Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաքրուած՝ որպէս բարի գործերու ժողովուրդ մը

Մաքրուած՝ որպէս բարի գործերու ժողովուրդ մը

Մաքրուած՝ որպէս բարի գործերու ժողովուրդ մը

«Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7։1

1. Եհովա զինք պաշտողներէն ի՞նչ կը պահանջէ։

«Ո՞Վ ՊԻՏԻ ելլէ Տէրոջը լեռը, կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը»։ Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը Եհովայի ընդունելի եղող պաշտամունքին առնչութեամբ այս միտք–գրգռող հարցումը յարուց։ Ապա ան պատասխանը տուաւ. «Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը, որ ստութեան անձնատուր չեղաւ ու նենգութեամբ երդում չըրաւ»։ (Սաղմոս 24։3, 4) Եհովայի ընդունելի ըլլալու համար, որ սրբութեան բուն մարմնացումն է, անհատը պէտք է մաքուր եւ սուրբ ըլլայ։ Նախապէս, Եհովա Իսրայէլ ժողովուրդին յիշեցուց. «Սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ»։—Ղեւտացւոց 11։44, 45. 19։2

2. Պօղոս եւ Յակոբոս ի՞նչպէս շեշտեցին ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ մաքրութեան կարեւորութիւնը։

2 Դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ բարոյապէս քայքայուած Կորնթոս քաղաքի Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրեց. «Որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Ասիկա անգամ մը եւս կ’ընդգծէ այն կէտը թէ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մը ունենալու եւ իր խոստացած օրհնութիւնները ստանալու համար, անհատը պէտք է մաքուր ըլլայ եւ զերծ՝ ֆիզիքական ու հոգեւոր պղծութենէ եւ ապականութենէ։ Նմանապէս, Աստուծոյ ընդունելի եղող պաշտամունքին մասին գրելով, Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն’»։—Յակոբու 1։27

3. Մեր պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, ի՞նչ բանով լրջօրէն հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։

3 Քանի որ մաքուր, սուրբ եւ անարատ ըլլալը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ կարեւոր ազդակներ են, Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգել փափաքող ոեւէ անհատ պէտք է լրջօրէն հետաքրքրուի այս պահանջներուն գոհացում տալով։ Որովհետեւ ներկայիս մարդիկ մաքրութեան նկատմամբ շատ տարբեր չափանիշներ ու հասկացութիւններ ունին, պէտք է ըմբռնենք այն ինչ որ Եհովա մաքուր եւ ընդունելի կը նկատէ ու անոր համաձայն ապրինք։ Պէտք է իմանանք թէ այս ուղղութեամբ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ իր երկրպագուներէն եւ ի՛նչ ըրած է անոնց օգնելու համար, որ իր աչքին մաքուր ու ընդունելի ըլլան եւ մնան։—Սաղմոս 119։9. Դանիէլ 12։10

Մաքուր՝ Ճշմարիտ Պաշտամունքին Համար

4. Մաքրութեան նկատմամբ սուրբ գրային հասկացութիւնը բացատրեցէք։

4 Մարդոց մեծամասնութեան համար, մաքուր ըլլալը պարզապէս կը նշանակէ աղտէ կամ ապականումէ զերծ ըլլալ։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ, մաքուր ըլլալու գաղափարը կը նշուի Եբրայերէն ու Յունարէն կարգ մը բառերով, որոնք մաքրութիւնը կը նկարագրեն ո՛չ միայն ֆիզիքական առումով, այլ նաեւ՝ շատ յաճախ բարոյական ու հոգեւոր առումով։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «‘Մաքուր’ եւ ‘անմաքուր’ բառերը հազուադէպօրէն առնչուած են առողջապահական հարցերու հետ, բայց անոնք գլխաւորաբար կրօնական հասկացութիւններ են։ Հետեւաբար, ‘մաքրութեան’ սկզբունքը կ’ազդէ գրեթէ կեանքի բոլոր երեսակներուն»։

