Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որո՞ւ չափանիշներուն կրնաք վստահիլ

Որո՞ւ չափանիշներուն կրնաք վստահիլ

Որո՞ւ չափանիշներուն կրնաք վստահիլ

Առաջին անգամ Ափրիկէ այցելող մը շատ զարմացաւ, երբ տեսաւ ճամբուն ծայրը ուղիղ կանգնած մարդ մը։ Ան նկատեց թէ քանի մը վայրկեան անգամ մը, մարդը իր ոտքերը գետին քսելով կամացուկ մը միւս կողմը կը դառնար, տակաւին պահելով իր ուղիղ կեցուածքը։ Այցելուն միայն հետագային հասկցաւ թէ այդ մարդը ինչո՛ւ այդպէս կը շարժէր։ Իրականութեան մէջ, ան կը փորձէր հեռագրի սիւնի մը շուքին մէջ մնալ։ Շուքը դանդաղօրէն կը շարժէր, մինչ յետմիջօրէի արեւը իր դիրքը կը փոխէր։

ԱՐԵՒՈՒՆ ձգած այդ շուքին նման, մարդկային գործունէութիւններն ու չափանիշները յարափոփոխ են։ Ասոր հակառակը, Եհովա Աստուած՝ ‘լոյսի Հայրը’ անփոփոխ է։ «[Իրեն] մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ», գրեց Յակոբոս աշակերտ։ (Յակոբու 1։17) Եբրայեցի Մաղաքիա մարգարէն, ուղղակի Աստուծոյ արտասանած խօսքը արձանագրեց. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր»։ (Մաղաքեայ 3։6) Եսայիի օրերուն, Աստուած Իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ [«անպայման գործի պիտի լծուիմ», ՆԱ]»։ (Եսայեայ 46։4) Ուստի, ժամանակը չի փոխեր Ամենակալին խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը։

Մովսիսական Օրէնքէն Դաս մը

Ինչպէս որ Եհովայի խոստումները վստահելի եւ անփոփոխ են, նոյնպէս՝ շիտակի ու սխալի իր չափանիշները։ Պիտի վստահէի՞ք վաճառականի մը, որ երկու տեսակ կշիռք կը գործածէ, որոնցմէ միայն մէկը շիտակ է։ Վստահաբար ո՛չ։ Նոյնպէս, «նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է»։ (Առակաց 11։1. 20։10) Իսրայելացիներուն տուած իր Օրէնքին մէջ, Եհովա այս պատուիրանը պարփակեց. «Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. կանգունի մէջ, կշիռքի մէջ ու չափի մէջ ալ։ Ձեր կշիռքները լման, ձեր կշիռքի քարերը լման, ձեր արդուն լման ու հիմէնը լման թող ըլլայ։ Ձեզ Եգիպտոսէն հանող Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ես եմ»։—Ղեւտացւոց 19։35, 36

Այս պատուէրին հնազանդիլը Իսրայելացիներուն վրայ Աստուծոյ հաճութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ նիւթական օգուտներ բերաւ։ Նմանապէս, Եհովայի անփոփոխ չափանիշներուն կառչիլը, ո՛չ միայն կշիռներու եւ չափերու, այլ կեանքի ամէն մարզերուն մէջ, օրհնութիւններ կը բերէ իրեն վստահող երկրպագուին։ Աստուած կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—Եսայեայ 48։17

Ներկայիս Ինչո՞ւ Չափանիշները Անկում կը Կրեն

Աստուածաշունչը ներկայիս չափանիշներու անկման պատճառը կը նշէ։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը՝ Յայտնութիւնը, երկնքի մէջ պատերազմ մը կը նկարագրէ, որու հետեւանքը մինչեւ օրս բոլոր մարդկութեան ազդած է։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։—Յայտնութիւն 12։7-9

Այդ պատերազմին անմիջական հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Յովհաննէս շարունակեց. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։12

‘Երկրին վայը’ սկսաւ, երբ 1914–ին Ա. Համաշխարհային Պատերազմը ծագեցաւ եւ վերջ դրաւ չափանիշներու դարաշրջանի մը, որ մերօրեայ չափանիշներէն շատ տարբեր էին։ Պատմաբան Պարպարա Թաչմէն դիտել կու տայ. «1914-1918–ի Մեծ Պատերազմը, սահմանագծի մը նման, այդ ժամանակը մեր ժամանակէն կը բաժնէ։ Հետագայ տարիներուն պիտանի ու արդիւնաբեր ըլլալու հաւանականութիւնը ունեցող բազմաթիւ կեանքեր բնաջնջելով, հաւատալիքներ կործանելով, գաղափարներ փոխելով, եւ յուսախաբութեան անբուժելի վէրքեր ձգելով, անիկա ֆիզիքական ինչպէս նաեւ հոգեկան խրամատ մը բացաւ երկու ժամանակաշրջաններու միջեւ»։ Էրիք Հոպսպոմ անունով ուրիշ պատմաբան մը համակարծիք է. «1914–էն ի վեր, զարգացած երկիրներուն մէջ չափանիշները յատկանշականօրէն անկում կրած են, որոնք այն ատեն բնական կը նկատուէին։ . . . Դիւրին չէ ըմբռնել թէ դժբախտաբար շա՛տ մեծ տարողութեամբ արագօրէն կը վերադառնանք այն չափանիշներուն, զորս տասնըիններորդ դարու մեր նախահայրերը բարբարոսական պիտի կոչէին»։

