Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արժանի եղողները փնտռել Քենիայի մէջ

Արժանի եղողները փնտռել Քենիայի մէջ

Արժանի եղողները փնտռել Քենիայի մէջ

ՔԵՆԻԱՆ բնական գեղեցկութեամբ ու շքեղութեամբ օժտուած երկիր մըն է։ Այս հաճելի երկիրը զարդարուած է դալարագեղ անտառներով, ընդարձակ դաշտագետիններով, շատ կիզիչ անապատներով եւ ձիւնածածկ լեռներով։ Անիկա աւելի քան մէկ միլիոն եղջերուաձիերու եւ վտանգուած ռնգեղջիւրին բնակավայրն է։ Կրնաք նաեւ տեսնել արօտավայրերուն մէջ շրջող ընձուղտներու մեծ երամակներ։

Առատ են նաեւ թռչնազգիները, սաւառնող հզօր արծիւներէն սկսեալ մինչեւ երփներանգ ու գեղգեղող բիւրաւոր թռչուններ, որոնք իրենց խայտալի եղանակներով հաճելի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն։ Իսկ ո՞վ կրնայ անտեսել փիղերը եւ առիւծները։ Քենիայի տեսարաններն ու ձայները անմոռանալի են։

Սակայն, ուրիշ ձայն մըն ալ կը լսուի այս գեղեցիկ երկրի տարածքին։ Անիկա յոյսի պատգամ մը ծանուցանող հազարաւոր անհատներու ձայնն է։ (Եսայեայ 52։7) Այս ձայները կը հասնին աւելի քան 40 ցեղախումբերէ եւ լեզուներէ եղող անհատներու։ Այս առումով ալ Քենիան հոգեւորապէս գեղեցիկ երկիր մըն է։

Քենիայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կրօնասէր է եւ յօժար՝ հոգեւոր նիւթերու մասին խօսելու։ Այսուհանդերձ, խօսելիք մարդ գտնելը դժուար եղած է, քանի որ Քենիան ալ, ուրիշ շատ մը երկիրներու նման, փոփոխութեան կ’ենթարկուի։

Տնտեսական դժուար պայմանները պատճառ եղած են որ շատեր իրենց ապրելակերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն։ Սովորաբար առտնին գործերով զբաղող կիներ, ներկայիս կը գտնուին գրասենեակներու մէջ, կամ ճամբուն վրայ՝ պտուղ, բանջարեղէն, ձուկ կամ հիւսուած կողովներ ծախելով զբաղած։ Տղամարդիկ տքնաջանօրէն երկար ժամեր կ’աշխատին, իրենց ընտանիքներուն կարիքները հոգալու համար։ Նոյնիսկ երախաներ, խարկուած գետնապիստակի եւ խաշուած հաւկիթի ծրարները իրենց փոքրիկ թեւերուն մէջ առած, փողոցները կը շրջագային զանոնք ծախելու համար։ Ասոր հետեւանքով, քիչեր օրուան ընթացքին տունը կը գտնուին։ Այս կացութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած է որ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանողները բարեճշդումներ ընեն։

Եհովայի Վկաներու ժողովքները ցուցմունքներ ստացան, որպէսզի աւելի կեդրոնանան տունէն դուրս առօրեայ գործունէութիւններով զբաղող անհատներու, ինչպէս նաեւ, բարեկամներու, ազգականներու, առեւտրականներու եւ գործակիցներու վրայ։ Եղբայրները այս ցուցմունքին ընդառաջեցին, մարդոց հետ խօսելով՝ ո՛ւր որ ալ գտնուին։ (Մատթէոս 10։11) Իրենց գործունէութիւնը ընդլայնելու այս ջանքը արդիւնաբեր եղա՞ծ է։ Այո՛։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ։

Ազգականներ՝ Մեր Ամենամօտիկ Բարեկամները

Քենիայի մայրաքաղաքը՝ Նայրոպին, շուրջ երեք միլիոն բնակչութիւն ունի։ Քաղաքին արեւելեան կողմը կ’ապրէր հանգստեան կոչուած հազարապետ մը, որ Եհովայի Վկաներէն բնաւ չէր ախորժեր, թէեւ ցաւ ի սրտին, իր իսկ տղան Վկայ մըն էր։ Փետրուար ամսուան մը մէջ, հանգստեան կոչուած այս զինուորական պաշտօնեան, 160 քիլոմեթր ճամբորդեց որպէսզի Նաքուրայի Րիֆթ Վէլի գիւղաքաղաքը գտնուող իր տղուն այցելէ։ Այցելութեան ընթացքին, տղան իրեն նուէր մը տուաւ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։* Հայրը ընդունեց զայն եւ մեկնեցաւ։