5. Մովսիսական Օրէնքը ո՞ր տարողութեամբ մաքրութեան կանոններ դրաւ Իսրայելացիներուն համար։

5 Արդարեւ, Մովսիսական Օրէնքը պարփակեց օրէնքներ ու կանոններ Իսրայելացիներու կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակներուն վերաբերեալ, ուրուագծելով թէ ի՛նչ բան մաքուր եւ ընդունելի էր, եւ ի՛նչ բան՝ ոչ։ Օրինակ, Ղեւտացւոց 11-15–րդ գլուխներուն մէջ, կրնանք մաքրութեան ու անմաքրութեան կապակցաբար մանրամասնուած հրահանգներ գտնել։ Որոշ անասուններ անմաքուր էին, եւ Իսրայելացիները զանոնք պէտք չէր ուտէին։ Ծննդաբերութիւնը կինը որոշ ժամանակ անմաքուր կը դարձնէր։ Կարգ մը մորթի հիւանդութիւններ, մանաւանդ բորոտութիւնը, ինչպէս նաեւ սեռային անդամներուն ծորումը, անհատը անմաքուր կը դարձնէին։ Օրէնքը նաեւ յատկանշեց թէ անմաքրութեան վերաբերեալ պարագաներուն ի՛նչ պէտք էր ընել։ Օրինակ, Թուոց 5։2–ի մէջ կը կարդանք. «Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտ եւ ամէն ծորում ունեցող եւ մեռելի մը դպչելով անմաքուր եղողը»։

6. Մաքրութեան վերաբերեալ օրէնքները ի՞նչ նպատակով տրուեցան։

6 Անտարակոյս, Եհովայի այս ու միւս օրէնքները արտացոլացուցին շատ յառաջացած բժշկական ու բնախօսական գաղափարներ, իսկ մարդիկ օգտուեցան երբ այս օրէնքներուն հետեւեցան։ Սակայն, այս օրէնքները պարզապէս չտրուեցան որպէս առողջապահական կանոնագիրք մը, ո՛չ ալ որպէս բժշկական ուղեգծեր։ Անոնք ճշմարիտ պաշտամունքին մէկ մասը կազմեցին։ Այն իրողութիւնը թէ անոնք առնչութիւն ունէին մարդոց առօրեային հետ, ինչպէս՝ ուտելուն, զաւակ ծնանելուն, ամուսնական յարաբերութիւններուն, եւայլն, պարզապէս ընդգծեց այն կէտը թէ որպէս իրենց Աստուածը, Եհովա իրաւունք ունէր իրենց համար որոշելու թէ ի՛նչ բան պատշաճ եւ ի՛նչ բան անպատշաճ է իրենց կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, որ բացարձակապէս Եհովայի նուիրուած էր։—Բ. Օրինաց 7։6. Սաղմոս 135։4

7. Օրէնքը պահելով, Իսրայէլ ազգը ի՞նչ օրհնութիւն պիտի ստանար։

7 Օրէնքի ուխտը Իսրայելացիները նաեւ պաշտպանեց իրենց շուրջը գտնուող ազգերու պիղծ սովորութիւններէն։ Հաւատարմաբար Օրէնքը պահելով, ի ներառեալ Եհովայի աչքին մաքուր մնալու բոլոր պահանջները, Իսրայելացիները իրենց Աստուծոյն ծառայելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու յարմար պիտի ըլլային։ Այս առնչութեամբ, Եհովա ազգին ըսաւ. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։—Ելից 19։5, 6. Բ. Օրինաց 26։19

8. Ներկայիս Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն մաքրութեան վերաբերեալ Օրէնքին մէջ գրուած բաներուն։