Մարդկութիւն—Քսաներորդ Դարու Բարոյական Պատմութիւն մը խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), հեղինակ Ճոնաթան Կլովըր կը նշէ. «Մեր ժամանակի երեւոյթներէն մէկը, բարոյական օրէնքին անհետանալն է»։ Թէեւ ան չի հաւատար արտաքին աղբիւրէ մը եկած բարոյական օրէնքի մը՝ Արեւմտեան աշխարհի մէջ կրօնքին կրած անկումին պատճառաւ, սակայն ան կը զգուշացնէ. «Մեզմէ անոնք որոնք կրօնա–բարոյական օրէնքի մը չեն հաւատար, տակաւին մտահոգուած պէտք է ըլլան անոր անհետացումով»։

Ներկայիս գոյութիւն ունեցող վստահութեան դաւաճանումը եւ անոր ահռելի հետեւանքները, ըլլան առեւտուրի, քաղաքականութեան կամ կրօնքի մէջ, կամ նոյնիսկ, անձնական ու ընտանեկան յարաբերութեանց մէջ, երկրի բնակիչներուն վրայ վա՜յ բերելու Բանսարկուին ամբարիշտ ծրագրին մէկ մասն են։ Սատանան վճռած է մինչեւ վերջ պատերազմիլ եւ իր հետ կործանել բոլոր անոնք, որոնք կը ջանան Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։—Յայտնութիւն 12։17

Արդեօք վստահութեան ընդհանրացած դաւաճանումին լուծում մը կամ ճար մը կա՞յ։ Պետրոս առաքեալ կը պատասխանէ. «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այս խոստումին կրնանք վստահիլ, քանի որ Աստուած ո՛չ միայն իր խոստումը կատարելու զօրութիւնը ունի, այլ նաեւ՝ կ’երաշխաւորէ անոր կատարումը։ ‘Իր բերնէն ելած որեւէ խօսքի’ առնչութեամբ, Եհովա կ’ըսէ. «Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։ Ա՛րդարեւ, վստահելի խոստում մը։—Եսայեայ 55։11. Յայտնութիւն 21։4, 5

Աստուծոյ Չափանիշներուն Համաձայն Ապրիլ

Անկայուն ու անկում կրող չափանիշներու աշխարհի մը մէջ, Եհովայի Վկաները կը ջանան Աստուածաշունչի ներկայացուցած վարքի չափանիշներով ապրիլ։ Որպէս արդիւնք, անոնք մարդոց մեծամասնութենէն կ’անջատուին, եւ ասիկա յաճախ ուրիշներու ուշադրութիւնը գրաւած, իսկ ոմանց՝ արհամարհանքին ենթարկած է։

Լոնտոնի մէջ Եհովայի Վկաներու համաժողովի մը ընթացքին, հեռատեսիլի լրաբեր մը պատգամաւորի մը հարցուց թէ Եհովայի Վկաները իրապէս Քրիստոնեա՞յ են։ Ան պատասխանեց. «Այո՛, անշո՛ւշտ, քանի որ Յիսուս է մեր տիպարը։ Աշխարհի մէջ շատ անձնասիրութիւն կայ, սակայն, մենք մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք Յիսուս Քրիստոսի վրայ՝ որպէս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Կը հաւատանք թէ ան Աստուծոյ Որդին է, եւ ոչ թէ Երրորդութեան մը մէկ մասը. ուստի Աստուածաշունչի մեր հասկացողութիւնը սովորական կրօնքներու հասկացողութենէն տարբեր է»։

Երբ հարցազրոյցը Պի.Պի.Սի. հեռատեսիլի կայանէն սփռուեցաւ, լրաբերը յայտագիրը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այժմ աւելի տեղեակ եմ թէ Եհովայի Վկաները ինչո՛ւ կու գան եւ մեր դռները կը զարնեն։ Իսկ չեմ խորհիր որ բնաւ տեսած եմ 25,000 հոգի, մէկ վայրի մէջ ու միեւնոյն ատեն, այսքան լաւ հագուած եւ այսքան լաւ վարմունքով»։ Արդարեւ, ասիկա դուրսէն դիտողի մը լաւ վկայութիւնն է, որ Աստուծոյ անփոփոխ չափանիշներուն համաձայն ապրելուն իմաստութիւնը կ’ապացուցանէ։

Թէեւ ոմանք կրնան չախորժիլ իրենց չդրած չափանիշներուն համաձայն ապրելու գաղափարէն, սակայն կը քաջալերենք ձեզ որ ձեր Աստուածաշունչը քննէք եւ գիտնաք թէ ի՛նչ են Աստուծոյ չափանիշները։ Սակայն, մակերեսային քննութեամբ մը մի՛ բաւարարուիք։ Պօղոս առաքեալի խրատին հետեւեցէք. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Ձեր շրջանին մէջ գտնուող Թագաւորութեան Սրահը այցելեցէք, եւ հոն գտնուող Վկաներուն ծանօթացէք։ Պիտի տեսնէք թէ անոնք սովորական մարդիկ են, որոնք Աստուածաշունչի խոստումներուն կը հաւատան եւ Աստուծոյ վրայ իրենց ունեցած վստահութիւնը ցոյց կու տան, ջանալով անոր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։

Ձեր անձնական կեանքին մէջ Աստուծոյ անփոփոխ եւ վստահելի չափանիշներուն կառչիլը, անպայման օրհնութիւններ պիտի բերէ ձեզի։ Աստուծոյ անձնական հրաւէրին ընդառաջեցէք. «Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։18

[Նկարներ՝ էջ 5]

Ներկայիս, վստահութեան դաւաճանում կայ՝ առեւտուրի, քաղաքականութեան, կրօնքի, եւ ընտանեկան յարաբերութեանց մէջ