուած դատաւոր մը պէտք չէ բռնութեան դիմէ։ Այսուհանդերձ, ան ներողութիւն խնդրեց, քանի որ անգիտակցաբար քահանայապետին հետ խօսեցաւ այնպիսի կերպով մը որ կրնար անյարգալից նկատուիլ։ * Պօղոսի ներողութիւն խնդրելը ճամբան հարթեց որ Սենետրիոնը իր ըսելիքներուն մտիկ ընէ։ Պօղոս տեղեակ ըլլալով ատեանի անդամներուն միջեւ եղած տարակարծութիւններէն, անոնց ըսաւ թէ ինք կը դատուէր քանի որ յարութեան կը հաւատար։ Հետեւաբար, երկպառակութիւն ինկաւ, Փարիսեցիները Պօղոսի կողմը դիրք բռնելով։—Գործք 23։6-10
Սուրբ գրային այս երկու օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Երկու պարագաներուն ալ, զղջումի անկեղծ արտայայտութիւնները ճամբան հարթեցին որ յաւելեալ հաղորդակցութիւն ըլլայ։ Ուստի ներողութիւն խնդրելը կրնայ օգնել որ խաղաղութիւն ընենք։ Այո, մեր սխալները ընդունիլը եւ եղած վնասին համար ներողութիւն խնդրելը, կրնայ շինիչ խօսակցութիւններու դուռ բանալ։
‘Բայց Ես Սխալ Բան մը Չեմ Ըրած’
Երբ իմանանք որ անհատ մը մեր ըսած կամ ըրած մէկ բանին համար ընդվզած է, թերեւս խորհինք թէ ան անբանաւոր կամ գերզգայուն է։ Սակայն, Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտները խրատեց. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու Մատթէոս 5։23, 24
հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես»։—Օրինակ, թերեւս եղբայր մը կը զգայ թէ իր դէմ մեղք մը գործած էք։ Այսպիսի պարագայի մը, Յիսուս կ’ըսէ թէ պէտք է երթաք ու ‘ձեր եղբօր հետ հաշտուիք’, դուք ձեզ յանցաւոր զգա՛ք թէ ոչ։ Յունարէն բնագրին համաձայն, հոս Յիսուսի գործածած բառը ‘փոխադարձ թշնամութենէ ետք փոխադարձ զիջում կը նշէ’։ (Vine’s Expository Dictionary of Old and New Testament Words [Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարան]) Արդարեւ, երբ երկու անհատներ անհամաձայն են, երկու կողմերն ալ որոշ չափով յանցաւոր են, քանի որ երկուքն ալ անկատար եւ սխալելու հակամէտ են։ Ասիկա սովորաբար կը պահանջէ որ փոխադարձ զիջումներ ըլլան։
Հարցը այն չէ թէ ո՛վ իրաւունք ունի կամ ո՛վ յանցաւոր է, այլ՝ թէ ո՛վ նախաքայլը պիտի առնէ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար։ Երբ Պօղոս առաքեալ նկատեց թէ Կորնթացի Քրիստոնեաները իրենց հաւատակիցները աշխարհային ատեաններու կը քաշէին անձնական խնդիրներու համար, ինչպէս՝ դրամական անհամաձայնութիւններ, ան սրբագրեց զանոնք, ըսելով. «Ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր»։ (Ա. Կորնթացիս 6։7) Թէեւ Պօղոս ասիկա ըսաւ որպէսզի Քրիստոնեայ հաւատակիցներ դադրէին իրենց անձնական տարակարծութիւնները աշխարհային ատեաններու առջեւ ներկայացնելէ, սակայն սկզբունքը բացայայտ է. Հաւատակիցներուն միջեւ խաղաղութիւնը շատ աւելի կարեւոր է քան՝ ապացուցանել թէ այս կամ այն կողմը շիտակ է։ Այս սկզբունքը ի մտի ունենալը կը դիւրացնէ ներողութիւն խնդրելը սխալի մը համար, որ ուրիշ մը կը խորհի թէ իր դէմ գործած ենք։
Անկեղծութիւնը Անհրաժեշտ Է
Սակայն ոմանք ներողութիւն խնդրելու արտայայտութիւնները անտեղիօրէն կը գործածեն։ Օրինակ, Ճափոնի մէջ, սումիմասըն բառը, որ ներողութիւն խնդրելու սովորական արտայայտութիւն մըն է, հազարաւոր անգամներ կը լսուի։ Անիկա նոյնիսկ կրնայ գործածուիլ երախտագիտութիւն արտայայտելու համար, ցուցաբերուած բարիքը փոխադարձելու անկարող ըլլալու անախորժ զգացում մը թելադրելով։ Անոր բազմակողմանի իմաստներուն պատճառաւ, թերեւս ոմանք զգան թէ այս բառը շատ յաճախ կը գործածուի եւ հարց տան թէ զայն ըսողները ի՞րապէս անկեղծ են։ Կը թուի թէ ներողութիւն խնդրելու արտայայտութիւնները այլ մշակոյթներու մէջ ալ չափազանցօրէն կը գործածուին։