Երբ տուն վերադարձաւ, նախկին զինուորական պաշտօնեան գիրքը իր կնոջ տուաւ, որ սկսաւ զայն կարդալ, առանց անդրադառնալու թէ անիկա Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած էր։ Կամաց–կամաց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սկսաւ անոր սրտին դպչիլ, եւ ան սկսաւ այս տեղեկութիւնը իր ամուսնոյն հետ բաժնել։ Հետաքրքրութենէ մղուած, ան ալ սկսաւ գիրքը կարդալ։ Երբ հրատարակողներուն ինքնութիւնը գիտցան, անոնք եզրակացուցին թէ Եհովայի Վկաներուն մասին իրականութիւնը չէր ըսուած իրենց։ Անոնք տեղւոյն Վկաներուն հետ շփման մէջ եկան եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Գիրքը ընթերցելով այն եզրակացութեան եկան թէ ծխախոտ ծախելն ու գործածելը քրիստոնէավայել չէ։ (Մատթէոս 22։39. Բ. Կորնթացիս 7։1) Առանց երկմտելու, իրենց խանութին մէջ եղած բոլոր ծխախոտները փճացուցին։ Քանի մը ամիս ետք, որակելի եղան չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու, եւ շատ չանցած նահանգային համաժողովի մը մէջ մկրտուեցան։

Աղբէն Գանձ մը կ’Ելլէ

Մայրաքաղաքին կարգ մը արուարձաններուն մէջ, հարիւր հազարաւոր բնակիչներ ունեցող ընդարձակ գիւղեր կան։ Հոս կրնաք գտնել ցեխէ, փայտէ, մետաղի աւելցուքներէ կամ փոթեալ երկաթի թերթերէ կառուցուած տուներու շարան մը։ Երբ հաստատութիւններու եւ գործարաններու մէջ գործը հազուագիւտ ըլլայ, ժողովուրդը կը սկսի ստեղծագործել։ Ճուա քալի (Սուահիլի լեզուով՝ «կիզիչ արեւ») կոչուած աշխատաւորները արեւուն տակ կ’աշխատին, ինքնաշարժի հին անիւներէն տրեխներ, կամ նետուած թիթեղատուփերով քարիւղի լապտերներ շինելով։ Ուրիշներ աղբակոյտերը եւ աղբամանները կը խառնեն՝ թուղթ, թիթեղատուփ եւ շիշեր գտնելու ակնկալութեամբ, զանոնք կրկին գործածութեան մէջ դնելու համար։

Աղբէն գանձ կ’ելլէ՞։ Այո՛։ Եղբայր մը կը մտաբերէ. «Յաղթանդամ, թափթփած եւ կոշտ ու կոպիտ մարդ մը, հին օրաթերթերով ու պարբերաթերթերով լեցուն բլասթիքէ մեծ տոպրակ մը շալկած, մեր Համաժողովի Սրահի դռնէն ներս մտաւ։ Իր անունը Ուիլիըմ ըլլալը ըսելէ ետք՝ հարցուց. ‘Դիտարան–ի վերջին թիւերը ունի՞ք’։ Սկիզբը տատամսեցայ, մտածելով թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ իր դիտաւորութիւնը։ Երբ պարբերաթերթի հինգ օրինակներ ցոյց տուի, ան իւրաքանչիւրը աչքէ անցուց, ապա ըսաւ. ‘Բոլորն ալ կ’ուզեմ’։ Զարմացած, սենեակս վերադարձայ եւ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը բերի։ * Իրեն Դրախտին պատկերը ցոյց տուի եւ բացատրեցի թէ մենք մարդոց հետ ձրիօրէն Աստուածաշունչ կ’ուսումնասիրենք։ Ապա առաջարկեցի. ‘Ուիլիըմ, կ’ուզե՞ս վաղը գալ եւ միասին ուսումնասիրենք’։ Ա՛յդպէս ալ ըրաւ։

