Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկային տառապանքին պատճառը

Մարդկային տառապանքին պատճառը

Մարդկային տառապանքին պատճառը

«ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄ, ԻՆՉՈ՛Ւ»։ Այս մեծ վերնագիրը երեւցաւ լայն շրջաբերութիւն ունեցող օրաթերթի մը առաջին էջին վրայ, Փոքր Ասիոյ մէջ պատահած կործանարար երկրաշարժէ մը ետք։ Անոր կ’ընկերակցէր պատկեր մը, որ ցոյց կու տար վշտահար հայր մը, որ իր վիրաւոր աղջիկը շալկած՝ իրենց փլած տունէն դուրս կու գար։

Պատերազմներ, սովեր, համաճարակներ եւ բնական աղէտներ, անհուն վիշտ, ծով արցունք եւ անհամար մահեր պատճառած են։ Ասոր վրայ աւելցուցէք բռնաբարումի, երախաներու լլկումի եւ այլ ոճիրներու զոհերուն տառապանքը։ Նկատի առէք արկածներու պատճառած վիրաւորներու եւ մեռնողներու հսկայ թիւը։ Նաեւ կայ հիւանդութեան, ծերութեան եւ սիրելիի մը մահուան պատճառաւ միլիառաւոր անհատներու տառապանքը։

Ի. դարուն տեղի ունեցաւ ցարդ պատահած յոռեգոյն տառապանքը։ 1914–էն մինչեւ 1918, Ա. Համաշխարհային Պատերազմը գրեթէ տասը միլիոն զինուորներու կեանքը խլեց։ Կարգ մը պատմաբաններ կ’ըսեն թէ անիկա նոյնքան քաղաքացիներու մահուան պատճառ եղաւ։ Բ. Համաշխարհային Պատերազմին, շուրջ 50 միլիոն զինուորներ եւ քաղաքացիներ սպաննուեցան, ի ներառեալ միլիոնաւոր անպաշտպան կիներ, երախաներ եւ տարեցներ։ Անցեալ դարու ընթացքին, միլիոնաւոր ուրիշներ ցեղասպանութեան, յեղափոխութեան եւ ազգատոհմային բռնութեան, անօթութեան եւ աղքատութեան զոհ գացին։ Քսաներորդ Դարու Պատմական Աթլասը գիրքը (Անգլերէն) կ’ենթադրէ թէ աւելի քան 180 միլիոն մարդիկ մահացած են այսպիսի «զզուելի պատճառներով»։

1918/1919–ի սպանական ինֆլուէնզան 20 միլիոն մարդ սպաննեց։ Վերջին երկու տասնամեակներուն, շուրջ 19 միլիոն հոգի ԷՅՏԾ–էն մահացած են, իսկ ներկայիս շուրջ 35 միլիոն հոգի զայն պատճառող ժահրը կը կրեն։ Միլիոնաւոր երախաներ ծնողներ չունին. անոնք ԷՅՏԾ–էն մահացած են։ Իսկ անհամար նորածիններ կը մահանան ԷՅՏԾ–էն, արգանդէն իսկ վարակուած ըլլալով։

Երախաներ այլ կերպերով ալ շատ կը տառապին։ 1995–ի վերջաւորութեան, Միացեալ Ազգերու Մանուկներու Հիմնադրամին (ԵՈՒՆԻՍԷՖ) կողմէ հայթայթուած տեղեկութիւն մը մէջբերելով, Անգլիոյ Մէնչէստըր Կարտիըն Ուիյքլի–ն ըսաւ. «Վերջին տասնամեակի պատերազմներու ընթացքին, 2 միլիոն երախաներ սպաննուած, 4-5 միլիոն՝ հաշմանդամ եղած, 12 միլիոն՝ անտուն, աւելի քան 1 միլիոն՝ որբացած կամ իր ծնողքէն բաժնուած, իսկ 10 միլիոն ալ՝ հոգեկան խանգարումներ ունեցած են»։ Ասոր վրայ աւելցուցէք՝ ամէն տարի համայն աշխարհի մէջ 40–էն 50 միլիոն վիժումներ։

Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ

Շատեր ապագան վախով կը դիտեն։ Գիտնականներու խումբ մը ըսաւ. «Մարդկային գործունէութիւնները . . . կրնան ապրող աշխարհը ա՛յն աստիճան փոխել, որ անիկա պիտի չկարենայ աւանդական կեանքը պահպանել»։ Անոնք աւելցուցին. «Նոյնիսկ այս վայրկեանիս, մարդոց հինգէն մէկը ծայր աստիճան աղքատութեան մէջ կ’ապրի եւ բաւարար ուտելիք չունի, իսկ տասէն մէկը՝ չափազանց թերի սննդառութենէ կը տառապի»։ Գիտնականները այս առիթը օգտագործեցին «ամբողջ մարդկութիւնը գալիքէն զգուշացնելու համար» եւ ըսին. «Երկիրը եւ անոր վրայ գտնուող կեանքը տնտեսելու մեր կերպին մէջ մեծ փոփոխութիւն մը պէտք է մտցուի, եթէ կ’ուզենք մարդկային մեծ ողբերգութենէ մը խուսափիլ եւ այս մոլորակին վրայ մեր համաշխարհային տունը անվերականգնելիօրէն չքանդել»։

Աստուած ինչո՞ւ այսքան տառապանք եւ չարութիւն թոյլատրած է։ Ան ի՞նչպէս նպատակադրած է կացութիւնը դարմանել։ Ե՞րբ։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]

Top, wheelchair։ UN/DPI Photo 186410C by P.S. Sudhakaran; middle, starving children։ WHO/OXFAM; bottom, emaciated man։ FAO photo/B. Imevbore