8 Քանի որ Եհովա Օրէնքին մէջ այսպիսի մանրամասնութիւններ պարփակեց Իսրայելացիներուն սորվեցնելու համար թէ ի՛նչպէս մաքուր, սուրբ եւ իրեն ընդունելի ըլլան, տեղին չէ՞ որ ներկայիս Քրիստոնեաներ ուշադրութեամբ քննեն թէ այս պահանջներուն ի՛նչպէս գոհացում կու տան։ Թէեւ Քրիստոնեաները Օրէնքին ներքեւ չեն, սակայն անոնք ի մտի պէտք է ունենան, ինչպէս Պօղոս բացատրեց, թէ Օրէնքին մէջ գրուած բոլոր բաները «գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է»։ (Կողոսացիս 2։17. Եբրայեցիս 10։1) Եթէ Եհովա Աստուած, որ կ’ըսէ «չեմ փոխուիր», մաքուր եւ անարատ ըլլալը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ ա՛յսքան կարեւոր ազդակ մը նկատեց այն ատեն, ուրեմն պէտք է ֆիզիքապէս, բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր ըլլալու հարցը լուրջի առնենք, եթէ իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կ’ուզենք։—Մաղաքեայ 3։6. Հռովմայեցիս 15։4. Ա. Կորնթացիս 10։11, 31

Ֆիզիքական Մաքրութիւնը Մեզ կը Յանձնարարէ

9, 10. (ա) Քրիստոնեաներուն համար ֆիզիքական մաքրութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ (բ) Յաճախ ի՞նչ խօսքեր կ’ըսուին Եհովայի Վկաներու համաժողովներուն մասին։

9 Ֆիզիքական մաքրութիւնը տակաւին ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մա՞սն է։ Մինչ ֆիզիքական մաքրութիւնը ինքնին անհատը Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագու մը չի դարձներ, սակայն, վստահաբար պատշաճ է որ ճշմարիտ երկրպագու մը ֆիզիքապէս մաքուր ըլլայ իր պարագաներուն ներած չափով։ Յատկապէս ներկայիս, երբ շատեր հոգ չեն ըներ իրենց երեւոյթը, հագուստը, կամ միջավայրը մաքուր պահելու, այսպիսի բաներու ուշադրութիւն ընծայողները յաճախ շրջապատին ուշադրութիւնը կը գրաւեն։ Ասիկա կրնայ դրական արդիւնքներ տալ, ինչպէս Պօղոս Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ [«կը յանձնարարենք», ՆԱ] Աստուծոյ սպասաւորներու պէս»։—Բ. Կորնթացիս 6։3, 4

10 Շատ յաճախ, հանրային պաշտօնեաներ Եհովայի Վկաները գովաբանած են իրենց մաքուր, կարգապահ եւ յարգալից վարմունքին ու սովորութիւններուն համար, որոնք գլխաւորաբար աչքի կը զարնեն իրենց մեծ համաժողովներուն մէջ։ Օրինակ, Իտալիոյ Սավոնա նահանգին մէջ տեղի ունեցած նահանգային համաժողովի մը մասին, Լա Սթամբա լրագիրը ըսաւ. «Երբ անհատ մը համալիրին մէջ շրջագայի, անմիջապէս իր աչքին կը զարնէ զայն գործածող անհատներուն մաքրութիւնն ու կարգապահութիւնը»։ Պրազիլիոյ Սէն Բաւլօ քաղաքին մէկ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Վկաներու համաժողովէ մը ետք, մարզադաշտի պատասխանատուներէն մէկը իր մաքրութեան անձնակազմի վերակացուին ըսաւ. «Ասկէ ետք կ’ուզենք որ մարզադաշտը մաքրուի ա՛յնպէս ինչպէս Եհովայի Վկաները մաքրեցին»։ Նոյն մարզադաշտին ուրիշ մէկ պատասխանատուն ըսաւ. «Երբ Եհովայի Վկաները ուզեն մարզադաշտը վարձել, միայն թուականներուն մասին կը մտահոգուինք։ Ուրիշ ո՛չ մէկ բան մեզ կը մտահոգէ»։

