Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հասնիլ անոնց՝ որոնց հետ շփման մէջ մտնելը դժուար է

Հասնիլ անոնց՝ որոնց հետ շփման մէջ մտնելը դժուար է

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Հասնիլ անոնց՝ որոնց հետ շփման մէջ մտնելը դժուար է

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ կը ջանան ամէն մարդոց հասնիլ Թագաւորութեան պատգամով։ Երբեմն արտակարգ ջանք կը պահանջէ գտնել այն անհատները, որոնք հազուագիւտօրէն տունը կը գտնուին։ (Մարկոս 13։10) Ասոր նկատմամբ, Հարաւ Ամերիկեան երկրի մը մէջ մասնաւոր ռահվիրայ քարոզիչ մը հետեւեալ փորձառութիւնը կը պատմէ։

«Օր մը իմացայ թէ նահանգի կառավարիչը պիտի այցելէր այն թաղամասը, ուր կինս եւ ես նշանակուած ենք։ Քանի որ հազուագիւտօրէն տունը կը գտնուէր, նամակ մը գրեցի իրեն, եւ քանի մը հատ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւն ներփակեցի, մէջը ըլլալով Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը եւ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ, եւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքերը։ Նամակիս մէջ բացատրեցի իւրաքանչիւր գրականութեան նպատակը։

«Քանի որ կ’ուզէի գրականութիւններուն հանդէպ իր հակազդեցութիւնը գիտնալ, տեսակցութիւն մը խնդրեցի իրմէ։ Քանի մը շաբաթ ետք, երբ ինծի շնորհուած տեսակցութեան գացի, հետս Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը խորագրով պատկերիզը տարի։ Տեսակցութիւնը շուրջ երկու ժամ տեւեց։ Կառավարիչին հետ պատկերիզը դիտելէն ետք, անոր հարցուցի թէ ի՛նչ կը մտածէր անոր մասին։ Անիկա պատասխանեց. ‘Երկրի վրայ ձեր կազմակերպութեան նման ուրիշ կազմակերպութիւն մը չկայ։ Երանի՜ թէ ձեզի պէս մարդիկ ունենայի որ ինծի օգնէին կառավարական ծրագիրներս ամբողջացնելու համար’։ Ապա հարցուց թէ մեր կազմակերպութեան կեդրոնատեղին այցելա՞ծ էի։ Իրեն ըսի որ թէեւ անիկա իմ նպատակակէտս եղած է 14 տարեկանէս ի վեր, սակայն՝ Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք, մեր համաշխարհային կեդրոնատեղին այցելելու առիթը չէի ունեցած։ Անիկա դժուարահաս նպատակակէտ մը եղած էր ինծի համար։ Ան պահ մը ուշի ուշով ինծի նայեցաւ։ Ապա ըսաւ թէ կ’ուզէր որ այս առիթը ունենայի։ Անիկա մեր օրինական արտօնագրերը ապահովեց եւ օդանաւի տոմսերը նուիրեց մեզի։

«Այժմ կառավարիչը կանոնաւորաբար Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կը ստանայ։ Կը յուսանք մօտ ատենէն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ իրեն հետ»։