«Կիրակի մը ան իր առաջին ժողովին եկաւ։ Այն օրը հանրային դասախօսութիւնը ներկայացնողը ես էի։ Երբ սրահ մտաւ, Ուիլիըմ արագ ակնարկ մը նետեց ներկաներուն վրայ, զիս բեմին վրայ տեսաւ եւ սրահէն դուրս սուրաց։ Ետքը անոր հարցուցի թէ ինչո՛ւ այդպէս վարուեցաւ։ Ան ամչնալով ըսաւ. ‘Ներկաները չափազանց մաքուր էին։ Ջղագրգռուեցայ’։

«Մինչ Ուիլիըմ ուսումնասիրութեան մէջ յառաջդիմեց, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սկսաւ իր կեանքը փոխել։ Ան լոգցաւ, իր մազը կտրեց, մաքուր եւ կոկիկ հագուստներ հագաւ եւ շուտով սկսաւ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ ժողովներուն։ Երբ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը լոյս տեսաւ, սկսանք զայն ուսումնասիրել։ Մինչ այդ ան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ երկու ելոյթ ունեցած էր եւ չմկրտուած հրատարակիչ մը եղած էր։ Երբ ան միօրեայ մասնաւոր համաժողովին մկրտուեցաւ, ուրախութեամբ զինք ողջունեցի որպէս իմ հոգեւոր եղբայրս»։

Ուիլիըմ առաջին անգամ ո՞ւր տեսած էր Դիտարան պարբերաթերթին արժէքը։ «Մի քանի պարբերաթերթ գտայ աղբանոց թափուած թուղթերուն մէջ»։ Այո՛, ան անհաւանական կերպով գանձ մը գտաւ։

Գործատեղիին Մէջ Վկայել

Մեր գործատեղիին մէջ անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւնները օգտագործելու մէջ միշտ արթո՞ւն ենք։ Նայրոպիի ժողովքներէն մէկուն մէջ Ճէյմս անունով երէց մը, այս կերպով ծանօթացաւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան։ Իր կարգին, ան ուրիշներու հասնելու համար այս կերպը գործածելու մէջ հմուտ դարձած է։ Օրինակ, առիթով մը Ճէյմս տեսաւ գործակից մը, որ գրասենեակ կը մտնէ լանջանշանով մը, որու վրայ գրուած էր՝ «Յիսուս կը Փրկէ»։ Աւետարանիչ Փիլիպպոսը ընդօրինակելով, Ճէյմս իր գործակիցին հարցուց. «Իրապէս կը հասկնա՞ս այս խօսքին իմաստը»։ (Գործք 8։31) Այս հարցումը գեղեցիկ խօսակցութեան մը ծայր տուաւ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ եւ հետագային այս մարդը մկրտուեցաւ։ Ճէյմս ուրիշներու հետ ալ յաջողութիւն գտա՞ծ է։ Թոյլ տանք որ ինք բացատրէ.

«Ես եւ Թոմ նոյն ընկերութեան մէջ կ’աշխատէինք։ Յաճախ գործաւորներուն յատուկ փոխադրակառքին մէջ միասին կ’ըլլայինք։ Առաւօտ մը, պատահմամբ իրարու քով նստեցանք։ Մեր գրքերէն մէկը կը կարդայի, եւ զայն այնպէս մը բռնեցի որ Թոմ կարենար զայն լաւ տեսնել։ Ինչպէս կը յուսայի, գիրքը իր ուշադրութիւնը գրաւեց, եւ զայն սիրով փոխ տուի իրեն։ Ան իր կարդացածով շատ տպաւորուեցաւ եւ համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ներկայիս, ինք եւ իր կինը Եհովայի մկրտուած ծառաներ են»։