11, 12. (ա) Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքը ի մտի պէտք է ունենանք երբ հարցը կը վերաբերի անձնական մաքրութեան։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կրնան հարցուիլ մեր անհատական սովորութիւններուն եւ կենցաղին մասին։

11 Եթէ մեր պաշտամունքի վայրին մէջ մաքրութիւնն ու կարգապահութիւնը կրնայ մեր պաշտած Աստուծոյն փառաբանութեան աղբիւր մը ըլլալ, վստահաբար այս յատկութիւնները մեր անձնական կեանքին մէջ ցուցաբերելը հաւասարապէս կարեւոր է։ Սակայն, մեր տան առանձնութեան մէջ, կրնանք զգալ թէ իրաւունք ունինք մեր հանգիստին նայելու եւ մեր ուզածը ընելու։ Իսկ հագուելիքի ու յարդարանքի նկատմամբ, վստահաբար ազատ ենք ընտրելու ինչ որ կը խորհինք թէ հանգստաւէտ ու գրաւիչ է։ Այսուհանդերձ, մեծաւ մասամբ, այս ազատութիւնը միայն յարաբերական է։ Յիշեցէք թէ որոշ ուտելիքներ ուտելու ընտրութեան մասին խօսելու ատեն, Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները զգուշացուց. «Զգո՛յշ կեցէք, որ չըլլայ թէ ձեր ազատութիւնը տկարներուն գայթակղութիւն ըլլայ»։ Ապա արժէքաւոր սկզբունք մը յիշեց. «Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։9. 10։23) Պօղոսի խրատը ի՞նչպէս կը կիրարկուի մաքրութեան հարցին։

12 Տրամաբանական է որ մարդիկ Աստուծոյ ծառայէ մը ակնկալեն որ իր կենցաղին մէջ մաքուր ու կարգապահ ըլլայ։ Հետեւաբար, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր տան երեւոյթը եւ անոր շրջապատը չեն նսեմացներ Աստուծոյ Խօսքին քարոզիչ մը ըլլալու մեր դաւանութիւնը։ Մեր տունը ի՞նչպիսի վկայութիւն մը կու տայ մեր ու մեր հաւատալիքներուն մասին։ Անիկա ցոյց կու տա՞յ թէ անկեղծօրէն կը տենչանք ապրիլ մաքուր ու կարգապահ, արդար նոր աշխարհի մը մէջ, զոր ուժգնօրէն կը յանձնարարենք ուրիշներու։ (Բ. Պետրոս 3։13) Նմանապէս, մեր դրսերեւոյթը, ըլլայ ազատ ժամերուն կամ ծառայութեան մէջ, կրնայ մեր քարոզած պատգամին արժէքը բարձրացնել կամ նսեմացնել։ Օրինակ, նկատի առէք Մեքսիկայի մէջ լրագրի մը թղթակիցին հետեւեալ խօսքը. «Արդարեւ, Եհովայի Վկաներուն մէջ մեծ համեմատութեամբ դեռատիներ կան, իսկ յատկանշական է անոնց մազի կտրուածքը, մաքրութիւնը եւ պատշաճ հագուելակերպը»։ Ի՜նչ ուրախութիւն է մեր մէջ այսպիսի դեռատիներ ունենալ։

13. Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու համար թէ մեր առօրեայ կեանքի բոլոր երեսակները մաքուր ու կարգապահ են։

13 Անշուշտ, մեր անձերը, մեր գոյքերը եւ մեր տունը միշտ մաքուր ու կարգապահ վիճակի մէջ պահելը, խօսքով դիւրին է։ Պահանջուածը բարդ ու սուղնոց գործիքներ չէ, այլ՝ լաւ ծրագրում եւ հետեւողական ջանք։ Ժամանակ պէտք է յատկացուի մաքրելու համար մեր մարմինը, հագուստները, տունը, ինքնաշարժը, եւայլն։ Ծառայութեամբ, ժողովներու ներկայ գտնուելով եւ անձնական ուսումնասիրութեամբ զբաղած ըլլալը, նաեւ ամէնօրեայ այլ պարտականութիւններու հոգ տանիլը, մեզ զերծ չեն պահեր Աստուծոյ ու մարդոց աչքին մաքուր եւ ընդունելի մնալու կարիքէն։ «Ամէն բանի ատենը կայ» հանրածանօթ սկզբունքը նոյնպէս կը կիրարկուի մեր կեանքի այս մարզին։—Ժողովողի 3։1