Որեւէ լեզուով, անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրելը կարեւոր է։ Գործածուած բառերն ու ձայնի եղանակը անկեղծ ցաւ պէտք է հաղորդեն։ Յիսուս Քրիստոս Լերան Քարոզին մէջ իր աշակերտներուն սորվեցուց. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։ (Մատթէոս 5։37) Եթէ ներողութիւն կը խնդրէք, անոր համաձայն ալ գործեցէք։ Օրինակ, օդակայանի մը ստուգման բաժնին մէջ, շարքի կեցած մարդ մը ներողութիւն խնդրեց, երբ իր պայուսակը քովը կեցած կնոջ դպաւ։ Քանի մը վայրկեան ետք, երբ շարքը քալեց, պայուսակը դարձեալ կնոջ դպաւ։ Մարդը անգամ մը եւս քաղաքավարօրէն ներողութիւն խնդրեց։ Երբ նոյն բանը երրորդ անգամ պատահեցաւ, կնոջ ճամբորդակիցը մարդուն ըսաւ, որ եթէ իր ներողութիւն խնդրելը իսկական է, ուշադիր պէտք է ըլլայ որ պայուսակը անգամ մը եւս կնոջ չդպչի։ Այո, սրտանց ներողութիւն խնդրելուն պէտք է ընկերակցի՝ սխալը չկրկնելու վճռակամութիւն մը։
Եթէ անկեղծ ենք, մեր ներողութիւն խնդրելը պիտի պարփակէ յանցանքը խոստովանիլ, ներում հայցել, եւ կարելի եղածին չափ վնասը հատուցանել։ Իր կարգին, վիրաւորուած անհատը շուտով պէտք է ներէ զղջացող յանցաւորին։ (Մատթէոս 18։21, 22. Մարկոս 11։25. Եփեսացիս 4։32. Կողոսացիս 3։13) Քանի որ երկու կողմերն ալ անկատար են, խաղաղութիւն ընելը կրնայ միշտ դիւրասահ չընթանալ։ Այսուհանդերձ, ներողութիւն խնդրելը խաղաղութիւն ընելու մէջ զօրաւոր դեր մը կը խաղայ։
Երբ Ներողութիւն Խնդրելը Անպատշաճ Է
Թէեւ զղջումի ու վշտի արտայայտութիւնները ամոքիչ ազդեցութիւն մը ունին եւ խաղաղութեան կը նպաստեն, սակայն իմաստուն անհատը կը խուսափի այսպիսի արտայայտութիւններ Փիլիպպեցիս 2։8) Սակայն, ան իր հաւատալիքներուն համար ներողութիւն չխնդրեց, որ իր տառապանքը նուազեցնէ։ Յիսուս նաեւ ներողութիւն չխնդրեց, երբ քահանայապետը ըսաւ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։ Փոխանակ երկչոտութեամբ ներողութիւն խնդրելու, Յիսուս քաջաբար պատասխանեց. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ (Մատթէոս 26։63, 64) Իր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հանդէպ ուղղամտութիւն պահելու հաշւոյն քահանայապետին հետ խաղաղութիւն ընելու գաղափարը, Յիսուսի մտքէն իսկ չանցաւ։
անտեղիօրէն գործածելէ։ Օրինակ, ենթադրենք թէ հարցը Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութեան հետ առնչուած է։ Երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, ան «ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։ (Քրիստոնեաները հեղինակաւոր անհատներու հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան։ Սակայն, անոնք պէտք չունին ներողութիւն խնդրելու Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւն եւ իրենց եղբայրներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելնուն համար։—Մատթէոս 28։19, 20. Հռովմայեցիս 13։5-7
Խաղաղութեան Ոչ Մէկ Խոչընդոտ
Ներկայիս սխալներ կը գործենք, քանի որ մեր նախահօրմէն՝ Ադամէն՝ անկատարութիւն ու մեղք ժառանգած ենք։ (Հռովմայեցիս 5։12. Ա. Յովհաննու 1։10) Ադամի մեղաւոր վիճակը՝ Ստեղծիչին դէմ իր ըմբոստութեան հետեւանքն էր։ Սակայն, սկիզբը Ադամն ու Եւան կատարեալ ու անմեղ էին, եւ Աստուած խոստացած է որ մարդկութիւնը այս կատարեալ վիճակին պիտի վերադարձնէ։ Ան մեղքը եւ անոր բոլոր ազդեցութիւնները պիտի վերցնէ։—Ա. Կորնթացիս 15։56, 57
Պահ մը խորհեցէք թէ ատիկա ի՛նչ պիտի նշանակէ։ Լեզուի գործածութեան շուրջ իր խրատին մէջ, Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, ըսաւ. «Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ (Յակոբու 3։2) Կատարեալ մարդ մը կրնայ իր լեզուն զսպել, հետեւաբար, զայն սխալ գործածելու նկատմամբ ներողութիւն խնդրելու պէտք չունի։ Ան ‘կարող է բոլոր մարմինը սանձել’։ Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ երբ կատարեալ ըլլանք։ Այն ատեն, անհատներու միջեւ խաղաղութեան խոչընդոտներ այլեւս պիտի չըլլան։ Սակայն մինչ այդ, գործուած յանցանքի մը համար պատշաճօրէն ու անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրելը, մեծապէս պիտի նպաստէ խաղաղութիւնը հաստատելու։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 8 Կրնայ ըլլալ որ Պօղոսի տկար տեսողութիւնը պատճառ եղաւ, որ չկարենայ քահանայապետը ճանչնալ։
[Նկար՝ էջ 5]
Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք
[Նկար՝ էջ 7]
Երբ ամէն ոք կատարեալ է, խաղաղութեան ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի ըլլայ