Ճէյմս կը շարունակէ. «Մեր ընկերութեան մէջ յաճախ կէսօրուան դադարին շատ հետաքրքրական խօսակցութիւններ կը դառնան։ Այս առիթներէն մէկուն ընթացքին էր որ Եփրեմին եւ Ուոլթըրին ծանօթացայ։ Երկուքն ալ գիտէին թէ ես Վկայ մըն եմ։ Եփրեմը կ’ուզէր գիտնալ թէ ինչո՛ւ Եհովայի Վկաներուն դէմ ա՛յսքան հակառակութիւն կար։ Իսկ Ուոլթըրը Վկաներուն եւ այլ կրօնքներու միջեւ եղած տարբերութեան մասին հարցումներ ունէր։ Երկուքն ալ սուրբ գրային պատասխաններէս շատ գոհ մնացին եւ համաձայնեցան ուսումնասիրել։ Եփրեմը արագօրէն յառաջդիմեց։ Ժամանակ մը ետք, ինք եւ իր կինը իրենց կեանքը Եհովայի նուիրեցին։ Ներկայիս ան կը ծառայէ որպէս երէց, իսկ կինը կանոնաւոր ռահվիրայ մըն է։ Սակայն, Ուոլթըրը ա՛յնքան հակառակութեան հանդիպեցաւ որ իր ուսումնասիրութեան գիրքը նետեց։ Բայց իմ յարատեւութեանս պատճառաւ իր ուսումնասիրութիւնը վերսկսաւ։ Ներկայիս ան ալ որպէս երէց ծառայելու առանձնաշնորհումը կը վայելէ»։ Ընդամէնը, 11 անհատ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ եղած են, քանի որ Ճէյմս իր գործատեղիին մէջ անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւնները օգտագործած է։

Շատ Հիանալի Արդիւնք մը

Վիքթորիա Լիճին եզերքը փոքր գիւղի մը մէջ, բարեկամներ ու ազգականներ թաղման արարողութեան մը համար հաւաքուած էին։ Սգաւորներուն մէջ կար տարեց Վկայ մը։ Ան Տոլլի անունով ուսուցչուհիի մը մօտեցաւ եւ անոր բացատրեց մեռելներուն վիճակին եւ մահը յաւիտեան բնաջնջելու Եհովայի նպատակին մասին։ Անոր դրական ընդառաջումը նկատելով, ան ըսաւ. «Երբ քաղաքդ վերադառնաս, մեր միսիոնարներէն մէկը քեզի պիտի այցելէ եւ քեզի Աստուածաշունչը պիտի սորվեցնէ»։

Տոլլին կը բնակէր Քենիայի երրորդ ամենամեծ քաղաքին մէջ։ Այն ատեն միայն չորս միսիոնար Վկաներ կը ծառայէին հոն։ Իրականութեան մէջ, տարեց եղբայրը միսիոնարներէն ո՛չ մէկուն տեղեկացուց որ Տոլլիին այցելեն։ Ան հաստատօրէն համոզուած էր թէ ասիկա պիտի պատահէր։ Ա՛յդպէս ալ եղաւ։ Շատ ժամանակ չանցած, միսիոնար քոյր մը Տոլլիին հանդիպեցաւ եւ իր հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Ներկայիս Տոլլին մկրտուած է, անոր պզտիկ աղջիկը Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ելոյթ կ’ունենայ, իսկ երկու տղաքը մկրտուած են։ Ան նոյնիսկ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցը յաճախելու ուրախութիւնը ունեցաւ։

Յաւելումին Հոգ Տանիլ

Անպաշտօն վկայութեան վրայ դրուած շեշտը կարելի դարձուց որ Քենիայի մէջ հազարաւորներ բարի լուրը լսեն։ Ներկայիս աւելի քան 15,000 հրատարակիչներ այս շատ կարեւոր գործով կը զբաղին, իսկ անցեալ տարի աւելի քան 41,000 հոգիներ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան։ Ամբողջ Քենիայի տարածքին, ժողովներու ներկայ գտնուողներուն թիւը յաճախ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն կրկնապատիկն է։ Ասիկա յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը ստեղծած է։

Թագաւորութեան Սրահներ կը կառուցուին թէ՛ գլխաւոր քաղաքներուն եւ թէ հեռաւոր վայրերու մէջ։ Սրահներէն մէկը Սամպուրույի մեկուսացած մէկ գիւղաքաղաքին մէջ է, Նայրոպիէն շուրջ 320 քիլոմեթր հիւսիս–արեւելք։ 1934–ին, գիւղաքաղաքը Մարալալ անուանուեցաւ, որ Սամպուրույի լեզուով կը նշանակէ «շողշողուն», քանի որ հոն գործածուած փոթեալ երկաթէ առաջին առաստաղը արեւուն տակ կը շողշողար։ Վաթսուներկու տարի ետք, Մարալալի մէջ փոթեալ երկաթէ առաստաղ ունեցող ուրիշ կառոյց մը շինուեցաւ։ Ասիկա ալ հոգեւորապէս «կը շողշողայ» եւ «կը փայլփլի», քանի որ ճշմարիտ պաշտամունքի վայրն է։