Անարատ Սիրտ մը

14. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ բարոյական ու հոգեւոր մաքրութիւնը աւելի կարեւոր է քան՝ ֆիզիքական մաքրութիւնը։

14 Որքան որ կարեւոր է ֆիզիքական մաքրութեան ուշադրութիւն ընծայելը, նոյնքան եւ ա՛լ աւելի կարեւոր է հետաքրքրուած ըլլալ բարոյական ու հոգեւոր մաքրութեամբ։ Այս եզրակացութեան կը յանգինք, մտաբերելով թէ Իսրայէլ ազգը Եհովայի կողմէ մերժուեցաւ, ո՛չ թէ ֆիզիքապէս անմաքուր ըլլալուն պատճառաւ, այլ՝ քանի որ բարոյապէս ու հոգեւորապէս ապականեցաւ։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա անոնց ըսաւ թէ քանի որ ‘մեղաւոր ազգ մը, անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ մըն’ էին, իրենց ընծաները, ամսագլուխներն ու շաբաթները պահելը, այո, նոյնիսկ իրենց աղօթքները իրեն ծանր բեռ եղած էին։ Աստուծոյ հաճութիւնը անգամ մը եւս ձեռք ձգելու համար ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Եհովա ըսաւ. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք»։—Եսայեայ 1։4, 11-16

15, 16. Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, ի՞նչ բան մարդը կը պղծէ, եւ ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի խօսքերէն օգտուիլ։

15 Բարոյական ու հոգեւոր մաքրութեան կարեւորութիւնը աւելի եւս գնահատելու համար, նկատի առէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ, երբ Փարիսեցիներն ու դպիրները դաւանեցան թէ իր աշակերտները անմաքուր էին, քանի որ ճաշէն առաջ իրենց ձեռքերը չլուացին։ Յիսուս զիրենք սրբագրեց, ըսելով. «Ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։ Ապա Յիսուս բացատրեց. «Բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։—Մատթէոս 15։11, 18-20

16 Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յիսուս կը մատնանշէր թէ ամբարիշտ, անբարոյ ու անմաքուր արարքները ծագում կ’առնեն ամբարիշտ, անբարոյ ու անմաքուր սրտի հակումներէ։ Ինչպէս Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած»։ (Յակոբու 1։14, 15) Ուստի, եթէ չենք ուզեր Յիսուսի բնորոշած լուրջ մեղքերուն մէջ իյնալ, պէտք է մեր սրտէն արմատախիլ ընենք եւ հեռացնենք որեւէ հակում այսպիսի բաներու հանդէպ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ի՛նչ կը կարդանք, կը դիտենք եւ կ’ունկնդրենք։ Ներկայիս, ազատ խօսքի եւ արուեստի անունով, ժամանցի ու ծանուցումի ճարտարարուեստները կ’արտադրեն ձայներու ու պատկերներու անվերջ տեղատարափ մը, որոնք ինկած մարմնին տենչանքը կը սնուցանեն։ Պէտք է վճռենք թոյլ չտալ որ այսպիսի գաղափարներ մեր սրտին մէջ արմատ կապեն։ Գլխաւոր կէտը այն է թէ, Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու եւ իր կողմէ ընդունելի ըլլալու համար, պէտք է յարատեւաբար արթուն ըլլանք, մաքուր եւ անարատ սիրտ մը պահպանելու համար։—Առակաց 4։23

Մաքրուած՝ Բարի Գործերու Համար

17. Եհովա իր ժողովուրդը ինչո՞ւ մաքուր վիճակի մէջ բերած է։

17 Վստահաբար օրհնութիւն եւ պաշտպանութիւն է որ, Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք իր առջեւ մաքուր կեցուածք մը վայելել։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18) Սակայն, կ’ըմբռնենք նաեւ թէ Եհովա իր ժողովուրդը մաքուր վիճակի մէջ բերած է մասնայատուկ նպատակի մը համար։ Պօղոս Տիտոսի ըսաւ թէ Քրիստոս Յիսուս «իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր»։ (Տիտոս 2։14) Որպէս մաքրուած ժողովուրդ, ի՞նչ գործերու նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք։

18. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ բարի գործերու նախանձախնդիր ենք։

18 Նախ եւ առաջ, պէտք է ջանանք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հանրապէս յայտարարել։ (Մատթէոս 24։14) Այսպէս ընելով, ամէնուրեք մարդոց կը ներկայացնենք յաւիտեան ապրելու յոյսը, երկրի մը վրայ որ ամէն տեսակ ապականութենէ զերծ պիտի ըլլայ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Մեր բարի գործերը նաեւ կը պարփակեն Աստուծոյ հոգիին պտուղները ցուցաբերել մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, այսպէս փառաբանելով մեր երկնաւոր Հայրը։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Ա. Պետրոս 2։12) Չենք մոռնար նաեւ ճշմարտութեան մէջ եղող այն անհատները, որոնք բնական աղէտներէ կամ մարդկային ողբերգութիւններէ կը տառապին։ Մեր միտքը կը պահենք Պօղոսի խրատը. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Մաքուր սրտով եւ շիտակ շարժառիթով մատուցուած այս բոլոր ծառայութիւնները, Աստուծոյ աչքին շատ հաճելի են։—Ա. Տիմոթէոս 1։5

19. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի, եթէ շարունակենք ֆիզիքական, բարոյական ու հոգեւոր մաքրութեան բարձր չափանիշ մը պահպանել։

19 Որպէս Բարձրեալին ծառաները, ականջ կու տանք Պօղոսի խօսքերուն. «Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը»։ (Հռովմայեցիս 12։1) Թող որ շարունակենք գնահատել Եհովայի կողմէ մաքրուած ըլլալու առանձնաշնորհումը եւ մեր լաւագոյնը ընենք պահպանելու համար ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր մաքրութեան բարձր չափանիշ մը։ Այսպէս ընելը ո՛չ միայն ինքնայարգանք ու գոհունակութիւն պիտի տայ մեզի ներկայիս, այլ նաեւ «առաջուան բաներ»ուն՝ ներկայ ամբարիշտ ու պիղծ դրութեան՝ անցնելուն ականատես ըլլալու հեռանկարը, երբ Աստուած ‘ամէն բաները նոր ընէ’։—Յայտնութիւն 21։4, 5

Կը յիշէ՞ք

• Իսրայելացիները ինչո՞ւ մաքրութեան վերաբերեալ բազմաթիւ օրէնքներ ստացան։

• Ֆիզիքական մաքրութիւնը ի՞նչպէս կը բարձրացնէ մեր քարոզած պատգամին արժէքը։

• Բարոյական ու հոգեւոր մաքրութիւնը ինչո՞ւ ա՛լ աւելի կարեւոր է քան՝ ֆիզիքական մաքրութիւնը։

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ «բարի գործերու նախանձախնդիր» ժողովուրդ մըն ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 27]

Ֆիզիքական մաքրութիւնը մեր քարոզած պատգամին արժէքը կը բարձրացնէ

[Նկար՝ էջ 28]

Յիսուս զգուշացուց թէ չար խորհուրդները չար արարքներու կ’առաջնորդեն

[Նկարներ՝ էջ 29]

Որպէս մաքրուած ժողովուրդ, Եհովայի Վկաները բարի գործերու նախանձախնդիր են