Քենիայի այս հեռաւոր մասին մէջ առաջին Թագաւորութեան Սրահը կառուցանելու համար, 15 հրատարակիչները հոյակապ ջանքեր թափեցին։ Նիւթական միջոցը սահմանափակ էր, ուստի եղբայրները ստիպուեցան տեղական շինանիւթեր գործածել։ Անոնք պատերը կարմիր հողէ շինեցին. ջուրով թրջեցին զայն, ապա կանգնած ցիցերու միջեւ ամուր կերպով թխմեցին։ Անոնք պատերը յղկեցին եւ կովի թրիքով ու մոխիրով պատրաստուած բաղադրութեամբ մը ծեփեցին, որ տարիներ դիմացող կարծր խաւ մը կը հայթայթէ։

Կառոյցին ցիցերը ձեռք ձգելու համար, եղբայրները ծառեր կտրելու արտօնագիր մը ստացան։ Սակայն, ամենամօտ անտառը շուրջ 10 քիլոմեթր հեռու էր։ Եղբայրներ ու քոյրեր քալելով անտառ կ’երթային, ծառերը կը կտրէին, զանոնք կը հարթէին, ապա ցիցերը մինչեւ շինարարութեան վայրը կը կրէին։ Անգամ մը երբ անտառէն կը վերադառնային, ոստիկանները զիրենք կեցուցին ու ըսին թէ արտօնագիրը անվաւեր էր։ Ոստիկանները մասնաւոր ռահվիրայի մը ըսին թէ զինք պիտի ձերբակալէին ծառեր կտրելու յանցանքով։ Տեղացի քոյր մը, որ համայնքին եւ ոստիկանութեան կողմէ լաւ ճանչցուած էր, խիզախօրէն ըսաւ. «Եթէ մեր եղբայրը ձերբակալէք, ստիպուած էք բոլորս ալ ձերբակալելու, քանի որ բոլորս կտրեցինք ծառերը»։ Ուստի պաշտօնեան ձգեց որ բոլորն ալ երթան։

Անտառին մէջ վայրի գազաններ կային, ուստի հոն երթալը վտանգէ զերծ չէր։ Օրին մէկը քոյր մը ծառ մը կտրեց։ Երբ ծառը գետին ինկաւ, քոյրը անասունի մը ցատկելն ու փախչիլը տեսաւ։ Խարտեաշ գոյնը նկատելով, ան կարծեց թէ անիկա այծեամ էր, բայց ետքը՝ թաթերուն ձգած հետքերէն գիտցաւ որ առիւծ մըն էր։ Հակառակ այս տեսակ վտանգներու, եղբայրները սրահը ամբողջացուցին, եւ անիկա Եհովայի փառաբանութեան «շողշողուն» աղբիւր մը կը ներկայացնէ։

1 Փետրուար 1963–ը Քենիայի աստուածպետական պատմութեան մէջ յատկանշական օր մըն էր։ Այդ օրը առաջին մասնաճիւղի գրասենեակին բացումը տեղի ունեցաւ. անիկա 7.4 քառակուսի մեթր տարածութեամբ սենեակ մըն էր։ 25 Հոկտեմբեր 1997–ն Քենիայի աստուածպետական պատմութեան մէջ յատկանշելի ուրիշ օր մըն էր. անիկա 7,800 քառակուսի մեթր տարածութեամբ նոր Պէթէլի համալիրին բացման օրն էր։ Ամբողջացած ծրագիրը երեք տարուան բոլորանուէր աշխատանքի մը հոյակապ յանգումն էր։ 25 երկիրներէ եկած կամաւորներ ցեխոտ, մոլախոտերով ծածկուած, 3.2 հեկտար դաշտը պարտիզանման վիճակի մէջ բերին մասնաճիւղի նոր շէնքերուն շինութեան համար, Պէթէլի ընտանիքին 80 անդամներուն բնակարան հայթայթելով։

Ամէն պատճառ ունինք ուրախանալու, իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի ըրած բաներուն համար։ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք որ իր ծառաներուն սիրտը դրդած է որ Քենիայի մէջ արժանի եղողները փնտռելու գործունէութիւնը աւելի ընդլայնեն եւ անոր զօրաւոր թափ մը տան, զայն հոգեւորապէս գեղեցիկ երկրի մը վերածելով։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։